«…Ես հեռացայ Հանրապետութենէն, որպէսզի մասնակից չլինիմ այն բոլոր անպատուաբեր, անմիտ, սնանկ եւ ազգակործան գործունէութեան, որուն նուիրուեցան հանրապետութեան վարիչները առաջին օրէն:

Իւրաքանչիւր զինւորականի քով դաշնակցական լրտես մը դրուեցաւ:

Խորհրդարան մը կազմուեցաւ զուտ դաշնակցականներէ, որոնց մեջ կային քանի մը ընկերուհիներ ալ:
Ներքին պայքար մղուեցաւ միւս հայ կուսակցութեանց դէմ երկրին մէջ թե երկրէն դուրս: Իսկ հայ պօլշեւիքներուն դէմ յայտարարեցին եղբայրասպան կռիւ:

Պատերազմ ըրին Վրաստանի դէմ երեք հոգիի որոշումով եւ Հայաստան մատնուեցաւ սովի:

Շքախումբեր կը ղրկուէին Տրապիզոն եւ Կ. Պօլիս, ոճրագործ Էնվէրներու եւ Թալէաթներու մօտ:

Թիֆլիսի մէջ երեք ամիս կը վիճէին թե մեր բանակը պէտք է կազմել տէմոքրատիկ սկզբունքներով. ինչ որ կը նշանակէր տիսիբլինը վերցնել:

Զինադադարէն ետք հանրապետութեան վարիչները ցոյց չտուին իմաստութեան ո’եւէ նշոյլ:

Պաշտօնատունները լեցուեցան դաշնակցական պաշտօնէութեամբ, որոնց թիւը կը հասնէր 16 հազարի:
Ճակատ ղրկուեցան Դաշնակցութեան չպատկանող եւ հակառակորդ տարրեր միայն:

Պ.Խատիսէան Պաթումի դաշնագիրը ստորագրելէն ետք Թիֆլիսի մէջ կը յայտարարէր թէ թուրքերը զարգացած եւ ճէնթլմէն մարդիկ են եւ Թուրքիոյ հայերը չեն կրցած անոնց հետ վարուելակերպ ունենալ:

Երեւանի մէջ կը հագուեցնէին մեր սիրուն աղջիկները. որպէսզի կայարանի մէջ ծաղկեփունջերով դիմաւորեն Խալիլ եւ Նուրի փաշաները, որոնք հարիւր հազարաւոր հայուհիներ բռնաբարել եւ կոտորել տուած էին: Երեւանի մէջ զինւորական նուագախումբերով ճաշկերոյթներ կը տրուէր այս մարդոց:

Չկրցան հետեւիլ շրջահայեաց ներքին քաղաքականութեան մը եւ առաջ բերին ապստամբութիւններ թաթարական շրջաններու մէջ:
Մերժուեցան Ազգ.Պատուիրակութեան առաջարկները համաձայնութեան մասին:

Այս բոլորը արդիւնք էին մտայնութեան մը, որ չէր զանազանուեր Ռուսիոյ արդի վարիչներուն մտայնութենէն: Ես կը նախատեսէի թէ բոլոր այն աթոռները, զոր գրաւած էին Երեւանի ղեկավարները, խարխուլ էին, քանի Ռուսաստան իր վերջին խօսքը չէր ըսած:
Դժբախտաբար այսօր իրականութիուն մըն է, ինչ որ նախատեսած էի:

Այն մարդիկ որոնք կը հիանային թուրքերու ճէնթլմէնութեան վրայ, ստորագրեցին Աղէքսանդրապօլի դաշնագիրը, ցեխի մէջ թաթխելով այն ոսկէ գրիչը, որով ստորագրուած էր Սէվրի դաշնագիրը:

Անցեալ տարի երբ Ամերիկա կը գտնուէի, Գ. Փաստրմաճեան աղմուկ մը փրցուց, ըսելով թէ Պօղոս Նուպար Հայաստանի հարաւային մասը քիւրտերուն կը յանձնէ:
Սակայն չլսեցի տակաւին թէ ինչ կը խորհի միեւնոյն Փաստըրմաճեանը եւ ինչու շշուկ մը իսկ չի հաներ ամբողջ Թրքահայաստանը մեր թշնամիներուն ծախողներուն դէմ:

Հայկ.Հանրապետութիւնը վիժեցաւ, որովհետեւ շէնք մը շինելու համար լաւ ճարտարապետներ պէտք էին. մինչդէռ անոր ղեկավարները հիմը դրին օդին մէջ, փոխանակ հաստատուն գետնին վրայ դնելու:

Ուրիշին հոր փորողները իրենք մէջը ինկան:

Իմ խիղճս եւ հոգիս հանդարտ է այս բոլորին մէջ:

Մնացածը կը թողում անաչառ պատմագրին, որպէսզի երեւան հանէ բոլոր անոնք, որոնք պատճառ եղան այսքան անմեղ արիւններուն թափուելուն…»

«Զորավար Անդրանիկ Կը Խօսի», հրատարակութիւն «Ապագայ» շաբաթաթերթի, Բարիզ, Ֆրանսիա, 1921 թ․

http://zham.ru/categories/heritage/1554–1921-.html

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert