Eingebetteter Bild-LinkՄեթր Պարգեւ Դաւիթեան,

«Լուսաբաց», 11 Յուլիս 2015

Մարդ կարիքը չունի տնտեսագէտ կամ համալսարանաւարտ ըլլալու որպէսզի զանազանել գիտնայ սխալը ճիշդէն, երբ  հարցը կը վերաբերի մարդկային արդարութեան:

Օրինակի համար, դժուար չէ մարդուս համար ըսել թէ սխալ բան մը կայ աշխարհի մէջ, երբ մարդկութեան մեծամասնութեան ճակատագիրը կախեալ է կարգ մը մեծ ընկերութիւններու եւ դրամատուներու անսահման շահ ամբարելու ախորժակէն եւ քաղաքականութենէն: Դժուար չէ նաեւ սխալ նկատել ընթացքը գեր-հարուստ մարդոց, որոնք տարբեր միջոցներով եւ պատճառաբանութիւններով կը փորձեն մեզ համոզել, թէ իրենց հաշուետետրը (balance sheet) հաւասարակշռելու համար պէտք է միլիոնաւոր մարդիկ անգործ դարձնել: Սխալ է նաեւ որ անտեղի, անհաշուետու եւ անիմաստ պատճառներով միլիառաւոր տոլարներ մսխող ռազմատենչ մարդիկ դաս տան աշխարհի բեռը իրենց ուսերուն վրայ տանող մարդոց, թէ պէտք է ակռանին սեղմեն, խնայեն եւ ապրին խիստ պայմաններով (by austerity measures), որպէսզի դրամատիրութեան անարդար օրէնքներն ու կանոնները յարգուին ու չխախտին:

Կար ժամանակ երբ  ազնուապետութիւնը (aristocracy) մարդիկը գերի (serf) նկատելով եւ անոնց կեանքի կանոնները ճշդելով, նախիրի (herd) եւ արջառի (cattle) պէս կը գնէր ու կը ծախէր զանոնք եւ երբեմն ալ կառքերու կամ նաւերու մէջ դնելով` բռնի տեղահան կ’ընէր կամ դէպի մահ կը ճամբէր:

Մեծ ընկերութիւններու եւ դրամատուներու նորօրեայ ազնուապետութիւնը, գիտական բոլոր հնարքներն ու միջոցները օգտագործելով, ինքզինքին իրաւունք տուած է նոր տեսակի գերի դարձնելու այսօրուան մարդը,  զայն քնածելով (hypnotize) նիւթապաշտ, եսակեդրոն ու աննպատակ ապրելակերպով, ի մասնաւորի` քնածելով եւ թիրախ ընտրելով երիտասարդութիւնը աշխարհի:

Եւ երբ  այդպիսի քնածութեան չենթարկուող արթուն եւ խրոխտ երիտասարդութեան ձայնը կը լսուի զանազան հրապարակներուն վրայ աշխարհի  «Ո՛Չ» ըսելու նոր ազնուապետութեան դէմ, յանկարծ սպառնալիքի ձայներ կը բարձրանան այդ ազնուապետական օթեակներէն, որպէսզի խեղդուին տնտեսական արդարութիւն պահանջող ձայները:

Այդպիսի խրոխտ եւ արդարութիւն պահանջող ձայներ էին որ բարձրացան վերջերս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ Յունաստանի մէջ: Երեւանի մայր պողոտան լեցնող անկողմնակալ երիտասարդութիւնը կողմնորոշուած էր ընդդէմ շահագործումի, որ իր զանազան վնասաբեր ոլորտներով կլանած է մեր հայրենի ժողովուրդի ամենահամեստ խաւերն ու զանգուածները: Իսկ Յունաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, անսալով իր երիտասարդ վարչապետին թելադրանքին, մեծ  «Ո՛Չ» ըսաւ դրամատուներուն` չենթարկուելով անոնց վարկաբեկիչ ծրագրին եւ ազգային արժանապատւութիւնը ոտնակոխող պահանջքին:

Սովետական Միութեան անկումով (1991) ընթացք առաւ դրամատիրութեան բացարձակ ազատութիւնը՝ վերանայելու եւ վերադասաւորելու այն բոլոր իրաւունքները, որոնց արիւնով ու քրտինքով տիրացաւ գերեվարուած մարդկութիւնը ամբողջ հարիւր յիսուն (150) տարուայ պայքարի ընթացքին: 1990 թուականէն սկսեալ կամաց-կամաց վերջ դրուեցաւ միջին դասակարգ կոչուողներու իրաւունքներուն, որոնց շարքերը կը լեցնէին Արեւմուտքի աշխատաւորներն ու գործաւորները:

Գործի ապահովութիւն եւ յաւելեալ աշխատանքի (overtime) հատուցում եւ աշխատավարձի արդար յաւելում` դարձան անցեալին պատկանող իրաւունքներ, եւ անոնց հաշւոյն ծնան աննախընթաց շահերով հարստացած միլիառատէրեր եւ դրամատուներու ու մեծ ընկերութիւններու բացարձակ տիրապետութիւն:

Ահա այդպիսի դրամատուներու բացարձակ տիրապետութեան դէմ էր որ վերջերս ապտակ տրուեցաւ Յունաստանի մէջ, ուր ընկերային արդարութեամբ  զինուած այդ երկրի երիտասարդ ուժերը համախմբուելով իրենց երիտասարդ վարչապետին շուրջ, մեծ «Ո՛Չ» ըսին Եւրոպայի հզօր դրամատուներուն եւ անոնց գործակիցներուն:  «Ձայն մը հնչեց»: Հայ յեղափոխական երգին համազօր նորօրեայ ձայն մըն էր որ բարձրացաւ Յունաստանի մէջ` ընդդէմ անտանելի եւ անընդունելի վիճակ մը պարտադրողներուն: Եւ այդ ձայնը որոտաց ու արձագանգեց աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, ուր իրաւունքներ կ’ոտնակոխուին ու անգործութիւն կը տիրէ յանուն դրամատուներու եւ դրամատիրութեան յաղթանակին:

Ողջո՜յն այս առթիւ յոյն ժողովուրդի յեղափոխական ոգիին, որ նախընտրեց իր ապագան յանձնել անորոշութեան, քան` ազգային վարկաբեկման: Այդ ոգիով եւ ուղիով ան տուաւ ուժգին ապտակ դրամատիրութեան:

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert