Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս,  30 Դեկտեմբեր 2015

«Անոնք իրենց մտքէն անցածը չէին ընէր,
այլ ուշադրութիւն կը դարձնէին միայն
ՄՆԱՅՈՒՆԻՆ եւ ԱՆԱՆՑՆԱԿԱՆԻՆ.
անոնք պատուի ետեւէն չէին երթար,
այլ պատիւն էր, որ կը հետեւէր իրենց
»:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացի

Նշանաւոր դեմքերու կամ դէպքերու տարեդարձներու նշումը եթէ միայն պիտի ծառայէ  զանոնք մոռացութեան չմատնելու յաւուր պատշաճի յիշատակման եւ կամ պարզապէս պարտաւորութիւն մը կատարած ըլլալու պահի հոգեկան գոհացման, ապա տուեալ դեմքը կամ դէպքը շատ բան կը կորսնցնէ իր արժեքէն ու հետզհետէ կը պարպուի իր նշանակութիւնէն:

Եղեռնի հարիւրամեակի նշման այս տարուան աւարտին, մեր այս խորհրդածութեամբ երբ կը փորձենք գնահատականը ընել մեր համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու աշխարհացրիւ հայ համայնքներէ ներս իրականացուած հանդիսութեանց, յստակօրէն կը պատկերուի բոլորիս անկեղծ ջանքերը՝ տալու աւելին քան ինչ որ կու տայինք տարուէ տարի: Այս իմաստով արժանին մատուցելէ ետք, կը խորհինք որ թերացած կ’ըլլանք մեր պարտականութեան մէջ, եթէ գոհանանք եղածով ու աւելի խորունկ վերլուծութեան փորձ չկատարենք:

Մեր մտահոգութիւնը շատ պարզ բառերով արտայայտած  ըլլալու համար, կատարենք հետեւեալ երկու հաստատումներն ու հարցումները: Հոլիվուտի մէջ կայացող ամէն տարուան Ապրիլեան քայլարշաւին քանի մը տասնեակ հազարներու մասնակցութիւնը ի՞նչ հիմնական նպաստ կամ ներդրում կ’ունենար մեր դատին եւ անգամուան մը համար 160 հազար մասնակիցներու ապահովումը ի՞նչ յաւելեալ նպաստ բերած եղաւ այդ գործընթացին: Կամ՝ ի գին մեծ ջանքերու եւ ներդրումներու, քսանեակ մը պետութեանց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը ի՞նչ հիմնական նպաստ կամ ներդրում ունեցաւ մեր դատին եւ 40 կամ 60 պետութիւններու ճանաչման ապահովումը ի՞նչ յաւելեալ նպաստ կրնայ բերել: Սխալ չհասկցուինք: Մենք ՉԵՆՔ թերագնահատէր առնուած քայլերը, այլ պարզապէս հարց կու տանք, թէ Ո՞ՒՐ կ’առաջնորդեն անոնք մեզ եւ արդեօ՞ք կ’արդարացնեն մեր ներդրումները:

Երբ կը կարդանք Եղեռնի 50-ամեակի նախօրեակին գրուած յօդուածներ ու կը բաղդատենք 100-ամեակի նախօրեակին գրուածներուն հետ, արդարանալի չենք գտնէր 50 տարիներու անցման ժամանակաշրջանի արդիւնաւետութիւնը: Օրինակի համար մէջբերենք Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի 1965 Ապրիլին գրած «Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակը Որպէս Մեկնակէտ Հայկական Դատի Հետապնդման» յօդուածէն հետեւեալ հատուածը. «Մեր սրբազան դատի հետապնդումը հեռու պէտք է ըլլայ զգացականութենէ, այլ պէտք է հիմնուի առողջ տրամաբանութեան վրայ: Գութի եւ կարեկցութեան զգացումը յառաջացնելէ աւելի պէտք է ջանալ հայոց դատը պաշտպանել իրաւունքի հիման վրայ: Միջազգային օրէնքի, ՄԱԿի ցեղասպանութեան յայտարարութեան, մարդկային իրաւանց հիմունքներու վրայ յենելով է որ պէտք է պաշտպանենք մեր դատը: Հարկ է մշակել հայկական դատի հետապնդման համար լուրջ ծրագիրներ, ու ոչ մէկ ջանք խնայել, մեր պայմաններու ներած չափով, այդ ծրագիրները յաջողցնելու: …որեւէ դանդաղեցում, որեւէ աշխատանքի թուլացում, որեւէ կաղացում համազօր է ոճիրի»:

Այս մէջբերումէն յստակ կը դառնայ, որ ՀԻՄՆԱԿԱՆ շատ բան չէ փոխուած 50 տարիներէ ի վեր: Ի՞նչու: Առողջ տեսլականի եւ լուրջ ծրագիրներու պակասին պատճառաւ: Տարեդարձ մը նշելու պարտաւորութեան անմիջական զգացմունքը գոհացնելու, քան թէ հեռաւոր նպատակի իրագործման ծառայելու աշխատելաոճի պակասին պատճառաւ: Ցուցադրական կամ մակերեսային երեւոյթներու վրայ աւելի ժամանակ յատկացնելու, քան թէ՝ հիմնականին ու խորքայինին վրայ չկեդրոնանալուն պատճառաւ: Գնայունով աւելի մտահոգուած ըլլալուն պատճառաւ, քան թէ՝ մնայունով: Այլ տարողութեամբ՝ անձնականն ու հատուածականը աւելի գերադասելի նկատելուն պատճառաւ, քան թէ համայնքայինն ու ազգայինը: Այլ խօսքով՝ կեանքդ միայն քեզի՞ համար կ’ապրիս, թէ շուրջիններուդ եւ գալիքներուն հաշիւն ալ կ’ընես: Ահա թէ ի՞նչու ազգովին կը կաղանք ու կը գահավիժինք, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին:

Ճակատագրապաշտ ժողովուրդի մտայնութիւն ունինք եւ ամէն աղէտէ ետք պատրաստ ենք կրկնելու՝ «էլի հայի բախտը չբերեց», փոխանակ անհրաժեշտ բայց դժուարին քայլեր առնելու, խուսափելու կամ առաջքը առնելու գալիք աղէտներու, որոնց հաւանականութիւնը կը զգանք ու կը տեսնենք:  Մենք մեզ աշխարհի ամենախելացի ազգը համարելու սին հաւակնութիւնը կը տածենք ու կ’անտեսենք մեր ներքին ցաւերն եւ թերութիւնները անաչառօրէն քննարկելու եւ անոնց դարմաններ որոնելու անհրաժեշտութիւնը: Ճարպիկութիւն կը սեպենք համայնքին համար կառուցուող շէնքէն երկաթ եւ պեթոն գողնալով մեր անձնական խրճիթը կառուցել, քան թէ մտահոգուիլ շէնքի ամրութեամբ: Ու երբ երկրաշարժ մը քար ու քանդ կ’ընէ շէնքն ու խրճիթը, պատրաստ ենք անիծելու մեր բախտն ու …Աստուած:

Թուրքին ցած աչքով կը նայինք բայց չենք տեսնէր, որ Վանի շրջանի երկրաշարժէն ետք, 2-3 տարուան ընթացքին անոնք կը յաջողին շէնքեր կառուցել աղէտահար ընտանիքներու ապահովման համար, մինչ մենք Գիւմրիի երկրաշարժէն 27 տարիներ ետք տակաւին չենք յաջողած նոյն արդիւնքին հասնիլ: Արդեօք այս մտայնութեան պատճառաւ չէ՞, որ մենք տարուէ տարի կը նահանջենք, մինչ թուրքը յաղթանակներ կ’արձանագրէ: Թերեւս գտնուին մարդիկ, որ Եղեռնի հարիւրամեակի այս տարելիցին, փոխանակ թուրքը ցեխին մէջ թաթախելու, անոնց մասին վերեւի դրուատական օրինակի նշումը մեղքի համազօր նկատեն: Բայց անկեղծ ըլլանք խոստովանելու, որ դժբախտաբար այդ է իրականութիւնը եւ զայն անտեսելը մեզ կը պահէ ցնորքի մէջ: Բերենք ուրիշ օրինակ մըն ալ, որ կը փաստէ մեր անմիջական ու ժամանակաւոր շահ ապահովելու մարմաջը, նոյնիսկ ի գին ապագային գալիք վնասին: Այն բազմաթիւ հանքարդիւնաբերութեան ծրագիրները՝ որոնց անխնայ շահագործումը պատճառ կը դառնայ կենսոլորտի խաթարման, հողի ու ջրի տակաւ թունաւորման եւ բուսական, անասնային ու մարդկային առողջական լուրջ խնդիրներու: «Քիթէն անդին չտեսնելու» մեր այս մտածելակերպին պատճառաւ չէ՞, որ թշուառութիւնը կը տարածուի ու հայրենիքը կը պարպուի իր ժողովուրդէն: Կը գիտակցի՞նք այս մտայնութեան պատճառելիք ապագայ աղէտներու հաւանականութեան:

Որպէս զի Եղեռնի 150-ամեակի առթիւ ապագայ հրապարակագիրը չի ստիպուի մեզ նման խորհրդածութիւններ կատարել ու ափսոսալ կորսուած տարիներուն ու առիթներուն վրայ, անհրաժեշտ կը գտնենք ճակատագրապաշտ մտայնութիւնէ անցում կատարել դէպի իրապաշտ մտայնութիւն, որ մեզի պիտի ստիպէ աւելի կեդրոնանալու մնայուն արժէքներու վրայ, քան՝ գնայուն կամ անցողակի երեւոյթներու: Պէտք է յանդգնութիւնը ցուցաբերենք հրապարակաւ քննադատելու մեր ազգային յառաջխաղացքը արգելակող երեւոյթները եւ ազնուութիւնը՝ ընդունելու մեր սխալներն ու սրբագրելու զանոնք: Անկարելի կամ նոյնիսկ դժուար թող չթուի մեր այս առաջադրանքը, որովհետեւ վստահ ենք, որ մեզ պէս մտածողներու թուաքանակը բաւականին շատ է: Կը մնայ պարզապէս միջոցները ստեղծել այդպէս մտածողները կազմակերպելու եւ անոնց գաղափարները տարածելու ժողովուրդի ամենալայն խաւերուն: Փոքր քայլերով կարելի է հասնիլ այդ արդիւնքին: Այդ գործընթացը կարելի է նաեւ արագացնել եթէ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին ազդեցիկ ղեկավարներ գիտակցին այս անհրաժեշտութեան եւ ըստ այնմ գործեն:

Երբ ի մտի կ’ունենանք, որ միայն երեք առաջնորդներու նախաձեռնութեամբ յաջողեցանք Ոսկեդար կերտել, ապա հասկնալի պէտք է դառնայ մեր առաջարկի կարելիութիւնը: Կը մնայ բացայայտել ու հրատապ նիւթ դարձնել մնայուն արժէքներու համապատասխանող մեր ազգային առաջնահերթութիւնները: Օրինակի համար՝ օտարներէն Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմ, թէ հայրենակերտում եւ մեծամասնութեամբ սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդի զաւակներուն  այլասերման ու ձուլման վտանգներուն դէմ պատուաստում: Առաջին տարբերակը մեր ջանքերէն զատ կախեալ է նաեւ օտարներու հաշիւներէն ու քմահաճոյքէն, մինչ երկրորդը կախեալ է միայն մեզմէ: Ինչպէս մեր Ոսկեդարի կերտումը ցոյց տուաւ, այդ արդիւքին կրնանք հասնիլ ինքնաճանաչման եւ լուսաւորութեան միջոցաւ, որոնցմով կրցանք մենք մեր ինքնութիւնն ու ինքնուրոյն ճակատագիրը վերակերտել, ազգային հաւաքական աշխատանքով:

Մեր հազարամեակներու պատմութեան մէջէն մենք կրնանք վեր առնել բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կրնան նպաստել մեր յաջողութեան: Մեր պատմութեան սեւ էջերը կրնան կաշկանդել մեր երթը, իսկ փայլուն էջերը կրնան խթանել ու թռիջք տալ մեր յառաջխաղացքին:  Ո՞ր էջերէն պիտի առնենք մեր ներշնջումը: Պատմահայր Խորենացին իրաւամբ գրած է. «թէպէտեւ մենք փոքր ածու ենք եւ թիւով շատ սահմանափակ, զօրութեամբ տկար, եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած, բայց եւ այնպէս  մեր աշխարհի մէջն ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի»: Մեր քաջ գործերու յիշատակումո՞վ թէ զոհի հոգեբանութեամբ պիտի դաստիարակենք մեր սերունդները, փոքր ժողովուրդներու ինքնութիւնը խաթարող եւ վտանգող համաշխարհայնացման այս դարուն մէջ:

Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որ եթէ յառաջխաղացք պիտի արձանագրենք, ապա պէտք է ընդունակ ըլլանք մեծ պատկերը տեսնելու, ջատագովելու եւ ըստ այնմ գործելու: Մեծ պատկերին մէկ փոքր մանրամասնութեան վրայ կեդրոնանալով եւ զայն չափէն դուրս մեծցնելով աղաւաղած կ’ըլլանք նոյնինքն մեծ պատկերը: Անձնական կամ հատուածական յաղթանակները պէտք չէ արձանագրուին ընդհանուրի հաշւոյն, տկարացնելով զայն, այլ պէտք է ծառայեն ընդհանուրի հզօրացման: Մեր ազգային դժբախտութեանց գլխաւոր պատճառներէն մին այս եսական մօտեցումն է, փոխան ընդհանրականի: Երբ քննական ակնարկ մը կը նետենք մեր պատմութեան վրայ, կը տեսնենք թէ անձնական հրաշալի յաջողութիւններու հասած ենք օտար ափերու վրայ, բայց ձախողած ենք այդ յաջողութիւնները ծառայեցնել մեր սեպհական տան հզօրացման: Ունեցած ենք մեծահարուստներ, որոնց հարստութիւնը կը մրցէր տուեալ երկրի իշխանաւորի հարստութեան հետ: Ունեցած ենք Լազարեաններ, Շահրիմանեաններ, Չաթերներ, Մանթաշեաններ, Կիւլպենկեաններ, Գրքորեաններ, եւայլն, եւայլն, բայց անոնց աստղաբաշխային հարստութիւնները ո՞ւր գացած են եւ ի՞նչու չեն նպաստած մեր ընդհանրականի ու ազգայինի աճին ու ամրակայման: Ի՞նչու համար Կիւլպենկեաններ ու Գրքորեաններ իրենց հարստութիւնները պիտի կտակէին օտարին: Արդեօ՞ք որովհետեւ իրենց շուրջ տեսան միայն անձնական խրճիթներ կառուցողներու փաղանքներ, փոխան ազգային շէնքի տեսլականը ունեցողներու: Բուժումը այս կէտէն պէտք է սկսիլ, ներսէն, եւ փրկութեան համար չապաւինիլ դուրսին, երբ ներսը ամուր չէ: Արտաքին անառիկութիւնը կախեալ է ներքին ամրութիւնէն:

Հարիւրամեակ մը առաջ, 1910-ին, «Դառնացած Ժողովուրդ» խորագրեալ յօդուածով, «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեան, նկարագրելով մեր այդ ատենուան դառն իրավիճակը, հետեւեալ ախտորոշումը կը կատարէր. «Պարզ հասկանալու համար, երեւոյթի վրայ պէտք է նայել բնութեան ու պատմութեան օրէնքների բարձրութիւնից, էն լայն, խաղաղ ու խոր հայեացքով, որ նրանք միայն կարող են տալ: Ուրիշ ընդհանուր հանգամանքների հետ զարհուրելի ծնող է եղել մեզ համար մեր պատմութիւնը: Նա երկար դարերով մեզ դրել է բարբարոս ժողովուրդների ոտների տակ: Իսկ ամէն կենդանի գոյութիւն, որ ոտնատակ է ընկնում, եթէ չի մեռնում, այլանդակւում է, դառնանում ու փչանում: Էսպէս է բնութեան օրէնքը: Էն հասարակ վարունկի թուփն ինչ է. յայտնի է, որ եթէ նա էլ ոտի տակ է ընկնում, էլ նրա պտուղը չի ուտւում, էնքան է դառնանում: Նրա համար էլ ձեզ թոյլ չեն տայ, որ նրա թուփը ոտի տակով անէք: Էնպէս դառնանում ու դաժանանում է նաեւ մարդը, նրա հոգին, սիրտը, միտքը, ու ներքին դառնութիւնը դուրս է տալի, յայտնւում է ե՛ւ աչքերում, ե՛ւ դէմքին, ե՛ւ խօսքերում, ե՛ւ գործերում, ամէն տեղ, ամէն ասպարէզում, ու ամբողջ կեանքդ դարձնում է դառն ու դաժան: Եւ էս տեսակ կեանքը կ’ունենայ, այո՛, շատ բան, ե՛ւ «յառաջդիմութիւն», ե՛ւ «կուլտուրա», ե՛ւ «մամուլ», ե՛ւ «գրականութիւն», ե՛ւ «դպրոց», ե՛ւ «բարեգործութիւն», բայց էդ բոլորը ներսից ճիճվի կերած պտուղի նման են, եւ տառապում են հիմնական պակասութիւններով, մի ընդհանուր ցաւով, որի ճարը դրսից անել չի կարելի: Էդ տեսակ կեանքը կու տայ եւ տաղանդաւոր մարդիկ, սակայն նրանք էլ կլինեն դառն ու դաժան: Բայց նա չի կարող ծնել ազնիւ մարդիկ, բարի սրտեր ու բարձր ոգիներ, հենց է՛ն, ինչը որ դարձնում է մի կեանք գեղեցիկ ու հրապուրիչ եւ մի ժողովուրդ թանկ ու համակրելի: Արդ՝ եթէ մենք ունենք ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ, անկարելի է աչքներս փակենք մեր էս ծանր հիւանդութեան առաջ եւ չզգանք, որ մեր հոգին շատ է դառնացած, մեր ներքին մարդը շատ է փչացած, եւ դրա դեմ կռուելու, առողջանալու առաջին պայմանը էն է, որ մենք ե՛ւ մեր սրտերում, ե՛ւ աշխարհի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր դժբախտութիւնը: Ապա թէ էդ փրկարար գիտակցութեանը կը հետեւեն ինքնակատարելագործութեան բարձր ցանկութիւնն ու ազնիւ գործը: ՈՒՐԻՇ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՉԿԱՅ, ՆԵՐՍԻՑ Է ԼԻՆԵԼՈՒ ՀԱՍՏԱՏ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՆԵՐՍԻՑ ԵՆՔ ՓՉԱՑԱԾ» (ընդգծումը մերն է-ՅՏԴ):

«Հոգու Արիութիւն» եւ «Առողջ Բնազդներ»: Ահաւասիկ «Մնայուն» արժեքներու եւս երկու օրինակ, որոնք պիտի նպաստեն մեր ինքնակատարելագործման ու յանգին «Ազգային Իմաստութեան», մեր մասամբ այլանդակուած ինքնութիւնը մաքրագործելու: Նիւթէն ու մակերեսէն անդին, հոգին ու խորքը գնահատելու: Բարի սրտեր, բարձր ոգիներ ու ազնիւ մարդիկ ծնելու: Շինարար աշխատանքէն անդին, ստեղծարար աշխատանքի կարեւորութեան գիտակցելու: Անձնական խրճիթէն անդին, ազգային շէնքի անհրաժեշտութեան հաւատալու: Արիութիւնը պէտք է ունենանք ամբոխին դէմ ծառանալու, ճանչնալու եւ խոստովանելու մեր թերութիւններն ու դժբախտութիւնները եւ Պարոյր Սեւակի համարձակութեամբ գոչելու՝ «Յանուն վաղուան ճշմարտութեան, թող որ այսօր լինեմ սխալ:»

www.keghart.com

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert