Գիտաժողովի Ա. Օրուան Աշխատանքները

5-26-15_haig-1

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած  «Սուրիոյ հայերը» եռօրեայ գիտաժողովի աշխատանքները սկսան երկուշաբթի, 25 մայիս 2015-ին առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:

Օրուան ընթացքին գումարուեցան չորս նիստեր: Առաջին եւ երկրորդ նիստերուն բնաբանն էր «Պատմութիւն եւ պետութիւն»: Ա. նիստը կ՛ընդգրկէր երեք զեկուցումներ. զրուցավարն էր դոկտ. Արտա Էքմեքճի: Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց Սուրիոյ սահմանադրութիւններն ու փոքրամասնութիւնները: Ան իր նիւթով համեմատեց եւ հակադրեց Սուրիոյ 1973-ի եւ 2012-ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները փոքրամասնութիւններուն հարցով: Ան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց  նախորդ կարգ մը սահմանադրութիւններուն մասին, որոնք գոյութիւն ունէին այն աշխարհագրական շրջանին մէջ, որ կը ներառէր ժամանակակից Սուրիան, նաեւ հետագայ սահմանադրութիւններուն մասին, որոնք ուժի մէջ մտան 1946-ին Սուրիոյ անկախացումէն ետք: Զեկուցումը քննարկեց նաեւ սիւննի խումբերուն (ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ի) դերը Սուրիոյ մէջ` բաղդատելով սուրիահայերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները այս խմբակցութիւններէն` Համիտեան ջարդերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ:

Երկրորդ զեկուցաբերին` դոկտ. Նորա Արիսեանին նիւթը ներկայացուց Նարեկ Հաննէեան: Զեկուցումը կ՛ուսումնասիրէր Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կազմող հայ երեսփոխաններու շարքը` 1928-էն` «Հիմնադիր խորհուրդ»-էն մինչեւ 2011-ի իններորդ նստաշրջանի աւարտը, միաժամանակ անդրադարձ կատարելով երեսփոխաններու կենսագրական գիծերուն: Զեկուցումը կ՛անդրադառնար նաեւ Սուրիոյ մէջ հայ երեսփոխաններու ներդրումին եւ մասնակցութեան` խորհրդարանի բոլոր մարզերու յանձնախումբերուն, երկրի հարցերուն մասին անոնց կեցուածքին, ինչպէս նաեւ անոնց ելոյթներուն ու նամակներուն, որոնք կ՛առնչուին Սուրիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին:

Երրորդ զեկուցաբերն էր Մարիա Գաբրիէլեան: Ան ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի գործունէութիւնը վերջին քառամեակին (1995-2015)` ընդգրկելով թեմի աշխարհաքաղաքական տարբեր մասերը` Սուրիոյ գրեթէ ամբողջ տարածքը: Գաբրիէլեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց թեմի կառոյցն ու գործունէութեան մարզերը: Ան անդրադարձաւ նաեւ 2011-ին Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով ըստ նոր պայմաններուն թեմի գործունէութեան վերաձեւաւորումին:

Բ. նիստին ներկայացուեցան չորս զեկուցումներ. զեկուցավարն էր դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան:

Փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան ներկայացուց «Քոմինթեռնին (Համայնավար միջազգայնականին) սատարողներ. սուրիահայ համայնավարներուն աւանդը` ֆրանսական իշխանութեան տարիներուն» նիւթը: Ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն իբրեւ գործիք օգտագործուելուն: Ան լուսարձակի տակ առաւ, թէ ի՛նչ լծակներով կրցած է Խորհրդային Միութիւնը ազդել Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ փոքրամասնութիւններուն վրայ: Զեկուցումը առանձնացուց դիւանագիտական գործօնը, ապա նաեւ` ՀՕԿ-ը, հայրենիքի գաղափարը, ներգաղթը եւ քոմինթեռնը:

Դոկտ. Արթուր Իսրայէլեան ներկայացուց  Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետական յարաբերութիւնները` հայ-սուրիական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն (1991-2008) մէջ, ներկայացուց հայ-սուրիական յարաբերութիւնները` մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, ապա` Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ համագործակցութիւնը մինչեւ 2008, Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ կազմակերպուած հանդիպումները եւ փոխայցելութիւնները 1992-2008: Ան խորացաւ նաեւ հայ-սուրիական իրաւապայմանագրային դաշտին մէջ` անդրադառնալով կնքուած համաձայնագիրներուն, արձանագրութիւններուն եւ յուշագիրներուն:

Դոկտ. Արման Եղիազարեանի բացակայութեան պատճառով զեկուցումը, որուն նիւթն էր «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ սուրիահայութիւնը», ներկայացուց Վանա Դանիէլեան: Ըստ զեկուցումին, արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ կոմիտէն սուրիահայ համայնքին հետ իր աշխատանքներուն սկսելէն առաջ զայն լաւապէս ուսումնասիրած էր, որմէ ետք յստակացուցած կապերու բնոյթն ու բովանդակութիւնը: Յարաբերութիւններն ու աշխատանքները կատարուած են երկու հարթակներով` կազմակերպական եւ անհատական:

Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւ սուրիահայութիւնը նիւթը ներկայացուց Ֆիրդուս Զաքարեան` համացանցային ուղիղ կապի միջոցով: Ան ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն` ապահովելով անոնց կենցաղային եւ հոգեւոր կարիքները:

Գ. նիստի բնաբանը Հալէպն էր, իսկ զեկուցավարը` դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան: Այս նիստին Վարդի Քէշիշեան ներկայացուց «Հալէպը Սսոյ կաթողիկոսութեան նստավայր (ԺԶ.- ԺԷ. դարեր)» նիւթը: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս ԺԶ.- ԺԷ. դարերուն Հալէպի հայկական միջավայրը կ՛ապրի իր ոսկեդարը. միջնադարեան հայ մշակոյթի գրեթէ բոլոր ճիւղերը զարգացման նշանակալի վերելք կ՛ունենան Հալէպի մէջ: Այսպիսով, Հալէպը կ՛ապահովէ կենսական այն դաշտը, ուր իրենց շարունակութիւնը կը գտնէին կիլիկեան մշակոյթի հարուստ աւանդութիւնները: Հալէպը կարեւոր յենակէտ կը հանդիսանայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ շրջանի հայութեան ու հայ մշակոյթին համար:

Ճափոնցի ակադեմական դոկտ. Հիտեմիցու Քուրոքի ներկայացուց «Հայերը ԺԹ. դարուն Հալէպի մէջ» նիւթը:

Ան յայտնեց, որ օսմանեան Թանզիմաթէն ետք էր, որ օսմանցիք սկսած են կատարել մարդահամարներ Սուրիոյ մէջ` զինուորական զօրակոչի եւ տուրքերու հաւաքման նպատակով: Ան նաեւ ըսաւ, թէ Հալէպը այն քաղաքն է, ուր հայերը հաստատուած են ցեղասպանութենէն շատ առաջ: Ճիզիա արձանագրութիւններուն տուեալները (1844-1849) եւ բնակչութեան մարդահամար մը (1849) պարզած են քաղաքի հայ բնակչութեան մօտաւոր թիւը: Շուրջ 1650 չափահաս տղամարդիկ վճարած են գլխահարկ, որոնցմէ 1000-ը հալէպաբնակներ էին, իսկ 650-ը` պանդուխտներ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը բնիկ Արեւելեան Անատոլիայէն էր` գլխաւորաբար Արաբկիրէն ու Սասունէն: Ան ըսաւ նաեւ, որ ԺԹ. դարուն չկային ամբողջովին հայ բնակչութիւն ունեցող թաղամասեր, հայերը կ՛ապրէին քրիստոնեաներուն եւ իսլամերուն հետ միասնաբար, տարբեր թաղերու մէջ: Ան յայտնեց, որ ԺԹ. դարու կէսերուն հայերը կը կազմէին մօտաւորապէս տիմմի բնակչութեան մէկ-երրորդը եւ խորապէս համակուած էին քաղաքի տնտեսական գործունէութիւններուն:

Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան ներկայացուց Հալէպի առաջնորդարանը: Ան Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք, կեդրոնացաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն մինչեւ ներկայ քաղաքացիական պատերազմ երկարող ժամանակաշրջանին վրայ: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Հայոց ցեղասպանութիւնը շրջադարձային կէտ մը եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ: Առաջնորդարանը գործեց իբրեւ պաշտօնական կեդրոն գաղթակայաններու օժանդակութեան ղեկավարման ու նպաստներու մատուցման: Ան նաեւ յայտնեց, որ 1990-ականներու կէսերէն համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու ընթացքին մէջն էր, սակայն պատերազմը եկաւ ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնելու:

Գիտաժողովի առաջին օրուան Դ. նիստը կը կրէր «Մշակոյթ» խորագիրը, իսկ զեկուցավարն էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Նիստի առաջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Հայկանուշ Մեսրոպեան, որ ներկայացուց «Գարեգին Քեսապցի կաթողիկոսի բառապաշարը հայերէնի հարստացման միջոց» նիւթը: Ան նկատել տուաւ, որ Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի տպագիր քարոզները, մեկնութիւններն ու աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնները հայ հրապարակախօսական արձակի լաւագոյն դրսեւորումներն են: Հայերէնի բառապաշարի ուսումնասիրութեան համար անոնք խիստ ուշագրաւ են: Վեհափառ հայրապետին նորակազմութիւնները շուրջ 2000 բառ կը կազմեն: Հեղինակային նորակազմութիւններու հանգամանալից քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնց գերակշռող մասին այս կամ այն բաղադրիչը կը վերաբերէր աստուածաբանական մարզին:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, որ ներկայացուց սուրիահայ կրթական գործի կազմակերպումը. դպրոցական ցանցերը մինչեւ Սուրիոյ անկախութիւնը: Ան ըսաւ, որ 1919-էն ետք Սուրիոյ մէջ գործող հայ դպրոցները ունեցան պատկանելիութեան հետեւեալ խմբաւորումները. 1-Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքներու միացեալ վարժարաններ, 2-Հայրենակցական վարժարաններ, 3- Յարանուանական վարժարաններ: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ վարժարաններուն մեծամասնութիւնը նախակրթարաններ էին: Առաջին միջնակարգ, ապա` բարձրագոյն վարժարանները կը բացուին հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ ամերիկեան Պորտին նախաձեռնութեամբ, ապա` կաթողիկէ շրջանակներուն մէջ: Իսկ Սուրիոյ անկախացումէն անմիջապէս ետք կը հիմնուին սուրիահայութեան առաջին ազգային երկրորդական վարժարանը` Քարէն Եփփէն, ապա Կիլիկեան միութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպենկեան ճեմարանները, որոնք մեծ դեր կ՛ունենան հայ համայնքին մէջ:

Երրորդ զեկուցաբերն էր Սիլվի Աբէլեան, որ ներկայացուց Քեսապը հայ գրականութեան մէջ: Զեկուցումը կը ներկայացնէր Քեսապի եւ քեսապահայութեան արտացոլումը հայ գրականութեան մէջ: Այդ գրականութիւնը կը դրսեւորուի տեղեկագրական եւ գիտական գրականութեան մէջ: Զեկուցումը ընդգրկեց նաեւ Քեսապի` գեղարուեստական գրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւնը: Աբէլեան նշեց Քեսապի նկատմամբ տարաբնոյթ գրողներու հետաքրքրութեան դրդապատճառները, ապա ներկայացուց Քեսապի մասին ստեղծուած գեղարուեստական գրականութիւնը` գրական տարբեր սեռերով` վէպ, վիպակ, պատմուածք եւ յուշագրութիւն:

Իսկ չորրորդ զեկուցաբերն էր Մարուշ Երամեան, որ ներկայացուց վերջին տասնամեակի հալէպահայ բանաստեղծութիւնը: Ան նկատել տուաւ, թէ սուրիական տագնապէն առաջ երկրին համեմատական կայունութիւնը պատճառ դարձած էր, որ երիտասարդները մնան քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքը եղած էր գրական փոքրիկ խմբակի մը կազմութիւնը, որ կը փորձէր հալէպահայ գրականութեան դիմագիծ տալ: Խումբը իբրեւ բեմ ունէր «Գանձասար» շաբաթաթերթի գրական էջը, որ մինչեւ այսօր ալ կը գոյատեւէ:

Պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում, եւ լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան ներկայացուած նիւթերուն շուրջ: Գիտաժողովի առաջին օրուան աշխատանքները իրենց աւարտին հասան երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

Կլոր Սեղան` «Սուրիոյ Տագնապը Եւ
Սուրիահայութիւնը» Խորագիրով

5-26-15_haig-2

Երկուշաբթի, 25 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Սուրիոյ տագնապը եւ սուրիահայութիւնը» խորագիրով կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի լսարանին մէջ: Կլոր սեղանի զրուցակիցներն էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Արմաշ եպս. Նալպանտեան եւ Հալէպի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Կ՛արժէ յիշեցնել, որ սոյն կլոր սեղանը Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնած` այս տարեշրջանի երկրորդ գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ: Գիտաժողովը յատկացուած է սուրիահայութեան:

Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մօտ մէկուկէս ժամ տեւող այս շահեկան կլոր սեղանը պակաս չմնաց հոգեւոր առաջնորդներուն անկեղծ եւ սրտայոյզ մէջբերումներէն:

Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան նախաբանով սկիզբ դրաւ զրոյցին եւ յայտնեց, որ ազատ զրոյցի առիթներու պէտք ունինք: Համալսարանի նախագահը դրուատեց վիրաւոր Սուրիոյ երեք ներկայ հոգեւոր հովիւները` զանոնք կոչելով քաջարի, նուիրեալ եւ աննախանձելի վիճակի մէջ առաջնորդներ: Ան աւելցուց, որ առաջնորդութիւնը, յատկապէս այսպիսի վիճակներու մէջ, գին ունի:

Վեր. Սելիմեան սրտցաւութեամբ նշեց, թէ մենք, դժբախտաբար, տագնապի մէջ է, որ սորվեցանք միանալ: Համաձայն անոր, Քեսապը պէտք է առանձնացնել Սուրիոյ տագնապի շրջագիծին մէջ` իբրեւ պատմական Կիլիկիոյ մաս: Ըստ անոր, հայրենիքէն դուրս չկայ անդրդուելի սփիւռք: «Ուշ կամ կանուխ, երբ տարագրուած ենք, վտանգուած պիտի ըլլանք», աւելցուց ան:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան  յայտնեց, որ տագնապը ամէն մարդու իսկական գոյնը ցոյց կու տայ` թէ՛ Սուրիայէն դուրս ապրողներուն եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ապրողներուն ակնարկելով: Սարգիսեան հաւաստեց, թէ չկայ համահայկական պատկերացում, ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան տագնապի լուծումին, եւ թէ մեր տագնապին մէջ վախկոտութիւնը բացայայտուեցաւ:

Վեր. Սելիմեան յիշեցուց, որ առաջին անգամն է Սուրիոյ հնգամեայ տագնապին ընթացքին, որ այսպիսի զրոյց տեղի կ՛ունենայ: Ան մատնանշեց պատերազմի առաջին օրերէն իսկ սուրիահայ միութիւններու շարքերուն մէջ արձանագրուած բացակայութիւններն ու հեռացումները, մասնաւորապէս համայնքէն առաջնորդներու լքումը: Սելիմեան հարց տուաւ, թէ ո՛ւր գնաց 60-70 հազարնոց գաղութէն մօտ 30 հազար սուրիահայը, որոնք ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Լիբանան եւ ո՛չ ալ Սուրիա են: Սելիմեանի կարծիքով, շատեր Հայաստանը իբրեւ միջոց օգտագործեցին եւ հայկական անցագիրը պատռեցին, երբ անցան ուրիշ երկիրներ:

Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ սուրիահայութիւնը կ՛ապրի գոյութենական տագնապ` կենաց ու մահուան խնդիր, որ մեզի պարտադրուած է: Ըստ Նալպանտեանի, դժբախտաբար Հայաստանի մեր պապերու երազը աժան թուղթի մը վերածուեցաւ: Ան ընդգծեց, որ անտարբերութեան տագնապ կայ սուրիահայութեան տարբեր շրջաններուն միջեւ. Դամասկոսի հայը, Հալէպի հայը, Գամիշլիի հայը, եւ այլն` ամէն մէկը իր սեփական ցաւին մէջ է, եւ ոչ` ընդհանուրին ցաւին մէջ:

Անկէ ետք Շահան սրբազանը հաստատեց, որ ան ներքին տեղահանութեան ենթարկուած է ` թէ՛ տունէն դուրս կը գտնուի եւ թէ՛ առաջնորդարանէն դուրս: «Մենք յուսահատական վիճակի մէջ չենք», աւելցուց ան :

Շահան սրբազան խօսեցաւ սուրիահայութեան տեղահանութեան անէծքը օրհնութեան վերածելու մօտեցումով` դարմանումին կարեւորութիւնը շեշտելով:

Աշխարհասփիւռ սուրիահայութիւնը համախմբող «Գտնենք զիրար» համացանցային ծրագիրի առաջարկ մը ներկայացուց վեր. Սելիմեան:

Շահան սրբազանը նշեց, որ  Լաթաքիոյ նահանգը, ուր մօտ հինգ հազար հայ գոյութիւն ունի այսօր, նոր ձեւ պիտի ստանայ` առանց մանրամասնութիւններ ճշդելու: Ան աշխարհասփիւռ սուրիահայութեան վերակազմակերպուելու կարեւորութիւնը շեշտեց` չմոռնալով շնորհակալութիւն յայտնել սփիւռքահայութեան` իր նիւթաբարոյական շօշափելի օգնութեան համար, թէկուզ անբաւարար ըլլայ այդ օգնութիւնը:

«Թող լուռ մնան ջայլամի քաղաքականութիւն ունեցող մարդիկը», բարձրաձայնեց Սարգիսեան սրբազան` աւելցնելով, որ պէտք է գտնել ելքեր առկայ տագնապին եւ պէտք չէ թուլցնել սուրիահայութեան զօրակցութիւնը:

Վեր. Սելիմեան աղօթքի ուժին մէջ հաւատք ունենալու մասին խօսեցաւ եւ յայտնեց, որ վերականգնումի փուլը պիտի սկսի եւ «այլեւս դուրսինները ներսիններուն քննադատող թող չըլլան»:

Կլոր սեղանի յայտագիրը աւարտեցաւ ներկաներուն հարցումներով:

«Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովի
Երկրորդ Օրուան Զեկուցումները

Երեքշաբթի, 26 մայիսի 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Սուրիոյ Հայերը» գիտաժողովին երկրորդ նիստը` «Ցեղասպանութեան հետեւանքները» ենթախորագիրով, որ բաժնուած էր երկու մասերու:

Առաջին բաժինի զրուցավարն էր դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան: Առաջին զեկուցաբերը` Խաչիկ Մուրատեան, հայերէնով խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կեդրոնացման ճամբարներու կազմակերպման, կառավարման եւ զոհերու դիմադրական գործակցութեան մասին: Մուրատեան կեդրոնացաւ գաղթակայաններուն մէջ հայ գաղթականներու ամէնօրեայ կեանքին, բռնութեան, կաշառակերութեան, համագործակցութեան, արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցութեան եւ մարդկային ընդդիմութեան:

Յաջորդաբար Միհրան Մինասեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կորսուած հարազատներու փնտռտուքի աշխատանքը` Սուրիոյ տարածքին: Ան անդրադարձաւ այն բազմաթիւ միջոցներուն, որոնց դիմած են Ցեղասպանութենէն փրկուածները, որպէսզի գտնեն իրենց կորսնցուցած ընտանիքի անդամները, հարազատները, ծանօթներն ու բարեկամները:

Մինասեան շեշտեց Հալէպի կարեւորութիւնը: «Հալէպը, որ գաղթական հայերու տեղաւորման գլխաւոր կեդրոն էր, եւ իբրեւ  սուրիական անապատին բացուող առաջին կայանը, իր վրայ սեւեռած էր  բոլոր փնտռտողներուն ուշադրութիւնը», ընդգծեց ան:

Նշենք, որ Մինասեան իր զեկուցումին մէջ ներառեց առաջնորդարանին կողմէ յղուած նամակներ եւ եկեղեցիներու խորաններէն յայտարարութիւններ, որոնք բոլորն ալ նպաստած էին փնտռտուքի առարկայ մարդոց ճակատագիրին որոշման:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հիմնուելով արխիւային նիւթերու վրայ զեկուցեց ՀԲԸՄ-ի մատակարարած ապաստարաններու արհեստանոցներու պատմութեան մասին, ապաստարաններ, որոնք հիմնուած էին Օրիորդաց միութեան կողմէ յունիս  1919-ին եւ յունուար 1920-էն սկսեալ կը մատակարարուէին ՀԲԸՄ-ի կողմէ` Հալէպի մէջ: Տագէսեան հիմնականին մէջ ներկայացուց  ապաստարանի կեանքը, առողջական պատկերը, նիւթական հաշիւներն ու զոհերու վերստին ընկերութեան մէջ համարկելու համար տարուող ջանքերը:

Առաջին բաժինի քննարկումէն առաջ, դոկտ. Անի Ոսկանեան իր կարգին ներկայացուց իր զեկուցումը, որուն նիւթն էր հայ զինուորական բժիշկները եւ Օսմանեան բանակէն սուրիահայ գաղթօճախը: Ոսկանեան սկսաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ բժիշկներէն, որոնք զօրակոչուած էին ծառայելու Օսմանեան բանակին մէջ, ապա անդրադարձաւ Մուտրոսի զինադադարէն ետք վերապրած հայ բժիշկներուն: Այնուհետեւ Ոսկանեան խօսեցաւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի մէջ գործած հայ բժիշկներուն մասին` յիշեցնելով բժիշկ Աւետիս Ճեպեճեանի եւ բժիշկ Ալթունեանի մեծ ներդրումը հայ որբերու փրկութեան գործին մէջ: «Սուրիոյ հայ բժիշկներուն մատուցած ծառայութիւնները ոչ միայն նպաստեցին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գիտական բժշկութեան զարգացման, այլեւ փրկեցին բազմաթիւ կեանքեր` թէ՛ պատերազմի, թէ՛ խաղաղ ժամանակներու ընթացքին», ըսաւ ան:

Կարճ դադարէ մը ետք, երկրորդ բաժինի նիստավար Վերա Եագուպեան հրաւիրեց դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը, որպէսզի զեկուցէ Սուրիոյ մէջ հայ վերապրողներու տեղաբաշխումին ու անոնց բնակավայրերու հիմնադրութեան պայմաններուն եւ գոյատեւումին մասին` մինչեւ 1960-ականները: Ան սկսաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք` Սուրիոյ մէջ տեղաւորուած հայ գաղթականութենէն` նիւթը բաժնելով չորս հիմնական հանգրուաններու:

Չոլաքեան նաեւ քննարկեց 1946-1947-ի ներգաղթին յաջորդած գիւղէն քաղաք հոսքը, որ աւելի մեծ թափ առաւ դէպի Լիբանան, Ամերիկա, Քանատա եւ այլուր:

Դոկտ. Նորա Արիսեանի բացակայութեան պատճառով Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսանողներու խմբակէն Քրիստին Մարաշլեան ներկայացուց Արիսեանի զեկուցումը, որուն նիւթն էր «Դամասկոսի հայերը եւ անոնց կարեւորութիւնը սուրիահայութեան կեանքին մէջ»: Զեկուցումը կ՛ուսումնասիրէ դամասկահայ գաղութը եւ արաբական տեղացի ընկերութիւնը, միաժամանակ կ՛անդրադառնայ  դամասկահայութեան ներկայութեան, ըստ սուրիական տեսանկիւնին: Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ դամասկահայ յայտնի դէմքերուն, որոնք ներդրում ունեցան Սուրիոյ պետական, զինուորական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Իսկ դոկտ. Վահէ Թաշճեան ներկայացուց սուրիական Ճեզիրէն եւ հայերը 1920-ականներուն նիւթը: Ան ընդգծեց այն իրողութիւնը, որ նոր եկած հայերու մեծամասնութիւնը քրտախօս էր, անոնք գլխաւորաբար կու գային Տիգրանակերտի արեւելքէն եւ Պիթլիսէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող գիւղական շրջաններէ: Թաշճեան քննեց Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններու վերաբերմունքը նոր եկած գաղթականներուն նկատմամբ:

Երկրորդ նիստին աւարտին Խաչիկ Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ Տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները` մայիսի 1915-ին, առաջին գաղթականներու ժամանումէն մինչեւ 1916-ի ամրան ջարդերը, ինչպէս նաեւ զանազան մարդասիրական ընկերակցութիւններու դիմադրութիւնը անոնց դէմ :

Գիտաժողովին երկրորդ օրուան օրակարգը փակուեցաւ քննարկումներով, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին թէ՛ մասնակիցները եւ թէ՛ զեկուցաբերները:

www.aztagdaily.com

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert