DSC0402911073075_10153145488516798_1291173071_oԻնչպէս արդէն հաղորդած էինք, Մարտ 1ին «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-վիճարկում մը, «Հայկական Վերածնունդ» շարժման Փարիզի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ։ Այս առիթով հրաւիրուած էր Հիմնադիր Խորհրդարանի ղեկավար անդամ Գարեգին Չուգասզեան, որ մեկնաբանեց շարժումին հետապնդած նպատակները։ Օրուան նիւթն էր՝ «100ամեակի սեմին Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները եւ համակարգային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը»։

Ստորեւ՝ դասախօսին հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը։

«Նոր Յառաջ» – Բնականաբար մեր այսօրուան զրոյցին մեկնակէտը պիտի ըլլայ Բերձորի իրադարձութիւնները։ Սակայն թերեւս լաւ պիտի ըլլար քիչ մը խօսէինք Նախախորհրդարանի մասին, որ դէպի Հիմնադիր Խորհրդարան անցումային շրջան մը կը թեւակոխէ։ Այս քայլը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ։

Գարեգին Չուգասզեան – Նախախորհրդարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ 2012ի վերջերուն։ Անոր յաջորդող երկու տարիներու (2013-2014) ընթացքին մենք նախապատրաստական, տեսական, վերլուծական աշխատանք կը տանէինք, միաժամանակ ժողովուրդը իրազեկ դարձնելով մեր գործունէութեան։ Այդ ժամանակ մշակեցինք ռազմավարական հայեցակարգ, ընդգրկելով զանազան ոլորտներ՝ ընկերային-տնտեսական, ռազմաքաղաքական, արտաքին յարաբերութիւններ եւայլն։ Այս բոլորը կատարեցինք նաեւ հանրային քննարկումներու ճամբով՝ ներգրաւելով Սփիւռքի մասնագէտներ։ Մենք արդէն նախատեսած էինք այս բոլորէն ետք Հիմնադիր Խորհրդարանի կայացումը։ Այդ ուղին մեր «ճամբու քարտէս»ով գծած էինք։ Հետեւաբար 2015 Յունուարէն սկսեալ մենք իբրեւ Հիմնադիր Խորհրդարան կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը։ Այս ընթացքին մեր կազմը թարմացաւ եւ այդ հերթափոխութիւնը հետեւեալ ձեւով կատարուեցաւ.- Եթէ նախապէս մեր անդամները իրենք զիրենք կը ներկայացնէին, ապա այս հանգրուանին իւրաքանչիւրը պէտք է լիազօրուած ըլլայ նուազագոյնը 200 քաղաքացիներու կողմէ։ Այս պարագային ենթական ներկայացուցչական հանգամանք կ՚ունենայ։

Հիմնադիր Խորհրդարանը Հայաստանի մէջ նախ պիտի գործէ իբրեւ ստուերային իշխանութիւն եւ ապա՝ որպէս անցումային շրջանի կառավարող մարմին, մինչեւ որ վարչակարգը հեռանայ եւ կազմակերպուին արտակարգ ընտրութիւններ։

«ՆՅ» – Հետաքրքրական է ձեր նշած իւրաքանչիւր անդամի ներկայացուցչական հանգամանքը։ Ներկայիս քանի՞ անդամ այդ լիազօրութիւնը ունի։

Գ.Չ. – Մենք ունինք 40 անդամներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը – ինչպէս ըսի արդէն – լիազօրուած է 200 քաղաքացիներու կողմէ։ Սակայն անոնց թիւը կրնայ 65ի բարձրանալ, նկատի ունենալով որ այսօր նման կարելիութեան պայմանները ստեղծուած են եւ մենք կ՚ապրինք արագ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը։

«ՆՅ» – Ինչո՞ւ յատկապէս 65 թիւը։

Գ.Չ. – Մեր նպատակն է այսօրուան Խորհրդարանին մէջ Շարժումին մշակած տասը ուղղութիւններէն իւրաքանչիւրին մէջ ներգրաւուած երեսփոխաններ ունենալ։ Աւելին, ամէն մէկ յանձնաժողովին մէջ պէտք է 5-6 երեսփոխան ներգրաւուի։ Հետեւաբար տակաւին կարելի է մեր թիւը աւելցնել՝ «ինքնա-առաջադրուող» անդամներով։

«ՆՅ» – Պայմա՞ն է որ իրենք զիրենք առաջադրող անձերը յատուկ մասնագիտութիւն ունենան։

Գ.Չ. – Այո՛, որոշակի ընտրական չափանիշներ ունինք եւ մեր ընտրական յանձնաժողովը քննարկած է այդ հարցը ու կարգ մը անձեր մերժուած են՝ ընտրական պայմանները լրացուցած չըլլալով։

«ՆՅ» – Կրնայի՞ք ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնել թէ ի՛նչ կը նշանակէ Հիմնադիր Խորհրդարան։

Գ.Չ. – Մենք հետեւելով Ֆրանսայի օրինակին – որ ունեցաւ քանի մը հանրապետութիւններ – ստեղծեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան արմատական վերաձեւաւորման համար հիմնուած խորհրդարան մը որ յետագային պիտի ստեղծէ նախորդներէն տարբեր նոր որակի պետութիւն մը։

«ՆՅ» – Որո՞նք են ներկայի Հանրապետութեան եւ ստեղծուելիք նոր պետութեան տարբերութիւնները։

Գ.Չ. – Անկախութենէն շուրջ 25 տարիներ ետք ներկայի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ գաղութային ինքնիշխան վարչակազմ մը (մանաւանդ Սեպտեմբեր 3ի որոշումէն ետք)։ Այս գծով օրինակ մը բերելով անմիջապէս ըսեմ, թէ Գիւմրիի ողբերգութենէն ետք ժողովուրդը նոյնիսկ սուգ յայտարարելու իրաւունքէն զրկուեցաւ։ Միւս կողմէ Հայաստան կը ղեկավարուի աւատապետական կարգերով եւ ունի կեղծ պետական կառոյց մը։ Մեր առջեւ այսօր ծառացած է նաեւ ժողովրդավարական համակարգի ստեղծման հարցը։ Միւս կողմէ ունինք նաեւ տնտեսական առումով հարստութեան ներդաշնակ բաշխման խնդիրը, որու կիրարկման պարագային կը բարձրանայ ժողովուրդի կենսամակարդակը։

Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու հետ արտաքին յարաբերութիւնները – մեր կարծիքով – պէտք է ըլլան աւելի հաւասարակշռուած։ Պէտք է նաեւ ամրապնդուի այսպէս ըսած՝ փրօ-հայկական ինքնիշխանութիւնը։ Այլ խօսքով պէտք է հաստատուին հայակեդրոն պետական կարգեր։

«ՆՅ» – Այսօրուան օրէնսդրութիւնը ձեւով մը արեւմտեան օրէնքներու ընդօրինակումն է եւ որեւէ փոփոխութիւն խորքին մէջ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ ընդհանուր օրինագիծերու կիրարկման գծով…։

Գ.Չ. – Պարզ օրինակ մը բերեմ. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հռչակուած անկախութեան շրջանին ծայր առաւ առանց նախագիծի պետական կառուցում, որու ընթացքին պետական հարստութիւնը ոչ թէ օգտագործուեցաւ շինարարութեան համար, այլ թալանուեցաւ։ Քանի որ նախագիծ չունէինք հետեւաբար վերահսկողութիւն ալ չէր ըլլար եւ ոչ մէկը հաշիւ կը ներկայացնէր օրուան վարչախումբին։ Մենք անցնող երեք տարիներու ընթացքին փորձած ենք այդ ուղղութեամբ ծրագրել նոր որակի պետութեան նախագիծը՝ իր ռազմավարական ուրուագծով։ Այս պատճառով ալ անցումային շրջանին մենք կարիքը պիտի ունենանք նոր սահմանադրութեան։

«ՆՅ» – Աջ թէ ձախ զանազան կուսակցութիւններու կամ գաղափարական թեքումներու դաշտին մէջ ո՞ւր կը տեղադրուի ձեր ծրագրած նոր որակի պետութեան վարչաձեւը։

Գ.Չ. – Իմ կարծիքով Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս գործող քաղաքականութիւնը գաղափարականութենէ զուրկ պաճուճանք եղած է եւ ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարական զարգացման գծով պետական լծակները մենաշնորհուած ըլլալով, երկրի մէջ – ըստ էութեան – գաղափարական պայքար տեղի չէ ունեցած։ Մենք կ՚ուզենք ժողովրդավարական օրէնքներու վրայ հիմնուած պետական կարգ ստեղծել, սակայն այսօր առաջնահերթութիւնը կը տրուի մեր գոյութենական հարցին, որովհետեւ մենք Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս ինքնիշխանութեան կորուստի կենսական խնդրին առջեւ կը գտնուինք, եթէ շտապ միջոցներու չդիմենք, կրնանք այդ բուռ մը հողն ալ կորսնցնել։ Ապահովելով ինքնիշխանութիւնը պէտք է հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ, որպէսզի տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական ապահովութիւնը երաշխաւորուի։ Այս բոլորին զուգահեռ պէտք է վերաշխուժացնել քաղաքական դաշտը։ Իսկ արտակարգ ընտրութենէն ետք արդէն ժողովուրդը ինք կը տնօրինէ իր ճակատագիրը եւ կ՚որոշէ թէ ո՛ր ուժին կը վստահի իշխանութիւնը։ Հետեւաբար ներկայ հանգրուանին մենք նախ պէտք է ձերբազատինք այն փտախտէն որ արմատ նետած է կամազուրկ եւ ապազգային վերնախաւի շարքերուն մէջ։ Այնուհետեւ – ինչպէս ըսի – պէտք է նոր Սահմանադրութիւն մշակել, նկատի ունենալով որ գոյութիւն ունեցածը պարզապէս փաստաթուղթ մըն է եւ չի յարգուիր սակաւապետ վերնախաւին կողմէ, ուրեմն անհրաժեշտ են սահմանադրական փոփոխութիւնները։ Ի միջի այլոց այս մասին մեր պատկերացումները ամփոփած ենք շուրջ 150 էջերէ բաղկացած մեր տասը ուղղութիւններուն մէջ, ուր բացի վերոնշեալ կէտերէն ընդգրկուած են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, բնապահութիւնը, եւայլն։ Անշուշտ մենք մեր պատկերացումները պիտի չփաթթենք ժողովուրդի վզին, այլ երկխօսութեան ճամբով պիտի մշակենք նոր Սահմանադրութիւնը։

«ՆՅ» – Ինչ կը վերաբերի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Բերձորի բռնարարքներուն, շատեր այն համոզումը ունին որ Արցախ երթալը սխալ քայլ մըն էր եւ կարելի էր ուղղուիլ դէպի Հայաստանի այլ վայրերը…։ Ձեր կարծիքով այս համոզումը արդարացի՞ էր։

Գ.Չ. – Նախ ըսեմ թէ մենք յաճախ կ՚այցելենք Հայաստանի զանազան մարզերը եւ ցարդ չորս-հինգ շրջաններ «կառքերով-երթ» կատարած ենք։ Հետեւաբար այս «գործողութեան» փորձառութիւնը ունինք եւ մինչ այդ – միշտ կարգապահ ըլլալով – որեւէ դիմադրութեան չէինք հանդիպած։ Իսկ Արցախը տարբերել Հայաստանի մնացեալ մարզերէն մենք ճիշդ չենք համարեր, որովհետեւ բացի Արցախէն, Հանրապետութեան սահմաններն ալ թշնամիի թիրախ ըլլալու վտանգի տակ կը գտնուին։ Իսկ եթէ պետութեան կողմէ պատերազմական իրավիճակ չէ յայտարարուած այն ատեն մենք ազատ ենք մեր ուզած վայրը երթ ու դարձ ընելու։

«ՆՅ» – Ո՞րն է այս «երթերու» բուն նպատակը։

Գ.Չ. – 2013 Սեպտեմբեր 3էն սկսեալ երբ Հայաստանի Եւրասիական Միութեան միանալու մասին յայտարարուեցաւ, իբրեւ փաստ ներկայացուեցաւ՝ Հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւորման հարցը։ Բնականաբար մենք համաձայն չէինք այդ քայլին, ըսելով թէ փոթորկած ծովուն մէջ կարելի չէ խարիսխ նետել, քանի որ չես գիտեր թէ ո՞ւրկէ հարուած պիտի ստանաս։ Անցնող երկու տարիները ապացուցեցին թէ մենք իրաւացի էինք, որովհետեւ մասնաւորաբար Արցախի ինքնիշխանութեան նախկին գոյավիճակը (statu quo) սկսաւ խարխլուիլ։ Այս մասին մենք ժողովուրդը տեղեակ պահած էինք եւ արդէն նախատեսած էինք սոյն Միութեան միանալու տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական ոչ-նպաստաւոր հետեւանքները։ Այսօր մենք կարիքը ունինք արմատական փոփոխութիւններու՝ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ։ Առ այդ մեր երթերու ընթացքին ժողովուրդին հետ ուղղակի շփման մէջ մտնելով իրականութիւնները կը բացայայտէինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մեր «100ամեակը առանց վարչակարգի» կարգախօսը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի յատկապէս դէպի Արցախ մեր երթին, կ՚ուզէի նշել հետեւեալը.-

Ըստ թուրանական նոր պատկերացումներու (Նազարպայեւի յայտարարութիւն) Արցախը պէտք է տարանջատուի Հայաստանէն եւ Հայաստանի սահմանները պէտք չէ ընդգրկեն Արցախը։ Ըստ մեզի այդ պատկերացումները վտանգաւոր են, նկատի ունենալով որ Արցախի տարանջատումը երկիրը կը վերածէ առեւտուրի առարկայի ու «կ՚ապահովէ» հայկական զօրքերու եւ ի վերջոյ բնակչութեան Արցախէն հեռացումը։ Միւս կողմէ իրանական սահմանի Մեղրի-Հորաթիզ հատուածը հայկական ուժերու վերահսկողութենէն դուրս ելլելէ ետք հարաւէն արտաքին աշխարհի հետ մեր կապը կը սահմանափակուի Մեղրիի միջանցքով, որ նոյնպէս կարճ ժամանակի ընթացքին մեր ձեռքէն կ՚երթայ, ինչ որ ռազմավարական մեծ վտանգ կը ներկայացնէ։ Ահաւասիկ դէպի Արցախ մեր երթի բուն նպատակը։ Մենք կ՚ուզէինք վերոնշեալ հարցերը քննարկել ժողովուրդին հետ։ Եթէ յիշէք, Ղարաբաղեան շարժման սկիզբի օրերուն կը խօսուէր միացման մասին, որ յետագային մոռցուեցաւ։ Իսկ այսօր փաստօրէն բարձրաձայն կ՚ըսուի թէ մենք երկու ժողովուրդ ենք ու երկու պետութիւն եւ ՄԱԿ-ի մէջ պէտք է երկու «աթոռ» գրաւենք…։ Այսպէսով, կը փորձեն վերստին գրել Արցախի ազատագրութեան պատմութիւնը եւ զրկել այդ պայքարին մէջ դերակատար անձնաւորութիւնները՝ իրենց արժանի տեղը ունենալու հանգամանքէն։ Աւելի՛ն, վերջիններուս նկատմամբ ատելութիւն կը հրահրուի։ Իսկ մեր պետական դէմքերու վերջին քայլը պիտի ըլլայ արտաքին զօրքեր հրաւիրել Արցախ…։

«ՆՅ» – Ուրեմն, կը հաւատաք, որ կը ծրագրուի Հայկական բանակի Արցախէն հեռացումը…։

Գ.Չ. – Այո՛ այդպէս է։ Բայց նաեւ կ՚ուզէի ըսել, թէ այսօր Հայաստան աւելի մօտ է Ղազախստանին քան Արցախին, իսկ նախագահ Նազարպայեւ կը հանդիսանայ այսպէս կոչուած «թրքախօս երկիրներու» գործակցութեան առաջնորդը։

Արդեօք բնակա՞ն է նման երեւոյթ մը։ Անցնող 25 տարիներու ընթացքին Արցախ հանդիսացած է այն սոսինձը որ միաւորած է ամբողջ հայ ժողովուրդը։ Ճիշդ ատոր համար էր, որ Բերձորի բռնարարքները բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցին։ Մենք փաստեր ունինք որոնց հիման վրայ կարելի է ըսել, թէ եղածը դաւադրութիւն մըն էր։

Գիտէք, ցարդ մեզի կ՚ըսէին թէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները բաց են եւ որեւէ արգելք չկայ ազատ երթուդարձի համար։ Սակայն պարզուեցաւ թէ ոչ միայն սահմանին վրայ հաստատուած են մաքսակէտեր, այլեւ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ «չինական» պատ մը կը կառուցուի, որու հետեւանքով կը շահարկուի Հանրապետութեան պետականութեան հարցը։

«ՆՅ» – Իսկ Բերձորի բռնարարքները Հայաստանի սահմանէն դուրս գործուեցան…։

Գ.Չ. – Անմիջապէս ըսեմ, թէ այսօր նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները յստակ չեն, քանի որ խորհրդային սահմաններն են, որոնք որպէս հիմք ընդունուած են։

«ՆՅ» – Ձեզի մօտեցող ոստիկանը ո՞ր սահմանէն ներկայացաւ։

Գ.Չ. – Արցախի սահմանէն, որպէս Արցախի ոստիկանական ուժ։ Հետեւաբար Արցախի ոստիկանութիւնն էր, որ արգիլեց մեր երթը։ Բայց այս վերջինը առանձին չէր եւ իր կողքին ոստիկանական հագուստներով մարդիկ կային, որոնք – յետագային պարզուեցաւ – թէ քրէական յանցագործներ էին, որոնք յատկապէս Շուշիի բանտէն ազատ արձակուած եւ հոն բերուած էին։

«ՆՅ» – Դուք դատա-իրաւական գետնի վրայ որեւէ քայլի դիմա՞ծ էք։

Գ.Չ. – Յայտնեմ, թէ մամլոյ հաղորդագրութիւնները կամ հիւանդանոցին մէջ յայտնուած մարդիկ արդէն պետութեան համար բաւարար փաստեր են՝ քրէական գործ յարուցելու համար։ Եթէ պետութիւնը մէկ ամսուան ընթացքին դէպքին կապակցութեամբ քննութիւն չի բանար, արդէն ցոյց կու տայ իր ի՛նչ ըլլալը եւ մեր բողոքը տեղ հասնելու որեւէ երաշխիք չունի։ Այդ պատճառով ալ դատարան չենք դիմած։ Սակայն մեր այս քայլը ինքնին քաղաքական նշանակութիւն ունի, թէ ինչպէս պետութիւն մը շուկայէն կարկանդակ գողցողը կը ձերբակալէ, սակայն անդին 160 հոգիի նկատմամբ գործադրուած եւ նկարահանուած յանցագործութիւնը աչքաթող կ՚ընէ։ Ուրեմն մենք այլեւս որեւէ սպասելիք չունինք այդպիսի իրաւական համակարգէն։

Միւս կողմէ, այս ուղղութեամբ Արցախի մէջ ոստիկանական յետաքննութիւն կը կատարուի եւ մօտ օրէն արդիւնքը ի յայտ կու գայ։

«ՆՅ» – Ձեր դէպի Արցախ երթը կարծէք քաջալերեց Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ինք ալ հազար հոգինոց արշաւ կազմակերպեց…։

Գ.Չ. – Կ՚ենթադրեմ թէ արշաւը պէտք է դրուի քաղաքական հարթութեան վրայ եւ ոչ թէ այցելութեան, կեր ու խումի եւ լաւ ժամանակ անցընելու համար Արցախ երթալու։ Իմ կարծիքով ՀՅԴ-ի քայլը քաղաքական դատարկաբանութիւն էր։

«ՆՅ» – Բայց վերջին հաշուով Հայաստանի իշխող վարչախումբին մասին Հիմնադիր Խորհրդարանի ախտաճանաչումները կը համապատասխանեն ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն եւ նոյնիսկ որոշ չափով ՀՅԴ-ի գնահատումներուն։

Գ.Չ. – Մեր մօտեցումները համակարգուած եւ վառ ձեւով արտայայտուած են եւ մենք չենք գոհանար Երեւանի մէջ կոչեր ընելով։ Մեր կարծիքով Արցախի բնակչութիւնը եւս պէտք է ներգրաւուի համահայկական քաղաքական կեանքին մէջ։ Ահա հո՛ս է մեր եւ միւսներուն տարբերութիւնը։ Կարելի չէ աչք գոցել երբ Արցախի ապահովութիւնը վտանգուած է։

«ՆՅ» – Արցախցիները ունի՞ն հայկական քաղաքացիական յատուկ կարգավիճակ։

Գ.Չ. – Գիտէք, Արցախցիները ունին հայաստանեան անձնագրեր, բայց ամբողջութեամբ չեն օգտուիր Հայաստանի քաղաքացիական իրաւունքներէն։ Օրինակի համար, անոնք չեն կրնար ընտրութիւններուն մասնակցիլ։

«ՆՅ» – Ե՞րբ ծնունդ առած է «100ամեակը առանց վարչակարգի» կարգախօսը։

Գ.Չ. – Այդ կարգախօսը հրապարակուեցաւ անցեալ Մայիսին։ Ըստ մեզի, 100ամեակը եւ Ապրիլ 24ի խորհուրդը ոչ միայն ցաւի եւ միլիոնաւոր ժողովուրդի կորստեան ոգեկոչումն է, այլեւ աղէտի օրերուն Հայերու դիմադրութեան ոգեկոչումն է։ Ատիկա Հայաստանի մէջ կը բացակայի եւ տարելիցի արարողութիւնները կը թեքին դէպի ցաւն ու կորուստը, իսկ արդարութեան նկատմամբ մեր պահանջատիրութիւնը կարծէք մոռցուած է։ Խօսքը կը վերաբերի անշուշտ ներքին անարդարութիւններուն նկատմամբ պահանջատիրութեան։ Ասիկա արդէն արժանապատւութեան հարց է։ Մեր կարծիքով, Ապրիլ 24ին թէ՛ պէտք է ոգեկոչել նահատակներու յիշատակը, թէ՛ միջազգային ատեաններէն պահանջել մեր իրաւունքներու վերականգնումը եւ թէ խօսիլ ներքին անարդար կարգերուն մասին, վերնախաւի կեղեքումներուն մասին։ Յիշենք Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով կազմակերպուած ցոյցերը, որոնք պայքարի ոգիի ծնունդ էին եւ ժողովուրդը առաջին անգամ ըլլալով ազգային հարցեր արծարծեց։ Ատոր համար ալ փաստօրէն 50ամեակը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ վերելքի սկիզբ հանդիսացաւ։ Այդ նոյն վերելքի հիման վրայ յետագային ծնունդ առաւ Արցախի ազգային-ազատագրական շարժումը։ Այսօր երբ մենք ազգովին նահանջի մէջ ենք, 100ամեակը լաւագոյն առիթն է այդ նահանջը դադրեցնելու համար, որպէսզի ժողովուրդը անդրադառնայ թէ ձախորդ ուղիէն վերադարձի պահը հասած է։

«ՆՅ» – Ընդհանուր առմամբ այս հարցերը յատուկ չեն միայն Հայաստանին։ Անոնք միջազգային, տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական շահերու կիզակէտին վրայ գտնուող երեւոյթներ են, իսկ համաշխարհայնացման այս ընթացքը կը դիւրացնէ կեղեքումները, ծայրայեղ ազատականութիւնը, եւայլն։ Դուք արդեօք միաժամանակ շրջանային գերուժերու (ռուսական, եւրոպական, ամերիկեան) շահերուն դէմ ալ պայքար կը մղէ՞ք։

Գ.Չ. – Հարկաւ։ Մէկ բառով մենք այդ կը կոչենք վերագաղութացման դէմ պայքար։ Չմոռնանք որ անցնող 25 տարիներու ընթացքին, փաստօրէն, Հայաստանի ղեկավարները փոխանակ հայ ժողովուրդը կառավարելու, դարձան օտար ուժերու շահերը պաշտպանող գործակալներ։

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ, «Նոր յառաջ» թերթ

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert