Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 12 Նոյեմբեր 2018

Աւելի քան հազարամեակ մը առաջ, ԹՈՆՏՐԱԿԵԱՆ բարենորոգչական հայկական յեղափոխութիւնը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին դէմ, միաժամանակ ուղղուած էր հայկական աւատատիրական հասարակարգին դէմ, քանի որ էսթապլիշմէնթը նոյնացած էր այդ հասարակարգին հետ, ինքն ալ աւատատէր դառնալով…։ Կաթողիկոսներէն մին՝ ոմն (Պետրոս Գետադարձ) Պլուզ կոչուող, սեփականատէրը դարձած էր շուրջ 500 հայկական գիւղերու։ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս, որ համամիտ էր թոնտրակեցիներու քննադատութիւններուն, խիստ կերպով կը քննադատէր եպիսկոպոսները, որոնք բռնութեամբ եւ արծաթասիրութեամբ զբաղած էին, եւ այլազան մեքենայութիւններով կը կողոպտէին գիւղացիները, եւ հարստութիւն կը դիզէին (տես՝ Ներսէս Շնորհալի, «Թուղթ Ընդհանրական», 1865, էջ 65-66)։

Այս հայկական բարենրոգչական յեղափոխութիւնը, աւելի քան հինգ դարով, նախորդած էր՝ Արեւմտաեւրոպական «Բարենորոգութիւն»ը (La Réforme, The Reformation), որուն չորս առաջնորդներէն միայն՝ գերմանացի Թովմաս Մունձէրի (Thomas Munzer) շարժումն էր, որ հասած էր թոնտրակեցիներու յեղափոխականութեան աստիճանին։ Միւս երեքը՝ Լուտեր, Կալվին եւ Ձուինկլի, գոհացան միայն եկեղեցւոյ ներքին բարենորոգութեամբ ու զինակցեցան՝ այս անգամ, բարձրացող դրամատէրներու (պիւրկերներու) դասակարգին հետ։ Մինչ այդ արդէն, Արեւմտաեւրոպական «Վերածնութենէն» (Renaissance) դար առաջ, ծնունդ առած էր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ կ՚ազդարարէր աւատատիրութեան մայրամուտը եւ դրամատիրութեան գալուստը՝ Անիի թագաւորութեան մէջ։

Նիկոլայ Ադոնց, իր «Պատմական Ուսումնասիրութիւններ» աշխատասիրութեան մէջ (Փարիզ, 1948, էջ 47) գրած է. «Մինչ Անիի թագաւորութեան մէջ, աւատապետութեան վերջին ճառագայթներն ալ կը մարէին, Արեւմուտքը նոր էր որ կ՚ողջունէր աւատապետութեան արշալոյսը»։ Իսկ Մանանդեան՝ իր կարգին, կը վկայէ թէ՝ Անիի եւ Բագրատունեաց թագաւորութեան մշակութային կեանքը կը գտնուէր զարգացման աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան Արեւմտեան Եւրոպայի միջնադարեան քաղաքներունը (տես՝ Վազգէն Չալոյեան, «Հայկական Ռենեսանս», Երեւան, 1964, էջ 112)։ Նոյնպէս, արաբ մշակոյթը, եւ յատկապէս գիտութիւնը, հասած էին Արեւմտաեւրոպայէն աւելի բարձր մակարդակի։

Իսկ 20-րդ դարու 60-ականներուն, Լատին Ամերիկայի կաթոլիկ եպիսկոպոսներն ու աստուածաբանները, հրաժարելով Վատիկանի միջնադարեան խաւարի տարիներու դպրական (scholastic) աստուածաբանութենէն, մշակեցին Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնը (Theology of Liberation), որ աւելի արմատական յեղափոխութիւն մը եղաւ, քան՝ թոնտրակեանը, եւ որուն հետեւորդներէն էր Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի կաթոլիկ առաջնորդը՝ Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ, որ այժմ Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Ա. Պապն է, որ կը բարենորոգէ այսօր Կաթոլիկ Միջնադարեան Եկեղեցին։

Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութիւնը՝ Նազովրեցի Յիսուսը կ՚անուանէր ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻ, ոչ՝ Քրիստոս։ Հազար տարի յետոյ, ֆիլմի բրիտանացի բեմադրիչ Մարք Տորըն Ֆորմէյ, 2006 թուի Յունուարին, ԱՄՆ-ի մէջ ցուցադրեց «ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻ» անունով իր ֆիլմին première-ը։ Տորըն Ֆորմէյի պատկերած Յիսուսը հակապատկերն է Արեւմուտքի ցարդ պատկերած՝ սպիտակամորթ, խարտեաշ մազերով, կապուտաչեայ, խոնարհ ու հեզահամբոյր Քրիստոսին։ Հոս՝ Յիսուս ափրիկեցի սեւամորթ է, սեւ մազերով, սեւաչեայ, եւ՝ ըմբոստ-յեղափոխական…։ Բեմադրիչը կը բացատրէ, թէ՝ իր նպատակն է հերքել Վատիկանի կեղծումը՝ Յիսուսի անխտրական, մարդասիրական եւ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան առաքելութեան։ Ան՝ Վատիկանը կ՚ամբաստանէ «Հռովմէական Սուրբ Կայսրութեան» (The Holy Roman Empire) հետ մեղսակցած ըլլալու յանցանքով, սպիտակ ցեղի բացարձակատիրութիւնը բոլոր գունաւոր ցեղերուն պարտադրելու նպատակը հետապնդած ըլլալուն համար։ Նաեւ՝ սպիտակամորթ Քրիստոսը Աստուծոյ Որդի հռչակելով, սպիտակամորթները իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալները ներկայացնելու խտրականութիւնը սերմանած ըլլալուն համար։ Ան՝ այս կեղծումը՝ Յիսուսի առաքելութեան ժխտումին համազօր ոճիր կը համարէ, եւ՝ իրաւացիօրէն, քանի որ Նազովրեցի Յիսուս՝ թագաւորներուն, աւատատէրներուն եւ հարուստներուն ու իշխանաւորներուն հետ չէր, այլ՝ աղքատներուն, պարզ ժողովուրդին, յոգնած եւ տառապեալներուն, շահագործուողներուն եւ բեռնաւորուածներուն։

Դժբախտաբար, այսօր չունինք Թոնտրակեան յեղափոխութեան ամբողջական ծրագիրն ու դրոյթները ամփոփող մատեան մը, քանի որ էսթապլիշմէնթը եւ աւատատիրական իշխանութիւնները, նաեւ՝ Բիւզանդիոնի աջակցութեամբ, ոչ միայն արեան մէջ խեղդեցին յեղափոխականները, այլեւ՝ հրոյ ճարակ դարձուցին անոնց գրականութիւնը եւ քանդեցին անոնց ժողովավայրերը։ Միայն էսթապլիշմէնթին ծառայող բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ հակաթոնտրակեան թունալից գրութիւններուն մէջ՝ թոնտրակեցիներու խօսքերէն կատարուած մէջբերումները՝ մեր պատմաբանասէրներուն կողմէ հաւաքուած են՝ 11 սկզբունքային կէտերու մէջ, զորս պիտի պարզենք քիչ անդին։

Այս արիւնալի հալածանքին հետեւանքով, հայ թոնտրակեաններ ապաստան կը գտնէին դրացի արաբ ժողովուրդին մօտ, որ նոյնպէս կը բոլորէր իր վերածնութեան դարաշրջանը՝ Եւրոպայէն չորս դար առաջ, ուր Իսմայիլեան Շարժումը կը պայքարէր Աբբասեան ապականած իշխանութեան դէմ, կրօնական եւ հասարակարգային բարենորոգումի պահանջով, քանի որ իսլամը զուտ հոգեւոր կրօն մը չէ, այլ՝ աստուածապետական (Theocracy). անխզելի կերպով թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ պետական։ Փոխադարձաբար, Իսմայիլեան Շարժումի ղեկավարներ ապաստան կը գտնէին Դուինի մէջ, Բագրատունեաց օրով։ Ասոնց Սմբատ Զարեհաւանեցին, առաջնորդը՝ Իպն Նաֆիս էլ-Տապիլին էր։

Թոնտրակեան յեղափոխութեան սկզբունքնոերը եղած են հետեւեալները.

  1. Նազովրեցի Յիսուս Մարդու Որդի էր եւ յաւերժ կոյս Մարիամի «անարատ յղութիւն»ը վերջէն հնարուած սուտ մըն է։
  2. Նոյնպէս հնարովի սխալ մըն է, թէ՝  մարդկութիւնը արդէն փրկուած է Քրիստոսի գալուստով։ Ուրեմն՝ ա՛յս անցաւոր աշխարհին եւ արցունքի հովիտին մէջ, այլեւս բարեփոխուելիք բան չէ մնացած, եւ՝ «արտաքոյ եկեղեցւոյ՝ չիք փրկութիւն» (լատիներէն՝ Extra eclesium nulla salus)։
  3. Մերժում Հին Կտակարանի եւ վերջէն աւելցուած բոլոր աւելորդաբանութիւններուն։

4. Մերժում՝ եկեղեցւոյ ներքին իշխանակարգին, քանի որ հոգեւոր կեանքին մէջ չկան քաղաքական իշխանութեան աստիճաններ։

5. Պարզացնել պաշտամունքի եւ ծէսերու արարողութիւնները, որոնք վերջէն հնարուած են՝ եկեղեցականներու հեղինակութիւնը զօրացնելու եւ անոնց նիւթական հարստութիւնը աւելցնելու շահադիտութեամբ…։

6. Մերժում՝ կնունքի (մկրտութեան) արարողութեան եւ խաչի երկրպագումին, որ կռապաշտութիւն է։ Քանի որ, միւռոնը եւ խաչին փայտը եւ երկաթը նիւթեր են, իսկ մենք՝ «ոչ եմք խաչապաշտք, այլ՝ աստուածապաշտք»…։

7. Եկեղեցին մե՛նք՝ մարդիկս ենք, ուր որ ալ հաւաքուած ըլլանք, եւ ոչ թէ քարէն ու կիրէն շինուած կառոյցը…։

8. Հռչակել՝ պատկերամարտութիւն (Iconoclastie), քանի որ պատկերապաշտութիւնն ալ կռապաշտութիւն է, «իսկ մենք՝ ոչ եմք նիւթապաշտք, այլ՝ աստուածապաշտք»։

9. Դրախտը եւ դժոխքը հնարովի բաներ են։ Այս երկու իրարու հակադրուող բաներու բովանդակած կեանքի վիճակները կը գտնուին ա՛յս աշխարհին մէջ, քանի որ՝ Աստուած ամէն տեղ է, բնութեան եւ մեր մէջ արդէն։ (Այս վերջին դրոյթը նմանակն է համաստուածութեան դրոյթին, որ ծանօթ է Panthéism անունով)։ Դրախտը եւ դժոխքը այս աշխարհին մէջ կը կառուցուին մարդոց կողմէ։ Դրախտը՝ այն մարդոց կողմէ, որոնց այցելած կ՚ըլլայ Ս. Հոգին եւ անոնք գործած կ՚ըլլան Ս. Հոգիին թելադրածը։ Իսկ դժոխքը՝ այն մարդոց կողմէ, որոնք հետեւած կ՚ըլլան Սատանային։

10. Հռչակել ունեցուածքի եւ իրաւունքներու հաւասարութիւն՝ բոլոր մարդոց միջեւ, ներառեալ՝ տղամարդոց եւ կանանց միջեւ։ Քանի որ Աստուած մարդիկը կը ստեղծէ իր պատկերով, եւ ուրեմն՝ բոլորը հաւասար են իրարու, առանց խտրութեան…։ Անոր մօտ չկան ընտրեալներ եւ անիծեալներ։

11. Մերժում՝ ահեղ դատաստանի օրին, եւ՝ սկզբնական մեղքի հնարովի հասկացութիւններուն, քանի որ զիրար կը ժխտեն։ Իսկ նորածինը՝ չի կրնար հազիւ ծնած, մեղք գործած ըլլալ…։

Այս բոլորը իրօք հնարովի են, գոյութիւն չունին Նազովրեցի Մարդու Որդի Յիսուսի քարոզներուն մէջ։ «Այս բոլորը գոյութիւն չունին մեր կրօնքի մաքրամաքուր սկզբնաղբիւրին մէջ, որուն կ՚ուզենք վերադառնալ», կ՚ըսէին թոնտրակեցիները։ Անոնց քարոզած գաղափարները շատ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէին ժողովուրդին մօտ։ Այս մասին կը խոստովանի բուռն հակաթոնտրակեան Արիստակէս Լաստիվերտացին՝ հետեւեալ բառերով. «Թոնտրակւոց ԲԱՆՔ (իմա՝ խօսքերը) իբրեւ ԶՔԱՂՑԿԵՂ ճարակին. զի որպէս ախտն այս՝ դժուարին է առ ի բժկշել եւ ի նոցանէ ըմբռնեալքն հազիւ կարեն կալ յակաստանի» (տես՝ Ա. Լաստիվերտացի, «Պատմութիւն», Թիֆլիս, 1912, էջ 144-148)։

Ներկայիս, Հայց. Եկեղեցին բարենորոգելու հարցին հանդէպ կը տիրէ խորին անտարբերութիւն։ Իսկ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցին որդեգրած է՝ միայն կարգ մը Թոնտրակեան սկզբունքներ։

Գերմանացի ծանօթ հոգեվերլուծաբան Զիկմունտ Ֆրէօյտի դպրոցի այլախոհ հետեւորդ Էրիք Ֆռոմ (Eric Fromm), այս հնարովի դրոյթները մերկացուցած է, իր «Քրիստոսի Տոկման» (The Dogma of Christ) վերնագրով հատորին մէջ, ցոյց տալով՝ Յիսուսը Քրիստոս կոչելու նենգափոխումի ետին թաքնուած շահադիտութիւնները՝ նենգափոխումի հեղինակներուն մօտ, որոնք միայն եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթն ու աւատատէրներն ու դրամատէրները չեն, այլեւ՝ սիոնականներ…։ (Այս վերջիններուն կողմէ՝ սուրբ գրային տեքստերուն մէջ սահեցուած նենգափոխումները կը կեդրոնանան «Սիոն»ի եւ «Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ»ի փառաբանումին շուրջ։ Եւ այս լոյսին տակ, ամէն ուշադիր ընթերցող այդ տեքստերուն, դիւրաւ կը տեսնէ սիոնական քարոզչութիւնը ատոնց մէջ։ Նոյնիսկ՝ Տէրունական Աղօթքին մէջ սահած է «եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն» սրբապղծումը… Աստուած սատանա՞յ է որ մեզ տանի փորձութեան…)։

Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը, հետեւելով Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան ուսմունքին, այսօր կ՚աշխատի վերակենդանացնելու Յիսուսի անաղարտ քարոզները։

Ձեռքի տակ ունինք մի քանի համար “L’osservatore Romano” պաշտօնաթերթի շաբաթական ֆրանսատառ եւ անգլիատառ յաւելուածներէն, որոնց մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին Պապի նորագոյն քարոզները, զորս կ՚ուզենք յանձնել ընթերցողներու ուշադրութեան՝ անոնք ըլլան աշխարհականներ թէ եկեղեցականներ, մասնաւորաբար՝ հայ եկեղեցականներ, որոնք շատ հեռացած են կրօնքին սկզբնաղբիւրէն, եւ տակաւին անտարբեր կը մնան Հայց. Եկեղեցւոյ բարենորոգումի անհրաժեշտութեան հրամայականին հանդէպ։

Այս 21-րդ դարուն մէջ, անոնք կարիքը ունին ծանօթանալու եւ հետեւելու ոչ միայն Հայ թոնտրակեցիներու հարցադրումներուն, այլեւ՝ քայլ պահելու բարենորոգութեան ու վերածնութեան դարաշրջանի լուսաւորութեան, եւ՝ ազատագրութեան աստուածաբանութեան ազատագրական գաղափարներուն հետ, որոնք էքիւմենիզմի դարաշրջանի հիմքը պէտք է կազմեն։

Վատիկանի պաշտօնաթերթի 21 Մայիս 2018 թուակիր թիւ 21 համարի ֆրանսատառ յաւելուածին մէջ կարդացինք «Որքա՜ն Ցաւ Կ՚արթնցնէ Կազզա Անունը» վերնագիրը։ 20 Մայիսին, Պենտէկոստէի առիթով, Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի մատուցած պատարագին իբր քարոզ տուած իր խօսքերուն մէջ, ան ըսած է.

«Ս. Հոգին՝ հով մը կը փչէ, որ շատ բան կը փոխէ։ Թող խաղաղութիւն բերէ Կազզայի տառապող ժողովուրդին, այրերուն, կանանց եւ մանուկներուն։ Ս. Հոգին երբ փչէ՝ ձեզ ալ կը փոխէ։ Ձեզ ալ կը մղէ աշխատելու՝ Կազզայի խաղաղութեան համար, ձեզ արթնցնելով ձեր մտքի քունէն ու ծուլութենէն, ձեր անտարբերութենէն։ Եւ այդպիսով՝ կը փոխէ նաեւ աշխարհը դէպի լաւը, դէպի՝ խաղաղութիւն։ Ս. Հոգին՝ ձեզ կը զօրացնէ եւ այլեւս չէք վախնար, կ՚ազատագրուիք ձեր ընդարմացումէն եւ կը դիմադրէք բոլոր տեսակի դժուարութիւններու։ Եւ՝ բոլոր անոնց, որ կիսամիջոցներով կը գոհանան, քաջութիւնը կու տայ՝ ձեռնարկելու ամբողջական միջոցներու…»։

Խաշուքճիի մը մահով՝ գերաշխոյժ դրամատիրական աշխարհը, դրամական շահոյթի շարժառիթէ մղուած, անտարբեր է Եմէնի եւ Կազզայի մէջ սպաննուող ու սովամահ եղող հարիւր հազարաւոր մարդոց եւ մանուկներուն նկատմամբ։ Ճշմարիտ հոգեւորական Պապը սակայն, անտարբեր չի մնար, եւ Պենտեկոստէի առիթով, բոլոր մարդոց կը քարոզէ անտարբեր չմնալ եւ աշխատիլ անոնց օգնելու համար։

Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, իր հողային դատին համար, կրնա՞յ զօրակցութիւն սպասել՝ անտարբեր դրամատիրական աշխարհէն, եւ գոհանալ՝ անկէ մուրալով լոկ Ցեղասպանութեան սոսկ բարոյական, պղատոնական, շրթնային ու կեղծ ճանաչում, փոխանակ՝ տէր կանգնելու իր արդար դատին եւ նախաձեռնելու՝ իր հայրենիքի ազատագրումին։ Այս լոյսին տակ, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պէտք է շարունակէ մնալ աղաչող պահանջատէ՞ր, թէ՞՝ հետեւիլ նախաձեռնող իրաւատէր ռահվիրաներուն…, որոնք կ՚աշխատին 2004 թուականէն ի վեր։

Նշեալ պաշտօնաթերթի 31 Մայիս 2018 թուակիր թիւ 22 համարի ֆրանսատառ յաւելուածին մէջ, Պապը կը յայտարարէ.

«Անքակտելի կապ մը կայ մարդոց յարգանքի արժանի բարոյականին եւ հանրային հարստութեան միջեւ։ Ամէն տնտեսական ու ֆինանսական համակարգի բարոյական դերակատարութեան մէջ գտնուող այս կապն է՝ եկեղեցւոյ սոցիալական վարդապետութեան իմաստուն սկզբունքը, որ ամբողջութեամբ բացակայ է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄի համակարգին մէջ։ Այս սկզբունքը պէտք է ըլլայ՝ էքիւմենիզմի շարժումին ՆՇԱՆԱԲԱՆը։ Տնտեսական արդարութեան, մարդոց իրաւահաւասարութեան, հասարակութեան հանդէպ՝ պատասխանատւութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան յարգումին այս սկզբունքները պահպանեցէք։ ՏՆՏԵՍԱԿԱՐԳ մը պէտք չէ խզուի ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ, ինչպէս՝ ՀԱՒԱՏՔԸ եւ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ անխզելի են, երկատում (Dichotomy) չկայ իրենց միջեւ»։

Ֆրանչիսկոս Ա. այս ելոյթ ունեցած է Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի հիմնած Centessimus Annus Հիմնարկի 25-րդ տարեդարձին առիթով, 26 Մայիս 2018 թուին գումարուած խորհրդաժողովի բեմէն, մեկնելով՝ «Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սոցիալական վարդապետութիւն»էն, մերկացնելու համար դրամատիրական «Համաշխարհայնացում»ին անբարոյականութիւնը եւ անմարդկայնութիւնը, անուղղակիօրէն թելադրելով այդ հասարակարգին վերացումը, որուն այլընտրանքն է՝ սոցիալիստականը…։

Ֆրանչիսկոսեան Վատիկանի այս հոգեւորական նոր առաքելութեան ի տես, Հայց. եկեղեցին ունի՞ արդեօք սոցիալական տոքթրինա, որպէս նոյնպէս հոգեւորական հաստատութւն, որ կեցուածք մը ունի՝ դրամատիրական «Համաշխարհայնացում»ին հանդէպ։ Կեցուածք, որ քննադատական է, երբ մեր զոյգ աթոռներու գահակալները նոյնացած են օլիգարխիկ եւ դրամատիրական համակարգերուն հետ…։ Հայց. Եկեղեցին ե՞րբ պիտի զարթնի իր ձմեռնաքունէն. աւելի ճիշդը՝ իր մահաքունէն…։ Մահաքուն, որ կը շարունակուի հազար տարիներնէ ի վեր, երբ հանճարեղ Գրիգոր Նարեկացին՝ որդին Խոսրով Անձեւացիի, որ կը յարէր թոնտրակեան բարենորոգութեան սկզբունքներուն, ինք եւս կը բաժնէր զանոնք, բայց չէր մասնակցեր շարժումին, խնայելով իր «Մատեան Ողբերգութեան» միջազգային գլուխ-գործոցին հրոյ ճարակ դառնալու ստոյգ ճակատագիրը։ Քանզի ինք արդէն իր այդ երկով հերքած էր խաւար դարերու դպրական քարոզը, եւ մարդոց տուած՝ յոյսը, մինչեւ իսկ՝ աստուածայինը հասնելու… («Աստուած իսկ լինել»)։ Եւ աւելի քան հազար տարի վերջ է՝ որ այսօր՝ Ֆրանչիսկոս Ա. կ՚ըսէ միայն թէ՝ մարդիկ քաղաքականութեամբ զբաղելով, կրնան սուրբ դառնալ…։ Եւ իրօք, սուրբեր չէի՞ն Վարդան Մամիկոնեանը, Անդրանիկ Օզանեանը, Ստեփան Շահումեանը եւ Էռնեսթօ Չէ Կեվարան։ Այսօր ո՞ւր են գէ՛թ հոգեւորական սուրբերը…։

Նշեալ պաշտօնաթերթի 1 Յունիս 2018 թուակիր անգլխատառ յաւելուածին մէջ, Ֆրանչիսկոս Ա. կը խօսի Ս. Հոգիին մատուցած «նուէրներ»ուն մասին, “The Abundant Gifts of the Holy Spirit” վերնագրին տակ, եւ կ՚ըսէ.

«Ս. Հոգին մեզի կը մատուցանէ՝ իմաստութիւն, մարդոց հանդէպ յարգանք, արդարութեան հանդէպ ակնածանք, ճշմարիտ հեղինակութեանց հանդէպ պատկառանք, իսկ ճնշող հեղինակութեանց հանդէպ՝ դիմադրանք։ Ս. Հոգին կ՚այցելէ ձեզի, երբ աղօթէք եւ խնդրէք իրմէ՝ որ օգնէ ձեզի, որպէսզի գիտնաք թէ ի՞նչ պէտք է որ ընէք։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Մեսիան, եւ շարժեցաւ Անոր թելադրած առաքինութիւններուն համաձայն, որպէսզի կենսագործէ իր առաքելութիւնը այս երկրին վրայ։ Այսինքն. ինքնահսկում, ինքնազսպում, ազնւութիւն, համբերատարութիւն, մարդասիրութիւն, հաւատարմութիւն, հաւատք մարդոց հանդէպ, եւ՝ խաղաղասիրութիւն»։

Այս առաքինութիւններէն՝ հաւատք եւ յարգանք մարդոց հանդէպ, արդարութեան հանդէպ ակնածանք, մարդասիրութիւն, համբերատարութիւն եւ ճնշող հեղինակութեանց դէմ՝ դիմադրանք առաքինութեանց պիտի անդրադառնանք քիչ վերջ։

Վերոնշեալ պաշտօնաթերթի 7 Յունիս 2018 թուակիր ֆրանսատառ յաւելուածին մէջ, Ֆրանչիսկոս Ա. կը խօսի վախի եւ բռնութեան հանգոյցները քակելու մասին՝ “Défaire les noeuds de la peur et de l’oppression” վերնագրին տակ։

Պապը, նախ՝ իրաւացիօրէն, կը մատնանէշ իրաւականին եւ օրինականին միջեւ գոյութիւն ունեցող մեծ տարբերութիւնը։ Եւ՝ իրաւականը կը գտնէ միշտ բարոյական, իսկ օրինականը՝ ոչ միշտ բարոյական։ Որովհետեւ՝ իրաւականին հիմքը իրաւունքն է, իսկ օրինականինը՝ օրէնքը, որ երբ զայն դնող օրէնսդիրը անարդար է, իր դրած օրէնքն ալ անարդար է եւ հակաբարոյական։ Ապա կ՚ըսէ.

«Բռնութեան դիմաց պէտք չէ ԱՆՏԱՐԲԵՐ մնալ, անշարժ մնալ, եւ սպասել որ բան մը փոխուի ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ կողմէ, այլ՝ պէտք է ԲՈԼՈՐՍ ՄԻԱՑԱԾ՝ քաջաբար ԴԻՄԱԴՐԵՆՔ բռնութեան եւ անիրաւութեան, հետեւելով՝ Յիսուսի օրինակին, քալելով անոր հետ, անոր հետքերով, որպէսզի արժանի ըլլանք ԱՆՈՐ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ»։

Այս եւ վերը մեր շեշտած առաքինութիւնները ի՞նչով կը տարբերին Կոմունիզմի արժեհամակարգէն եւ յեղափոխութեան կոչէն։ Ոչ մէկ բանով։ Եւ արդէն՝ նոյնինքն Պապը, առիթով մը, լրագրողներու հարցումին պատասխանած է հետեւեալը.

«Ոչ, այս խօսքերս համայնավարներէն չէ որ առած եմ, այլ՝ անոնք են, որ սորված են Յիսուսէն, որ անոնցմէ առաջ երկիր եկած էր»։

Իսկ Յիսուսի ակնարկած «Արքայութիւն»ը Երկիր մոլորակէն դուրս չի գտնուիր, ինչպէս ըսած են արդէն Հայ թոնտրակեցիները հազար տարի առաջ, քանի որ Աստուած ամէն տեղ է՝ բնութեան եւ մեր ալ մէջ։ Դրախտը եւ դժոխքը կը գտնուին դժոխքային հասարակարգերուն մէջ, իսկ դրախտը՝ դրախտային հասարակարգերուն մէջ, ինչպէս կ՚երգեն սոցիալիստներն ու կոմունիստները, որոնք կ՚ուզեն հիմնել դրախտանման հասարակարգ։

1998 թուին, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Յիսնամեակի հանդէսին, Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ, ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Հայաստանի Կոմունիստ» թերթի խմբագիր եւ Արեւելահայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, արձակագիր եւ բանաստեղծ Նորիկ Պետրոսեանը։ Յաջորդ օրերուն, միասին այցելեցինք հայկական վարժարաններ, մոռացութեան չտալով՝ Անարատ Յղութեան Քոյրերու Սբ.Հռիփսիմեանց Վարժարանը, յատուկ ժամադրութեամբ։ Հաւաքուած աշակերտութեան՝ Նորիկ Պետրոսեան խօսեցաւ, ջերմ հայրենասիրական ու լայնահորիզոն ազգասիրական շունչով, որուն հմայքով, աշակերտները ապրեցան հայրենական ձայնին առթած հպարտութեան բերկրանքը։ Ապա, ուսուցչարանին մէջ, հիւրասիրուեցանք եւ զրուցեցինք Հայաստանի եւ համայն աշխարհի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Այդ ընթացքին, Քոյր Թէոպիստէն եղաւ զրուցողներուն մէջէն՝ սոփրանօ քոլորաթուրան, իր բարձրահունչ համարձակախօսութեամբ։ Բայց երբ հրաժեշտ կ՚առնէինք, Քոյր Թէոպիստէ՝ վարանումով ու մեղմաձայն ըսաւ. «Թոյլ կու տա՞ք հարցում մը։ Այդ ի՞նչպէս է որ դուք՝ համայնավարներ, յարգեցիք, պատուեցիք եւ այցելեցիք մեր քրիստոնեայ վարժարանը»։ Տողերս գրողը՝ իր առաջին թենորի ձայնով եւ ինքնավստահութեամբ, պատասխանեց. «Քոյր Թէոպիստէ, այստեղ զարմանալու բան մը չկայ։ Դուք քրիստոնեայ ՀԱՅԵՐ էք, մենք ալ կոմունիստ ՀԱՅԵՐ։ Եւ չէ՞ որ մենք՝ կոմունիստներս, արդէն համոզուած ենք եւ խոստովանած, թէ՝ առաջին կոմունիստը Նազովրեցի Մարդու Որդի Յիսուսն էր։ Հիմա՝ մի՛ շտապէք եւ յանպատրաստից մի՛ պատասխանէք մեր այս համոզումին։ Ժամանակ տուէք, խորապէս մտածեցէք, պրպտեցէք, վերլուծեցէք եւ բաղդատեցէք մեր եւ ձեր արժեհամակարգերը, եւ պիտի տեսնէք՝ ի վերջոյ, որ մեր այս համոզումը ճիշդ է»։ Ան պահ մը լուռ մնաց, ապա՝ ժպտաց հարցական միմիքով, եւ՝ կանացի ամօթխածութեամբ, ցած ձայնով «լա՜ւ» մը ըսաւ։

Տարիներ ետք, երբ Սարգիս Նաճարեան հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին մասին իր հատորը, որմէ մէջբերած էի այս հարցին մասին Պապի պատասխանը լրագրողներու հարցումին, ցաւեցայ որ Քոյր Թէոպիստէ արդէն վախճանած էր։

Այժմ կը յիշեմ նաեւ՝ «Մեծ Տան Զաւակ», կոմունիստ գրող Հրաչեայ Քոչարի այցելութիւնը՝ ո՛չ միայն Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, այլեւ՝ հոն եղող Սիմոն Վրացեանի գրասենեակին՝ Յակոբ Իսկենտէրեանի եւ իմ ընկերակցութեամբ, քանի որ դաշնակցական, հակակոմունիստ Ս. Վրացեանը եւ Ճեմարանի ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը ՀԱՅԵՐ էին՝ կոմունիստ Հրաչեայ Քոչարին նման…։ Եւ կոմունիստ հայերը բնա՛ւ չեն ըսած «Ով որ մեզմէ չէ՝ Հայ չէ» հակահայկական ու հակազգային սոփեստութիւնը…։

Այս այցելութիւնը՝ 55 տարի առաջ, 1963 թուին էր, ցուրտ պատերազմի օրերուն, երբ Սիմոն Վրացեան՝ իբր Արեւելահայաստանի Ա. Հանրապետութեան դաշնակցական, «վերջին ազատ» կառավարութեան վարչապետ, եւ՝ ՀՅԴ Բիւռոն, կը շարունակէին իրենց ազգաքանդ հակասովետական, եւ՝ ipso facto հակա-Սովետ Հայաստան քաղաքականութիւնը, մասնակցելով՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններու, ներառեալ ՕԹԱՆ-եան Թուրքիոյ, մղած հակասովետական ցուրտ պատերազմին, երկփեղկելով Հայ Սփիւռքն եւ Հայց. Եկեղեցին, եւ՝ իր Ոսկեդարը ապրող ու միակ իրական, շօշափելի եւ յաղթանակած Հայրենիքին հակադրելով իրենց շինծու «Հոգեկան Հայրենիք»ը, նաեւ՝ Սփիւռքի մէջ նախաձեռնելով եղբայրասպան կռիւը…։

Ուրեմն, կոմունիստներուս դիրքը չէ փոխուած՝  ոչ միայն հայկական վարժարաններու, այլեւ՝ կուսակցութիւններու հանդէպ, անկախաբար՝ կրօնական ու քաղաքական դաւանանքէ…։ Բոլորին հայկականութիւնը ընդունելու համար խտրութիւն չենք դներ, քանի որ կոմունիստ հայերը՝ ոչ միայն համահայկական ոգի ունին եւ լայն մտահորիզոն, ԱՅԼԵՒ՝ համամարդկայնական, մարդասիրական…։

Հրաչեայ Քոչար, Ճեմարանի շարուած-հաւաքուած ուսանող-ուսանողուհիներուն փոխանցեց Սովետ Հայաստանի ջերմ խօսքը, գօտեպնդելով զանոնք, զանոնք վարակելով՝ հայրենիքով հպարտանալու զգացումով, Գառնիկ Բանեանի եւ Յակոբ Իսկենտէրեանի ներկայութեան։ Ապա, Իսկենտէրեանի հետ միասին, Քոչարը առաջնորդեցինք մինչեւ Ս. Վրացեանի գրասենեակին դուռը, ուր Քոչար՝ զինուորականի թափով ոտքը գետնին զարկաւ եւ կանգ առաւ, սպասելով՝ որ Վրացեան ոտքի կանգնի, գայ եւ դրան առջեւ դիմաւորէ Հայաստանէն եկած իր հիւրը։ Եւ, մի քանի րոպէ յետոյ, Վրացեան դանդաղ քայլերով յառաջացաւ մինչեւ դուռ եւ ըսաւ. «Օհ, ես կարծում էի որ դուք վաղուանից մեռել էիք»… Իսկ Քոչար իսկոյն պատասխանեց. «Բայց ես էլ կարծում էի, որ դուք վաղուց թանգարանի մի էքսպոնատի էիք վերածուել։ Ձեր իկտիրի մի դաշնակ մաւզերիստ իմ հօրս է սպանել, ոչ ինձ»։

Պահը շիկացած զգալով, Իսկենտէրեանի հետ միասին մենք երկուքով հեռացանք, անոնք երկուքով ներս մտան եւ դուռը փակեցին։ Մենք չգիտցանք թէ ներսը անոնք ի՞նչեր փոխանակեցին։ Բայց անոնց ընդհարումը երկար չտեւեց։ Քոչար դուրս եկաւ հանդարտ, շատ բնական։ Գառնիկ Բանեան եւ Յակոբ Իսկենտէրեան ձեռնուեցան Քոչարի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր՝ այս «շատ օգտակար այցելութեան» համար։ Իսկենտէրեան ձեռքս սեղմեց եւ շնորհաւորեց այս «դրական նախաձեռնութիւնը»։

Այս այցելութիւնը՝ տարբեր բնոյթի եւ մարզի բարենորոգումի քայլ մը չէ՞ր արդեօք։

https://keghart.com/Derderian-Reforms

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert