ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ

 

 

Հայեացք դէպի դարադարձ՝ 2015…

Մշուշապատումի պատեհապաշտ փորձ մըն է՝

ՀՀ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ

«ՍԵՆԱԹԻն» ՀԱԿԱԴՐՈՒՄԸ
ՏԱՐԱԳԻՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱն
«ՔՈնԿՐէՍԻն»

Արեւմտահայաստանի Հանդէպ մեր պարզած իրաւագիտական ձմեռնաքունը պիտի աւարտի մաՀո՞վ… թէ՞՝ պիտի նմանի սեւ արտերու ձմեռնաքունին, որ վերջ կը գտնէ Գարնան։ Այդ ե՞րր պիտի գայ Գարունը մեր իրաւագիտական ձմեռնաքունին…։

Գ.S.

ՄէԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏէՐՏէՐԵԱՆ

ՊԷյրութ, 24 Ապրիլ 2011

 

 

Ծնած է 28 Փետրուար 1934-ին, Ալէյ՝ Լիբանան, տարագրեալներու ընչազուրկ ու բազմանդամ ընտանիքի մէջ։ Կռրսնցուցած է հայրը 1939-ին։

Նախնական կրթութիւնը՝ բազմերանգ ու աստանդական… Ալէյի (Հ.Բ.Ը.Մ.-ի), Ժըպէյլի (Թռչնոց Բոյն – աւետարանական) եւ Պէյրութի (Ս. Եղիա – կաթոլիկ, եւ Ս. Նշան – լուսաւորչական)  վարժարաններէն։ Երկրորդականը՝ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեանէն (առաջին հունձքէն):

Համալսարանականը՝ քաղաքական պատճառով  թերաւարտ AUB-էն (Major in Physics), ապա աւարտած St, Joseph-ի Իրաւագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեան Դպրոցը՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան լիսանսներով։

Գործած է նախ՝ լրագրութեան մէջ, անդամակցելով Լիբ. Լրագրողներու Սենտիքային  (1957),  եւ հուսկ՝ փաստաբանական  ասպարէզին մէջ անդամակցելով Պէյրութի Փաստաբաններու Կաճառին (1964):

Ուսանողական տարիներէն՝ հետաքրքրութիւններ ցուցաբերած է երգի,  ասմունքի եւ թատրոնի հանդէպ, բայց լիովին ներգրաւուած է երկրի՝ արաբական եւ հայ ազգային քաղաքական կեանքի գուպարի «Զախ» խրամատին, եւ՝ յաևձնառու հրապարակագրութեան մէջ։

Պատասխանատու պաշտօններ վարած է, սկիզբը՝ Հ.Ե.Ը.-ի Համալս. Ուս. Միութեան եւ ՌԱԿ Մ. Փորթուգալեան Ակումբի, ապա՝ Լիբ. Կոմկուսի, Հայց՛ Եկեղեցւոյ Միասնականութեան Պաշտպան Կոմիտէի քարտուղարութեան,  Լիբանանցի Մարքս-Լեևինեան Կոմունիստներու Միութեան, Լիբ. Գրական Շրջանակի, Լիբ. Հայ Համալսարաևաւարտներու Միութեան եւ Դեմոկրատ Իրաւաբաններու Համաշխարհային Լիկայի Լիբ. Մասնաճիւղիև մէջ։

Մաս կազմած է Պէյրութի «Ալ-Ախպար», «Մեր Նշանաբանն է ՅԱՌԱՋ», «ՅԱՌԱՋ – Գրական», «ՅԱՌԱՋ», «Սաութ Ուլ-Շաապ», «Նոր Ուղի» եւ «Ալ– Ֆիքր Ուլ-ժատիտ» թերթերու խմբագրութեանց, եւ ստանձնած է յիշեալ հայկական թերթերու Պատ. Տնօրէնի պաշտօնները՝ յաչս պետութեան։

Աշխատակցած է Պէյրութի՝ «Զարթօնք», «Արարատ», «Ալ-Սաքաֆէ Ալ-Արապիյէ» «Ազգ. Մշակոյթ», «Կանչ», «Նայիրի», «Շիրակ», «Ծաղիկ» «Ազդակ» Երեւանի՝ «Հայաստանի ԿՈՄՈՒՆԻՍՏ», Դամասկոսի՝ «Տիրասէթ Իշթիրաքիյէ» եւ «Սաութ Ուլ-Շաապ» թերթերուն, Լիբ. Հայ Համալսարանաւարտևերու Միութեան՝ «Armenian Studies» հայագիտական տարեգիրքին Եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին:

 

Տես ամբողջ նյութը՝ Հայեացք դեպի դարադարձ՝ 2015 (pdf)

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert