Յարգարժան բարեկամներ, 

Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան 95-րդ փառայուշ տարեդարձին առիթով, մեր այս համեստ ընթրիքը պիտի չունենայ տօնական մթնոլորտ, Համահայութեան այսօր պարզած տխուր վիճակին պատճառով, որ մեզ կը ստիպէ խորհրդածելու, որպէսզի’ կարենանք գտնել եւ ըմբռնել թէ’ ինչ կը պատգամեն մեզի այսօր, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցն ու Նոյեմբեր 29-ի 95-րդ տարեդարձը։

Պիտի մէջբերեմ մէկ կոմունիստական դիտարկում եւ երեք դաշնակցական դիտարկումներ, որոնք կը հաստատեն’ մէկը, կոմունիստականը։

Իտալիոյ Կոմկուսի ղեկավարներէն Անթոնիօ Կռամշին դիտարկած է’

«Երբ հին ռեժիմ մը կը մահանայ, եւ աւելի լաւ նորը կուշանայ ծնելու, այս միջոցին գոյացած խաւարին մէջ’ հրապարակը կը գրաւեն գազաններու ուրուականներ»։

Այսպէս եղաւ սովետահայ ռեժիմի լուծարումի վաղորդայնին։ Աւելի լաւ ռեժիմ մը ուշացաւ ծնելու եւ’ օլիգարխներու գազանախումբը գրաւեց հրապարակը, հայաթափեց ու թալանեց երկիրը եւ հայրենիքը դրաւ ինքնալուծարումի ստոյգ վտանգին առջեւ։

Կռամշիի կանխագուշակած գազաններուն գործած աւերին մասին ահա’ երեք ղեկավար դաշնակցականներու հաստատումները.-

ՀՅԴ Բիւռոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, 2012-ին, «ԴՐՕՇԱԿ»ի մէջ գրեց՝

«Հայաստանը’ իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով, այսօր կ՚ապրի լուռ տագնապ մը, որ յատուկ է հասարակութիւներուն, որոնք հիասթափուած են, այդ հիասթափութեան պատճառներուն հարկադրաբար համակերպած են (փոխանակ այդ պատճառները վերացնելու համար պայքարելու) եւ’ այդ կրաւորական համակերպումին պատճառով ալ, ամլացած են (կորսնցուցած ըլլալով իրավիճակի փոփոխութեան ամէն յոյս), եւ դանդաղ քայլերով կ’առաջնորդուին դէպի ինքնալուծարում: Եթէ’ տակաւին գոյ է առողջ կորիզ մը, որ շրջադարձի միակ յոյսը կրնայ ըլլալ, պայմանաւ’ որ այդ կորիզը’ նախ ինք գիտակցի տիրող անմիջական վտանգներուն, որոնք կը սպառնան ոչ միայն պետութեան, այլեւ ազգի ֆիզիքական գոյութեան, եւ որոշէ’ փոխել իրադրութիւնը»:

Եւ քսանամեակ մը առաջ, 1993-ին իսկ, Էդիկ Յովհաննիսեան «ԴՐՕՇԱԿ»ի մէջ հարց կու տար’ «Ո՞ւր ենք գտնւում մենք»: Եւ կը պատասխանէր’ «Դաշնակիցներ շահելու համար, մենք պէտք է ունենանք քաղաքական յստակ դիրքորոշում, փոխանակ հետեւելու կոմպլեմենտար կոչուող լարախաղացութեան աբսուրդ դիւանագիտութեան, ասելով թէ’ մենք հիմա անկախ ենք եւ լաւ յարաբերութիւնների մէջ ենք եւ գործակցում ենք թէ ամերիկացիների եւ թէ’ ռուսների հետ: Պէտք է գիտակցել, որ միայն Ռուսաստանի ազգային շահերի ոլորտւմ է, որ Հայաստանը որոշ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում Ռուսաստանի համար: Ելցինի ամերիկանացած ու ոչ-ազգային Ռուսաստանի համար՝ Հայաստանը ոչ մի հետաքրքրութիւն չի ներկայացնում: Մեզ չխաբենք ճառելով թէ’ մենք հիմա անկախ ենք եւ կարող ենք սեփական ուժերով պաշտպանել մեր հայրենիքը: Աշխարհը շարժւում է դէպի ազգային պետութիւն: Հաւանաբար մօտիկ ապագայում’ Չինաստանը, Ճապոնիան, Գերմանիան եւ Ռուսաստանը դառնան ազգային պետութեան բեւեռի պաշտպանները, եւ’ ջախջախիչ հարուած տան՝ ամերիկասիոնական ապազգային բեւեռին: Ազգային բեւեռի յաղթանակը անխուսափելի է, քանզի ապազգայնացուած աշխարհը սուզուել է անբարոյականութեան ծովում, որից յետոյ կը խորտակուի վերջնականապէս: Հետեւաբար, մեր ներկայ կացութիւնը ստիպում է մեզ’ կանգնել պատնէշի ազգային կողմում կանգնած բանակի շարքերում, եւ առաջին հերթին Ռուսաստանի ազգային շահերի շարքում»:

Հազիւ տասնամեակ մը անց, մեծ մասամբ իրականացաւ Է. Յովհաննիսեանի կանխագուշակումը: Չինաստան եւ Փութինեան Ռուսաստան դարձան ազգային պետութեանց բազմաբեւեռ աշխարհակարգի պաշտպաններ’ ամերիկա-սիոնական ապազգային միաբեւեռ աշխարհակարգին դէմ, կազմակերպելով Շանկհայի Համագործակցութեան Ուխտը եւ BRICS-ի ճակատը’ Պրազիլիոյ, Ռուսաստանի Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մասնակցութեամբ։ Եւ’ պարզէն ալ պարզ դարձաւ, որ Հայաստան պէտք է կանգնի բազմաբեւեռ աշխարհակարգի շարքերուն մէջ, ուր եւ կը գտնուին Ռուսաստանի ազգային շահերը։ Հայաստանի լինելութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը’ փանթուրքիզմն է, զոր կ՛որոճան այսօր Էրտողանեան Թուրքիան եւ Ալիեւեան Ատրպէյճանը, եւ այս վտանգը միաժամանակ ուղղուած է Ռուսաստանի ազգային շահերուն դէմ։ Եւ’ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ազգային շահերու այս համընկնումն է, որ հիմքը կը կազմէ Հայ-Ռուս ստրատեգիական դաշինքին։ Մինչդեռ, Հայաստանի օլիգարխիական ապազգային ռեժիմը դեռեւս կը շարունակէ սիրաբանիլ ամերիկա-սիոնական ապազգային բեւեռին հետ’ վտանգելով Հայ-Ռուս դաշինքը։ Եւ ներկայիս, օլիգարխիական ռեժիմը’ սահմանադրական փոփոխութիւններու անուան տակ, կ՛ուզէ որդեգրել Եւրոխորհուրդի Վենետիկեան փոփոխութիւնները, որոնք կը սպառնան ապազգային պետութեան վերածել Արեւելահայաստանը։

Այս ապազգային ռեժիմն է, որ արգելք հանդիսացաւ, որ 100-րդ տարելիցը դառնայ անկիւնադարձ մը, հրաժարելու’ Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումի պահանջատիրութենէն, եւ որդեգրելու’ հողային պահանջատիրութիւնը։ Արգելք եղաւ, որպէսզի չբարկացնէ ՕԹԱՆ-եան Թուրքիոյ դաշնակից ամերիկա-սիոնական ապազգային բեւեռը…։ Եւ տակաւին այս ապազգային ռեժիմն է, որ ուրացաւ Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան կառուցած վեհաշուք ու սիգապանծ Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողն անգամ, եւ 100-րդ տարելիցի որպէս խորհրդանշան պարտադրեց սիոնա-մասոնական անմոռուկը… անհանգստացնելով մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն ոսկորտիքը, քանզի’ Մեծ Եղեռնը գործադրած Երիտթուրքերը’ սիոնա-փանթուրքական վոհմակներ էին, եւ փանթուրքիզմի ծրագրի հեղինակներն էին հրեայ սիոնական պատմաբաններ։

Յակոբ Պալեան, երրորդ դաշնակցական մտաւորականը, 2015 թ. Ապրիլին, գրեց «ԱԶԴԱԿ»ի մէջ հետեւեալ դիտարկումը.

«Հարիւրամեակը’ ազգային որակի եւ ազգային ոգիի վերականգնումի յեղափոխութեան առիթ պէտք էր որ ըլլար, փոխանակ’ զայն վերածելու օլիգարխիական տօնահանդէսի»։

Արեւելահայաստանը բռնազաւթած օլիգարխիական ռեժիմը ոչ միայն հայաթափեց հայրենիքը եւ թալանեց երկրի ստորգետնեայ բնական հարստութիւններն ու վերգետնեայ սովետաշէն ազգային տնտեսամշակութային կառոյցները, այլեւ’ բռնագրաւեց 100-րդ տարելիցի եզակի առիթը, եւ զայն վերածեց օլիգարխիական ապազգային մեծափոմփիւն «Շօու»ի, եւ ինք խմբագրեց ու ինք արտասանեց «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիր» կոչուած աժան բարոյախօսութեան անբովանդակ փաստաթուղթը, որ բնա’ւ համահայկական չէ, քանի որ չարտայայտեց՝ ոչ Տարագիր Արեւմտահայութեան եւ ոչ ալ’ հայրենի մնացորդացի լուռ մեծամասնութեան կարծիքն ու պահանջը հիմնական’ հողայինը, այլ’ որպէս բիզնէս-գոյքային մտածելակերպի մարմնացումը հանդիսացող ապազգային ռեժիմը, խօսեցաւ միայն գոյքային հատուցումի մասին, հողային հատուցումին փոխարէն։

Անթոնիօ Կռամշիի յիշած, բայց հիմա արդէն հայանուն գազաններու բիզնէս- գոյքային աչքծակութիւնը այնքան արմատակալած է իրենց մօտ (ի դէպ’ ասոնց բնութագիրը ճշգրտօրէն կու տար անզուգական հայրենասէր գիտնականը’ Արամայիս Միրզախանեան, այժմ հանգուցեալ, երբ ասոնց կը վերագրէր մոնկոլ- թաթարական նկարագիր), որ երեւանեան մամուլը գրեց. «Հայ զինծառայողը պայթել է ականի վրայ, կորցրել է ոտքը, բայց, նրան ստիպել են’ գոյքը փճացնելուն համար’ վճարել ականի գինը»։

Բայց ինչու ընդվզիլ’ երբ այս ռեժիմը գոյք-ականի գինը հայ զինուորի կորսնցուցած ոտքին գինէն աւելի կարեւոր նկատած է, քանզի նոյնիսկ Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէնի պաշտօնին’ օլիգարխներու դրածոն’ որն հայանուն Հայկ Դեմոյեանը, 100-րդ տարելիցի նաեւ 100 հոգինոց վերին մարմնի նախագահը, դարադարձի առիթով խօսած իր ճառին մէջ, յիշեց միայն գոյքային հատուցումի մասին, եւ ոչ մէկ բառ արտասանեց հողային հատուցումի կապակցութեամբ։ Եւ’ Հայ Սփիւռքի աւանդական առաջնորդներն ալ’ ստրկական համակերպումով, այս ռեժիմի գազաններուն դիմաց, լեզունին կլլեցին եւ չարծարծեցին հողային պահանջատիրութեան հարցը կամ’ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսի անյետաձգելի դարձած խնդիրը, ոտնահարելով Տարագիր Արեւմտահայութեան կամքը։

Սփիւռքի եւ Հայաստանի ներկայացուցած այս տխուր իրավիճակին մէջ, արտաքին ճակատի վրայ ամէն նախաձեռնութենէ առաջ’ հարկ է զօրացնել Հայութեան ներքին ճակատը, իրականացնելով հիմնական ու հրամայական երկու առաջադրանքներ.

1)              Անյապաղ ձեռնարկել Սփիւռքի վերակազմակերպողին’ ՏԱՀՔ-ի կառոյցին մէջ, եւ հողային պահանջատիրութեան մեկնարկումին։

2)              Անյապաղ ձեռնարկել’ Հայաստանը օլիգարխիական ռեժիմէն ազատագրելու պայքարին, հոն հաստատելու համար Սովետ Հայաստանի թոյլ տուած թերիները սրբագրող, բայց, միեւնոյն ժողովրդահայրենասիրական ազգային դպրոցին պատկանող ռեժիմ մը, որպէսզի’ կարելի դառնայ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի։

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի համոզումով’ այս երկու անյետաձգելի հրամայականները կը խտացնեն’ Մեծ Եղեռնի դարադարձի եւ Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան 95-րդ տարեդարձի պատգամը մեզի։

«ԳՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ», Մեթեր Գ. Տէրտէրեան – Լիբանան

 

Տես նաև՝  Դարադաձի Անդոհանք Եւ… Մարտակոչեր

Համակարգի Վերացման Հրամայականը

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert