ՍՓՅՈՒՌՔԱՀԱՅ ՄՏԱՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԸ ՀՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԵՎՄՏՅԱՆ ՀԱՏՎԱԾԻ, ՆԱԽԻՋԵՎԱՆԻ և ԱՍԱԼԱ-Ի ՄԱՍԻՆ
Հայկ Նագգաշեան, Մոնրեալ, Կանադա,
«Զարթօնք» օրաթերթ, 21 օգոստոսի 2015 թ., Բեյրութ.

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻ ԻՐ ՏԻՐՈՋԸ` ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Նախիջեւանը Պիտի Վերադարձուի Իր Տիրոջը` Հայութեան
Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը 1920 Նոյերմբեր 29ին յաջորդող տարիներուն, կեղծ եղբայրութեան քօղի տակ սթալինեան հրամանով նուիրուեցան Ազրպէյճանին: Հազիւ թէ հայոց նահատակներու արիւնով թրքական դրօշը բարձացաւ Արեւմտահայաստանի վրայ` Սթալին-Բերիա վատահամբաւ զոյգին հրամանով այդ երկու հայապատկան հողերը` Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը նուէր տրուեցան Ազրպէյճանին: Այս աղաղակող անիրաւութեան դէմ բողոքող հայերը Սիպերիոյ մէջ քաւեցին իրենց «մեղք»-ը:
Ղարաբաղի հայութիւնը համայն հայութեան օժանդակութեամբ, երկարատեւ պայքարէ յետոյ ազատագրեց իր դարաւոր Հայրենիքի այդ բաժինը, բայց Նախիջեւանը եւ Արեւմտահայաստանը տակաւին կը տառապին բռնագրաւողներու լուծին տակ: Այժմ Հայաստանի եւ ամբողջ Սփիւռքի հայութեան սրբազան պարտականութիւնն է` Արեւմտահայաստանի հետ ազատագրել նաեւ Նախիջեւանը: Հայ ժողովուրդը մերժելով ազերիներուն տրուած սթալինեան այդ անիրաւ նուիրատուութիւնը` պարտք կը զգայ ազատագրել նաեւ այդ հողամասը: Այսօր սթալիններ եւ բերիաներ չկան շարունակելու այդ անիրաւութիւնը: Այդ նպատակին իրականացման համար անհրաժեշտ է ԱՍԱԼԱ-ի վերակազմակերպումը` բոլոր հակառակորդները տարհամոզելու համար: Հայութեան բոլոր հակառակորդները պէտք է գիտակցին, որ Հայաստանի կողքին գոյութիւն ունի աշխարհատարած սփիւռքահայութիւնը, որուն ծոցէն ծնած ու ծնելիք ԱՍԱԼԱ-ներուն հարուածին տակ կը ջախջախուին բոլոր հակառակորդները:
Կը մաղթենք, որ այս իրականութեան գիտակցիլը առաջքը կ’առնէ հայու նոր արիւնահեղութեան:
Շինարար հայ ժողովուրդը կը վերականգնէ իր պղծուած եւ քանդուած վանքերն ու սրբավայրերը, վերակենդանացնելով Հայրենիքի այդ հողերուն հայութեան պատկանելիութիւնը:
Նախիջեւանը հայութեան հող եղած է հազարաւոր տարիներ եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ, սթալիններու եւ բերիաներու հակահայ որոշումը ի զօրու չէ իբրեւ մնայուն վճիռ` պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ անարդարութիւնը նուիրականացնելու:

աղբյուրը՝ facebook.com/pages/ASALA

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert