Reyisyan Mian«Զիլ Խօսք»ի խմբագրութիւնը  ստացած է գրութիւն մը, որ լոյսին կը բերէ Հալէպահայութեան  ապրած ընդհանուր ոդիսականին  տարբեր շերտերը: Գրութեան շարժառիթը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր ՝ Տիար Ժիրայր Ռէիսեանի  Հայրենի « 168 Ժամ» Կայքին տրուած  հարցազրոյցն է: Հակառակ անոր, որ ձեռնպահ կը մնանք յօդուածին մէջ արտայայտուած կարգ մը գաղափարներուն, այնուամենայնիւ նիւթը կը հրապարակենք յարգելով մամուլի եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները: «Զիլ Խօսք»ը առաջին օրէն ջատագով եղած է ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան վեհագոյն ըմբռնումներուն: Խմբ.

Առաջին անգամ ըլլալով, որ  Սուրիահայ գաղութի պատասխանատուներէն  մին  օր ցերեկով կը խօսի   Հալէպի «ամայացման» մասին: Առաջին անգամն է, որ   Հալէպի առաջնորդարանի բանբեր՝  Տիար  Ժիրայր Ռէյիսեան  բացայայտ կերպով եւ առանց բառերը ծամծմելու կը պարզէ Հալէպի իրական պատկերը: Ան բառացիօրէն կ’ըսէ ՝ «Առաջնորդարանը, ազգային իշխանութիւնը, պատասխանատու բոլոր կողմերը մտածում են, որ այն մարդիկ, ովքեր ցանկանում են դուրս գալ Սիրիայից, վերադառնան հայրենիք: Բնականաբար, մենք չենք ցանկանում, որպեսզի գաղութը լուծարվի, ամայանա, բայց դեմ չենք կարող լինել, եթե մարդիկ որոշում են հեռանալ, խորհուրդ ենք տալիս մեկնել հայրենիք»: Ռէիսեան  նաեւ զարմանք կը յայտնէ  «կարգ մը» հալէպահայերու  հիսաթափութեան մասին երբ կ’ըսէ ՝  «Իսկ հիասթափուող մարդկանց չեմ հասկանում, եթե նրանք հարց չեն բարձրացնում: Փոխանակ հիասթափուեն, թող հարցեր բարձրացնեն և ստանան պատասխաններ, աջակցութիւն»:

Նոր չէ Հալէպի  այս ծանրագոյն վիճակը: Անցնող Սեպտեմբերին եւս Հալէպի  հարցը դրուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի սեղանին: Այդ ժողովին Հալէպի հարցով «փակ» քննարկումներ եղան:  Բայց  հարցը մնաց անլոյծ եւ  կտրուկ քայլերու  փոխարէն  ժամանակի  գործօնը մէջտեղ նետելով Հալէպահայութեան  հարցը   վերածուեցաւ   բաց  եւ արիւնահոսող  վէրքի մը: Այս ընդհանուր ֆոնին վրայ զո՞վ մեղադրել: Եթէ ճիշդ  է նաեւ  այն վարկածը, որ ցայսօր Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի մէջ  կան մարդիկ, որոնք ամէն գնով  կ’ուզեն «գաղութին կառչած մնալ» ապա  տանելի եւ ընդունելի չէ  Հալէպի հայութեան պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերուն «վերցուցած» մարմիններուն մօտեցումը: Վերադառնալով նիւթին  Ռէիսեան  նաեւ իր «պատասխանատու» խօսքով  խորհուրդ կուտայ նոյն Հալէպահայերուն, որ եթէ պիտի գաղթեն  թող, որ Հայաստան գաղթեն,որովհետեւ ատիկա իրենց նախընտրութիւնն է:

Այս   ծանր իրավիճակին մէջ մէկ բան յստակ է, որ Սփիւռքի աւանդական եւ  «մայր»  գաղութի զաւակները  մնացած են  անտէր: Հալէպը  դարձաւ  վերջին յիսուն տարիներու ամէնէն հրէշային,  աւերակուած,   դժոխային   պատերազմական քաղաք  իսկ մեր հայրենակիցները  յայտնուեցան  մահուան  սեւ սպառնալիքներու դիմաց :Հիմա խորհուրդներ տալն անգամ աւելորդ է: Ու աւելորդ է եզրակացութիւններ կատարելը, թէ Սուրիոյ  տագնապը ինչպիսի  զարգացումներէ պիտի անցնի: Մէկ բան յստակ է, որ   մեր «հիասթափուած հայրենակիցներ»ը  անտէր են: Անտէր են ամէնուրէք: Անտէր են  Հալէպի մէջ եւ անտէր  դարձան Եւրոպայի  ամայի մայթերուն վրայ , ուր գաղթականի կամ  ապաստանեալի կերպարանքով օրն ի բուն  կը մաքառին յանուն կտոր մը սեւ հացի:

Իսկ պատասխանատու մարմինները, որ մինչեւ այս պահը  վստահ էին, որ կացութիւնը  պիտի սրբագրուի եւ  Սուրիոյ իշխանութիւնները «պիտի մաքրեն» Հալէպը,  այսօր արդէն  կը խօսին  Հալէպի ամայացման մասին:

Երեւի միակ տեղաշարժը նոյն  այդ «պատասխանատու» մարմիններուն մօտ  բառերու օգտագործման հարթութեան վրայ է: Երէկ  խօսքը «մաքրութեան»  մասին էր իսկ  այսօր «ամայացման»:

Հալէպահայ մը



Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert