Յետեւեալ «բաց նամակը», Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու մասին, ղրկուեցաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան վարչութեանը, սոյն կազմակերպութեան 88-րդ Համագումարին ընդառաջ:  Համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Ապրիլ 4, 2015-ին:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանին,

Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն,

Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Անդամներուն

եւ Միութեան 88-րդ Համագումարին Մասնակցող Պատգամաւորներուն

Ազնուամեծար Տիկիններ,

Մեծայարգ Պարոններ,

Այս «Բաց Նամակ»ով կ’ուզենք ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել վերջերս հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած Վարդգէս Գուրուեանին «Անհաւատալի Բայց Իրաւ, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Կրնար (եւ տակաւին կրնայ) 21-րդ Դարու Համահայկական Ամենակարեւոր Դպրոցին Վերածուիլ» յօդուածը:

Այս առիթով կը խնդրենք եւ կ’առաջարկենք որ բարի ըլլաք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու հարցը օրակարգի նիւթ դարձնել Հ.Բ.Ը.Միութեան  88-րդ Համագումարին (General Assembly) որ պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, Ապրիլ 4, 2015-ին:

Արեւմտահայերէնի եւ Արեւմտահայութեան գոյատեւման մեր գոյապայքարին մէջ, անհրաժեշտ է որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նման հաստատութեան մը ճակատագիրը որոշուի համահայկական մակարդակի վրայ եւ ոչ թէ քանի մը անձերու որոշումով:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի համազգային բոլոր միջոցառումները կը նսեմանան եւ իրենց լրջութենէն մասամբ կը պարպուին եթէ հիմնական եւ արմատական միջոցներու չդիմենք եւ Արեւմտահայերէնն ու Արեւմտահայութիւնը ստոյգ կորուստէ փրկելու գործընթացին չսկսինք:

Կը հաւատանք որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումը եւ անկէ ջամբուաելիք հայագիտական ուսումը եւ ոգին ամենակարեւոր միջոցառումներէն մին է Արեւմտահայերէնի եւ Արեւմտահայութեան փրկութեան գործընթացին մէջ:

Վստահելով որ մեր առաջակը պիտի արժանանայ ձեր բարեհաճ նկատառման, մեր Մեծ Միութեան  88-րդ Համագումարին կը մաղթենք ամէն յաջողութիւն:

Կանխայայտ Շնորհակալութեամբ՝

Զոհրապ Շամմասեան, Ատենապետ

Մելգոնեան Սանուց եւ Բարեկամներ

Համաշխարհային Միութեան

hetq.am/arm/news

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert