«Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողով Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի ՄէջՊէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ գիտաժողովը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին անունով բարի գալուստ մաղթեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք հասած են Ճափոնէն, Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Հալէպէն ու Քեսապէն: Ան նշեց, թէ սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ չկան Սուրիոյ եւ Լիբանանի նման երկու աշխարհագրականօրէն իրարու մօտիկ եւ զիրար լրացնող գաղութներ, որոնք կը կազմեն Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կորիզը:

Ան յայտնեց, որ վերջին 100 տարիները վերաձեւաւորեցին Սուրիոյ գաղութը այնպէս, ինչպէս որ Ցեղասպանութենէն առաջ կ՛ապրէր բնականոն զարգացումով:

Ան ըսաւ, թէ Սուրիոյ գաղութը խորապէս պահպանած է իր աւանդութիւնները, կենցաղը, ապրելակերպը, մտածողութիւնը եւ ընտանեկան արժէքները:

Տագէսեան նկատել տուաւ, որ կազմակերպելով «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովը, «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովէն ետք Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը կ՛առնէ իր երկրորդ քայլը` գնահատելու եւ արժեւորելու Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները: Ան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Երջօ Սամուէլեանին, տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Թինա Սեկալին եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին:

«Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամի հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին նամակը ընթերցեց Գարուն Շխրտմեան:

Գիտաժողովի բացման հանդիսութեան հիւր դասախօսն էր փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան:

Ան ակնարկ մը նետեց 20-րդ դարուն հայութեան պատմական իրադարձութիւններուն, ապա մանրամասնօրէն եւ պատմական տուեալներով  ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայ գաղութի կազմութիւնը` կեդրոնանալով այն իրականութեան վրայ, թէ հակառակ քաղաքական ու տնտեսական պայմաններուն` հայ գաղութը իբրեւ փոքրամասնութիւն յաջողած է ինքզինք պահել լիարժէք հայ, շաղախուած է, բայց չէ ձուլուած սուրիական հասարակութեան մէջ: Ան նշեց, թէ Սուրիա ապաստան եղած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, որբերուն, որոնք տարագրուած են արեւմտեան Հայաստանէն, բայց յաջողած են վերականգնիլ, շինել տուն ու կազմել ընտանիք: Փայասլեան ըսաւ, թէ գաղութը սկսած է բարգաւաճիլ 1940-50-ական թուականներէն ետք, ապա անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ գործած սուրիահայ ուսումնական հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ մամուլին, որոնք նոյնպէս իրենց նպաստը բերած են ոչ միայն հայութեան պահպանման, այլ նաեւ Սուրիոյ զարգացման:

Անոր կատարած հիմնաւորուած վերլուծութիւններով կարելի է ուրուագծել նաեւ Սուրիոյ հայ գաղութի պատմական ընթացքը:

Փայասլեան հաստատեց, որ Սուրիոյ գաղութը ոչ միայն յաջողած է պահպանել իր ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները, աւանդութիւնները եւ մանաւանդ լեզուն, այլ հայապահպանման օրինակ դարձած է այլ գաղութներու համար:

Ան նկատել տուաւ, թէ  գաղութը պատրաստած է բազմաթիւ ղեկավարներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, ազգային գործիչներ, երաժիշտներ, գրողներ, հոգեւորականներ ու բանաստեղծներ, որոնք ծնունդ առնելով Հալէպէն, ծառայած են տարբեր գաղթավայրերու մէջ ու ձգած են մեծ վաստակ:

Խօսք առաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր հիմնադրութենէն ետք լուսարձակի տակ սկսաւ առնել Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները: Միաժամանակ աշխատելով պահել այն ժառանգութիւնները, որոնք դուրս կը մնան գաղթավայրերու մեր հարթակէն:

«Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովը կը ծրագրէ ուսումնասիրել ոչ թէ Սուրիոյ ժամանակակից խնդիրները, այլ ակադեմականօրէն ուսումնասիրել հայութեան պատմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Ան հաստատեց, որ գիտաժողովը ուսումնասիրելով մեր անցեալի եւ ներկայի իրավիճակը, ներուժ պիտի տայ մեզի տեսնելու մեր ապագան` հիմնուելով զօրաւոր անցեալ ունեցող հզօր ժողովուրդի վրայ: Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, հիւրերուն, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին:

ԱԶԴԱԿ, 25 Մայիս, 2015,

www.aztagdaily.com

 

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert