2014Թուրքիա-  Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն  կ’իմանանք, որ Պոլսոյ  պատրիարքութեան  տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս  շաբաթավերջին   Լիբանան պիտի այցելէ եւ մասնակցի  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ   կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի  արարողութեան: Պատրիարքի տեղապահին   այս հանգրուանին Անթիլիաս  այցելելու  հանգամանքը  մէկէ  աւելի առումներով   կարեւոր այցելութիւն  կը համարուի: Գաղտիք չէ, որ  Անթիլիասի կողմէ Սսոյ պատմական աթոռի  հողատարածքին վերատիրանալու հետ կապուած  եւ սահմանադրական դատարանին մօտ  թուրք իշխանութիւններուն դէմ բացուած դատը , որոշ անհանգստութիւն պատճառած է  Պոլսոյ աթոռին մօտ: Այդ անհանգստութեան մասին Արամ Սրբազան  խօսած է տարբեր առիթներով, յայտնելով նաեւ, որ Սսոյ  վանքին կամ այլ  եկեղեցիներու ընդհանուր իրաւասութեան  կամ պահանջք ունենալու  հիմնահարցը կը պատկանի  միայն Պոլսոյ աթոռին:  Անթիլիաս այս խնդրով  կը պահէ իր լռութիւնը հակառակ անոր, որ  Կիլիկեան աթոռը խնդրին կը մօտենայ, որպէս ամբողջական իրաւասութիւն ունեցող   իրաւատէր կողմ:

Այս ընդհանուր տեսարանին մէջ  արդեօ՞ք  հայոց եկեղեցւոյ երկու սպասաւորները   , որոշ հասկացողութեան մը պիտի  յանգին: Կամ թէ  խելացի քայլով մը   անոնք պիտի կարենա՞ն դերերու անկեղծ եւ   յաջող բաշխում կատարել: Թուրքիոյ մէջ  ընթացող գործընաթցներու լոյսին տակ  հայութեան մօտ այս օրակարգը առաջին քննութիւն ըլլալու բոլոր  տուեալները ունի:  Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ Արամ Սրբազան  մօտիկ յառաջիկային կրնայ, որպէս Պատրիարքի հաւանական թեկնածու    բաւական   բարդ համարուած ընտրութիւններու պայքարին մէջ  մտնել: Ան   ունի   թուրք իշխանութիւններուն  նեցուկը , ու իր Անթիլիաս  այցը կը կարեւորուի նաեւ,  անով, որ  Պատրիարաքական տեղապահը կրնայ որոշ «թելադրանքներ»  տալ   Արամ  Ա. Վեհափառին:

Կը մնայ հարցադրումը, արդեօ՞ք Արամ Վեհափառ  Պոլսոյ   աթոռի  գերագոյն պետը պիտի ընդունի  սովորական  հիւրերու շարքին կամ  զինք պիտի արժանացնէ յատուկ վերաբերմունքի:

Մէկ խօսքով  երկու  հոգեւոր պատասխանատուներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումը  պատմական ըլլալու բոլոր հանգամանքները ունի, մանաւանդ , որ վերջին  հանգրուանի փոփոխութիւններէն ետք   պատմական Պոլիսն ու  Ցեղասպանութեան իբրեւ  հետեւանք  ծնունդ առած  պատմական  Սիսի  աթոռը  պիտի խօսին իրար հետ:

Անոնք  պիտի խօսին   Անթիլիասի մէջ:

Սփիւռքի   հոգեւոր  մայրաքաղաքին մէջ:

Սագօ Արեան

zilkhosk.com/

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert