ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ՝ 132

Մեր ազգային, կուսակցական, տօնական հանդիսութիւններուն, անգամ կրօնական արարողութիւններուն ընթացքին յարատեւօրէն կը շեշտենք «միասնութիւն» եզրը: Բոլորս կը խօսինք, կ’արժեւորենք միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, կը դատապարտենք անմիաբանութիւնը, օրինակներ կը բերենք հեռաւոր եւ մօտակայ անցեալէն: Որքան ալ նախազգանք անոր բացակայութիւնը եւ կամ՝ այդ ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքները, մեծամասնութեամբ կ’անգիտանանք, որ անյետաձգելի հրամայական մը դարձած է ան 21-րդ դարու միջազգային աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն դէմ:

Ազգ մը կը ներկայանայ իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն, համազգային մտահոգութիւններու եւ տեսլականներու միատարր ամբողջութիւն:Ազգային միասնականութիւնը չի կրնար լոկ արտայայտութիւն ըլլալ, անիկա կոչուած է դառնալու մարտավարութիւն, գաղափարախօսութիւն: Սակայն գաղափարախօսութիւն եւ ուղղորդող յայտարար դառնալու համար անհրաժեշտ է ունենալ հայեցակարգ: Բոլորս կը խօսինք միասնականութեան մասին, բայց հարց կու տա՞նք արդեօք, ին՞չ են մեզ միաւորող գործօնները եւ՝ հակառակը: Երբեւիցէ անկեղծ ու սրտբաց քննարկած ենք զանոնք, որոն՞ք են սփիւռքահայ մեր հաւաքականութիւնները միացնող կամ տարանջատող բաղադրիչները. ինչպէ՞ս կարելի է ամրապնդել միացնող գործօնները. մեր ազգային կեանքը ղեկավարող հոսանքները բաւարար աշխատանք կը կատարե՞ն այս ուղղութեամբ.ո՞ր ազդակները կը միացնեն սփիւռքահայն ու հայրենաբնակ հայը. Ինչպիսի՞ իւրայատկութիւններ ունին սփիւռքահայ համայնքները, դժուարութիւններ եւ մտահոգութիւններ. ին՞չ կը թելադրէ մեզի օրըստօրէ հիւծող աւանդական սփիւռքը. հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, անոր դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար ծնած քաղաքական կուսակցութիւնները որքանո՞վ քայլ կը պահեն համաշխարհային քաղաքատնտեսական,ընկերային փոփոխութիւններուն, ազգային հայրենական կեանքի պահանջներուն հետ:

Մեր ժողովուրդի գոյութիւնը պայմանաւորուած է ազգային հայեցակարգի անհրաժեշտութեամբ: Բոլորս կը խօսինք միասնականութեան, ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի հետապնդման,հատուցման, հայապահպանման եւ տակաւին զանազան մտահոգութիւններու շուրջ, դժբախտաբար կը խօսինք իբրեւ անջատ կազմակերպութիւններ, բայց ոչ՝ իբրեւ հաւաքականութիւն: Ոմանք հաւանաբար զարմանք յայտնեն: Թող թոյլ տրուի յայտնելու, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հայրենի իշխանութիւններուն լոյս ընծայած «համահայկական հաղորդագրութիւնը» բաւական անյստակ եւ անորոշ եզրեր կը պարունակէ իր մէջ:Աւելի կրաւորական, քան՝ ներգորական…

Ազգային միասնականութիւն երբեք չի նշանակեր գոյութենազուրկ դառնալ, սեփական համոզումներէ հրաժարիլ, ընդհակառակը՝ ազգային հայեցակարգի ներկայութիւնը ինքնաբերաբերաբար գոյատեւումի եւ պայքարի նոր ներուժ պիտի հաղորդէ բոլորին: Համազգային տօնախմբութիւնները կամ ոգեկոչումները առիթներ են վերյիշեցնելու երանելի միասնականութեան բացակայութիւնը: Մեր բանականութեան մէջ ներքուստ՝ բոլորս համոզուած ենք անոր օգտաշատ անհրաժեշտութեան, թերեւս ինքնասիրութիւնը, թերեւս առաջին քայլը առնելու յանդգնութիւնը, յամենայնդէպս խիզախութեան բացակայութիւնը կը տանջէ մեզ, կը խուսափինք ճշմարտութենէն, փոխարէնը կը բաւարարուինք լոկ մակերեսային, պահու թելադրութեան տակ արձակուող կոչերով:

Միասնականութիւնը անհրաժեշտ է վերածել իրականութեան,կեանք ու աւիւն անհրաժեշտ է ներարկել անոր, որովհետեւ յատկապէս մեր դարաշրջանին, համաշխարհայնացման կոյր ու անդիմագիծ ալիքներուն դէմ, հետզհետէ նկատելի կը դառնան անոր նախադրեալները, անհրաժեշտութիւն կը դառնան անոր օգտաւէտ հանգամանքները: Դժբախտաբար մեր ժողովուրդի երէկի փորձառութիւնը մեծաթիւ բարենիշեր չի բաժներ ազգային միասնականութեան հոլովին, աւելին՝ ոմանց համար անիկա պատրանք մըն է խաբուսիկ, ոմանց մօտ հեգնանք յառաջացնող յանկերգ մը դարձած է ան: Այդպիսիները իրենց փայփայած հատուածական շահերու կորուստը կը տեսնեն միասնականութեան մէջ…: Ոմանք դժբախտաբար չեն անդրադառնար, որ անցեալի տխրայիշատակ սխալները չկրկնելու եւ համազգային մարտահրաւէրներուն անսալու հրամայականն է զգաստութեան հրաւիրողը:

Բայց մինչեւ եր՞բ մնալ նախապաշարումներու զոհը, գիտակցաբար անտեսելով Սփիւռքի մարտահրաւէրները գիտակցաբար անտեսող: Տակաւին որքա՞ն կարելի է մնալ ժամանցուած եւ կաղապարուած հիմնաւորումներու գերին: Որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի համոզուելու, թէ միասնականութեան լաստն է մեր փրկարարը: Այլապէս, ինքնանպատակ հաւաքականութիւններու պիտի վերածուինք բոլորս, անխտիր:

Հետեւինք միջազգային ընկերային ու քաղաքական զարգացումներուն: Արմատական տեղաշարժեր տեղի կ’ունենան մեր շրջապատին մէջ: Անյարիր ու իրերամերժ ընկալումներ, վարդապետութիւններ կը ստանան նոր տեսք, տարազ ու ձեւաւորում: 21-րդ դարաշրջանին մէջ ապրող հայ երիտասարդը, չի կրնար ժամանցուած դրոյթներով պայքարիլ գաղափարական, հասարակական նոր մարտահրաւէրներուն դէմ: Յանձնառու հայ մնալու համար, մեզի անհրաժեշտ է նոր գործելաոճ: Այդ գործելաոճը անպայմանօրէն ազգային գաղափարախօսութեան վրայ յենած միասնականութեան յայտարարն է:

Հայուն գոյութիւնը վտանգուած է Սփիւռքի մէջ: Այսօրուան դրութեամբ ծիծաղելի է խօսիլ գաղափարախօսական պայքարի մասին, երբ նոր խօսքի ծարաւը, անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը՝ ձուլման եւ օտար բարքերու հոսանուտին մէջ կը փորձեն խաթարել մեր երիտասարդութեան դիմագիծը: Աւելի բարեյոյս չէ հայ եկեղեցւոյ վիճակը. վտանգուած են հայ անհատին եւ եկեղեցւոյ փոխյարաբերութիւնները, ի տես, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ վխտացող օտարամուտ եւ այլասերիչ հոսանքներու «բեղուն» գործունէութեան: Այլ հարց մը՝ մեր Եկեղեցին որեւէ կապ ունի՞ իր ժողովուրդին հետ…:

Ազգային հայեցակարգի ձեւաւորումը միաժամանակ կախեալ է Սփիւռք – հայրենիք փոխյարաբերութիւններու ճիշտ հունաւորումէն: Ժամանակն է ըմբռնելու, թէ պետականութեան հասկացողութիւնն է ամենակարեւորը: Պետականութիւնը կը խորհրդանշէ օրէնսդիր, գործադիր եւ իրաւական իշխանութիւնները: Պետութիւնը կը կառուցուի պետականութեան վերոյիշեալ երեք սիւներուն վրայ: Հետեւաբար, պետականութիւն – իշխանութիւն յարաբերութիւններու յստակ եզրաբանումը ամենակարեւոր նախապայմանն է ճիշդ հունաւորելու՝ ժողովուրդ – պետութիւն եւ Սփիւռք – հայրենիք յարաբերութիւնները:

Համազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ազգային միասնականութիւնը, գիտակից եւ պատմական առաքելութեան յանձնառու որեւէ ժողովուրդի ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնն է:
Հրեային առաջին գործը կ’ըլլայ եբրայերէնը եւ Թալմուտը ուսուցանել իր զաւակին, մե՞նք…..: Չնախանձինք ուրիշներուն…:

Aharon Shekerdemian  ՖԲ-յան էջից

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert