Այլեւս յստակ է, որ Երեւանէն որոշ մարդիկ, քաղաքական վերապրումի իբրեւ միակ միջոց, համակարգուած, նախապատրաստուած եւ թունաւոր պայքարի կ՚ուղղորդեն Սփիւռքեան կառոյցները՝ ներկայ իշխանութիւնները վարկաբեկելու բացայայտ միտումով։ Եւ ի՞նչ է իշխանութիւններու դէմ գործածուող մեղադրանքները.

1. Ներկայ իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մարդիկն են։ Եկած են յարութիւն տալու ԼՏՊ-ի ծրագիրներուն։

2. Ներկայ իշխանութիւնները Սորոսի դրածոներն են։ Արեւմտամէտ են եւ ամերիկամէտ։ Եկած են քանդելու ազգային արժէքներն ու հայրենիքը։

3. Արդէն պարզ է, ուրեմն, որ ներկայ իշխանութիւնները Արցախը պիտի յանձնեն Ադրբեջանին եւ մեծ զիջումներ պիտի ընեն։

Բնական է, ոեւէ հայ մարդ, պիտի սարսափի այս բաները լսելով, մանաւանդ եթէ հեռաւոր վայրերու մէջ ապրելով՝ չի գիտեր հայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւններու նրբերանգները։

Ապացոյցները որ կը բերուին, անցեալի հետ համեմատութիւններ են, ենթադրութիւններ, վերլուծութիւններ։

Ես անձամբ ոչ մէկ ապացոյց ունիմ հաւատալու կամ չհաւատալու վերի պնդումներուն։ Բայց վերջին շրջապտոյտիս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի քաղաքներ, տեսայ, թէ որոշ շրջանակներու մէջ ինչպէս բառացիօրէն կը կրկնուի նոյն յանկերգը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մարդիկը, Արցախի յանձնումը, Ամերիկան։

Արդէն ես ամբողջութեամբ կորսնցուցած եմ յոյսս, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի կրնան բարձրանալ։ Ընդհակառակը, շուտով պիտի տեսնենք օրէ օր սաստկացող պայքար՝ նոր իշխանութիւններուն դէմ։ Սուտն ու իրաւը, ճիշդն ու սխալը իրար պիտի խառնուին եւ ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի, փաստելու, որ «մենք ճիշդ էինք, Նիկոլը՝ սխալ։ Մենք հերոս ենք, Նիկոլը՝ դաւաճան»։

Եւ միակողմանի պիտի չըլլայ այս յարձակումը։ Նոր իշխանութիւնները պիտի հակադարձեն նոյնքան եւ աւելի ուժգին, ու պիտի այրին կամուրջները շատերու միջեւ, պիտի խզուին կապերը կողմերու միջեւ։

Յուսամ, որ սխալ եմ։ Յուսամ, որ դեռ կ՚անդրադառնանք, թէ ներազգային մթնոլորտը շիկացնելով ո՛չ Հայաստանը, ոչ ալ հայ ժողովուրդը բան պիտի շահի։

Գիտեմ, հիմա շատեր պիտի ըսեն, որ միւսներն են մեղաւորը, իրենք սկսան, մեր դէմ պատերազմ հռչակեցին։ Գիտեմ որ շատեր պիտի խարազանեն նաեւ զիս՝ այս գրառմանս համար։

Գիտեմ այս բոլորը։ Ու այդ պատճառով, շատ աւելի մտահոգ եմ։

Լաւ չ՚երեւիր ապագայ յարաբերութիւններու ընթացքը։ Ցաւալի է ու աւելի՛ն։ Վտանգաւոր է։

Աստուած վերջը բարին ընէ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Աղբյուրը՝ https://www.aniarc.am

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert