ՄԱՅՐ ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 148
Իր կայսրութեան սահմանները Եօթը ծովերու վրայ տարածած ժամանակաշրջանէն՝ բրիտանական դիւանագիտութիւնը լակոնական նախադասութեամբ մը բանաձեւած էր իր արտաքին քաղաքականութեան դրոյթները: Գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը չկայ զանոնք վերլուծելու կամ մեկնաբանելու՝ Բրիտանիա ունէր մնայուն շահեր, չունէր՝ մնայուն բարեկամներ: Յստակ, տրամաբանական եւ հասկնալի բանաձեւում: Դարեր շարունակ այս մօտեցումով բրիտանական դիւանագիտութիւնը վարած է ու կը վարէ իր քաղաքականութիւնը: Բաժնենք կամ ոչ, 19 դարէն մինչեւ օրս այս մեկնակէտով մօտեցած է նա՛եւ Հայկական հարցին:
Սոյն յօդուածը սկսայ բրիտանական դիւանագիտութեան դրոյթներով, հասնելու Հայկական հարցին հանդէպ արեւմտեան մէկ այլ պետութեան քաղաքականութեան: Փոքր ժողովուրդները դժբախտաբար կեր դարձած են մեծ պետութիւններու քաղաքականութեան: Վկայ՝ քիւրտ ժողովուրդին հանդէպ նախագահ Թրամփի լարախաղացութիւնը:
Հոկտեմբեր ամիսը բաւական տխուր յիշատակներ կ’արթնցնէ հայ ժողովուրդին մէջ, յատկապէս ժամանակակից Կիլիկիոյ պատմութեան ողբերգական էջերը: Դառնութիւն ոչ միայն քեմալական Թուրքիոյ վայրագութիւններէն, այլեւ վերյիշելով այսպէս կոչուած «Մայր Ֆրանսա»յի նենգ քաղաքականութեան հետեւանքները:
Ինքզինք Արեւելքի քրիստոնեաներու հոգատարը յորջորջող «Մայր Ֆրանսա»-ն ամենեւին թերացած է իր «ծնողական» պարտականութիւններուն մէջ, եղած է անառակ մօր տիպար մը, անտեսած է նուազագոյն բարոյականութիւն, արժանապատուութիւն, յանուն իր տնտեսական շահերուն: «Ազնուական» Ֆրանսան եղած է ոչ այլ քան դաւադիր եւ երկդիմի քաղաքականութեան տիպար մը:
Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Արեւմտահայաստանի հանդէպ պայմանաւորուած էր ֆրանսական գործատէրերու եւ դրամատուներու շահագրգռուածութեամբ: Օսմանեան Թուրքիոյ արտաքին պարտքերուն 62 առ հարիւրը կը պատկանէր Ֆրանսայի, որուն համար ձեռնտու չէր Թուրքիոյ մասնատումը եւ մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը Օսմանեան լուծէն:
Ռուս-թրքական պատերազմէն, Պերլինի վեհաժողովէն մինչեւ Լոզանի համաձայնագիրին ստորագրութիւնը, Հայկական հարցի հանդէպ Ֆրանսայի
քայլերը պայմանաւորուած էին անոր տնտեսական շահերով: Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութիւնը կը բացայայտուի Պերլինի համաձայնագիրի օրերէն, երբ ստորագրութիւնը համաձայնագիրին տակ դնելով հանդերձ, Ֆրանսա սերտ յարաբերութիւններ կը շարունակէր պահպանել Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հետ:
1894-1896 Հայկական կոտորածներու ընթացքին, երբ Ֆրանսայի հասարակութիւնը կը դատապարտէր Համիտի վայրագութիւնները, պաշտօնական Ֆրանսա լռութիւն կը պահէր: Ֆրանսայի հանրութիւնն էր, որ երկրին արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլ Հանոթօն կոչեց «Հանոթօ փաշա», անոր թրքասիրութեան պատճառով, իսկ սուլթան Համիտը՝ « Կարմիր սուլթան»: Մենք յաճախ միամիտօրէն Ֆրանսային կը վերագրենք Հանոթօ փաշա եւ Կարմիր սուլթան անուանումները: Կը սխալինք չարաչար…: Հանրութիւնն էր այդ ածականներուն հեղինակը:
Ֆրանսական յաջորդական կառավարութիւններ թրքամէտ եղած են: Հետաքրքրական է նաեւ իմանալ, որ Հանոթօ փաշա եւ անոր նման քաղաքական դէմքեր հայերը թրքական կայսրութեան բնակչութեան «փոքր մասնիկը» կը նկատէին…աւելցնելով, թէ ամբողջ կայսրութեան մէջ գոյութիւն չունէր վայր, ուր «մեծամասնութիւն կազմէին հայերը»…: «Ասպնջական» Ֆրանսան…:
Նոյնինքն այս Հանոթօ փաշա կոչեցեալը «տարօրինակ դաւադրութիւն» եւ «աւազակներ» կ’անուանէր Պանք օթոմանի ազատամարտիկները: Զանոնք, իր կարգադրութեամբ նենգաբար դրամատունէն դուրս բերելով, Պոլիսէն հեռացուց Մարսէյ, եւ հոն բանտարկելէ ետք արտաքսեց Ֆրանսայէն:
Երբ լուսարձակի տակ պիտի առնենք Արեւմտահայութեան հանդէպ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ է մտաւորականութիւնը անջատել կառավարութեան կեցուածքէն: Մտաւորականութիւնը եւ հոգեւորականներ հրապարակային հաւաքոյթներով կը դատապարտէին կառավարութեան ընթացքը:
Ականաւոր ընկերվար գործիչներ՝ Ժան Ժորէս, Տընի Քոշէ, Կոմս Ալպեռ տը Մէո, խորհրդարանին մէջ բազմիցս հարցաքննութեան ենթարկելով, խստիւ քննադատած են հայ ժողովուրդին հանդէպ կառավարութեան ընթացքը: Ժորես, Քոշէ եւ տը Մէո նոյնինքն խոհրդարանին մէջ փաստերով ապացուցած են, որ 1894-1896-ին պատահած կոտորածները կազմակերպուած էին Բարձրագոյն դրան եւ գաւառի կառավարիչներուն կողմէ:
Դժբախտաբար ֆրանսական մամուլին մեծամասնութիւնը կաշառուած էր եւ լռութիւն կը պահէր Արեւմտահայաստանի կոտորածներուն հանդէպ: Հայկական ջարդերու ամբողջ տեւողութեան Ֆրանսա չէ փոխած իր դիրքը:
Ան միաժամանակ քաղաքական եւ մշակութային շահեր կը հետապնդէր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Իբրեւ Արեւելքի կաթողիկէներուն հովանաւորը՝ Ֆրանսա կրթական եւ բարեգործական հաստատութիւններու միջոցով իր ազդեցութիւնը կը տարածէր, բայց միաժամանակ Թուրքիոյ սուլթանը կը ներկայացնէր իբրեւ իսլամական աշխարհի Խալիֆան:
Նոյն թրքամէտ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ Երիտասարդ թուրքերու ժամանակաշրջանին: Ֆրանսա դարձեալ լռութիւն պահեց Ատանայի կոտորածներուն եւ անտարբերութիւն ցուցաբերեց, երբ 1912–1914-ին Հայկական հարցը վերստին եւրոպական դիւանագիտութեան քննարկման նիւթերէն մէկը դարձաւ: Այս միջոցին Ֆրանսա կարեւոր համաձայնագիր մը կնքեց Թուրքիոյ հետ՝ ստանձնելով Արեւմտահայաստանի երկաթուղագիծերու եւ ճանապարհներու կառուցման մենաշնորհը: Ֆրանսա կ’արգիլէր մեծ պետութիւններու միջամտութիւնը Թուրքիոյ «ներքին գործեր»-ուն:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ֆրանսա եւ Թուրքիա կը գտնուէին հակառակորդ զօրանոցներու մէջ, այսուհանդերձ Ֆրանսա չպատերազմեցաւ Թուրքիոյ դէմ: Ֆրանսա մասնակցեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող պետութիւններուն բաժանումին, երբ այդ բաժանումը անխուսափելի դարձած էր: Ֆրանսա իբրեւ գաղութատէր պետութիւն բաժին կը պահանջէր այդ բաժանումէն…:
1916-ին Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրով Կիլիկիան անցաւ Ֆրանսական ազդեցութեան տակ: Պատերազմէն ետք ֆրանսական զօրքերը անմիջապէս գրաւեցին Կիլիկիան: Անոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն կոչ ուղղեցին վերադառնալու Կիլիկիիա: Սակայն տնտեսական շահերը անգամ մը եւս վճռորոշ դարձան:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի նախաձեռնութեամբ, Մայքս Սայքսի՝ (Բրիտանիա) եւ Ժորժ Փիքոյի (Ֆրանսա) հաւանութեամբ կազմուեցաւ Հայկական լեգէոնը: Ան Պաղեստինի ռազմաճակատին վրայ պիտի օգնէր Դաշնակիցներուն: Փոխարէնը Ֆրանսա յանձնառու պիտի ըլլար հայերուն ինքնավարութիւն շնորհելու Կիլիկիոյ մէջ: Հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Միհրան Տամատեան (Ռամկավար), Արտաւազդ Հանըմեան (ՀՅԴ), Ստեփան Սապահ Գիւլեան (ՍԴՀԿ) մեկնեցան Մ. Նահանգներ, ուր կազմուեցաւ 1700 կամաւորներէ բաղկացած ամերիկահայ գումարտակը: Հայկական Լեգէոնին թիւը հասաւ հինգ հազարի: Հայ կամաւորները քանի մը ժամուան ճակատումէ ետք յաջողեցան գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Արարայի բարձունքը: Քայքայուեցաւ թրքական ռազմաճակատը: Հայկական լեգէոնը մտաւ Պէյրութ: Մօտ հազար հայ երիտասարդներ միացան անոր: Հայկական լեգէոնը 1918-ի վերջաւորութեան մուտք գործեց Կիլիկիա: 1918-ին, Առաջին համաշխարհային պատերազմին պարտուած Թուրքիան Մուտրոսի դաշնագիրով Դաշնակիցներուն խոստացաւ իր զօրքերը հեռացնել Կիլիկիայէն:
Դեկտեմբեր 1919-ին, Բրիտանիայէն գաղտնի, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժորժ Փիքօ եւ Մուսթաֆա Քեմալ գաղտնի բանակցութիւններէ ետք յանգեցան համաձայնութեան մը, ուր Ֆրանսա Թուրքիոյ պիտի վերադարձնէր Կիլիկիան՝ երաշխաւորելով անոր անբաժանելիութիւնը:
Այսքանը բաւարար չըլլար, Ֆրանսա, 28 մայիս 1920-ին, Անգարայի կառավարութեան հետ կնքեց զինադադարի համաձայնութիւն մը: Այս նոր զիջումը քեմալականները քաջալերեց թշնամական գործողութիւններու վերսկսելու Կիլիկիոյ հայ բնակչութեան դէմ:

4 օգոստոս 1920-ին Հայ ազգային խորհուրդի նախագահ Միհրան Տամատեան հռչակեց Կիլիկիոյ անկախ հանրապետութիւնը: Ճիշդ այդ օրերուն Ֆրանսա ետդարձ կատարեց իր խոստումէն: Ֆրանսական իշխանութիւնները զէնքի սպառնալիքի տակ ցրուեցին Ազգային ժողովը եւ լուծեցին Տամատեանի կազմած կառավարութիւնը: Ֆրանսա ոչ միայն չկատարեց ինքնավար Կիլիկիոյ իր խոստումը, ոչ միայն լքեց Հայկական լեգէոնը՝ արգիլելով Հալէպէն եւ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն հայ կամաւորներու անոր միացումը, այլեւ զօրացրեց հայկական բոլոր գումարտակները: Մօտաւորապէս 160 հազար հայեր վերադարձած էին Կիլիկիա, վերակազմակերպելու Հաճնոյ, Մարաշի, Ատանայի, Այնթապի, Քիլիսի եւ այլ քաղաքներու մէջ իրենց օճախները՝ ապաւինելով Ֆրանսայի երաշխիքներուն…:

Ֆրանսա միջազգային խորհրդաժողովներու ընթացքին շարունակեց Թուրքիոյ հետ ուրոյն համաձայնութիւններ կնքելու աւանդութիւնը: Տարի մը ետք Սան Ռեմոյի 1920-ի խորհրդաժողովին, երբ կը քննարկուէր Օսմանեան կայրութեան մէջ մտնող տարածքներուն վերջնական բաժանման հարցը, Ֆրանսայի վարչապետ Միլէյրան եւ արտաքին գործոց նախարար Պերթելօ, հայ ժողովուրդին հանդէպ «Դաշնակիցներու բարոյական պատասխանատուութեան» մասին դասեր տալու միջոցին, հերքեցին Կիլիկիոյ հայութիւնը սպասող կոտորածներուն մասին շրջող լուրերը…: Հետագայ իրադարձութիւնները ողբերգական դարձան Կիլիկիոյ հայութեան համար:
Թուրքիոյ հետ ամէն գնով համաձայնութեան գալու քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրելէ ետք: Սեւրի համաձայնագիրին 88-րդ յօդուածը Թուրքիոյ կը պարտադրէր իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալ Հայաստանը: Համաձայնագիրը կնքուելէ քանի մը ամիս ետք, Սեւրի դաշնագիրը «Ֆրանսայի շահերուն խիստ հակասող» ըլլալով, Ֆրանսա պահանջեց վերանայիլ անոր յօդուածները…: Ֆրանսայի պնդումներով՝ 1921-ին, Փարիզի խորհրդաժողովը որոշեց միջացգային ժողով մը հրաւիրել եւ փոփոխութեան ենթարկել Սեւրի դաշնագիրի որոշ կէտեր…:
Պօղոս Նուպար փաշա Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պերթելոյի դիմեց՝ իբրեւ Կիլիկիոյ պաշտօնական հովանաւորի, խնդրելով չլքել հայ բնակչութիւնը Կիլիկիոյ մէջ եւ հասնիլ վարչական ինքնավարութեան: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պերթելօ պատասխանեց. « Ֆրանսա վճռած է կատարել այն, ինչ որ կրնայ՝ հայկական փոքրամասնութեան լիակատար երաշխիք ապահովելու համար, ինչպէս ալ ըլլան Թուրքիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները»: Իրականութեան մէջ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը կարելին կ’ընէր Թուրքիոյ հետ անջատ համաձայնութիւններ կնքելու:
9 մարտ 1921-ին երկու երկիրներուն միջեւ կնքուեցաւ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական նոր համաձայնութիւն: Այս համաձայնութիւնը մեծ տագնապ ստեղծեց Կիլիկիոյ հայութեան մէջ: Անոնք, Կիլիկիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն անունով, 5 ապրիլ 1921-ին պատուիրակութիւն մը ղրկեցին Փարիզ: Բողոքը չխանգարեց թուրք-քեմալական հետագայ բանակցութիւնները, որոնք աւարտեցան 1921-ի թուրք-ֆրանսական տխրահռչակ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ: Այս համաձայնագիրը քաջալերեց քեմալականները, որպէսզի արեւմտեան պետութիւններու հետ քննարկումներու օրակարգերէն դուրս բերեն Հայկական հարցը: Իսկ արեւմտեան պետութիւնները չառարկեցին, գրեթէ չզբաղեցան Հայկական հարցով:
Ֆրանսա իր տնտեսական, առեւտրական մենաշնորհները պահպանելու համար Քեմալական Թուրքիոյ հետ 21 հոկտեմբեր 1921-ին պիտի կնքէր Կիլիկիայէն հեռանալու Ֆրանքլին Պույոնի ստոր համաձայնագիրը՝ Մուսթաֆա Քեմալի երախը նետելով Կիլիկիոյ հայերը:
Փետրուար 1922-ին, Բրիտանիոյ վարչապետ Քերզոնին յղած նամակին մէջ, Ֆրանսայի վարչապետ Փուանքարէ կը գրէր. «Թրքահայաստանի հարցին վերաբերեալ ես կը կրկնեմ, որ դժուար է պահպանել Սեւրի պայմանները, սակայն կը գտնեմ, որ Հայկական հարցի լուծումը չպէտք է որոնել Կիլիկիոյ մէջ, ուր, եթէ կարելի է այսպէս արտայայտուիլ, այլեւս հայ չկայ» ( Documents on British foreign Policy 1919-1939 – v ,xv, p. 601,1970): Փաստօրէն Ֆրանսա իր վարչապետին բերնով կը յայտարէր, թէ Կիլիկիոյ մէջ անկիւն պիտի չգտնուի հայերու համար…
Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ Լոզանի խորհրդաժողովին, ուր յիշատակութիւն անգամ չեղաւ Հայաստանի մասին..:
Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութան բոլոր ողբերգութիւններուն մէջ ամենաարիւնալին եղաւ Հաճնոյ հերոսամարտը: Տիպար օրինակը Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութեան՝ բուռ մը պաշարուած հերոսներու օրհասական նահատակութեան առջեւ: Չխնայուեցան տարեցն ու մանուկը, կիներն ու դեռատիները՝ բոլորը կոտորուեցան անխնայ: Վեց հազար բնակիչներէն վերապրեցաւ 365 հոգինոց խումբ մը…
Ընթերցողներէն շատեր պիտի առարկեն՝ Ֆրանսա ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, քրէական պատիժ սահմանած է Ցեղասպանութիւնը անարգողներուն….: Այս ալ բարոյական յաղթանակներու այլ հանգրուան մը, որմէ պէտք չէ գինովնալ…:

Aharon Shekerdemian

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert