Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 25 Փետրուար 2019

Դաշնակցական մամուլին եւ շրջանակին կողմէ բուռն պայքար կը մղուի Հա­յաս­տանի մէջ սկսած շարժումի մը դէմ, որ կը միտի մեր հայրենի ներկայ օրհներգը փոխարինել նախկին սովետական շրջանին որդեգրուած Արամ Խաչատուրեանի յօ­րի­նած օրհներգով՝ քանի մը տողեր փոխելով բնագրին մէջ։

Անցեալի մէկդի դրուած «թնդանօթները» նորէն կը թուին լարուած ըլլալ ռազմաշունչ «կուսակցապաշտներու» կողմէ, որոնց այլազան պատճառաբանութիւններու պատրուակին տակ քօղարկուած կուսակցական նախասիրութիւնը կը կիրարկուի՝ սեփական մենաշնորհ նկատուող խորհրդանիշեր պաշտպանելով։

Շա՜տ զօրաւոր ռումբ մըն է, որ կը պայթեցուի «Հայ­րե­նիք»-ի դարպասէն Կարօ Արմէնեանի կողմէ, որ կ’ըսէ. «Բոլոր երեւոյթները այսօր ցոյց կու տան, որ ՀՀ Ազգային Օրհներգը լուծարելու ծրագիրը …… նպատակն է լուծա­րել ոչ միայն Օրհներգը, ոչ միայն աղաւաղել ազգային Եռագոյնը եւ ՀՀ զինանշանը, այլեւ հարազատ այս խորհրդանիշներով մարմնաւորուած մեր անկախ պետա­կա­նու­թեան ազգային գաղափարախօսութիւ՜նը»։ Արձակուած ռումբին արձագանգը մէկ դար ետ կը տանի մեզ՝ յիշեցնել տալով 1921-ի փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ, ըստ յօդուածագրին, չէր նշուած Հայաստանի մէջ եւ թէ անով մեր ժողովուրդը ըսած էր իր վերջին խօսքը պոլշեւիզմի մասին, եւ սպառնալիք որպէս կ’աղաղակէ՝ եզրա­փա­կելով. «Կասկած մի՜ ունենաք որ այդ խօսքը ի զօրու է, այդ խօսքը «ուժի մէջ» է նաեւ այսօր»։

Ինչո՞ւ այսքան մոլուցք եւ դառնութիւն, Պրն. Արմէնեան, եւ ո՞ր հայաստանեան յետ-պոլշեւիզմի դէմ «այդ խօսքը ի զօրու է» տակաւին։ Մեղք է կիրքեր հրահրել այս ձե­ւով եւ մեր ցեխոտած ու ցաւալի անցեալի պայքարները վերանորոգել։ Եղած-չե­ղա­ծը մեր ունեցածը աւելի լաւով փոխարինելու ճիգ մըն է յեղափոխականասէր, աշ­խոյժ եւ աննախապաշար հայրենի մեր երիտասարդութեան կողմէ։

Յետոյ, արդեօք «ուժի մէջ» խօսողնե՞րն էին, որ հայաստանցիներու մօտ բան մը կորսնցուցած ըլլալու դառնութեամբ նախընտրեցին Արցախի մէջ գումարել իրենց վեր­­ջին ընդհանուր ժողովը, որպէսզի հոն այդ բանը գտնէին՝ այդտեղէն լսելի դարձնե­լու համար իրենց դեռ «ուժի մէջ» ըլլալու խօսքը։ Կամ արդեօք նախկին ղեկավար Հրանդ Մարգարեանով արտասանուած սպառնալիքը Արցախի մէջ, թէ «վերջ պիտի դնենք այս իշխանութեան», ցուցադրութիւ՞նն էր այսօրուայ կամ վաղուայ «ուժի մէջ» ըլլալու այդ խօսքին։ Եւ կամ արդեօք սա շարունակութի՞ւնն է ծրագրի մը, որ անց­եա­լին Անթիլիասը ձեռք առաւ, որպէսզի «պոլշեւիկ» Էջմիածնի դէմ պայքարի, եւ այժմ կը միտի գրաւել Արցախը, որպէսզի «նորելուկներու» Հայաստանին դէմ պայքարի։

Նոյնանման պոռթկումներ երեւցան ռամկավարներու մամուլի էջերուն վրայ ընդ­դէմ անոնց, որոնք յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան «Նոր Հայաստան, Նոր Հայ­րա­պետ» շարժումը յառաջացուցին Հայաստանի մէջ։ Կարծէք թէ որոշ մարդիկ իրենց պարտականութիւնը կը նկատեն «իրենցը» սրբութիւն նկատել՝ հինէն իրենց մնացած նախապաշարուածութեամբ մը։ Էջմիածնի թունդ պաշտպանները անցեալի չկրցան զանազանել սուրբ աթոռը զայն չարաչար գործածողէն, ինչպէս նաեւ ներկայ օրհներ­գը սուրբ նկատողները չկրցան զանազանել Արամ Խաչատուրեանի տաղանդով գնա­հատուած օրհներգ մը պոլշեւիզմէն…։ Այդպիսիները չեն ընդունիր սրբագործութիւնը անոնց, որոնք ամբողջ եօթանասուն տարի աղիւսեցին ու զրկանքներով շինեցին այ­սօրուան այս ազատ ու անկախ Հայաստանը՝ զայն յանձնելով մեզի իրենց մշակած հա­րուստ ազգային նկարագրով եւ բարձրացուցած ազգային յուշահամալիրներով։

Ինքզինքնին միշտ ազգայինին պաշտպան կարգողները թող թոյլ տան, որ ու­րիշն ալ կիրարկէ իր ազգայնականութիւնը՝ իր ուզած կամ հասկցած նրբաճաշակու­թեամբ։ Հայրենի ժողովուրդը, որ յաչս աշխարհին պատիւ բերաւ մեր ազգին իր թաւ­շեայ յե­ղա­փոխութեամբ, վստահաբար չունի բարդոյթը անցեալի բարքերով ապրելու, այլ ունի այդ անցեալի արժէքները քննելու եւ լաւագոյնը պահպանելով՝ հարստա­նա­լու։ Գուցէ այդ զգացումով է, որ իր աշխարհահռչակ զաւակ Արամ Խաչատուրեանի տա­ղանդով յօրինուած օրհներգին կարօտագին  աչքերով կը նայի՝ անով հարստա­նա­լու եւ հայ երա­ժիշտներու լայն մեծամասնութեան խնդրանքին ընդառաջելով։ Թող «Մեր Հայ­րե­նիք»-ի անփոխարինելիութեան ջատագովները շատ աղմուկ բարձրացնե­լով՝ նոր ճեղք չբանան մեր ազգային համերաշխ կեանքին մէջ։ Անոնք վաստակած են իւրաքանչիւր արդա­րամիտ հայու յարգանքն ու սէրը իրենց ազգապահպանման վսեմ գործով Սփիւռ­քի մէջ։ Թող շարունակեն այդ ու­ղիով քալել՝ կիրարկելով իրենց արհես­տա­գի­տութիւնը (professionalism) եւ փորձառութիւնը ի նպաստ մեր սփիւռքահայ կեան­քի ամ­րացման ու հայապահպանման։

Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան սէրն ու յարգանքը վայելող այս յե­ղափոխականասէր երիտասարդութեան թողունք յաջողցնելու իր պետականութիւնը լաւագոյնով օժտելու սրբազան առաքելութիւնը։

https://keghart.com

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert