Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 1 Փետրուար 2015

Անտարբեր ու ձեռնպահ լինել
Ոճիրի հանդէպ՝ միեւնոյն է
Թէ՝ մասնակից լինել նրան…։
ՎԱՀԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ըմբոստացումը՝ պարտականու-
թեանց սրբազնագոյնն է…։
ԺԱՆ-ԺԱՔ ՌՈՒՍՍՕ

Դարադարձի այս մեծ ստուգատեսին, Հայութեան «անելիք»ը՝ գլխաւորաբար, մեր ՆԵՐՔԻՆ ճակատին վրայ է… ոչ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ։

Մեր ներքին ճակատի ցաւերը առանց յաղթահարելու, եւ ախտերը առանց դարմանելու՝ արտաքին ճակատի վրայ մեր կազմակերպած բոլոր ցուցադրական, դիմակահանդէսային ու ֆոլքլորային միջոցառումները՝ անցողիկ են, պղպջակային եւ ինքնախաբէական։ Եւ այդ բոլորը մեզ արգահատելի եւ խղճալի կը դարձնեն միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ։

Ժողովուրդ մը, որ չէ դարմանած իր ներքին ախտերը եւ… օտարներէն կը սպասէ արդարութիւն՝ անոնց վրայ կը թողու մուրացիկի տպաւորութիւն, եւ անոնք՝ մուրացիկի մը նետուած հացի կտորէ մը տարբեր բան չեն նետեր այդ մուրացիկին վրայ…։

Հայութիւնը ազնիւ օտարներէն աջակցութիւն եւ արդարութիւն կրնայ ակնկալել միայն այն պարագային՝ երբ արդէն կրցած է փրկուիլ իր ներքին երկու ծանրակշիռ ախտերէն, որոնք կը հիւծեն զինք… արտասահմանի մէջ՝ իր անտիրականութիւնն ու անկեդրոնացուածութիւնը, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութիւնը…։ Այսինքն, արտասահմանի մէջ՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր մարմնի մը մէջ խմբելէն առաջ, իսկ Արեւելահայաստանի մէջ՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութիւնը վերացնելէ առաջ, Հայութիւնը իրաւունք չունի յուսալու ազնիւ օտարներու նեցակցութիւնը։ Այս երկու մահացու ախտերը յաղթահարելէ առաջ, Հայութիւնը չի կրնար յարգանք եւ ուշադրութիւն պահանջել միջազգային հանրային կարծիքէն, եւ անկէ ակնկալել շօշափելի աջակցութիւն։

Այս ներքին երկու մահաբեր ախտերուն յաղթահարումը ներքին կարգով պիտի փաստէ թէ՝ Հայութիւնը որոշած է ապրիլ ու գոյատեւել, եւ այսպիսով հզօրացած՝ պիտի շահի յարգանքն ու վստահութիւնը ազնիւ օտարներուն, եւ նոյնիսկ՝ յարգանք պարտադրել անազնիւ, թշնամի օտարներուն։ Այսպիսով միայն Հայութիւնը դադրած պիտի ըլլայ անզօր մուրացիկ մը նկատուելէ, եւ դարձած՝ հզօր եւ ինքնավստահ պահանջատէր մը, որ տխրութիւն կընէ արտասահմանի թէ Հայաստանի մէջ։ Ուրեմն այսօր, դարադարձի այս մեծ ստուգատեսին՝ Հայութեան գլխաւոր «անելիք»ն է՝

Ա) Սփիւռքի մէջ, համահայկականօրէն ստեղծումը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսին (ՏԱՀՔ), եւ

Բ) Հայաստանի մէջ, համահայկականօրէն վերացումը՝ ապազգային օլիգարխներու միահեծան բռնատիրութեան համակարգին։

Եւ այս երկու առաջադրանքները իրարու լրացուցիչ հրամայականներ են, որ միասնաբար պիտի նուաճեն ճշմարիտ, առողջարար եւ կենարար համահայկականութիւնը, որուն կարիքը ունին՝ մեր հաւաքական գոյամարտին երեք ջոկատները՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւն, Արեւելահայաստան եւ Արցախ։ Այս երկու առաջադրանքներու մեկնարկը գէթ՝ հարկ է որ սկիզբ առնէ դարադարձի այս մեծ ստուգատեսին, որպէսզի՝ Հայութիւնը մեծ հիասթափութիւն մը չապրի 2015-ին։ Այս է մեր ապրած անդոհանքին պատճառը եւ՝ մարտակոչերուն դրդապատճառը։

Կը ձայնակցինք թրքագէտ Արտակ Շաքարեանի սա գնահատականին.–

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով արուած քայլերը մինչեւ այսօր՝ ես դրական չէի գնահատի։ Մեծ հիասթափութիւն է սպասելու հայ հասարակութեանը, որովհետեւ մենք մեծ ջանք ենք ներդնում պատկերացնելու համար, թէ 100-ամեայ տարելիցը ինչե՜ր կը փոխի։ Դրանից զատ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումից յետոյ մեր յաջորդ քայլերը չգիտենք։ Այս իմաստով մենք շատ բան ունինք անելու, ոչ թէ մի քանի միջոցառում կազմակերպելը, կամ երկրորդ սորտի ինչոր մի ֆիլմ նկարահանելը…» («ՀԱՅԱՍՏԱՆ», Աթէնք, 15 Դեկտեմբեր 2014)։

Մեր անդոհանքէն բխող մարտակոչերուն յանգեցանք հետեւեալ խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ։

Ա. ՏԱՀՔի ստեղծումին հրամայականը

Շահան Շահնուր յետ եղեռնեան մեր «ՆԱՀԱՆՋԸ ԱՌԱՆՑ ԵՐԳԻ»ն բացայայտեց եւ մեզ զօրակոչեց հետեւեալ բառերով.–

«Ազգ, Կռուէ՛ ամբողջութեամբը միսերուդ։
Եթէ միսերդ ինկան պատառ-պատառ, կռուէ դնդերներովդ, ջիղերովդ, երակներովդ։
Եթէ պայքարը զանոնք լափեց՝ կռուէ ոսկորներովդ։
Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, կռուէ ծուծովդ։
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններովդ։
Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան, չքացան, այն ատեն կռուէ՛ ազգ, Հերոսովդ»։

Հայութիւնը այսօր կարիքը ունի ազգային հերոսներու, Ազգային Հերոս Անդրանիկի հաւատարիմ յաջորդներու՝ մեր ներկայի համակողմանի գոյամարտին մէջ, որ սահմանափակուած չէ ռազմական ոլորտին մէջ, այլ կընդգրկէ միւս բոլոր ոլորտներն ալ հաւասարապէս…։

Անկախ պետականութեան կառուցումի ոլորտը կը պահանջէ՝ պետական մտածելակերպով օժտուած հերոսներ, որոնք քաջ գիտեն թէ՝ անկախ ու գերիշխան պետութիւն կառուցելու նախապայմանը անկախ ու գերիշխան, այսինքն ազգային անկախ տնտեսութիւն ունենալն է։ Իսկ քաղաքական ուժ ներկայացնելու համար, աշխարհացրիւ եւ օտարահպատակ Սփիւռքի Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները հարկաւոր է համախմբել համահայկական ոգիով՝ միակ կեդրոնական կառոյցի մը մէջ, անոնց տալու համար միաւորուած քաղաքական հաւաքականութեան հանգամանք եւ միջազգային կարգավիճակ։ Որովհետեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան քաղաքական լիազօր կեդրոնի բացակայութեան, կը տիրէ աւատապետական տրոհուածութիւն եւ՝ անկարելի դարձնելով հայկական քաղաքական կեդրոնական հանրային կարծիքի ստեղծումը, եւ այս «համահայկական քաղաքական պարապ»էն կ’օգտուին ազգին թշնամիները եւ զայդ կը լեցնեն իրենց քարոզչութեամբ եւ գաղափարականով… որ ոչ միայն ապազգային է, այլեւ՝ հակազգային։

Հանճարեղ Եղիշէ Չարենց մեր համահայկական քաղաքական ու կազմակերպչական ուժին մէջ կը տեսնէր մեր փրկութիւնը եւ յեղափոխական ռոմանտիզմով կը յուսար՝

Վերադառնան պիտի դեռ
Հազար սրտեր ՏԱՐԱԳԻՐ
Ցրուած հողմով հրաբիրտ
Սրտեր քանի՜ դեռ քանի՜
ՀՈՂՆ են իրենց անրջում…

Բայց մենք այսօր Տարագիր Արեւմտահայութիւնս, տակաւին կը յիշե՞նք մեր հողերը… կ’անրջե՞նք հասնիլ մեր հողերուն… Արարատի փէշերուն…, երբ մեծ բացական համահայկականութիւնն է եւ ազգային ամէն կառոյց տրոհուած է եւ՝ կուսակցականացած՝ եկեղեցին, մամուլը, դպրոցները, մշակութային ու մարզական միութիւնները մինչեւ անգամ բարեգործական կազմակերպութիւնները, որոնց մեծագոյնը այսօր կը գտնուի ամերիկեւսիոնական հակակշիռին տակ, այսինքն՝ մեր թշնամիներու հակակշիռին տակ, որուն շօշափելի փաստն է՝ Մելգոնեան Հայ Լոյսի Տաճարին փակումը…, եւ կամ՝ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին համար, սիոնամասոնական «անմոռուկ»ին ընտրութիւնը որպէս խորհրդանիշ… որուն հայկականը՝ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի անփոխարինելի Յուշակոթողն է։

Հողին կառչելու շեփոր մը հնչեցուց նաեւ տեսլապաշտ յեղափոխական Վազգէն Շուշանեան, գոչելով՝ «Կ’անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ’անցնին բոլոր հորդաներն ու բարբարոսները, կ’անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները՝ իրենց սուտ իմաստութեամբ։ Հայոց ազգ՝ քայլերդ դուրս մի նետեր այս հողերէն։ Եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս՝ անգամ մը եւս ողնայարդ ծռել, ողջ հասակովդ ինկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ, որուն վրայ սողա՜լը աւելի լաւ է քան թէ՝ գլուխ ցցելը ուրիշի սահմաններուն վրայ, քանզի ճակատագիրդ հոս է, եւ սրբութիւնդ՝ հոս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր ցորենները կրնան բարձրանալ գեղուղէշ՝ բոլոր ակօսներէն…։ Մենք, երիտասարդներս, կ’ուզենք հաւատալ հաւատարմութեամբ թէ՝ այս ժողովուրդը չէ մեռած ու պիտի որոշէ ապրիլ…։ Թողուլ՝ որ արտասահմանի հայութիւնը վերածուի անբաղձալի մուրիկներու, անպատիւ շահադէտներու եւ անազգ փերեզակներու բազմութեան մը, յանցանք մըն է քաղաքակրթութեան դէմ եւ կը նշանակէ՝ պատրաստել դամբարանը վաղնջական ժողովուրդի մը…»։

Արեւմտահայաստանի մեր հողային պահանջատիրութիւնն է՝ ուրեմն, որ շօշափելի նպատակ մը պիտի տայ մեր ազգապահպանումի քարոզին, եւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհասփիւռ եւ օտարահպատակ բեկորները պիտի փրկէ՝ անազգ փերեզակներու բազմութեան մը վերածուելու ստոյգ վտանգէն, երբ անոնք հետեւին «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաբանին։ Եւ մեր հողային պահանջատիրութիւնը գործնականացնելու համար՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը մեզմէ կը պահանջէ, որ մեր բեկորները վերակազմակերպենք՝ որպէս միաւորուած հայրենազուրկ Արեւմտահայութիւն, զայն օժտելով՝ միջազգային հաւաքականութեան կարգավիճակով… այսինքն՝ ստեղծելով ՏԱՀՔ-ը…։

Եւ՝ Վահան Թէքէեան, «Սփիւռք» վերնագրով իր քերթուածին մէջ, երբ հարց կու տայ թէ՝ ինչ մաղթանք կրնայ ընել անոնց, տարագիրներուն, որ «անոնք ունենան կեա՞նք մը անվի՜շտ ու հանգչի՞ն այլեւս…», թէ ոչ՝ «վրիժակէզ այրին, ու ետ նային միշտ» չմոռնալով իրենց հայրենազրկումը, Արեւմտահայաստանի հայաթափումը եւ բռնազաւթումը…։ Ան բախտաւոր եղաւ, որ չտեսաւ Արեւելահայաստանի ալ հայաթափումը, Արեւելահայութեան ալ հայրենազրկումը, այս անգամ ալ՝ ոչ թէ թուրքին պարտադրած Տարագրութեամբ այլ… հայանուն օլիգարխներու համակարգին անարդարութեամբ։

Թէքէեան կը մաղթէր, որ տարագրեալները «վրիժակէզ այրին, ու ետ նային միշտ» չմոռնալու համար իրենց տարագրեալի, հայրենազրկեալի վիճակը, եւ փորձելու՝ հայրենադարձութիւնը, հողային պահանջատիրութեան պայքարով… ՏԱՀՔ-ի ստեղծումով։

Թէքէեան կ’ըսէր՝ «Ես պատրաստ եմ ամէն ժամ սլանալու արդար դատին ընդառաջ՝ ըմբոստութեամբ սրբազան, ու շանթաբորբ կենալու անիրաւին գլխուն վրայ, արհամարհելով նկրտումները յետին, հանգիստն ու բարութիւնն ալ տկար…»։ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ հետեւիլ անոր…։ Այս է ցաւատանջ հարցումը մեր անդոհանքին։

Թռուցիկ ակնարկ մը՝ Արեւելահայաստանի մամուլին վրայ, աներկբայօրէն ցոյց կու տայ թէ՝ հայրենաբնակ ժողովուրդը անդարձօրէն համոզուած է՝ հոն բռնատիրող օլիգարխիկ համակարգի վերացման հրամայականին։ Այսպէս՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» (Աթէնք) թերթի 15 Դեկտեմբեր 2014 թուակիր համարի միայն մէկ՝ 5-րդ էջին վրայ, կը կարդանք հայաստանեան մամուլի հետեւեալվերնագրերը.–

1) Անյայտ անձը յարձակուել է պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի վրայ։
2) Արամ Մանուկեանին ծեծելու կասկածանքով բերման ենթարկուած անձը չի ձերբակալուել։
3) Չորս դիմակաւոր անձինք ծեծել են ազատամարտիկ Սուրէն Սարգսեանին։
4) Ծեծել են՝ «Արաբօ» եւ «Ապարան» ջոկատների հրամանատարներին։
5) Կոմանդոսը ազատամարտիկների ծեծի մասին՝ ես չեմ ուզում կորցնել իմ ընկերներին։

Արցախեան պատերազմի հերոս՝ գեներալ-լեյտենանտ Արկադի Տէր Թորոսեանը, Կոմանդոսը, յայտարարել է՝ «Հնարաւոր է ծեծը կապ ունենայ նրանց հանրահաւաքների մասնակցելու հետ։ Կան ներքին եւ արտաքին խնդիրներ, ես ներքին խնդիրներին չեմ խառնւում, զբաղւում եմ արտաքին ռազմական խնդիրներով։ Ազատամարտիկը պէտք է զբաղուի եւ հետաքրքրուի սահմանների պաշտպանուածութեամբ եւ անվտանգութեամբ, սակայն միւս կողմից էլ՝ չեմ դատում քաղաքականութեամբ զբաղուող իմ ընկերներին, ովքեր հազար ու մի սոցիալական խնդիր ունեն»։

Արդարեւ, ներքին ճակատի «հազար ու մի սոցիալական խնդիր»ները կը տկարացնեն ներքին ճակատը, որ զօրքին նեցուկը ըլլալով՝ կը տկարացնեն արտաքին ռազմական ճակատը, հետեւաբար, ազատամարտիկը՝ արտաքին ռազմական ճակատի նեցուկ զօրացնելու համար ալ, պէտք է պայքարի ներքին ճակատի սոցիալական ժխտական երեւոյթներուն դէմ, երկիրը ազատելու համար ապազգային օլիգարխիայի բռնատիրական համակարգէն։

Ներքին ազատագրական այս շարժումը պէտք է մեկնարկէ գէթ դարադարձի առիթով՝ որպէս անյետաձգելի հրամայական։

Բայց մենք չէ որ կընենք այս յապաղած, տասնամեակով մը ուշացած մարտակոչը։ Արդէն ամիսներէ ի վեր՝ հանրահաւաքներ տեղի կ’ունենան Երեւանի հրապարակներուն վրայ՝ «100-ամեակն առանց ռեժիմի» կարգախօսով, եւ այս շարժման մասնակիցները իրաւակարգի յատուկ սպասարկութիւններու կողմէ կ’ենթարկուին ծեծի եւ այլազան բռնութիւններու։ Այս շարժման մասնակիցներէն Գէորգ Սաֆարեանը ծեծի ենթարկելու եւ միւս մասնակիցներէն խումբի մը ինքնաշարժերը հրկիզելու, ինչպէս նաեւ կարգ մը ազատամարտիկներու նկատմամբ բռնարարքներու առիթով՝ շարժման մասնակիցներէն «Պահեստանոցի Գնդապետ» Վոլոդիա Աւետիսեանը, 10 Դեկտեմբեր 2014 թուին, 6 ու կէս տարուայ բանտարկութեան իր վայրէն (Նուպարաշէնի բանտ) յայտարարած է հետեւեալը.– «Մեր երկիրը բռնազաւթուած է կառավարող ռեժիմի կողմից։ Այսօր նա արդէն յանձնում է Արցախը եւ մեր պետականութիւնը եւ ձգտում է բարոյապէս թուլացնել հայկական բանակը, որպէսզի կարողանայ իր սեւ գործն անել՝ առանց լուրջ դիմադրութեան…։ Մեզ կործանող չարիքի աղբիւրը հենց ռեժիմն է։ Դրա համար առաջին հերթին պէտք է հեռացնենք ռեժիմը։ 2015 թ. Ապրիլի 24-ին պէտք է դուրս գանք փողոց, հեռացնենք ռեժիմին եւ կանխենք վաղուայ ցեղասպանութիւնը»։

Այսինքն, հարիւրերորդ տարելիցի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ՝ թշնամիին դէմ շարժելէ առաջ, մաքրել մեր ներքին ճակատը՝ տիրող իրաւակարգին, որպէսզի անխոցելի դառնանք թշնամիին դիմաց…։

Այսօր, մենք կորսնցուցած ենք՝ ոչ միայն մեր հաւաքական տէրուտիրականութիւնը, այլեւ՝ մեր հաւաքական հպարտութիւնը։ Լսենք՝ թէ ինչ կըսէ Անդրանիկ Տէրտէրեան՝ իր «Մենք Հպարտ Էինք՝ Երէկ» չափածոյ գրութեան մէջ.–

Ազգովի դարձանք ուզուոր ու մուրող…
Ե՞րբ վերածուեցինք մենք՝ խառնամբոխի…
Այսքա՜ն անպատիւ էլ ե՞րբ ենք եղել…
Դարձել ենք չարչի բոլորս անխտիր…
Մարդ էլ կոպոտի՞ երկիրն իր այսպէս…
Մարդ էլ հրդեհի՞ տունն իր հայրական…
Այս ինչո՞ւ թմրեց ուղեղդ, ի՛մ երկիր…
Էլ ո՞ր փրկիչից պիտ դուն կառչես…
Քեզ վաճառում են, երկիր իմ, մաս-մաս…
Հիմա էլ փութով՝ ընդերքդ են ծախում,
Փրկարարներիդ ձայն տուր, արթնանան,
Ուշ է լինելու, շատ եւ յապաղում…։

Իսկ Սիլվա Կապուտիկեան՝ Անգարայի Էսէնպողա օդակայանին վրայ Գաղտնի Բանակի հզօրագոյն գործողութեան մասնակից հերոսներէն կախաղան բարձրացուած Լեւոն Էքմէքճեանի յիշատակին նուիրած իր «Գիշերային Ռեքուիէմ» քերթուածին մէջ կ’ըսէ՝

Կ’անձրեւէ տղաս… Աշունը թաց է,
Ուրկից յայտնուեց կախաղանը այս.
Մինչ այնտեղ ճօճուող քո մարմինն էր սառ…
Այդ դու չմեռար, մենք ենք մեռածը,
Մենք մեղկութեան մէջ յղփացած սերունդ։

Մեղկութեան մէջ յղփացած սերունդներ ամբողջ, դար մը երկար, Ոճիրին լոկ բարոյական ճանաչումը մուրացին…։ Մեղկութեան մէջ յղփացած արեւելահայութիւնն ալ տասնամեակ մը առաջ ձեռնպահ մնաց՝ երբ համակարգային փոփոխութեան առարկայական պայմանները գոյութիւն ունէին, երբ՝ գործազրկութիւնը հասած էր 53%-ի…, համաձայն 20 Նոյեմբեր 2014 թ. Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած Տեղեկագրին։ 2005 թուին, Ռ. Քոչարեանի բռնատիրութեան դէմ արեւելահայութիւնը իր հայրենասիրութեան չափով եւ համապատասխան ատելութիւն չցուցաբերեց օլիգարխներու բռնատիրական համակարգին դէմ։ Վազգէն Շուշանեանի գիտակցութեան հասած չէր։ Շուշանեան՝ խարանելով դրամատիրական վայրի իրաւակարգին պարտադրած շահագործումն ու մարդկային ամէն արժէքի ապրանքայնացումը, կը գրէր՝

«Դեռ մատղաշ՝ կեանքը զարկաւ զիս իր բիրտ ու վայրի դրամապաշտութեամբ։ Կատեմ ձեզ քաղքենիներ»։ Այս նոյն խօսքերը ան այսօր պիտի ուղղէր «անկախ» Արեւելահայաստանի քաղքենիներուն՝ աւազակապետներուն, որոնք Հայրենիքը վերածած են «գողութեան ու թալանի կրկէս»ի մը, ապրանքայնացնելով նոյնիսկ՝ Հայրենիքը։

Ճշմարտապէս սիրելու կարողութիւնը ունեցող անձ մը՝ իր սիրածին հարուածողներուն դէմ կրնայ ցուցաբերել ճշմարիտ եւ հաւասարազօր ատելութիւն…։ Ճշմարիտ հայրենաՍԷՐԸ… կարողութիւնը կ’ունենայ՝ նոյն ուժգնութեամբ ԱՏԵԼՈՒ… հայրենիքի ոչ միայն արտաքին, այլեւ՝ ՆԵՐՔԻՆ թշնամիները։ Օլիգարխները՝ Արեւելահայաստանի ՆԵՐՔԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՆ ԵՆ…։

Արեւելահայաստանի ներկայի աւազակապետութեան մասին խստագոյն դատավճիռը արձակեց՝ մեր անշիրիմ նահատակներուն նահատակեալ պատգամախօսը, հերոս Հրանդ Տինք՝ երբ իրեն կը թելադրէին հեռանալ երկրէն…։ Ան հարց տուաւ՝ «Շատ բարի, բայց ո՞ւր երթայի։ Հայաստա՞ն։ Ինչպէ՜ս կրնար ինձ նման մէկը, որ կ’ընդվզի անարդարութիւններու եւ անօրինականութիւններու դէմ, հանդուրժել այնտե՜ղ կատարուող անարդարութիւններն ու անօրինութիւնները։ Գուցէ այնտեղ՝ ինծի աւելի մեծ փորձութիւններ կը սպասէին…»։ Արեւմտահայաստանի պաշտպան մարտիկը՝ Թուրքիոյ մէջ հալածեալ…, «անկախ» Արեւելահայաստանի մէջ չէր տեսներ… ապահով ապաստան…։

Մեծ արուեստագէտը՝ Շառլ Ազնաւուր, Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպանը, զգացականօրէն կը պոռթկար՝ «Հայաստանի օլիգարխները պէտք է գնդակահարել…»։

Եւ մեծ գիտնականը, Շուէտի Արքայական Համալսարանի բազմարուեստից ինստիտուտի դասախօսը՝ Դոկտ. Փրոֆ. Արամայիս Միրզախանեանը, պայծառատես դատողութեամբ կը գրէր՝ «Այս պահին, իրաւակարգային փոփոխութիւն է պահանջւում, ընդհուպ մինչեւ՝ Յեղափոխութիւն…»։

Բայց զգո՛յշ։

Այս ապականած իրաւակարգին դէմ՝ եթէ մեր հարազատ հայրենասէրները չշարժինկը շարժին՝ CIA-ի «Յեղափոխութիւն Կերտողներ»ը…, «գունաւոր» յեղափոխութիւններ կազմակերպողները,– որոնք շարժեցան 2005 թուին, Երեւան գործուղելով Ալֆրետօ Արիաս Քինկը –, որոնց մասին գրած էր Vincent Joyer ֆրանսական “Le Nouvel Observateur”-ի մէջ (Արեւելահայերէնի թարգմանուած «Ազդակ»ի շաբաթօրեայ յաւելուած «ԵՐԿԻՐ»ի 19 Օգոստոս 2005 թուակիր համարին մէջ)։ Ալֆրետօ վարձկանը, Երեւանի մէջ, անպատկառօրէն կը յայտարարէր՝ «Եկած եմ՝ այլեւս անհրաժեշտ դարձած յեղափոխութիւնը կազմակերպելու համար Ռ. Քոչարեանի հակասահմանադրական դարձած իլլեգիտիմ իշխանութեան դէմ…»։

Այս վտանգը առկայ է միշտ եւ այսօր, քանի որ պետութիւն կայացած չէ տակաւին Արեւելահայաստանի մէջ, ուր բազմատասնեակ կասկածելի ծածկագիտական (occult) աղանդներ կը գործեն ազատօրէն եւ նոյնիսկ՝ մեր թշնամի Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կը վարեն Հայաստանի մէջ՝ անմեղունակ դիմակներ գործածելով…։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ»ի (Աթէնք) 15 Դեկտեմբեր 2014 թուակիր համարին մէջ կը կարդանք.– «Ովքեր են ՀՀում լծուած թուրքական քարոզչութեան իրականացման գործին։ Թուրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանը այս մասին Դեկտեմբեր 13-ի ասուլիսում ներկայացրել է Հայաստանում գործող այդ կազմակերպութիւններից չորսը՝ «Սիվիլիթաս Հիմնադրամ», «Եւրասիա Համագործակցութեան Հիմնադրամ», «Հանրային Լրագրութեան Ակումբ» եւ «Ռազմավարական Հետազօտութիւնների Հայկական Կենտրոն», որ կը գործէ ԱՄՆ-ի ֆինանսաւորմամբ, որի տնօրէնն է Ռիչարդ Կիրակոսեանը, եւ ով թուրքական թերթին խոստովանել է, որ նա Թուրքիայի պետական եւ անվտանգութեան պատասխանատուների հետ յարաբերւում է եւ նրանց խորհուրդներ տալիս»։

Այս ազատութիւնը այս բոլորին շնորհող իրաւակարգը՝ վայրի դրամատիրական, ոչ միայն իլլեգիտիմ է եւ հակաժողովրդային, այլեւ՝ հակազգային ու մասնաւորաբար՝ հակապետական։

Հայաստանի մամուլէն կը մէջբերեմ Կարէն Ասատրեանի հետեւեալ դիտարկումը.–

«Իւրաքանչիւր պետութիւն ինքն է՝ իր անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը։ Ցանկացած պետութիւն արտաքին վտանգները դիմաւորում է այնքանով, որքանով ինք ուժեղ է՝ ՆԵՐՍԻՑ։ Եւ, ցաւատանջ հարցումը։ Ո՞րքանով է ուժեղ Հայաստանը ՆԵՐՍԻՑ։ Բաւական է ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ՕՐ հետեւել հայկական մամուլի հրապարակումներին հասկնալու համար թէ՝ Հայաստանը ՆԵՐՍԻՑ… ուժեղ չէ, քանի որ լոկ բիզնեսով տարուած պետական «ՓՈՒՉԻԿ» պաշտօնեաները չունեն բաւական ձեռնհասութեան աստիճան…»։ Այս կը նշանակէ թէ՝ տիրող իրաւակարգին գլուխը կանգնած օլիգարխները նաեւ՝ անձեռնհաս են եւ զուրկ պետական մտածելակերպէ…։ Հետեւաբար, Արեւելահայաստանի ներկայ ապազգային իրաւակարգը վերացնելու համար գործող ուժերը պէտք է յեղափոխական արթնութիւնը ունենան՝ չդառնալու համար CIA-ի եւ Թուրքիոյ գործակալներու ձեռնածութեանց (manipulations) զոհերը։

Ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեան կը մատնանշէ նաեւ թէ՝ «Հայաստանից արտագաղթի պատճառը ոչ միայն ընկերային ու քաղաքական անարդարութիւնն է, տնտեսական տագնապն ու ազատութիւններու կաշկանդումը, այլեւ՝ մանաւանդ՝ իրավիճակը փոխելու անզօրութիւնը»։

Թերթի մը խմբագրականը տեղին հարց կու տայ՝ «Ինչո՞ւ բոլորը արտագաղթից են խօսում, սակայն քիչեր միայն մարդկանց կոչ են անում՝ մնալ երկրում, եւ պայքարել արտագաղթի պատճառ եղող իրաւակարգի վերացման համար։ Այն, որ դա չի անում իշխանութիւնը հասկանալի է, անհասկանալին՝ ընդդիմութիւն կոչուածին ձեռնպահութիւնն է եւ լուռ համակերպումը…։ Մինչդեռ վարչապետը անայլայլ խոստովանում է՝ «Եթէ դժգոհ զանգուածը մնայ Հայաստանում, ապա՝ Յեղափոխութիւնն անխուսափելի կը լինի։ Բայց արտագաղթողները տրանսֆերտներ են ապահովում, եւ դա նշանակում է, որ կրճատւում են ընկերային ապահովութեան ծախսերը կառավարութեան վրայ եւ միւս կողմից՝ նուազում է աղքատութեան ցուցանիշը…։ Մի խօսքով՝ կառավարութեան համար արտագաղթը մի գտածոյ է եւ ուրեմն, արտագաղթը դարձել է կառավարական ծրագիր»։

Երեւանի «168 Ժամ»ի 12 Դեկտեմբեր 2014 թուակիր համարին մէջ ալ կը կարդանք՝ «Թմրամոլի պէս տրանսֆերտների վրայ նստած Հայաստանի «տնտեսութիւն»ը խուճապի մէջ է…։ Հայաստանը գտնւում է՝ տրանսֆերտներից առաւել խոր կախուածութիւն ունեցող թոյլ երկրների առաջին տասնեակում։ Հայաստանում՝ 2013 թուականի տուեալներով, մասնաւոր տրանսֆերտները կազմել են ՀՆԱ-ի 21 տոկոսը։ Այս ցուցանիշով մենք աշխարհում 9-րդ տեղում ենք։ Առաջին տեղում՝ Արեւելեան Թիմորն է, որտեղ փոխանցումներն աւելի քան երկու անգամով մեծ են երկրի ՀՆԱ-ից։ Հայաստանին՝ այս ցանկում, նախորդում են՝ Լեսոթօն (24.4 տոկոս), Սամօան (23.8 տոկոս), եւ Հայիթին (21.1 տոկոս)։ Մեզանից լաւն են՝ Կամպիան (19.8 տոկոս), Լիպերիան (18.5 տոկոս) եւ Լիբանանը (17 տոկոս)»։

Այսինքն, Հայաստանի տնտեսութենէն աւելի լաւն է՝ Լիբանանի տնտեսութիւնը… որ արդէն շատ թոյլ է, եւ՝ կը նկատուի ձախողած պետութիւններէն մէկը այսօր։ Սոցիալիստական իրաւակարգով Հայաստանին հետ եթէ բաղդատելու ըլլայինք Լիբանանը… ի՞նչ կ’ըլլար արդիւնքը…։ Տնտեսապէս խուճապի մատնուած երկիր մը չի կրնար քաղաքականապէս ըլլալ կայուն եւ անկախ։ Առանց տնտեսական անկախութեան չկայ քաղաքական անկախութիւն…։

Տակաւին, կարդանք վայրի դրամատիրական իրաւակարգով «անկախ» Հայաստանի մամուլէն տողեր, որոնք պատահականօրէն հաւաքած ենք, բայց որոնց միայն ձեւական ու պարագայական տարբերակներուն, սակայն էական բովանդակութեան կրնանք ծանօթանալ ԱՄԷՆ ՕՐ… եւ ՈՐԵՒԷ Օ՛Ր… –

– Հայաստանը ծերանում է։ Յետ-խորհրդային տարիներին, երկրի բնակչութեան ժողովրդագրական ծերացումը մեծապէս աւելացել է։ Երկրի բնակչութեան կազմում 65 եւ աւելի տարիքի բնակիչների տեսակարար կշիռը հասել է 11 առ հարիւրի… մինչ ՄԱԿ-ի ժողովրդագրական ծերացման սանդղակի համաձայն, 7 առ հարիւրը արդէն համարւում է՝ կարմիր գիծ…»։

– Հայաստանում անասունները մարդկանցից աւելի գնողունակ են… հոս՝ գարին աւելի թանկ է քան ցորենը… քանի որ ցորենը ներկրում ենք՝ էժան գներով Ռուսաստանից, իսկ գարին հիմնականում, տեղական ապրանք է…աւելի թանկ գներով։

Հայաստանից արտագաղթողների թիւը՝ 1.5 միլիոն, համարժէք Եղեռնի ժամանակ սպաննուածների թիւին՝ 1.5 միլիոն։ Իսկ վարչապետը հպարտանում է, որ արտագաղթի արդիւնքում՝ 28 տոկոսով աւելացել են տրանսֆերտները։ Իշխանութիւնները ապաւինում են դուրսէն տրանսֆերտներին եւ քրէածին օլիգարխների «բարեգործութիւններ»ին՝ ժողովուրդին մօտ թուլացնելու եւ մեղմելու համար իշխանութիւնների դէմ լարուածութիւնը եւ ժողովուրդը կրաւորականութեան մղելու համար…։

Հայաստանը այսօր անկախ եւ գերիշխան պետութիւն չէ։ Ամերիկեան FBI-ի գործուղած աշխատակիցներ գտնւում են վերջերս Երեւանում։ ԱՄՆ-ում ձերբակալուած յանցաւոր խմբաւորման հետքերը ստուգելու համար…։ Ռոպերթ Քոչարեանի գումարները Հայաստանի բանկերում, մասնաւորապէս՝ «Արդշիշնինվեստ» բանկում։ Սա ոտնահարում է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ Օրէնսդրութիւնը։

Մեր իշխանութիւնները չեն զբաղւում քաղաքականութեամբ, նրանք բիզնեսի կողմից փող են հաւաքում։ Երբ իրենք չեն զբաղւում քաղաքականութեամբ, ուրիշներն են զբաղւում՝ մեզ օգտագործելով իրենց նպատակների համար։ Արդիւնքում՝ այսօրուայ հայկական քաղաքականութիւնը կրում է՝ օտար քաղաքականութեան լուծը…։

– Պետութիւն կազմակերպել՝ Մարաթոնի փոխարէն։ 2014 թուականի հեռուստամարաթոնի արդիւնքում՝ ընդամէնը հանգանակուել է 12 միլիոն 400 հազար դոլար, որի մէկ մասն էլ խոստումներ միայն…։ Աւելին հաւաքելու համար պէտք է, որ Հայաստանը լինի որակապէս այլ պետութիւն։ Աւելին հաւաքելու համար պէտք է որ այդ պետութիւնը վստահութիւն առաջացնի հայկական համայնքներում, որ այդ պետութիւնը լինի իրաւահաւասարութեան, օրինապահութեան, արդարադատութեան, մարդկային կարեկցանքի, համերաշխութեան խորհրդանիշ։ Աւելին հանգանակելու համար, որը հնարաւոր է անկասկած, պարզապէս դրա համար պէտք է ոչ թէ հեռուստամարաթոն, այլ՝ պետութիւն կազմակերպել, որ մինչեւ օրս չէ կայացած…։

Սա նշանակում է, որ կամ սփիւռքում ալեւս չեն ցանկանում Հայաստանի համար գումար հանգանակել՝ շատ լաւ գիտակցելով, որ այդ գումարի մեծ մասն, ի վերջոյ յայտնուելու է պետական պաշտօնեաների գրպաններում, կամ՝ իրականում՝ «բոլորի գործերը վատ են»…։ Այդպիսի պետութիւն չեն կրնար եւ արդէն չեն ուզեր կազմակերպել ապազգային ու հակապետական օլիգարխները…, հետեւաբար, անյետաձգելի հրամայական մըն է օլիգարխներու վայրի դրամատիրական իրաւակարգին վերացումը Արեւելահայաստանէն։ Որպէսզի՝ կազմակերպուի ժողովրդահայրենասիրական իրաւակարգով ճշմարտապէս անկախ հայկական պետութիւն, որպիսին էր ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը…։

Վերջապէս՝

Վշտահար Մայրեր բողոքում են՝ «Մենք մեր զաւակներին հայոց բանակ ենք ուղարկում, որպէսզի մեր սահմանները միշտ պաշտպանուած լինեն։ Իսկ փոխարէնը, բանակը մեզ վերադարձնում է՝ մեր որդիների դիակները… որովհետեւ՝ նրանք չեն կարողացել վճարել գումարտակի հրամանատարի պահանջած 100 դոլարը…»։

Իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հակազդում է՝ «Ես շատ վատ եմ վերաբերւում՝ բանակում գոյութիւն ունեցող թերիների եւ թերութիւնների պախարակման դէմ։ Բանակը հասարակութեան հայելին է, եւ՝ ի հարկէ միշտ բանակում գոյութիւն ունենալու են, այս կամ այն չափով, այն թերութիւնները եւ ժխտական երեւոյթները, որոնք գոյութիւն ունեն հասարակութեան մէջ»…։ Բայց… ովքե՞ր ստեղծեցին ա՛յս հասարակութիւնը։ Դուք՝ երեք նախագահներդ եւ ձեր հովանաւորած քրէաօլիգարխիկ մենաշնորհեալները ստեղծեցիք այս վատառողջ հասարակութիւնը՝ անոր պարտադրելով վայրի անտառային, անասնական, գազանային արժեհամակարգ, այսինքն, վայրի դրամատիրութիւնը, որ չի ճանչնար ոչ ազգ, ոչ հայրենիք եւ ոչ ալ ազգային պետութիւն… բացի՝ իր շահերէն։ Արդէն այս «անկախ» Գ. Հանրապետութեան պաշտօնական զինանշանը կամ գերբը՝ գազանանոց մըն է… օլիգարխներու նախասիրութեամբ, որոնք շահաբեր չեն նկատեր Սովետ Հայաստանի գերբին Արարատը… կամ անոր կերտած Եղեռնի Յուշակոթողը Ծիծեռնակաբերդի մէջ… եւ 100-րդ տարելիցի իբր խորհրդանիշ՝ կ’ընտրեն սիոնամասոնական «անմոռուկ»ը…։

Ուրեմն, Վահան Թէքէեանի հետ միաբերան կ’ըսենք՝

Թող սասանի՛ն ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ՝ նախագահներուն, եւ իյնան վա՛ր պատնէշներն օլիգարխներու զրահապատ եսութեանց, ամէն հայու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ, եւ թող շուտով հաստատուի՝ ժողովրդահայրենասիրական իրաւակարգը արդար Արեւելահայաստանի մէջ։

www.keghart.com

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert