“...Եւ կը մնայ որ լրացնեն կազմակերպչական պայմանը՝ Կազմակերպելով զիրենք ներկայացնող կեդրոնական եւ միակ լիազօր կառոյցը, որուն կառավարման ենթարկուելու պատրաստակամ են։

Այլ խօսքով, կը մնայ որ ստեղծենք Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը։”

Մեթր Գասպար Տէտրտէրեան, Պէյրութ, 20 Սեպտեմբեր 2017

Պատերազմի դատապարտումի եւ խաղաղութեան պաշտպանումի հանրածանօթ բրիտանացի իմաստասէր, Նոպէլեան մրցանակակիր Պերթրանտ Ռասսել՝ 1967 թուի Մայիսին, Սթոքհոլմի մէջ հաստատեց «Պատերազմի Ոճիրներու Միջազգային Դատարան»ը, նախագահութեանը ներքեւ՝ գոյութենապաշտութեան հիմնադիր տեսաբան ֆրանսացի իմաստասէր Ժան-Փոլ Սարթրի։ Այս դատարանին քննարկելիք առաջին թղթածրարը եղաւ, նոյն տարուան աշնան, Վիէթնամի մէջ ԱՄՆ-ի բանակին գործած պատերազմի ոճիրներուն թղթածրարը։ Դատարանի նախագահը՝ Ժան-Փոլ Սարթր, քննարկման որպէս ներածական, ուղղեց ուղերձ մը՝ «Վիէթնամի Մէջ Գործադրուող Ցեղասպանութեան Մասին» վերտառութեամբ։ Այս նիստը գումարուեցաւ Տանըմարքի Ռոսքիլտէ քաղաքին մէջ, իսկ ուղերձին տեքստը՝ 40 տարիներ ետք, 2007 թուին, լոյս տեսաւ Պերթրանտ Ռասսելի Հիմնարկի պաշտօնաթերթ “The Spokesman” եռամսեայի թիւ 93 հատորին մէջ, էջ 11-21, եւ տողերուս հեղինակը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու այս ուղերձի բովանդակութեան։ Այս դատարանի հիմնադրութեան եւ Ժան-Փոլ Սարթրի ուղերձին 50-րդ տարեդարձին առիթով, օգտակար նկատեցինք անդրադառնալ ուղերձի ուսանելի կէտերուն, որոնք կը լուսաբանեն ցեղասպանութեան ոճիրի մը բոլոր ծալքերը։

Սարթրի ուղերձը իբր հիմք ունի 1948 թուին կնքուած Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման եւ Պատժումին Մասին Միջազգային Պայմանակցութիւնը (Convention)։ Ուրեմն, նախ եւ առաջ պէտք է ծանօթանալ այս պայմանակցութեան Յօդ. 2-րդի, 3-րդի եւ 4-րդի տրամադրութիւններուն։

Յօդ. 2-րդ – Ներկայ պայմանակցութեան համաձայն, ցեղասպանութիւն կը նկատուին հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որոնց դիտաւորութիւնն է՝ ամբողջապէս կամ մասնակիօրէն քայքայել ազգ մը, էթնի մը, ցեղային կամ կրօնական խումբ մը, հետեւեալ ձեւերով.

1) Խումբի մը անդամներուն սպանութիւնը, 2) Խումբի մը անդամներու պատճառուած ֆիզիքական կամ մտային լուրջ վնասուածքը, 3) Խումբին վրայ դիտումնաւոր կերպով կիրարկուած կեանքի այնպիսի պայմաններ, որոնք կը մտադրեն խումբին ամբողջական կամ մասնակի քայքայումը, 4) Խումբին պարտադրուած այն միջոցառումները, որոնք կ՚արգիլեն խումբին բնականոն ծնելիութիւնը, 5) Բռնի ուժով խումբէն մանուկներու ուրիշ խումբի մը փոխանցումը։

Յօդ. 3-րդ – Պիտի պատժուին հետեւեալ արարքները.

1) Ցեղասպանութիւնը, 2) Ցեղասպանութիւն գործելու ծրագրի պատրաստութիւնը, 3) Ցեղասպանութիւն գործելու ուղղակի եւ հրապարակային դրդումը, 4) Ցեղասպանութիւն գործելու փորձը, 5) Ցեղասպանութեան մեղսակցելու արարքը։

Յօդ. 4-րդը կը ճշդէ.

Պիտի պատժուին այն անձերը, որոնք ցեղասպանութիւնը կը գործեն, կամ՝ Յօդ. 3-րդի մէջ յիշուած արարքներէն մէկը կը գործեն, անոնք եղած ըլլան՝ սահմանադրականօրէն պատասխանատու իշխանաւորներ, պետական պաշտօնատարներ թէ անհատ անձեր։

Սարթրի ուղերձը կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ.

«Մեր քննելիք դատին թղթածրարը կը վերաբերի ժամանակակից դրամատիրական խոշորագոյն ուժին։ Անոր այդպիսին ըլլալուն համար, մենք պէտք է փորձենք նկատի ունենալ անոր տնտեսութեան դրամատիրական կառոյցը, քաղաքականութեան իմփերիալիստական նպատակները եւ հակասութիւնները։ Մասնաւորաբար, մենք պէտք է փորձենք հասկնալ թէ՝ Վիէթնամի դէմ ամերիկեան կառավարութեան նախայարձակումի ետին գոյութիւն ունի՞ ցեղասպանութեան դիտաւորութիւնը։ Քանի որ, 1948-ին կնքուած ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման ու պատժումին մասին պայմանակցութեան Յօդ. 2-րդը, ցեղասպանութեան ոճիրը կը սահմանէ դիտաւորութեան հիման վրայ»։

Ապա կը ճշդէ, թէ՝ Հիթլէր բացորոշ կերպով կը խոստովանէր իր դիտաւորութիւնը բնաջնջելու հրեաները՝ անոնց սոսկ հրեայ ըլլալուն համար, բայց ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը բացորոշ կերպով չարտայայտեր նման դիտաւորութիւն Վիէթնամցիներուն դէմ։ Ուրեմն, մենք կրնա՞նք առարկայօրէն քննելով հարցը եզրակացնել, թէ՝ ԱՄՆ-ի կառավարութեան դիտաւորութիւնը բնաջնջել է վիէթնամցիները, բայց այդ դիտաւորութիւնը գաղտնի կը պահէ, զայդ ծածկելով այն պատրուակով, թէ՝ իբր ինք պաշտպանել կ՚ուզէ Հարաւի վիէթնամցիները՝ Հիւսիսի կոմունիստներուն դէմ։

Բայց իրականութեան մէջ, կ՚ըսէ Սարթր, առանց խտրութեան բոլոր վիէթնամցիները Հիւսիսի թէ Հարաւի, կ՚ատեն եանքիները… այլ խօսքով՝ իսկական կոմունիստներ են, իսկ Հարաւի աւատապետ-դրամատէրներու վերնախաւն է միայն, որ իր իշխանութեան պահպանումին համար, կը զինակցի ամերիկեան իմփերիալիստներուն հետ։ Եւ ասոնք՝ ԱՄՆ-ի ռազմամոլները, քաջատեղեակ են այս իրականութեան, եւ վիէթնամցի կոմունիստները կը ջարդեն որպէսզի «օրինակ» ըլլայ բոլոր վիէթնամցի կոմունիստներուն, որոնք կ՚ատեն եանքիները եւ որոնք կը գտնուին ոչ միայն Հիւսիսային, այլեւ՝ Հարաւային Վիէթնամի մէջ։ Ուրեմն, կը ջարդուին իսկական վիէթնամցիները, հայրենասէրները, կոմունիստները, եւ հետեւաբար՝ ցեղասպանութիւն է։

Սարթր դիտել կու տայ որ իմփերիալիստական հանգրուանը թեւակոխած դրամատիրութեան պատերազմները՝ ամբողջական են (Total Wars), որոնց մէջ՝ պատերազմին հարկադրաբար կը մասնակցին երկու կողմերու բնակչութիւնները, որովհետեւ փորձագիտութեան զարգացումը անկարելի դարձուցած է սահմանազատումը պատերազմական գօտիներուն եւ բնակութեան շրջաններուն միջեւ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ առընթերակաց վնասներու (collateral damages), այսինքն՝ քաղաքայիններու սպանութեան, որ յաճախ կը հասնի զանգուածային ջարդերու (mass killings) տարողութեան, որ նմանակն է ցեղասպանութեան… եւ այս տարողականութեան մէջ՝ գրեթէ անկարելի կը դառնայ զատորոշումը դիտաւորութեան (intent) եւ շարժառիթին (motive) միջեւ, եւ այս երկու եզրերը կը դառնան նոյնիմաստ։

«1830 թուականէն ի վեր, կ՚ըսէ Սարթր, եւ 19-րդ դարու ամբողջ տեւողութեան, Եւրոպայէն դուրս տեղի ունեցած էին շարք մը ցեղասպանութիւններ, որոնց մէկ փոքր մասը միայն՝ բռնակալական իշխանութիւններու ձեռամբ, մինչ մնացեալները գործադրուած էին այն վարչակարգերուն կողմէ, որոնք գաղութարարական էին, որոնց ծանօթանալը անհրաժեշտ է՝ հասկնալու համար ԱՄՆ-ի իմփերիալիզմին հզօրացումին գաղտնիքը եւ Վիէթնամի դէմ անոր շղթայազերծած պատերազմին բնոյթը, քանի որ ԱՄՆ-ի ծագումը կը սկսի այդ գաղութարար դրամատիրութեան դեմոկրատիայի համակարգէն, ի մասնաւորի՝ Մեծն Բրիտանիայէն ու Ֆրանսայէն, որոնք ստեղծեցին իրենց գաղթատիրական կայսրութիւնները, զորս անուանեցին «անդր-ծովեան սեփականութիւններ» (overseas properties), կամ՝ «անդր-ծովեան տարածքներ» (térritoires d’outre-mer), որոնց սեփականացումը եղաւ նախայարձակումներով՝ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ թերած երկիրներու դէմ, եւ հերթական ցեղասպանութիւններով», որոնք՝ կ՚ըսէ Սարթր, լոկ ֆիզիքական չէին, այլեւ՝ մշակութային, գաղութացուած ժողովուրդին արգիլելով գործածութիւնը իր մայրենի լեզուին։ (Ի դէպ՝ ալճերիացի ֆրանսագիր գրող՝ Քաթէպ Եասին, որ ծանօթ չէր արաբերէնին, Փարիզի մէջ, 1952-ին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, ֆրանսացիներու ժուրնալիստներու սենտիքային մէջ, եւ իր անձը ներկայացուց հետեւեալ բառերով. «Ես՝ իր հայրենիքին մէջ անգամ իր մայրենի լեզուէն տարագրեալ գրող մըն եմ»։ Իսկ ֆրանսացի գաղութարարներու օրով, տողերուս հեղինակը կը յաճախաէր Հայ Կաթողիկէ Սբ. Եղիա Վարժարանը (Տըպպաս հրապարակի վրայ), ուր արտօնուած էր խօսիլ միայն ֆրանսերէն, եւ հայերէն խօսող աշակերտը կը պատժուէր մուկերու սենեակին մէջ։ Կար signal-ի դրութիւն։ Հսկիչը հայերէն խօսողի գոգնոցի գրպանին մէջ կը սահեցնէր signal կոչուած փայտէ պիտակը եւ ստուգումի պահին կը պատժուէր… (Գ.Տ.)։

Սարթր իրաւացիօրէն հարց կու տայ. «Ցեղասպանութիւն չէ՞, երբ գաղութացուած ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր ազգային անձնաւորութիւնը, իր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, նոյնիսկ՝ մայրենի լեզուն, եւ կ՚ապրի ստորադաս վիճակի մէջ եւ մնայուն կերպով իրեն կը վերյիշեցուի իր ենթա-մարդկայնութիւնը…»։

Նիւրեմպէրկի դատավարութենէն առաջ, կ՚ըսէ Սարթր, ֆրանսացի գաղութարարները չդատուեցան իրենց գործած հերթական տասնեակ հազար ալճերիացիներու ջարդերուն համար, երբ միայն Սէթիֆի մէջ, անոնք ջարդած էին 45,000 ալճերիացի, բայց չէին կրցած բնաջնջել ալճերիացի ամբողջ ժողովուրդը։ Մինչդեռ 1948 թուի պայմանակցութիւնը ցեղասպանութիւն կը նկատէ՝ հաւաքականութեան մը պատկանող միայն մէկ խումբին սպանդն անգամ։ Եւ… ցաւատանջ հարցումը. այդ ինչպէս է որ մենք հանդուրժեցինք ոչ միայն Ատանայի 30,000-ի, այլեւ՝ 1894-1896-ի 300,000 հայերու նահատակութիւնը։ Սարթր կը բացատրէ, թէ՝ «Բ. աշխարհամարտէն վերջ, գաղութներու ժողովուրդները լուսաբանուեցան եւ քաջալերուեցան Մաօ Ցէ Թունկի յաղթանակով, եւ վճռեցին վերաշահիլ իրենց ազգային անկախութիւնը՝ համաժողովրդային կերիլլայական պատերազմի ճամբով»։ Եւ Ալճերիոյ ժողովուրդը հասաւ իր անկախութեան՝ տալով մէկ միլիոն նահատակ։ Բայց, Ալճերիոյ մէջ գաղութարար երկրի քաղաքացիները միայն 10 տոկոսը կը կազմէին երկրի բնակչութեան, բնիկ ալճերիացիները՝ 90 տոկոս։ Մինչդեռ Արեւմտահայաստանի մէջ չէր մնացեր այսպիսի համեմատութիւն, օսմանացի գաղութարարներուն եւ բնիկ արեւմտահայերուն միջեւ։ Սակայն այս դառն փաստը կը թելադրէ այն, որ արեւմտահայութիւնը պէտք էր դիմած ըլլար համաժողովրդային կերիլլայական պատերազմին՝ արդէն 1894-էն… եւ ձեռնածալ չսպասեր 1915-ի Մեծ Եղեռնին…։ Պէտք էր հետեւած ըլլար Արմենական Կուսակցութեան լուրջ, լուռ եւ երկարաշունչ պայքարի ուղեգիծին, եւ ոչ թէ ցուցադրական արկածախնդրութիւններուն…։

Սարթր մանրամասնօրէն եւ մի առ մի կը նկարագրէ Վիէթնամի մէջ ԱՄՆ-ի ուժերուն գործադրած այն բոլոր արարքները, որոնք ճշգրտօրէն կը համապատասխանեն 1948 թուի պայմանակցութեան յիշատակած ցեղասպանութեան արարքներուն, զորս կարելի չէ արդարացնել որպէս Վիէթնամի ժողովուրդը ԱՄՆ-ին ենթարկելու միջոցներ միայն, բայց ալ՝ ցեղասպանութեան դիտաւորութիւն…։ Եւ կ՚եզրակացնէ. «Այլ խօսքով, ճիշդ չէ թէ ԱՄՆ-ը Վիէթնամի ժողովուրդին առիթ կու տայ ընտրելու մահուան եւ ենթարկուելուն միջեւ։ Որովհետեւ՝ յիշեալ պարագաներու պայմաններուն մէջ, արդիւնքը կ՚ըլլայ ցեղասպանութիւն։ Ուրեմն, կրնանք ըսել, թէ՝ ընտրելու եզրերը կ՚ըլլան՝ անմիջական վայրագ սպանութի՞ւն, թէ՞՝ դանդաղ մահը, իբր հետեւանք մտային ու ֆիզիքական առողջութեան վատթարացումին։

Հին ժամանակներու միջ-աշիրէթական, միջ-աւատապետական պատերազմներուն ընթացքին, կ՚ըսէ Սարթր, զանգուածային ջարդերը կրնային կանխածրագրուած չըլլալ, այլ՝ հետեւանքը յանկարծական խելայեղութեան։ Բայց իմփերիալիստական ամբողջական պատերազմները, որոնք կը մղուին ժողովրդային կերիլլաներու դէմ՝ չեն կրնար կանխածրագրուած ու դիտաւորութեամբ եղած չըլլալ։ Եւ՝ Վիէթնամի մէջ ամերիկեան իմփերիալիզմ մղած պատերազմին նպատակը՝ սոցիալիզմի հասարակարգին ամբողջական եւ արմատական տապալումն է, որուն կարելի չէ հասնիլ առանց դիտաւորութեան, կանխամտածումի եւ կանխապատրաստութեան։ Այս իրականութիւնը ընդունեցին ամերիկացի իմփերիալիստներ, երբ յայտարարեցին՝ որ իրենք Վիէթնամի մէջ կը պատերազմին ԱՄՆ-ի ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանութեան համար, եւ եթէ նոյնիսկ Սայկոնի կառավարութիւնը իրենցմէ պահանջէ հեռանալ Վիէթնամէն, չեն կրնար հեռանալ եւ պիտի չհեռանան, մինչեւ որ հասնին իրենց նպատակին։ Եւ այդ նպատակն է՝ կոմունիստ վիէթնամցիներու ցեղասպանութիւնը, ամբողջական ցեղասպանութիւնը։ Եւ այս է գլխաւոր պատճառը ԱՄՆ-ի կառավարութեան մերժումին՝ ստորագրելու 1948 թուի պայմանակցութիւնը՝ ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման ու պատժումին մասին։

Եւ Սարթր կը շարունակէ. «Պայմանակցութիւնը ստորագրելէ այս փախուստը սակայն չի նշանակեր որ ԱՄՆ-ը հրաժարեցաւ ուրիշ ժողովուրդներ ալ ցեղասպանելու իր ծրագրէն։ Ընդհակառակը, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը ներկայացուց չքմեղանք մը, որ շատ աւելի ծանրակշիռ է քան միայն Վիէթնամի մէջ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը։ Ան պաշտօնապէս յայտարարեց՝ որ պայմանակցութեան դրոյթներն ու տրամադրութիւնները կը հակասէին ԱՄՆ-ի շարք մը նահանգներու տեղական օրէնքներուն, եւ այս իսկ պատճառով՝ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը մերժեց ստորագրել այս պայմանակցութիւնը։ Այսինքն, ԱՄՆ-ի շարք մը նահանգներու տեղական օրէնքները դէմ չեն ցեղասպանութեան, եւ ԱՄՆ-ի կառավարութեան համար՝ իր նահանգներուն տեղական օրէնքները աւելի կարեւոր են եւ գերադաս՝ քան պայմանակցութիւնը, որ կը ներկայացնէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին կամքը»։

Սարթր նաեւ ցոյց կու տայ, թէ՝ ցեղասպանութիւնը անպայմանօրէն կ՚ենթադրէ ցեղապաշտական մոլուցք մը, որմէ զերծ չէ՝ ոչ միայն ԱՄՆ-ի տիրող վերնախաւը, այլեւ անոր հասարակութիւնը առհասարակ։ Այս մասին կը վկայէ ԱՄՆ-ի հասարակութեան մէջ ընդհանրացած այն ասացուածքը, թէ՝ «Լաւագոյն վիէթնամցին՝ մեռեալն է»… կամ՝ «Ամէն մեռեալ վիէթնամցի՝ վիէթ-քոնկ մըն է» (այսինքն՝ կոմունիստ…)։ Այստեղ մոլուցք մը կայ, որուն մէջ միաձուլուած են ցեղային ու հասարակարգային բաղադրիչներ։

ԱՄՆ-ի հասարակութիւնը, կ՚ըսէ Սարթր, սպիտակ ցեղին «Ձուլարան»ն է (melting pot), որուն մէջ կը ձուլուին տարբեր ցեղեր եւ ազգութիւններ, եւ ոչ թէ՝ ընդելուզումի ճամբով սերտաճած ու համարկուած հասարակութիւն մը։ Հետեւաբար, հոս ցեղային ատելութիւնը անխուսափելի է՝ սպիտակ ցեղին մենատիրական մոլուցքին պատճառով, որ հիմնուած է Արեւելքի նկատմամբ Արեւմուտքի գերադասութեան հակագիտական յաւակնութեան վրայ, որ նմանն է Հիթլէրի արիական ցեղի գերադասութեան յաւակնութեան՝ արդարացնելու համար ողջ երկրագունտին տիրակալելու իր նպատակը։

Սարթր դիտել կու տայ, որ գաղութարարական պատերազմներն ալ կը մղուէին անհաւասար ուժերու միջեւ, բայց անոնց մէջ ցեղասպանութիւնը սահմանափակուած էր, մինչդեռ իմփերիալիստական ամբողջական պատերազմներուն մէջ՝ զոր այսօր ԱՄՆ-ը կը մղէ Վիէթնամի հողին վրայ, ցեղասպանութիւնն ալ ամբողջական է եւ անսահմանափակ… իսկ թէ ինչու եւ ինչպէս՝ Սարթր կը թուէ հետեւեալ չորս պատճառները.

1) Նոր շուկաներ շահելու համար, իմփերիալիստական գեր-զարգացած տէրութիւններուն միջեւ կատաղի մրցակցութիւնը պատերազմի վերածելու համար կը հրահրուի կոյր թշնամանք անոնց միջեւ, եւ ֆինանսատէրներու շահերուն ազգային ծածկոյթ տալու համար կը մշակուի «բուրժուական ազգայնականութիւն» մը, պատերազմին մէջ ներգրաւելով ամբողջ ժողովուրդը։

2) Այս գեր-զարգացած պետութիւններու զարգացած փորձագիտութիւնը կ՚օգնէ, որ ասոնք արտադրեն առաւել մահաբեր զանգուածային բնաջնջումի զէնքեր, որոնց աւերումի դաշտը կ՚ընդարձակուի, պատերազմի ճակատն ու բանակի թիկունքը իրարու կը մօտենան եւ առընթերակաց մարդկային վնասները (collateral damages) կը բազմապատկուին։

3) Թշնամիին տնտեսական ուժին քանդումը յաղթանակի գրաւականներէն մին ըլլալով, պատերազմական թիրախներ կը դառնան թշնամիին արդիւնաբերական կեդրոնները, որոնք կը գտնուին քաղաքներու արուարձաններուն մէջ, որոնք անմիջական շփման մէջ են քաղաքային բնակչութեան հետ, վտանգելով զայն։

4) Պատերազմին պահանջած ընդհանուր զօրաշարժը կը ծանուցուի որպէս բուրժուական իմաստով համազգային զօրակոչ, բնակչութեան ամբողջութիւնը ներգրաւելով պատերազմին մէջ, աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ ենթակայ դարձնելով մահուան։

5) Պատերազմին հողը կը պատրաստուի ստեղծելով հիստերիայի մթնոլորտ, որուն մէջ տիրող դասակարգին կողմէ ժողովուրդին ձեռնածութիւնը (manipulation) մեծապէս կը հեշտանայ, եւ «հայրենիք»ին բանակը զօրացնելու պարտաւորութիւնը կը զգայ նոյնիսկ այն քաղաքացին, որ դէմ էր պատերազմին եւ չէր մասնակցած պատերազմի որոշումին, եւ շահ մը չէր տեսներ անոր ընդմէջէն, եւ պատերազմը կը դառնայ ամբողջական։

6) Եւ վերջապէս. դասալիք քաղաքացիներու պատժումն ու տուգանումը մեծապէս կը նուազեցնէ անոնց թիւը։ Այս նուազումին կ՚օգնէ նաեւ՝ յաղթանակի պարագային, պատերազմի աւարներէն կարենալ օգտուելու հեռանկարին խայծը։

Սարթր ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը մեղաւոր չի նկատեր իմփերիալիստական պատերազմի ցեղասպանութեան անսահմանափակ ըլլալուն համար։ Այլ՝ մեղաւոր կը նկատէ զայն, այն պատճառով, որ ան նախընտրեց դիմել այս նախայարձակումին, փոխանակ դիմելու խաղաղութեան քաղաքականութեան, քաղաքական բանակցութեան եւ երկխօսութեան քաղաքականութեան, երբ տեսաւ որ հակառակ ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսատէրերու մեծ ընկերութիւններու ճնշումներուն թելադրած այս պատերազմին, ԱՄՆ-ի բանակի բարձրաստիճան զինուորականները կը զգուշացնէին թէ՝ այս պատերազմը չի կրնար հասնիլ իր նպատակին, եթէ չկարողանայ բնաջնջել ամբողջ վիէթնամցի ժողովուրդը։ Այսուհանդերձ, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը նախընտրեց պատերազմը՝ ամբողջ վիէթնամցի ժողովուրդին բնաջնջումը, ուրեմն՝ ունէր ցեղասպանութեան դիտաւորութիւն, որուն համար ալ՝ մեղաւոր է։

Դատարանի նախագահը՝ Ժան-Փոլ Սարթր, իր ուղերձը կ՚եզրափակէ հետեւեալ պարբերութեամբ.

«Երբ վիէթնամցի գիւղացի մը կը մեռնի իր բրինձի արտին մէջ, զգետնուած ըլլալով ամերիկեան գնդացիրով՝ մենք բոլորս հարուածուած կ՚ըլլանք այդ գնդակով։ Հետեւաբար, վիէթնամցիները կռուած կը նկատուին բոլոր մարդոց փոխարէն, եւ ամերիկեան զօրքը կռուած կը նկատուի բոլորիս դէմ։ Ոչ պարզապէս՝ տեսականօրէն կամ վերացականօրէն։ Եւ ոչ այն պատճառով, որ ցեղասպանութիւնը մարդու իրաւունքներու տեսակէտէն տիեզերականօրէն դատապարտուած ոճիր մըն է։ Այլ այն պատճառով, որ այս ցեղասպանական սպառնալիքը՝ քիչ առ քիչ, տակաւ կը տարածուի համայն մարդկութեան դէմ, գալով յաւելուլ միջուկային պատերազմի սպառնալիքին վրայ։ Այս ոճիրը ահա ամէն օր կը գործուի մեր աչքերուն առջեւ, անոր մեղսակից դարձնելով բոլոր անոնք, որոնք չեն դրժեր եւ չեն դատապարտեր զայն։ Այս շրջագիծին մէջ, իմփերիալիստական ցեղասպանութիւնը կրնայ առաւել ծանրակշիռ դառնալ։ Քանի որ այն խումբը, զոր ամերիկացիները կը փորձեն ոչնչացնել վիէթնամեան ազգին ընդմէջէն՝ համայն մարդկութւնն է»։

Ժան-Փոլ Սարթրի այս ուղերձին լոյսին տակ, յստակ կ՚երեւի, որ Մեծ Եղեռնը ամբողջական պատերազմ մըն էր, ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական, որ գործադրեց Ցեղասպանութեան պայմանակցութեան Յօդ. 2-րդի, 3-րդի եւ 4-րդի յիշած բոլոր պատժելի արարքները, որոնց հիման վրայ մենք կրնանք պահանջել պատժումը՝ ոչ միայն ուղղակի ցեղասպաններուն, այլեւ՝ այն ոճրագործներուն, որոնք 1911 թուին Սելանիկի մէջ պատրաստեցին ցեղասպանութեան ծրագիրը, այն իսլամ մոլլաներուն, որոնք Ալլահի անունով կոչ ըրին ջարդերուն, եւ անոնց, որոնք հայ մանուկներ խլելով իսլամացուցին զանոնք, եւ պատժումը նաեւ անոնց, որոնք եղան մեղսակիցները ցեղասպանութեան, անոնք ըլլան պետական մարդիկ թէ անհատ անձեր։ Ժան-Փոլ Սարթր մեղսակից կը համարէ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք այսօր եւս չեն դրժեր ու չեն դատապարտեր ցեղասպանութեան ոճիրը։ Քայզերական Գերմանիան՝ իր ձեռնպահութեամբ, մեղսակիցն էր սիոնափանթուրք երիտ թուրքերուն, իսկ ներկայ Գերմանիան ի վերջոյ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց սիոնական պետութիւնը՝ Իսրայէլ, մինչեւ օրս կը մերժէ դատապարտել զայն, եւ ուրեմն՝ կը մնայ մեղսակիցը երիտ թուրքերուն, մանաւանդ նաեւ այն պատճառով՝ որ Սիոնիզմն էր մանկաբարձը Փանթուրքիզմին, որուն ծրագրի առաջին քայլն էր՝ Հայաստանի վերացումով հողային անմիջական կապ հաստատել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ… եւ միանալ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրներուն, վերականգնելու համար պատմութեան մէջ անգոյ «Մեծն Թուրան»ի կայսրութիւնը, որուն առասպելը հիւսած էին լման կէս դար ամբողջ (1873-1923), ֆրանսացի, գերմանացի, լեհ, աւստրիացի եւ հունգար հրեայ սիոնական գրչակներ, ինչպէս՝ Լէօն Քահիւն, Ալպերթ Քոհէն, Քոնսթանթի Պռոժեցքի, Ֆրանց Ֆոն Վերներ, Արմինիոս Վամպերի եւ ուրիշներ, ծպտուելով թրքական անուններով՝ Թեքին Ալփ, Մուրատ Էֆէնտի, Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա, եւայլն։ (Այս մասին մանրամասն տեսնել՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Սիոնիզմի Եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւնները Եւ Անոնց Սպառնալիքը Հայաստանի Լինելութեան», Պէյրութ, 1990, հրտ. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի)։ Աւելորդ չէ յիշեցնել, թէ՝ Սիոնիզմն ու Փանթուրքիզմը ոչ հրէական եւ ոչ ալ թրքական ծագում ունին, այլ՝ Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու իմփերիալիստական ծրագրեր են։ Եւ ամէն հրեայ սիոնիստ չէ, ամէն թուրք փանթուրք չէ, եւ կան՝ ոչ-հրեայ սիոնականներ եւ ոչ-թուրք փանթուրքներ…։

•  •  •

Երախտագիտութեամբ յիշենք նաեւ այն, որ Պերթրանտ Ռասսելի Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ, 4 Յուլիս 1976 թուին, Ալճերի մէջ գումարուած միջազգային խորհրդաժողովը որդեգրեց Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիրը, որուն Յօդ. 3-րդը կը տրամադրէ «Ամէն ժողովուրդ իրաւունքը ունի իր հայրենիքը վերադառնալու, անկէ արտաքսուելու պարագային»։

Կը մնար ճշդել թէ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ եւ օտարահպատակ բեկորները կը կազմէին ժողովուրդ մը թէ ոչ։ Պերթրանտ Ռասսելի հիմնարկը 1984 թուի Ապրիլի 13-16 օրերուն Փարիզի (Սորպոնի Համալսարան) մէջ կայացուց Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի նիստերը, քննարկելու եւ վճռահատելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը եւ իր արձակած վճիռին առաջին պարբերութեան մէջ ճանչցաւ Հայ Սփիւռքի բնակչութեանց ժողովուրդ մը հանդիսանալու փաստը։

Եւ յաջորդ տարի՝ 1985 թուի Սեպտեմբերին, այս անգամ ալ Լելլիօ Պասսօ Հիմնարկը Վենետիկի մէջ կայացուց միջազգային դատաւորներու, իրաւագէտներու եւ պատմաբաններու Սիմփոզիում մը, որուն եռօրեայ քննարկումներուն եզրակացութիւնը հաստատեց, թէ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները կը լրացնէին ժողովուրդ մը հանդիսանալու չորս պատմամշակութային պայմանները.

1) Հաւաքաբար կը պատկանին դեռեւս ապրող լեզուի մը, կրօնի մը եւ մշակոյթի մը։

2) Ունին հասարակաց պատմութիւն եւ հաւաքական յիշողութիւն։

3) Դարերով ապրած են իրենց պատմական հայրենիքին մէջ։

4) Ունին այն հաստատ համոզումը թէ կը պատկանին միւս ժողովուրդներէն տարբեր եւ ինքնուրոյն ժողովուրդի մը։

Եւ կը մնայ որ լրացնեն կազմակերպչական պայմանը՝ Կազմակերպելով զիրենք ներկայացնող կեդրոնական եւ միակ լիազօր կառոյցը, որուն կառավարման ենթարկուելու պատրաստակամ են։

Այլ խօսքով, կը մնայ որ ստեղծենք Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը։

http://www.keghart.com/Derderian-Sartre-Genocide

 

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert