Վիճարկում Փարիզի մէջ՝ Հայաստան-Սփիւռք

Յ. Կ. Փարիզ, 6 Մարտ 2011

“Այլ տեղ մարդիկ յեղափոխութիւն կը կատարեն, Հայաստանցիները՝ իրենց ճամպրուկները կը պատրաստեն ու կը մեկնին”:

Հայկական Դիտարանը Ուրբաթ իրիկուն, Փետրուար 25ին, Փարիզի Եան՚ց ակումբին մէջ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն նուիրուած վիճարկում մը կազմակերպած էր՝ «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները 20 տարի անց. հաշուեկշիռ եւ զարգացման հեռանկարներ» տիտղոսով: Քննարկումին կը մասնակցէին Ռոպէր Այտապիրեան՝ Դիտարանի համահիմնադիր, ձեռնարկի վարիչ, Դաւիթ Գրիգորեան՝ IMF-ի աւագ տնտեսագէտ, Policy Forum Armenia (PFA) խորհրդակցական խմբակի, միջազգային տարազումով՝ think tank-ի համահիմնադիր, եւ Քաղաքական գիտութիւններու ուսանող Տիգրան Եկաւեան, որ վարեց վիճարկումը:  

Ներկայ էին Ֆրանսայի Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեան, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի տնօրէն, Վենետիկի Մխիթարեան միաբան Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան, Հայաստանի դեսպանորդ՝ Աշոտ Ալեքսանեան, CCAF-ի համանախագահ՝ Արա Թորանեան, Հայ Նախկին Ռազմիկներու Միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Փաթրիս Ճոլոլեան, լրագրողներ եւ Հայկական Դիտարանի բարեկամներու կոկիկ բազմութիւն մը:

Պ. Ռոպէր Այտապիրեանի բացման խօսքէն ետք, Տ. Եկաւեան ներկայացուց բանախօսները:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Հայկական Դիտարանի համահիմնադիրը: Ան սկիզբէն ընդգծեց, որ այլեւս ժամանակը եկած է ազգովին կեցուածք փոխելու: “Փոխանակ՝ սպասելու եւ հակազդելու դէպքերուն, պէտք է սորվինք կանխել զանոնք” ըսաւ ան: Այդ ուղղութեամբ, հակիրճ պատմականը ընելով 2009ին իրենց կողմէ հիմնուած Դիտարանին, ըսաւ թէ Թուրքիա-Հայաստան համաձայնագրին, Արցախի հարցին, Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան նիւթերուն շուրջ տեղեկագրութիւններ պատրաստած, նաեւ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու հաշուեքննութեան մը ծրագիրը մշակած են: Ըսաւ նաեւ, թէ ուսումնասիրած են Ֆրանքեւհայկական խորհուրդի (CFA) ծրագիրը եւ գաղափարը դրական գտնելով հանդերձ ըրած են որոշ դիտողութիւններ: Դիտարանը հետեւած է նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ զարգացումներուն եւ կը փափաքի, որ նման վիճարկում մըն ալ կազմակերպուի այդ նիւթին նուիրուած:

Ապա խօսք առաւ Դաւիթ Գրիգորեան, որ նախքան արտայայտուիլը իր մասնագիտութեան ոլորտէն ներս, ներկայացուց իրենց խորհրդակցական խմբակը՝ PFA-ն: Ան ըսաւ, թէ անոր վարչական կեդրոնը Ուաշինկթըն գտնուելով հանդերձ, կարելի է զայն համարել «հայաստանակենտրոն» կառոյց, իր իսկ բացատրութեամբ: Անոր մաս կը կազմեն Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն աւելի քան 60 մասնագէտներ: Հիմնուած է 2007ին, սակայն իր մկրտութիւնը ստացած է 2008 Մարտի հայաստանեան ծանօթ դէպքերէն վերջ: PFA շատ կարեւոր, լուրջ տեղեկագրութիւններ պատրաստած է Հայաստանի 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն, 2008ի ֆինանսական տագնապին Հայաստանի վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն, Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, անկախութենէն ի վեր՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի բնապահական հարցերուն նուիրուած: PFA-ի տեղակագրութիւնները կարելի է կարդալ՝ www.pf-armenia.org. կայքէջին վրայ:

Ապա Ռ. Այտապիրեան կրկին խօսք առնելով դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները միշտ եղած են անորոշ: Նախ երգիծանքով նշեց թէ ինք ալ՝ ինքզինք «սփիւռքակեդրոն» կը նկատէ: Ապա վերլուծելով այդ անորոշութեան պատճառները, ըսաւ թէ Սփիւռքը՝ Ղարաբաղեան շարժման օրերուն իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այդ պայքարին վրայ, բոլորովին կամ գոնէ մեծ մասամբ անտեսելով նոր ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքները: Խօսեցաւ Սփիւռքահայութեան Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ վստահութեան պակասին մասին ալ, որպէս ամենէն ցայտուն օրինակ բերելով Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրին առթիւ Սփիւռքի ունեցած պոռթկումը: Ապա, շեշտեց թէ իրենց կարծիքով՝ լուծումի կարօտ ամենէն կարեւոր ու հրատապ հարցն է արտագաղթը: Ատոր որպէս գլխաւոր ազդակ նշելով ընկերային տագնապը, կատարեց Արաբական աշխարհի վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստանի կացութեան զուգահեռը ու հարց տուաւ. “Անպայման Եգիպտոսի, Թունուզի, Լիպիոյ իրադարձութիւննե՞րը պէտք է տեղի ունենան Հայաստանի մէջ, համոզուելու համար, որ ընկերային լուրջ հարցեր կան հոն ալ”: Եզրափակեց ըսելով՝ “Այլ տեղ մարդիկ յեղափոխութիւն կը կատարեն, Հայաստանցիները՝ իրենց ճամպրուկները կը պատրաստեն ու կը մեկնին”:

Այնուհետեւ, Դաւիթ Գրիգորեան ներկայացուց այսօրուան կացութեան իր վերլուծումը, հիմնուելով գլխաւորաբար՝ Հայաստան-Սփիւռք հարցերուն նուիրուած PFA-ի վերջերս հրատարակած վերոնշեալ ծաւալուն հետազօտութեան վրայ: Ուղղակի մեղադրեց Սփիւռքը, որ ըստ իրեն պէտք է շատ աւելի պահանջկոտ եղած ըլլար Հայաստանի նկատմամբ: Ան առանց բառերը ծամծմելու, շատ յստակ կերպով ըսաւ, թէ Հայաստանի այսօրուան տնտեսութիւնը ոչ մէկ ապագայ ունի: Յիշելով PFA-ի զեկուցումին մէջ տեղ գտած տուեալները, մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ Հայաստանի պիւտճէի հարկային համակարգին մէջ ամեն տարի շուրջ 750 միլիոն տոլար կը մսխուի: Այս գումարին քով, Սփիւռքի կատարած օժանդակութիւնը ովկէանոսին մէջ կաթիլ մը ջուրի նմանցուց ան. թելադրեց, կրկին ու կրկին ընդգծեց, որ պէտք չէ նուէրներ ընել Հայաստանին, այլեւ պէտք է կատարել ներդրումներ, բայց անմիջական մասնակցութեամբ:

Սփիւռքահայերուն կոչ ըրաւ ներգրաւուելու հետեւեալ երեք տարբերակներէն մէկուն մէջ. ա) դառնալ սեփականատէր/պահանջատէր, բ) գործօն մասնակից, եւ կամ՝ գ) անկողմնակալ դատաւոր: Շեշտեց, որ անկախ՝ ընտրուած տարբերակէն, անհրաժեշտ է հասկնալ, որ նոյնիսկ լաւագոյն ձգտումները կրնան բացասական արդիւնքներու յանգիլ, եթէ անոնք տեղին չեն կատարուած: Ըսաւ, թէ յաճախ կաշառակերութեան, տգիտութեան եւ միամտութեան հասցուցած վնասները համազօր են: Աւելցուց, թէ խիղճ թեթեւցնելու հոգեբանութենէն պէտք է ձերբազատիլ: “Շատեր կ՚ըսեն թէ «Հայաստանին իմ նուիրած մէկ տոլարին եթէ նոյնիսկ 20 սէնթը տեղ հասնի, արդէն գէշ չէ». անընդունելի մտածելակերպ է այս, քանի մնացած 80ը կը հարստացնէ կաշառակեր տարրերը եւ այդ գումարներն ալ կը վերածուին ընտրական կաշառքի, երկարաձգելով այս անել կացութիւնը եւ երկիրը հասցնելով անդունդի եզրը” ըսաւ ան:

Գրիգորեան բաւական մութ պատկեր մը պարզեց հայրենիքէն, մատնանշելով մանաւանդ Երեւանէն դուրս շրջաններուն աղէտալի վիճակը: Ըսաւ թէ ապագայ կերտելու համար միջոցներ պէտք են, միջոցներուն համար՝ տեսլական, տեսլականին համար ալ՝ կարող ուժերէ բաղկացած կառավարութիւն: Աւելցուց, թէ Հայաստանի այսօրուան կառավարութիւնը ընդհանրապէս բաղկացած է անկարող տարրերէ. նախարարները իրենց ստանձնած բնագաւառներուն անհրաժեշտ մասնագիտութեամբ օժտուած չեն: Հաւաստեց, թէ եթէ Հայաստանի մէջ ամեն ինչ ընթանար բնականոն, կարող մասնագէտներ կառավարէին, կարելի կ՚ըլլար երկրին տնտեսութիւնը վերականգնել առաւելագոյնը հինգ տարիէն:

Արծարծուեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութեան չգոյութեան հարցը: Այն կարծիքը յայտնուեցաւ, թէ ամեն մարդ իր ըսելիքը կ՚ըսէ, բայց ոչ մէկը կը լսէ միւսին ըսածը: Ռ. Այտապիրեան այս մասին դիպուկ եւ ուսանելի օրինակ մը բերաւ. ըսաւ թէ երբ Հաուլէթ Փաքարտ եւ Գոմփաք ընկերութիւնները որոշեցին միաձուլուիլ, երկու կողմերէն 60 հոգինոց յանձնախումբ մը «ապաշխարեցաւ» ամբողջ վեց ամիս, պատրաստելու համար այդ քայլը:

Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցումներու բաժին մըն. երբեմն հարցումները վերածուեցան կարճ ճառախօսութիւններու, բայց պէտք է բոլորովին բնական նկատել ատիկա, տրուած ըլլալով որ ձեռնարկը կը կրէր վիճարկումի պիտակ:

Անոնք, որոնք լաւատեղեակ չէին հոն արծարծուած նիւթերուն, նոր տուեալներով հարստացուցին իրենց սեփական շտեմարանը, իսկ անոնք որոնք քիչ մը աւելի իրազեկ էին շօշափուած նիւթերուն, առկայ խնդիրները այդքան մերկացուած ձեւով լսելու հաճոյքը վայելեցին:

Երեկոյթը վերջ գտաւ բարեկամական ընթրիքի մը շուրջ, որ ձեւով մը հանդիսացաւ վիճարկումին եզրափակիչ մասը, առիթ տալով հետաքրքրական զրոյցներու՝ սեղանակիցներու միջեւ:

www.keghart.com

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert