ՊԱՅՔԱՐ 148
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ- թիւ 6
Մեծն Բրիտանիոյ Երեւութապէս Դրական, Գործնականօրէն Ժխտական Դերը Բարենորոգումներու Հարցով
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ

Համիտեան կոտորածները համեմատաբար թեթեւցած էին 1896-ի վերջերը, սակայն հայոց դէմ մասնակի ոճիրներ կը կատարէին թուրքերն ու քիւրտերը: Եգիպտական թերթերէն քաղելով տեղեկութիւնները, զորս լոյս տեսած են Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմած ու հրատարակած արաբերէն լեզուով «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908 Հայերը Եւ Երիտասարդ Թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյի մէջէն կը ներկայացնենք սոյն դէպքերուն եւ անոնց մասին արձագանգներ: Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ ամբողջովին կը պարփակէ սոյն հատորաշարքը, ուրկէ կարելի է որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով:
23 Մարտ 1897 թուակիր եգիպտական «Մասր» թերթի թիւ 361-ի մէջ կը յիշուի, թէ Տիգրանակերտի մէջ Անգլիական բարեսիրական միութեան կողմէ, որուն գլխաւորը Ուէսթմինիսթրի դուքսն էր, միութեան պաշտօնեաներէն հայազգի Յովսէփ Եունան մարդասիրական օգնութիւն կը բաշխէր աղքատներուն: Քանի մը թուրքեր զայն կը սպաննեն եւ անոր քով եղած դրամները կողոպտելով փախուստ կու տան: Գողցուած դրամներուն գումարը կը հասնէր 500 օսմանեան ոսկիի: Բրիտանական եւ ամերիկեան դեսպանները Բ. Դուռ բողոք կը ներկայացնեն այս հարցին կապակցութեամբ եւ կը պահանջեն անոր մանրամասնութիւններու բացայայտումն ու ոճրագործներուն խստիւ պատիժը:

Ասոր կը յաջորդեն քանի մը օր ետք Սեբաստիոյ նահանգի Թոքատ գաւառի ջարդերը, որոնց լուրը կը կարդանք «Ալ Իխլաս» թերթի 27 Մարտ 1897-ի թիւ 105-ին մէջ, ուր կը նշուի թէ հայերը 100 զոհ ունին: Նոյն ամսուան 30-ի «Ալ Իխլաս»ի թիւ 106-ին մէջ կը հաղորդուի, թէ Թոքատի հայ զոհերուն թիւը 400 հոգի է եւ ոչ թէ 100: 6 Ապրիլ 1897-ի նոյն թերթի թիւ 108-ին մէջ կը հաղորդուի, թէ Բ. Դուռը Հասան Ֆահմիի գլխաւորութեամբ դատական մարմին մը կը ղրկէ Թոքատ այնտեղի կառավարիչն ու ոստիկանապետը՝ Հագգի փաշան եւ կառավարչատան բոլոր պաշտօնեաները դատելու եւ պատշաճ վճիռ տալու: Թերթը կ’աւելցնէ թէ դատական յանձնախումբին կողմէ տրուելիք վճիռը ոչ մէկ պարագայի տակ փոփոխութեան պիտի չենթարկուի, այլ այդ պիտի նկատուի վերջնական եւ կտրուկ:

Այս միջոցին թէեւ Անգլիա մեծ աղմուկ կը հանէր հայոց դէմ գործուող ոճիրներուն բողոքելու ուղղութեամբ, սակայն ոչ մէկ գործնական քայլի կը դիմէր: Արդէն 1894-էն սկսեալ երեք տարի շարունակ Անգլիոյ դերը եղած էր միայն խօսքով դատապարտել հայոց դէմ կատարուող ոճիրները եւ երբ գործնական քայլ մը առնելու անհրաժեշտութիւնը զգացուած էր, այն ատեն Անգլիա իր սեփական շահերը առաջնակարգ սեպելով, դասալիք եղած էր քաղաքական, զինուորական եւ մարդկային օգնութիւն փութացնելու հայոց: Նոյն այս ձեւով ան սպառնալիքի ալիքով յարատեւ արգելք եղած էր հայերը բարենորոգումներէ աւելի լաւ դիրքի մէջ դնելու Ռուսիոյ հաւանական միջամտութեան ու եւրոպական միւս երկիրներն ալ զինուորագրած էր եւ ստիպած իրեն հետեւելու:
Ըստ «Մասր» օրաթերթի 29 Մարտ 1897-ի թիւ 366-ի մէջ երեւցած յօդուածին (էջ 54-57), կը պարզուին հետեւեալ իրականութիւնները 1894-1896-ի Համիտեան կոտորածներու եւ անոնց առընչութիւն ունեցող Մեծն Բրիտանիոյ եւ եւրոպական երկիրներու քաղաքական կեցուածքներու.
Ա. Մեծն Բրիտանիա Եւրոպայի ամենէն զօրաւոր պետութիւնն էր, որ 19-րդ դարու վերջերը ստեղծած էր միջազգային վիճակ մը, որմէ միայն ու միայն ինք կ’օգտուէր եւ խստօրէն կ’արգիլէր այլ պետութիւններու որեւէ ձեւով օգտուելու որոշ տուեալ կացութենէ մը: Անգլիա ոյժի սպառնալիքով կը պարտադրէր միւս պետութիւններուն իր կամքին համաձայն շարժելու: Անգլիացի պահպանողական քաղաքագէտներէն ոմանք զարմանքով կը յիշէին իրենց կառավարութեան յաջողցուցած այս իրականութիւնը, դրուատելով օրուան վարչակարգը:

Բ. Երբ հայկական նահանգներու ջարդերը տեղի կ’ունենային, քաղաքական դիտորդներու կարծիքներուն համաձայն այլեւս Ռուսիա անխուսափելիօրէն պիտի գրաւէր Հայաստանի արեւմտեան հատուածը, բաւարար եւ արդարացուցիչ պատճառ ունենալով՝ հայոց տառապանքները: Անգլիա Ռուսիոյ դէմ իր սպառնալիքներու կողքին շարժեց նաեւ Ֆրանսան, որ զօրաւոր կերպով դէմ կեցաւ Օսմանաեան Պետութեան հայկական նահանգները գրաւելու ռուսական հաւանական ծրագրին: Անգլիա Եւրոպայի մէջ այսպիսի իրավիճակ մը ստեղծեց, ուր բոլորն ալ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածը իր հակակշռին տակ առենելու ծրագրրին դէմ կեցան:

Գ. Անգլիոյ նման Ֆրանսա ալ սպառնական ոճով սկսաւ խօսիլ եւ զգուշացուց Ռուսիան թէ հայկական նահանգները գրաւելու պարագային, ինք ալ քանի մը նահանգ իր հակակշռին տակ պիտի առնէ զէնքի ոյժով: Նոյնպէս Գերմանիա անպաշտօն այս սակարկութիւններուն մասնակցեցաւ իր սպառնալիքով թէ ինք ալ պիտի միջամտէ: Այս ձեւով անկարելի դարձաւ որեւէ ձեւով մասնատել Օսմանեան Պետութեան հողատարածքը:

Դ. Այս բոլորէն ետք յստակ դարձաւ թէ Մեծն Բրիտանիա կը պահպանէ Օսմանեան Պետութեան գոյութիւնը եւ անոր սահմանները: Ան Ֆրանսան հեռու կը պահէ դէպի Հնդկաստան տանող եւ Միջերկրականէն անցնող ճանբաներէն, միեւնոյն ատեն Ռուսիան հեռու կը պահէ Միջերկրականի տաք ջուրերէն: Այս բոլորը Անգլիա կ’ընէր հակառակ այն իրողութեան թէ կարգ մը անգլիական կողմեր խիստ կերպով կ’ատէին օսմանցիները՝ հայոց դէմ անոնց գործած ոճիրներուն համար: Անգլիոյ ժողովուրդին մօտեցումը տարբեր էր իր պետութեան քաղաքականութենէն:

Ե. Անգլիա յարատեւօրէն միայն խօսքով կը հետապնդեր հայկական նահանգներու բարենորոգումներու գործի իրականացումը, այսպիսով շահելու համար Թուրքիոյ քրիստոնեաներու համակրանքը:
Եգիպտական թերթերը այդ օրերուն խստօրէն կը քննադատէին Արեւմուտքը ընդհանրապէս եւ Մեծն Բրիտանիան մասնաւորաբար, իրենց յարուցած աղմուկին փոխարէն գործնական քայլ մը չառնելու յանցանքով, հայոց սպանդները դադրեցնելու եւ բարենորոգումները գործադրութեան մէջ չդնելու անհոգութեամբ ու անտարբերութեամբ, ինչպէս նաեւ հայերը զուր տեղ գռգրելու շահատակութեամբ եւ անոնց տառապանքները միայն դիտելու անբարոյութեամբ: Այս պատճառով կարգ մը թերթեր, թէեւ քիչ թիւով, կ’այպանէին հայերը օտարներու դրդումով բողոքելու պետութեան դէմ եւ ձեւով մը՝ անուղղակիօրէն պատասխանատու կը նկատէին զանոնք տեղի ունեցող կոտորածերուն համար: Հազուագիւտ պարագաներու միայն սակաւաթիւ թերթեր սուտով ու կեղծիքով գովաբանութիւն կը շռայլէին օսմանեան կառավարութեան եւ սուլթան Ապտիւլ Համիտին, հայերը յանցաւորի աթոռին նստեցնելով, այդ ալ պարզապէս իրենց մորթէն վախնալով կամ նիւթական ստանալու փոխարէն: Կային նաեւ թուրքեր որոնք այսպիսի նիւթեր տպող արաբական թերթերու սեփականատէր, խմբագիր եւ կամ ալ յօդուածագիրներ էին:

Եգիպտական «Ալ Րաիտ Ալ Մասրի» թերթը իր 30 Յուլիս 1897-ի թիւ 90-ի մէջ կ’անդրադառնայ այս հարցին՝ հայոց օգնութեան հասնելու Անգլիոյ դասալիքութեան ուղղութեամբ (էջ 79-82): Յօդուածագիրը կ’ըսէ. «Եթէ երբեք Անգլիա կ’ըսէ հայոց թէ իր զրահաւորները չեն կրնար Հայաստանի լեռները մագլցիլ, այն ատեն ինչո՞ւ համար ան հայերը մղեց բարենորոգումներ պահանջելու Օսմանեան Պետութենէն»:

Այսուհանդերձ Անգլիա իր հանրային կարծիքը իրազեկ կը դարձնէր Օսմանեան Պետութեան մէջ հայոց դէմ գործուող կոտորածներու մանրամասնութիւններուն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը ձայնակցէին եւրոպական այս արշաւին եւ անոնք ալ իրենց կարգին ժողովուրդը տեղեակ կը պահէին Օսմանեան Պետութեան հայկական նահանգներու ջարդերու մանրամասնութիւններէն: Այս մասին «Նիւ Եորք Հերըլտ» թերթի թղթակից՝ դոկտ. Հիուըրթ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայոց տառապանքը քիւրտերու ոճիրներէն եւ կ’ամբաստանէ թուրքերը, որոնք կը գռգրէին քիւրտերը հայոց դէմ: Յօդուածին մասին գրուած է Աղեքսանդրիոյ մէջ լոյս տեսած «Ալ Մուշիր» թերթի, 19 Փետրուար 1898-ի թիւ 9-ի մէջ (էջ 123-128): Դոկտ. Հիուըրթ ամերիկեան թերթին Բաղէշէն ղրկած թղթակցութեան մէջ կ’ըսէ թէ թուրքերը, քիւրտերն ու թաթարները իրենց բարկութեան կրակը թափեցին Սեւ Ծովէն հեռու ապրող հայոց վրայ եւ անարգեցին զանոնք: Հիուըրթ քիւրտերը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Քիւրտերը թրքական ցեղ մը չեն եւ դժուար է ըսել թէ անոնք մարդկային ցեղի մը կը պատկանին: Անոնք վայրի գազաններ են մարդու կերպարանքով: Թուրքերու պէս, քիւրտերն ալ իսլամ են եւ կը հնազանդին Սուլթանի հրամաններուն: Անատոլուի մէջ մէկ ու կէս միլիոն քիւրտ կը բնակի… Կը տեսնենք թէ քիւրտը միշտ սուրով եւ դաշոյնով զինուած կը շրջագայի, իսկ խեղճ հայուն կառավարութիւնը չարտօներ որ զէնք կրէ: Հայերը մինչեւ վերջերս քիւրտերու հետ խաղաղ կ’ապրէին եւ անոնց տուրք կը վճարէին պաշտպանութեան փոխարէն, մինչեւ որ թրքական կառավարութիւնը արգիլեց քիւրտերուն հայերը պաշտպանել եւ երկու ազգերու միջեւ երկպառակութիւն ստեղծեց, ու պատահեցան հայոց ահռելի ջարդերը» (էջ 123-124): Դոկտ. Հիուըրթ շրջագայած է հայկական նահանգները եւ տեսած հայոց դառն վիճակը: Թուրք բնակիչները անոր վկայած են հայոց կոտորածներուն մասին ըսելով, որ քիւրտերը զանոնք ամեն օր կը մորթեն, անոնց ստացուածքը կը կողոպտեն եւ տուները կրակի կու տան:

Սակայն եւ այնպէս Մեծն Բրիտանիոյ յարուցած աղմուկը ի նպաստ հայոց չծառայեց: Սկիզբը բարենորոգումները գործադրելու գծով Անգլիոյ թափած ջանքերը այն տպաւորթիւնը տուին, թէ անոնք լուրջ են ու անկեղծ, բայց ետքը պարզուեցաւ որ անոնք միայն ու միայն Ռուսիան Հայաստանի արեւմտեան հատուածը գրաւելէ ետ մղելու համար էին եւ վերածուեցաւ «բազում աղմուկ վասն ոչինչի» դառն եւ ունայն իրականութեան:

Ներկայիս կարելի է ըսել թէ բարենորոգումները եթէ գործադրուէին կացութիւնը շատ պիտի չփոխուէր, որովհետեւ ինչպէս յետագայ զարգացումները ցոյց տուին՝ ըստ հայոց դարաւոր փորձառութեան թուրքը հայուն համար վնասակար ու անյոյս գոյակից մըն էր Հայաստանի հողին վրայ: Իսկ եթէ Ռուսիա գրաւէր հայկական նահանգները, այդ պարագային հաւանաբար իրականութիւնը տարբեր ըլլար:

Այս բոլորէն ետք առողջ տրամաբանող մը հարց կրնայ տալ, թէ այն օրերու անգլիացիներու եւ ամերիկացիներու հայոց կոտորածներու վկայութիւններու եւ հայոց հանդէպ կարեկցութեան իրականութեան հակառակ, այսօր Ա. Մ. Ն.-ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչակարգերը Հայոց Ցեղասպանութիւնը նշելու բայց պաշտօնապէս չճանչնալու որձեւէգ կեցուածք ունին՝ քաղաքական իրենց շահերու տեսանկիւնէն դիտուած, որ իրենց անցեալէն ալ շատ տարբեր չէ: Սակայն երկու երկիրներու հանրային կարծիքը ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ Հայասպանութեան փաստին հանդէպ իրենց վարչակարգերու քաղաքական ոճին եւ կեցուածքին ուժգնօրէն դէմ է: Միջազգային ակադեմական շրջանակներու եւ հզօր պետութիւններու մեծ ու հռչակաւոր համալսարաններու եւ հիմնարկներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ոչ միայն կ’ընդունի Հայասպանութիւնը, այլեւ իրենց առարկայական ու գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ վերլուծութիւններով կը սատարէ աշխարհի վրայ անոր փաստի հաստատման:

Haroutune Iskahadian

———————————————————–

About the website

In 2001 The Armenian General Benevolent Union (AGBU) of Cairo initiated a project entitled Armenia and Armenians in the Arab Press from 1876 to 1923.

The aim of this project was to document an important era of the Armenian people’s modern & contemporary history based on news and articles published in Egyptian and Arabic publications existing in the archives of the Egyptian National Library.

AGBU Cairo entrusted this task to a group of researchers headed by Dr. Mohamed Refaat Al Imam, Professor of Modern and Contemporary History of Egypt’s Damanhour University, to scan through all the Arabic publications archived in the Egyptian National Library. The number of the publications and journals which were photocopied and utilized reached 383 periodicals existing during the above mentioned period.

The research resulted in the obtainment of 36000 texts written in the Egyptian and Arab press about Armenia and Armenians during the period 1876 to 1923.

253 publications were utilized in this website’s search engine and in the books covering 7 periods which will be consequently published. The rest of the archived publications will be exploited in the near future to document the role of eminent Armenians in Egypt’s modern history. These books will also be available for download from the books section of this website once published.

With the launch of this website, the search engine of this website will be covering the period of 1876 to 1893. The ongoing upload process of these documents will be continued until the full availability of the 36000 texts online.

A section is also introduced in this website: The Genocide, 100 years later, to document the news and publications written about the Armenian Genocide with the commemoration of its Centennial in 2015.

————————————————-

عن الموقع

أقدم مجلــس إدارة جمعيـــة القاهــرة الخيريــة الأرمنيــة العامــة فــى عــام 2001 على تبنى مشروع عنوانه أرمينيــا والأرمــن فــى الصحافة العربيـــة 1876 ـ 1923

ويهدف المشـروع إلـى تدويــن حقبـة مهمـة فـى التاريــخ الحديــــث والمعاصـــر للـشـعــب الأرمـنـى اسـتناداً إلــى ما ورد مــن أخبــار ومقــالات فى دوريـــات الصحــافـة المصـريـة والعـربيـة المحفـوظـة بدار الكتب المصرية

وقد أسندت الجمعية تنفيذ هذه المهمة إلى فريق بحثى برئاسة الدكتور محمد رفعت الإمام أستاذ التاريخ الحديث والمعاصر بجامعة دمنهور ، حيث قام هذا الفريق خلال عشر سنوات بتمشيط مجموعات الدوريات المنشورة باللغة العربية والمحفوظة فى دار الكتب المصرية ، وقد بلغ عدد الدوريات التى تم تصويرها والاستفادة من محتواها 383 دورية فيما يخص الحقبة الزمنية سالفة الذكر

وأسفرت نتيجة البحث عن تصوير 36 ألف نص يتحدث عن أرمينيا والأرمن خلال الفتره من 1876 – 1923 . وقد استخدم فى هذا الموقع و في الكتب التي ستحتوي علي الفترات الزمنية السبعة التي سيتم طباعتها تباعا المادة المستقاة من 253 دورية عربية ، أما المادة المتبقية فإنها ستُستخدم لاحقا لتسجيل نشاط أعلام الأرمن فى مصر ، لبيان الدور المهم الذى لعبه الأرمن المصريون فى التاريخ المصرى الحديث وذلك فى ذات الحقبة سابقة الإشارة . وستكون هذه الكتب متاحه للقراءه والتحميل في هذا الموقع من قسم الكتب.

مع انطلاق هذا الموقع سوف يكون البحث متاحا في الفترة الزمنية من 1876 إلي 1893 وسوف يتم تحميل باقي المواد تباعآ حتي يتم تحميل ال 36000 نص علي هذا الموقع

أما قسم “الإباده بعد 100 عام” والذي تم إدماجه في هذا الموقع فيحتوي علي المقالات والأخبار التي نشرت عن الإبادة الأرمنية مع بدء فعاليات إحياء الذكري المئويه في عام 2015

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert