Որքա՜ն իմաստուն են մեզի աւանդ թողուած այս խօսքերը: Մեր ազգային պատմութիւնը լեցուն է նման եզակի դէպքերով կամ վկայութիւններով: Այսօր համայն հայութիւնը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, կը սգայ ազնուական հերոս հայուն մահը: Բայց ի՞նչ կ’արժեն մեր հսկումներն ու հոգեհանգիստները, մեր հաւաքներն ու ժողովրդային ցոյցերը երբ չենք կրնար արժանավայել կերպով պատուել մեր հերոսները իրենց կենդանութեան: Ահաւասիկ վերջին օրինակներէն մին՝ Արթուր Սարգիսեանը, անձ մը որ, գիտակցաբար իր կեանքը դրաւ հայրենիքի պաշտպանութեան զոհասեղանին ու դարձաւ ո՛չ թէ մեր դարաւոր թշնամիին, այլ մեր խիղճին զոհը:

Ի՞նչ խիղճով թոյլ տուինք որ հիւանդ մարդ մը հացադուլ ընէ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար: Որքա՜ն քարացած են մեր սրտերը որ իր ողջութեան չկարողացանք ձեռք երկարել մէկու մը, որ տարիներ շարունակ հացը ձեռքին վազեց մէկ փոսէն միւսը՝ իր ընկերներուն հաց հասցնելու համար: Ահաւասիկ այս հերոսը, արդարութեան մարտիկը, չվարանեցաւ եւ չվախցաւ փամփուշտէն եւ գնաց ու հաց բաշխեց Սասնայ ծռեր խմբաւորման անդամներուն, ոստիկաններուն եւ բժիկներուն: Ի վերջոյ, խմբաւորման անդամներուն հետ Արթուրն ալ յանձնուեցաւ իշխանութիւններուն ու բանտարկուեցաւ: Սակայն մենք, ելլելով մեր անհատական եւ խմբակցական նեղ շահերէն, անոր հերոսական արարքը դիտեցինք սառնարիւնութեամբ, լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ: Արդեօ՞ք քարացած են մեր սրտերը…:

Արթուրին առողջական վիճակը հետզհետէ վատացաւ իր մեկուսարանին մէջ: Դատախազը թէեւ կարճ ժամանակով ազատ արձակած էր հաց բերողը, սակայն եւ այնպէս այս տարուան փետրուար 9-ին կրկին կալանաւորեցին զինք, եւ հակառակ իր վատթարացող առողջական վիճակին՝ մեզի անհասկնալի պատճառներով քաղաքացիական հիւանդանոց չփոխադրեցին: Ինչու՞…: Ի տես այս բոլոր անարդարութեանց, Արթուր իր իրաւունքները պաշտպանելու համար դիմեց հացադուլի, առաւել եւս վտանգելով իր առողջական վիճակը: Դատախազը կրկին անգամ ազատ արձակեց հաց բերողը, սակայն ո՜ւշ էր արդէն…: Արթուր տաս օրեր ետք մարմնապէս մեզմէ բաժնուեցաւ: Սակայն եւ այնպէս հերոսները չե՛ն մեռնիր, այլ կ’անմահանան: Մահ իմացեալ անմահութիւն է:

Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ…: Որքա՜ն դառն է այս իրականութիւնը: Այնքա՛ն կլանուած ենք մեր ամէնօրեայ հոգերով, որ արդէն մոռցանք հաց բերող Արթուրը: Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին այսուհետեւ թափուած ճիգերը, երեւան հանելու համար ա՛յն ապացոյցներն ու փաստերը, որոնք պիտի բացայայտեն դահիճները: Աւելորդ եւ պարապ աշխատանք պէտք է նկատել միջազգային փորձագէտներ ներգրաւելու մեր բոլոր ճիգերը, որովհետեւ մե՛նք սպաննեցինք Արթուրը՝ հաց բերողը, եւ ո՛չ թէ թշնամին: Մե՛նք պէտք է լուծենք մեր դատերը եւ մե՛նք պէտք է սրբագրենք մեր սխալները. ուրիշներու մօտ չփնտռե՛նք մեր ազգային ցաւերու սպեղանին:

Արթուր վստահաբար պիտի ուզէր մահանալ թշնամիին դէմ ճակատի խրամներուն մէջ, եւ ո՛չ թէ իր ազգակիցներուն կողմէ: Մահացաւ ան՝ որովհետեւ մերժե՛ց անարդարութիւնը, մերժե՛ց քծնանքն ու ստրկութիւնը: Արթուրին համար յստակ էր որ իր ընտրած ճամբան վերադարձ չունի, ապա թէ ոչ՝ քաջութիւնը պիտի չունենար պարեղէնով լի ինքնաշարժով կտրելու ոստիկանութեան պաշարման շղթան ու հասնելու իր եղբայրներուն:

Արթուր պատգամ մը ունի մեզի տալիք. Եթէ կը հաւատաք արդարութեան՝ պայքարեցէ՛ք յանուն հայրենիքի փրկութեան: Այս պահուս կը վերյիշեմ դէպի քսան կախաղանները գացող հերոսներէն մէկուն վերջին խօսքը. «Հոն ուր կախաղանները կը ճօճուին, հոն ման կու գայ ազատութիւնը»: Ա՛յս հաւատքով դիմեց ան դէպի մահ, եւ այսօր կը մխիթարուինք ու կը գօտեպնդուինք մեր վիշտին մէջ՝ լսելով իր վերջին պատգամը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջներուն մէջ տակաւին երկար պիտի հնչէ:

Խճմտանքի այս քննութիւնը կատարել անհրաժեշտ է, թէկուզ եւ ժամանակը շատ բան մոռցնել տայ: Խղճմտանքի այս քննութիւնը մտածել պիտի տայ մեզի, թէ թերացած ենք մեր պարտականութեան մէջ որպէս հայ մարդ: Բոլորս ալ պարտաւոր էինք մեր աջակցութիւնը բերել ժողովրդավարական կարգերու վերահաստատումի աշխատանքին մէջ, բայց, աւա՜ղ, թերացանք: Ամէն հայ մարդ պէտք էր բողոքէր, ըմբոստանար եւ արտայայտուէր ներքին անհրաժեշտութենէ մը մղուած՝ օրինական ամէն տեսակի բացայայտ խախտումներուն դէմ, որոնք պատճառ դարձան հայրենիքի դատարկումին:

Այս թերացումին մէջ իր կարեւոր պատասխանատուութիւնը ունի նաեւ Հայց. Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր Աթոռներով, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ, որ մինչեւ այսօր՝ տեսնելով հանդերձ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած բոլոր անարդարութիւնները, կոյր եւ անտարբեր ձեւանալով՝ Պիղատոսի նման ձեռքերը լուացած՝ կը դիտէ խոշտանգումներն ու բռնարարութիւնները, աւերներն ու կողոպուտները, որոնք ի վերջոյ կը յանգին հայրենիքի դատարկումին: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս ժողովուրդին…:

Ժամանակն է որ Եկեղեցին իր ձայնը միացնէ ժողովուրդի կամքին եւ ձայնին, ու պահանջէ բարեկարգումներ՝ կեանքի, ինչքի եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքներու ապահովման, որոնք վերջին քսանհինգամեակին ոտնահարուած են ընչաքաղց «վերնախաւին» կողմէ, որ տակաւին կը շարունակէ իր կողոպուտն ու թալանը, վտանգելով հայրենիքի ապագայի բոլոր ծրագիրները բարօրութեան եւ զարգացման:

Քաղաքական բացառիկ հասունութիւն եւ իմաստութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը չկայ հասկնալու համար թէ ի՞նչ կը կատարուի հայրենիքէն ներս: Հայութիւնը տակաւին կը տառապի իր բնաշխարհին մէջ. որեւէ հիմնական յեղաշրջում, բարեկարգութիւն չյաջողեցան ստեղծել նոր ղեկավարները երկրին վարչական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կառուցուածքին մէջ: Այս դաժան պայմաններուն տակ, անմխիթար զանգուածներ հեռացան երկրէն, հայրենիքը թողլով բախտի քմահաճոյքին:

Գործող վարչակարգին կողմէ կատարուած բոլոր արարքներն ու դէպքերը ցոյց տուին, թէ յայտարարուած «ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» բացատրութիւնները լոկ իմաստազուրկ բառեր էին եւ իրենց խորքին մէջ հին վարչակարգին շարունակութիւնը կը յիշեցնէին, ժողովուրդը նկատելով որպէս «հպատակ», ինչպէս էր ատենին՝ համայնավար բռնատիրութեան տարիներուն: Նոր իշխանաւորները ժողովուրդին հետ իրենց ունեցած փոխյարաբերութեանց մէջ նոր ոգի եւ ձգտում չցուցաբերեցին, այլ նոյնութեամբ որդեգրեցին նախկին վարչակարգի բոլոր յոռի յատկութիւնները եւ դարձան նոյն բռնակալները:

Հայրենիքի ճակատագիրը վարող անձերուն գաղափարական, մտաւորական, բարոյական հասկացողութիւններու սնանկութեան մասնակից է դժբախտաբար Հայց. Եկեղեցին, որ այսօր կը բաւարարուի ժողովուրդը մխիթարել իր մեքենացած իմաստազուրկ հոգեհանգիստներով: Ժամանակը հասած է որ Եկեղեցին վերանորոգէ ինքզինք, կարենալ տէր կանգնելու համար իր ժողովուրդին եւ անոր ծովածաւալ կարիքներուն, որպէսզի նոր Արթուր Սարգիսեաններ ծնին եւ մեր մեծարանքին արժանի ըլլան իրենց ողջութեա՛նը, ապա թէ ոչ՝ պիտի շարունակենք կրկնել. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»…:

http://religions.am/article

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert