Տօքթ. Սարգիս Ատամ

Թուրքիոյ Հանրպետութեան հռչակման սկզբնային շրջաններուն, Օսմանեան Կայսրութեան “Իթթիհատ վէ Թէրրաքի Ճէմիէյթի” (Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութիւն) մտայնութեան հետեւորդ կուսակցութեան մը կողմէ Թուրքիոյ Փոքրամասնութեան համար պատրաստուած. ”Ազընլըքլար Րաբօրու” (Փոքրքամասնութեան Զեկուցում) ի մէջ Յոյներու վերաբերեալ ներառնուած էր հետեւալ տողերը:” “Այսօր ,Անատօլուի մէջ բնաւ Յոյն չի մնացածի չափ Յոյն կայ եւ անոնք ապագային որեւէ տեղ մը վտանգ հասցնելու ի վիճակի չեն, սակայն,Իսթանպուլի Յոյներու համար, մինչեւ Իսթանպուլի պաշարման 500. րդ.տարելիցին խիստ միջոցառումներ ձեռնարկել շատ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է: Իսթանպուլը, առանց Յոյն բնակչութեան քաղաք մը դարձնելու նպատակաւ:( Ակ:Ա-Քիւրդ Սօրունանա Ճէօզում Արայըշը-Ֆայիք Պուլութ-Օզայ Եայըն 1998 :
Բ-Պիր Րէսմի Մէթինտէն Բլանլը Թուրքլէշթիրմէ Տէօնէմի -Րըտվան Ագար-Պիրգիիմ Եայընլարը-) :

Այս մտածելակերպը, իր նպատակին հասնելու համար պատրաստեծ կարգ մը իրադարձութիւններ եւ միջոցներ որոնցմէ մին է, նաեւ 6-7 Սեպտեմբեր1955 իրադարձութիւնը:

Օսմանեան ,Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութեան նպատակն էր,եկրի փոքրամասնութեան սեփականութեան տէր ըլլալ, անոնք ,կալուած ունենալէ եւ ունեւորութիւնէ զրկել եւ կայսրութեան համար “Ազգային Սեփականութեան Դրամագլուխ” մը ստեղծել: Այս նպատակաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1915 ի Հայոց Մեծ Եղեռնը,1924 ին բնակչութեան Փոխանակումը, 1942-1944 թուականներու միջեւ “Ունեւորութեան Տուրք”ը,եւ 6-7 Սեբտեմբեր 1955ի իրադարձութիւնը:

Այս անմարդկային ողբերգութիւնները ու տառապելի ցաւերը օրուայ Թուրքիոյ որոշ դասակարգին նպատակներուն հասնելու համար անկիւնադարձային լծակներ եղան:

Համաշխարհային Բ.պատերազմէ յետոյ, միջազգային քաղաքական ասպարեզի մէջ քաղաքական որոշակի կշիռներ ստեղծուեցան :Օրուայ Կիպրոսի մէջ,Կիպրայոյներու նախաձեռնութեամբ, Անգլիական գաղութատիրութեան դէմ մղուած անկախութեան պայքարը ծնունդ տուաւ, “Կիպրոսի Հարց” ին, որուն դէմ Անգլիացները,Կիպրոսի մէջ բնակչութեան տեսակէտով Յոյներէ աւելի քիչ բնակչութիւն ունեցող Թուրքերը գրգռելով,դէմ պայքարելու համար շարժման անցուծին: Այս իրավիճակը պրկեց երկու ժողովուրդի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ ստեղծեց լարուած մթնոլորտ մը, որը գագաթնակէտին հասաւ: Այս կացութեան վրայ  Յունաստան, Թուրքիա, Անգլիա պարտաւորուեցան խորհուրդակցութեան համար դիւանագիտական եռակի համաժողովի մը շուրջ հաւաքուիլ: Այս պրկուած մթնոլորտի տակ, Սէլանիքի մէջ, Աթաթուրքի ծնաց տունի ռումբով յարձակումի լուրը,որը,օրուայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ մասնաւորապէս պատրաստուած գրգռութիւն մըն էր, միջավայրը ալ աւելի պրկելով 6-7Սեպտեմբեր 1955- ի իրադարձութիւնը կրակող կայծը եղաւ:

Յոյներու տուները ու գործատեղիները,նախապէս կարմիր գոյնով խաչաձեւ նշուելով մասնաւորապէս քանդելու ու թալանելու համար մատնշուեցան, փոքրամասնութեան, գերեզմանները, եկեղեցիները,դպրոցները, գործարանները, աշխատավայրերը, սրբավայրերը,քանդուեցան ու թալանուեցան, կանայնք յարձակումի ենթարկուելով բռնաբարուեցան, բոլոր այս իրադարձութիւններուն, իրաւապահ մարմիները աչք գոծեցին, նոյնիսկ թալանողներու մէջ կային նաեւ պաշտօնական համազգեստով անձեր, որոնք հաւանաբար պաշտօնեաներ էին:

Նոյն գիշէր ուշ ատեն “Ռազմական Դրութիւն” յայտարարուեցաւ , սակայն ամինջապէս յաջորդ առտու այս դրութիւնը ջնջուեցաւ:

Այս իրադարձութեան տուրքը շատ ծանր եղաւ,ըստ “Ովքերու Գործն էր 6-7 Սեպտեմբերը” վերնագրեալ յօդուածի տուեալներու, 73 եկեղեցի,1 գործարան, 8 սրբավայր,1 Սինակօկ, 2 վանք, 5538 անշարժ գոյք, 1004 աշխատավայր, 26 դպրոց, 5 սփօրի ակումբ, 2 գերեզման աւերակի վերածուեցաւ, աւելի քան 400 կանայք բռնաբարուեցան,աւելի քան 30 հոգի ծանր ձեւով վիրաւորուեցան եւ 3 հոգի ալ մահացան:

Բացի Իսթանպուլի այս ծանր աղիւսեակի, Իզմիր քաղաքի մէջ ալ բազմաթիւ եկեղեցիներ, սրբավայրեր ու գործատեղիներ քանդուեցան: Բոլոր այս դպքերէն վերջ տեղի ունեցան ձեռբակուլութիիւններ, սակայն կարճ ժամանակ մը վերջ բոլորն ալ ազատ արձակուեցան եւ այս ամօթը, երկար տարիներ “Ժողովրդի Ազգային Զգացմունքային Պատասխան”, “Ազգային Զգացմունք”, “Ժողովուրդի Զայրութ”, “Ազգային Զգացմունքի Փրփրումը” անուանելով, փորձուեցաւ մոռացութեան յանձնել:

Իր անցեալի մէջ ապրած ռազմական հարուածներու եւ անոր մտայնութեան հետ հաշուեկցելու սկսող ժամակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժողովուրդարութեան հայեցակարգը, յանուն մարդկութեան, արդիականութեան ու ժողովուրդավարութեան, մեծ ամօթ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 ի իրադարձութեան հետ ալ պէտք է որ հաշուեկցի:

Շատ ցանցառ է որ, ժողովուրդ մը իր անցեալի մէջ սեւ էջեր, թերութիւններ, ամօթներ չունենայ, սակայն կարեւորը այն կէտն է որ, ի յանուն այդ սեւ էջերուն տուած ցաւերը ու տառապանքներու մեղմացման ու ամոքման համար, անցեալը ճիշդ կարդալով ու լաւ մեկնաբանելով ,անցեալի հետ հաշուեկցութիւնն է:

Տօքթ. Սարգիս Ատամ

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert