«ՍՓՅՈՒՌՔ» թիվ 99, Հունուար – Դեկտեմբեր 2014 թ.

100 տարի անցած է Մեծ Եղեռնի ծրագիրը գործադրութեան դրուելու օրէն: 1915-ին եւ յաջորդ տարիներուն հայոց պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ մը պարզուեցաւ` համայն հայութիւնը իր հողերէն, մշակոյթէն, աւանդոյթներէն, վերջապէս` արմատներէն կտրուեցաւ, իր զարգացումը զգալիօրէն դանդաղեցաւ` իբր հետեւանք մէկուկէս միլիոնի կորուստին: Հայրենի հողերէն դուրս` տարագիր բեկորներուն պարտադրուեցաւ այլազան երկիրներու քաղաքացիութիւն: Սկսաւ պայքարը ուծացման դէմ: Հայութիւնը արտասահմանի մէջ բոլորուեցաւ եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռեակին շուրջ, որպէսզի պահէ իր ազգային  ինքնութիւնը ու փոխանցէ զայն սերունդէ սերունդ: Այս ճիգերու համախմբումը կոչուեցաւ հայապահպանութիւն:  Սակայն ասիկա լուծում չէր հայութեան խնդիրներուն: Հակառակ թափուած անթիւ-անհամար ջանքերուն, սփիւռքահայութեան մեծ մասը ուծացումի ենթարկուեցաւ, այնուհետեւ աստիճանաբար ձուլուեցաւ տեղացի ժողովուրդներուն մէջ, մինչ մնացածը տակաւին քարշ կու տայ իր գոյութիւնը` հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով: Ասիկա բնական հետեւանքն է հայապահպանումը ինքնին նպատակ հռչակելու անհեռատես քաղաքականութեան, մինչդեռ հայապահպանումը պէտք է ըլլար եւ պէտք է ըլլայ միջոց` Սփիւռքի մէջ Հայրենադարձութեան նպատակին:

100 տարի անցած է Մեծ Եղեռնի ծրագիրը գործադրութեան դրուելու օրէն: Հարց տանք.

ի՞նչ ըրինք, աւելի ճիշդ` ի՞նչ կրնայինք ընել բայց չըրինք: Հայկական կուսակցութիւնները, որոնք ստանձնած էին հայութիւնը իր հայրենական հողերուն վրայ պաշտպանելու պարտականութիւնը, չյաջողեցան իրենց նպատակին հասնիլ: Սկիզբը ստեղծեցին ֆետայական խումբեր, սակայն յետոյ կա’մ ընդդիմացան անոնց, կա’մ ալ ազատագրական զինեալ պայքարէն շրջադարձ կատարեցին: Նախքան Մեծ Եղեռնը, Դաշնակցութիւնը խաբուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութեամբ, կեղծ-ժողովրդավարութեամբ եւ … երեսփոխանական աթոռներով: Հնչակեանները անընդհատ պառակտումներով մասնատուեցան: Արմենականներու աշխատանքի ծիրն ալ Վան-Վասպուրականէն ու քիչ մըն ալ Պարսկահայքէն դուրս գրեթէ չելաւ: Եղեռնի ժամանակաշրջանին, կարգ մը շրջաններու մէջ կատարու եցան հերոսական ինքնապաշտպանութիւններ, սակայն անոնք կազմակերպու ած չէին. պահպանողական ղեկավարութիւնն ու եկեղեցականներուն զգալի մասը արգելք հանդիսացան այդ ինքնապաշտպանութիւններուն: Նոյնիսկ յեղափոխական կարծուած կուսակցութիւններ չմտածեցին ստեղծել ապահով շրջաններ, ուր կարելի պիտի ըլլար յետագային կազմել պետութեան մը կորիզը:

100 տարի անցած է Մեծ Եղեռնի ծրագիրը գործադրութեան դրուելու օրէն: Ո՞ւր հասանք: Հիմա ի՞նչ կ’ընենք: Մեր համոզումով` ոչինչ, աւելի ճիշդ` աղմկարարութիւն եւ ժամավաճառութիւն: Ուծացումն ու ձուլումը կը շարունակուին մեծ թափով: Ասոր կ’աւելնայ հայրենական պետութենէն զանգուածային արտագաղթը, որ նոր հայ բազմութիւններ կը մատակարարէ ձուլման հրէշի ամենակուլ երախին: Պարզապէս անհեթեթութիւն է, նոյնիսկ` ցնորամտութիւն, հաւատալ որ յառաջդիմութիւն արձանագրած ենք մեր գոյապայքարին մէջ: Արտասահմանի մէջ, հայութեան առաջնորդութիւնն ստանձնած ըլլալ յաւակնող դասական կուսակցութիւնն երը քաղաքական, ընկերային, հոգեւոր, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ շօշափելի, երկարատեւ ու էապէս արդիւնաւէտ քիչ բան կատարած են:

Քաղաքականութիւն ըսելով` անոնք հասկցած են աղերսագիր-թուղթերով դիմում օտար պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, որպէսզի ճանչնան Ցեղասպանութիւնը: Մոռցուած են ամենէն հիմնականը` ՀՈՂԵՐԸ: Եւ հո’ս է իսկական դաւադրութիւնը հայ ազգին դէմ` մեզ օրօրցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-չճանչնալու ժամավաճառութեամբ` մոռցնել տալով ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳՐԱՒԵԱԼ ՀՈՂԵՐԸ, մինչ այդ` ձուլման միջոցով վերացնելու հայ ազգը կամ զայն վերածելու չափազանց թուլցած ու անզօր մարդկային հաւաքականութեան:

Կուսակցութեանց ղեկավարները, Պաղ Պատերազմին եւ անկէ ետք զանազան պետութիւններու աժան գործակալներ դառնալով, ներկուսակցական պայքարը իրենց շարքայիններուն ներկայացուցած են իբրեւ Հայ Դատի համար մղուող պայքարի հանգրուան: Արդեօք օր մը անոնք մտածա՞ծ են վերաքննել իրենց ընթացքը, նշմարել իրենց կատարած սխալները, ամչնալ ատոնց հաշւոյն, զղջալ, եւ նախքան Թուրքիայէն ներողութիւն պահանջելը կատարուած ցեղասպանութեան համար, իրե’նք ներողութիւն խնդրեն այն ծնողներէն, մայրերէն, այրիներէն եւ բոլոր հարազատներէն, որոնց սիրելիները զոհ գացին միջկուսակցական անիմաստ եղբայրասպանութիւններուն: Կուսակցութիւնները ընկղմած են ապարդիւնութեան ճահիճին մէջ, ծուլացուցած են բոլորը, եւ լռեցուցած կամ արգելք հանդիսացած են բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն դրական որեւէ աշխատանք կատարել:

Բայց եկէ’ք յոռետես չըլլանք: Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ, հայութեան` իր սփիւռքացումին չհանդուժող հատուածին ըմբոստութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 1970-ականներուն` նորաստեղծ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակով, որ յեղաշրջեց շատ բան` մէջտեղ հանելով կուսակցական ղեկավարութեանց մերկութիւնը: Առաջին անգամն ըլլալով, հայոց հայրենիքի հողերուն ազատագրութեան հարցը հիմնական նպատակ դարձաւ` ամրագրուած կազմակերպութեան անուան մէջ իսկ: ՙՄեր հողերը եւ արիւնը՚ 24 Ապրիլ 1965-ի երեւանեան նշանախօսքը միսու արիւն ստացաւ: Թշնամին ծանր հարուածներ ստացաւ ամէնուրեք, նոյնիսկ իր որջերուն` Անգարայի եւ Իսթամպուլի մէջ: Զինեալ ազատագրական պայքարի ընթացքին ինկած նահատակները անգամ մը եւս եկան բոլորին յայտնելու, թէ հայը հայրենիքի բռնագրաւուած տարածքներ ունի, որոնց ազատագրման համար անոնք պատրաստ են զոհելու նոյնիսկ իրենց կեանքը:

Հող եւ ազգ զիրար կ’ամբողջացնեն: Առանց իր սեփականատէր ազգի` հողը չի բարգաւաճիր, իսկ առանց հողի` ազգը չի կրնար երկար գոյատեւել: Ազգը պէտք է զոհաբերէ, որպէսզի հողը պահէ: Այդ զոհաբերութեան պատրաստ ըլլալու համար, ազգը պէտք է առողջ ըլլայ, կառչած մնայ իր արմատներուն, իր աւանդոյթներուն, իր մէջէն արտաքսէ օտար սովորութիւններն ու ժողովրդավարութեան շղարշով պատուած կեղծ օրէնքները:

Արցախի ազատագրութենէն ետք, վերջին քսան տարիներուն, մեր ազգը հիւանդագին վիճակի մէջ կը գտնուի: Ամուլ է զինուորական, մշակութային, ընկերային եւ հոգեւորական տաղանդներ պատրաստելու ուղղութեամբ: Պատճ առը ազգային դաստիարակութեան բացակայութիւնն է: Հայաստանի մերձակայտարածաշրջանը քաղաքական անկայունութեան եւ նապահովութեան պատճառաւ ծրագրուած ձեւով կը պարպուի: Շրջանը աշխարհագրական նոր բաժանումներու կ’ենթարկուի. հիմնական նպատակը Իրանը բաժնելն է, որմէ ետք Թուրքիոյ ալ կարգը պիտի գայ: Հայաստանի ներկայ Հանրապետութիւնն ու Արցախը վտանգուած են: Եթէ Արցախի պատերազմին ազերիներուն կողքին կըմասնակցէին աֆղաններ, չէչէններ, թուրքեր եւ ուրիշ ցեղատեսակներ` համիսլամական եւ համաթրքական նպատակներով, այժմ եւ մօտակայ ապագային, եթէ պատերազմը բռնկի, ասոնց կողքին այլազգի խմբաւորումներ եւ խաժամուժներ ալ պիտի մասնակցին, որոնք վերջին տարիներուն փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Թէեւ ազգին նեղ պարագաներուն միշտ մէջտեղ եկած են անհատներ, որոնք անտեսելով պահպանողական շրջանակներու ամլութիւնը, անձնազոհութեամբ կրցած են յառաջ տանիլ հողերու ազատագրութեան գաղափարը, սակայն նաեւ կարեւոր է ճիշդ դաստիարակութեան գործօնը: Հոս կըտեսնենք Հ.Հ.-ի կարգ մը շրջաններու մէջ անհատներու աշխատանքը փոքրերուն դաստիարակութեան ուղղութեամբ (այս թիւով տուած ենք օրինակ մը Վանաձորի մէջ կատարուած այդ աշխատանքներէն, տե’ս էջ 7-13): Սակայն, պետական մակարդակով, դպրոցներուն մէջ ազգային դաստիարակութիւնը շատ կը կաղայ` եթէ երբեւիցէ կարելի է խօսիլ Հ. Հ.ի կրթական համակարգին մէջ ազգային դաստիարակութեան ընդհանրապէս գոյութեան մասին:

Մեր փրկութիւնը ազգային առողջ դաստիարակութեան մէջ է: Մարդու ազատագրութիւնը զինք կաշկանդող տարատեսակ կապանքներէն` նախապայման է հողի ազատագրութեան համար:

Հ. Ա. Հ. Գ. Բանակի հիմնադիրներէն գրող Գէորգ Աճէմեան տասնամեակներ առաջ կը հարցադրէր` պիտի յիշե՞նք երբեւիցէ Արեւմտեան Հայաստանը:

Պիտի յիշե՞նք ազգովին…

Պիտի շարժի՞նք ազգովին…

Թէ՞ պիտի շարունակենք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում մուրալ:

Քիւրտ հրոսակապետ Պշարէ Խալիլը կտրեց սպաննուած Աղբիւր Սերոբին գլուխը: Անդրանիկը կտրեց ողջ Պշարէ Խալիլի գլուխը: Յիշեցնենք` այդ օրերուն հայկական պետութիւն չկար:

Ռամիլ Սաֆարով կոչուած ազերի բորենին կացինով սպաննեց քնացած սպայ Գուրգէն Մարգարեանը:

Ո՞վ պիտի կտրէ ողջ Սաֆարովի գլուխը: Յիշեցնենք, այս օրերուն հայկական երկու պետութիւն ունինք…

 

Ապրիլի 24-ը մեզի համար ունի մէկ խորհուրդ` ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ:

Արժեցնե’նք այս խորհուրդին մեր իմացութիւնը:

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert