Մեր հայրենիքին սահմանակից թշնամի երկու պետութիւնները՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան առիթ չեն կորսնցներ տակաւ սաստկացնելու Հայաստանի դէմ քաղաքատնտեսական շրջափակումը: Գաղտնիք մը չէ, որ Հայաստանը մեկուսացնելու Կովկասի պետութիւններուն քաղաքականութիւնը մաս կը կազմէ անոնց երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագիրներուն: Առ այսօր, Հայաստան հեռու կը պահուի տարածաշրջանային միջպետական գործառքներէն, որպէսզի անզօր դառնայ հակազդելու հարաւային Կովկաս-Արեւմուտք փոխյարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Պաքու-Թիֆլիս- Անգարա երկաթուղագիծէն բխելիք զինակցութեան:

Վերոյիշեալ երկու նախագիծերուն յաջողութիւնը վստահաբար աշխարհաքաղաքական նոր կացութեան առջեւ պիտի դնէ Կովկասը եւ մեր հայրենիքը, աւելի պիտի խորացնէ հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական դժուարութիւնները: Փոխարինող տարբերակներ անհրաժեշտ են Հայաստանի համար: Տնտեսական յստակ ծրագիրի բացակայութեան, այսօրուան դրութեամբ, շատ հաւանաբար Իրանը դառնայ Հայաստանի տնտեսութեան շնչերակը:
Մեր թշնամիները քաղաքական, տնտեսական եւ քարոզչական լուռ պատերազմ յայտարարած են Հայաստանի դէմ:

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Պաքուի մէջ կայացած թրքալեզու ժողովուրդներու 7-րդ խորհրդաժողովին, Թուրքիա յաջողեցաւ հայկական Սփիւռքի դէմ իր կողքին միաւորել Ատրպէյճանը, Ղազախստանը եւ Ղրղզստանը: Մասնակիցներուն առջեւ խօսք առնելով, նախագահ Էրտողան ըսաւ.« Մէկ ազգը չի կրնար երկու խնդիր ունենալ. Մեր խնդիրները նոյնն են: Հայկական պնդումներուն հետ կապուած խնդիրները, որոնց դիմաց կեցած է Ատրպէյճանը, մեր խնդիրներն են: Թուրքիա պատրաստ է ջանքեր գործադրել ղարաբաղեան հիմնախնդիրը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ կարգաւորելու համար: Ատրպէճանի սեփական տարածքներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու՝ հայկական բռնագրաւման տակ ըլլալը մէկ միլիոն ատրպէյճանցիի ստիպած է իբրեւ փախստական ապրիլ իրենց տուներէն, հայրենիքէն հեռու…»:

Գաղտնիք չէ, որ ժամանակէ մը ի վեր, Էրտողան կը ճգնի վերատեսութեան ենթարկել առաքելութիւնը եւ ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի համանախագահութեան կազմը:
Էրտողանի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը մտահոգիչ զարգացում մըն է ԵԱՀԿ-ի հովանաւորութեան տակ կայացող Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններուն վրայ: Էրտողան կը մոռնայ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմք ընդունած է տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները, բնականաբար խաղաղ ճանապարհներու հիման վրայ:
Խորհրդաժողովը միաժամանակ Ատրպէյճանին աջակցելու կոչ ուղղեց արտերկրի թուրքերուն: Չորս երկիրներ հայկական Սփիւռքի դէմ պայքարելու որոշում ընդունեցին: Դժբախտաբար, Հայաստանի եւ Սփիւռքահայ քաղաքական հոսանքներու ուշադրութենէն վրիպեցաւ այս վտանգաւոր եղելութիւնը եւ կամ թերացան ըստ արժանւոյն գնահատական տալու մտահոգիչ այս յայտարարութիւններուն: Թուրք-ազերիական հակաքարոզչութիւնը լեզուակից, արիւնակից, ցեղակից դաշնակիցներ կը փնտռէ հայ ժողովուրդի դէմ իր պայքարին մէջ:

Մենք՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, մեր խորհրդաւոր լռութեամբ դարձեալ մարսեցինք այս գայթակղութիւնը: Այնքան մը կազմակերպուած լռութիւն, որ կասկած կ’արթնցնէ յաճախ ՝ արդեօք կ’ընկալե՞նք կատարուածին կշիռը..: Նուազագոյն յանդգնութիւնն անգամ չունեցանք բողոքելու ԵԱՀԿ-ի համանախագահութեան կամ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին: Բացի քանի մը ձայներէ, պաշտօնական եւ անպաշտօն մակարդակներու վրայ մեր լռութիւնը խորհրդաւոր էր պարզապէս:

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող թրքալեզու ժողովուրդներու համագործակցութեան եօթներորդ խորհրդաժողովին, նախագահ Էրտողան յանդգնեցաւ յայտարարելու, թէ Կովկասի խաղաղութիւնը վտանգուած պիտի մնայ այնքան ժամանակ, որ բռնագրաւուած կը մնան «Ատրպէյճանի հողերը»: Էրտողան յայտնեց, թէ Թուրքիան իր կարելին պիտի ընէ «Ատրպէյճանի տարածքներուն« վերատիրանալու համար…: Այս այն Թուրքիան է, որուն նախագահը՝ Էրտողան, իւրաքանչիւր նորապսակ թուրք ամոլէ կը պահաջէ առնուազն երեք զաւակ պարգեւել հայրենիքին..: Այս այն քոչւոր Թուրքիան՝ ուր օր չանցնիր առանց կեղծելու պատմութիւնը, յափշտակելու Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներուն մշակութային կոթողները, յուշարձանները, կալուածները, աշխարհին ներկայացնելով իբրեւ թրքական մշակոյթի ժառանգ..:

Ու՞ր կը գտնուինք մենք իբրեւ պետութիւն եւ Սփիւռք, քաղաքական անդուլ այս պայքարին մէջ, երբ թշնամիին նկռտումները յստակ են բոլորին: Համեստ հարցում մը. Իրազե՞կ ենք արդեօք այս զարգացումներուն: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել մեր կարգապահ լռութիւնը: Կարծէք պատահածները երկրորդական, անյիշարժան մանրուքներ ըլլային: Անտարբերութեան թ՞է քարոզչական լծակներու անբաւարարութեան պէտք է վերագրել մեր լռութիւնը..: Որքանով ներելի է, երբ ազգային մտահոգութիւններ լքած, երկրորդական վէճերով ժամավաճառ կը դառնանք քիչ մը ամէն տեղ, ումպէտս վատնելով մեր ներուժը: Ո՞վ չի գիտեր, թէ թուրք -ազերիական սերտակցութիւնը ինչպիս՞ի սպառնալիք կը ներկայացնէ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին: Արհաւիրք, որուն առաջին հետեւանքը պիտի ըլլայ հայաթափումի նոր հոսք մը Հայաստանէն:

Լռութիւնը ոսկի է, կ’ըսէ՝ առածը: Սակայն այս պարագային լռութիւնը անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան ապացոյց է, դժբախտաբար: Թուրք-ազերիական օրըստօրէ զարգացող ռազմական, տնտեսական, առեւտրական փոխյարաբերութիւնները կարելի չէ դիտել մատներու առանքով: Հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք բոլորս, որմէ կամայական պատճառներու տակ զլացումը, քայքայիչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր հայրենիքին եւ Սփիւռքի վրայ: Սթափինք մեր թմբիրէն:Լռութիւնը ոճիր է…:

Aharon Shekerdemian

 


 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert