Օրեր առաջ Դաշնակցություն կուսակցությունից հեռացված ՀՅԴ կենտրոնական պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեանը, դեռ 2016 թ.-ի ավարտին, որպես տարվա ամփոփիչ վերլուծություն հրապարակել էր նրքևի գրությունը, որի պատճառով էլ արժանացել էր, ՀՅԴ օրվա ղեկավար Հրանդ Մարգարյանի մեկ տարով կուսակցությունից կախակայվելու պատժին:
31 դեկտեմբերի 2019թ.-ի դիմատետրի իր էջում Պէրպէրեանը այս մասին գրել է.  «Յօդուածիս համար ՀՅԴ Բիւրոն օրին մէկ տարիով զիս կախակայեց՝ առանց հարցաքննելու եւ ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն տալու։ Ես այդ ատեն ալ մերժեցի ընդունիլ Դաշնակցութեան գրաւոր թէ անգիր օրէնքներուն հետ ոչ մէկ կապ ունեցող այդ պատիժը, նոյնիսկ չբողոքեցի հակադաշնակցական այդ տնօրինումին դէմ…»:
Հիշեցնենք, որ ՀՅԴ շարքերից, (այդ թվում նաև Հունաստանում, երբ ինքը՝ Նազարէթ Պէրպէրեանը Դաշնակցության կենտրոնական կոմիտեի անդամ էր) իրենց հայացքների պատճառով անարդարորեն հեռացվել են բազմաթիվ երևելի դեմքեր:
Նազարէթ Պէրպէրեան

 

Հիշեցնենք, որ ՀՅԴ շարքերից, (այդ թվում նաև Հունաստանում, երբ ինքը՝ Նազարէթ Պէրպէրեանը Դաշնակցության կենտրոնական կոմիտեի անդամ էր) իրենց հայացքների պատճառով անարդարորեն հեռացվել են բազմաթիվ երևելի դեմքեր:

Օրուան Մտածումը
✅ ՏԱՐԻՆ, ՈՐ ՀԵՏԸ ՏԱՐԱՎ ՀԱՅՈՒՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՆՔԸ
Ն. Պէրպէրեան

Աւանդաբար, տարեվերջի այս օրերուն, մարդիկ հաշուեյարդար կը կատարեն։
Յատկապէս մամուլի մարդիկը հրապարակաւ կ՚ամփոփեն տարին եւ հաշուեկշիռի կը բերեն անցնող տարուան առաւելն ու նուազը, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, բարիքն ու չարիքը, յառաջխաղացքն ու ընկրկումը։
Բացառութիւն կազմելու որեւէ պատճառ չունի հայ մամուլը։

Մանաւանդ որ հայուն համար ահա անցեալին գիրկը կ՚ընկղմի տարի մը, որ Ապրիլ եւ Յուլիս ամիսներուն ծանրագոյն փորձութեանց առջեւ դրաւ ազգովին ողջ հայութիւնը, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Ծանրագոյն փորձութիւններ, որոնք խորապէս ցնցեցին եւ խոցեցին ազգային մեր ինքնավստահութիւնը։

Ատրպէյճանի նախայարձակումով պարտադրուած Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը հայու արիւն եւ հող խլող անակնկալ հարուածէ մը շատ աւելին եղաւ։
Ուղղակի՛ մերկացուց դառն ու դաժան այն իրողութիւնը, որ հայու արեան եւ հողին տիրութիւն ընելու կոչուած մեր «պետական այրեր»ը կլանուած են… իրենց իշխանութիւնը վերարտադրելու օրակարգով։
Մնացեալ ամէն ճարտասանութիւն եւ «առաջնահերթութեանց» մասին բարձրաթռիչ պնդումներ լաւագոյն պարագային… ամբոխավարութիւն են։

Իսկ անդին, Պաքուի եւ Անգարայի մէջ, հակահայ հարուածներ որոճացող պետական հրէշային մեքենան տենդագին կ՚աշխատի եւ մութին մէջ ահաւոր դաւեր կը նիւթէ Հայաստանի ու հայութեան դէմ…
Հերոս հայ զինուորը լուր իսկ չունեցաւ, որ յանկարծ թշնամիին աւելի քան հարիւր զոհ պիտի տայ եւ արեամբ ազատագրուած հայրենի հող պիտի կորսնցնէ։

Կորուստներ, որոնց ի տես կամ ի լուր՝ Հայաստանի գործող նախագահը բաւարարուեցաւ մեր ժողովուրդին ուղղուած կցկտուր այն «բացատրութիւններ»ով, թէ՝
– Ատրպէյճանական զօրքի արդիական զէնքերուն դէմ հայ զինուորը կը կռուի 1990ականներու զէնքերով։

– Ռազմավարական նշանակութիւն չունեցող հողին ետ տիրանալու համար չ՚արժեր երիտասարդ հայ զինուորի յաւելեալ արիւն թափել…
Մեր ժողովուրդին բաւարարէր թէ ոչ այդօրինակ «բացատրութիւն»ը, վերանկախացեալ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը արդէն վարժուած է այդպէ՛ս խօսելու հանրային կարծիքին հետ։
Միայն այսօրուան նախագահին բնորոշ չէ սեփական ժողովուրդին այդպէ՛ս թեթեւակի հաշուետուութիւն տալու անփոյթ, այլեւ արհամարհական վերաբերումը։

Ժողովրդավարական հաշուետուութեան այդ կեղծ ոճին ու նմանակումին վարժուեցանք ազգովին՝ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, անցնող քառորդ դարու ընթացքին։
Այդպէ՛ս մտածեցին ու գործեցին նաեւ ոչ միայն Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ նախագահներն ու անոնց ղեկավարած վարչախումբները, այլեւ անոնց ճիպոտով քաղաքական ասպարէզ իջած ու ժողովրդային հրապարակը ընդդիմախօս աղմուկով լեցուցած ուժերու մեծ մասը։

Ամէն պարագայի, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը յանկարծ վաւերական հնչեղութիւն տուաւ 2014ի վերջերուն հրապարակ նետուած «100ամեակը առանց ռեժիմի» կարգախօսքին, որուն հեղինակները Մեծ Եղեռնի 100ամեակի նախօրէին ժամանակաւորապէս բանտ դրուեցան, որպէսզի իբր թէ «մեր աղտոտ լաթերը օտարներուն ցոյց չտանք» համազգային նշանակութեամբ անկիւնադարձային տարուան՝ 2015ի սեմին եւ ընթացքին։
Հետեւաբար, երբ Ապրիլեան հարուածէն ետք նորովի ձայներ բարձրացան եւ բուռն բողոքի ալիք առաջացուցին՝ սահմանապահ մեր զինուորներուն հասանելի պիւտճէներուն եւ վարկերուն հաշւոյն յղփացող պատասխանատուներու շահատակութեանց դէմ, դարձեալ բանտ նետուեցան քաղաքական այս համակարգի ամէնէն համարձակախօս քննադատներն ու անոնց առաջնորդը… այս անգամ սակայն զինեալ ըմբոստացում կազմակերպելու մեղադրանքով։
Այդքանով չփակուեցաւ անցնող տարուան բերած ծանրագոյն փորձութեանց էջը։

Ապաւինած զանգուածային լրատուամիջոցներու մայր հոսանքին վրայ դրամի թէ իշխանութեան ուժով իր հաստատած գրեթէ բացարձակ տիրակալութեան՝ Հայաստանի կառավարող վերնախաւը ամէն ճնշում գործադրեց եւ հանրային կարծիքը մոլորեցնելու ամէն խաղի դիմեց, որպէսզի Ապրիլեան «անակնկալ» հարուածին մերկացուցած գայթակղութեանց դէմ բարձրացած դժգոհութեան եւ ընդվզումի ալիքը մեղմացուի ու հանգչի։
Աւելի՛ն. Ապրիլեան «անակնկալ»ին համար պաշտօնատարներ «պատասխանատուութեան» կանչելու բարձրագոռ խոստումներ շռայլուեցան եւ… վերջ։

Եթէ Արցախի երբեմնի ազատամարտիկներու կողմէ կեանքի կոչուած «Սասնայ Ծռեր»ուն Յուլիսեան զինեալ գործողութիւնը տեղի չունենար Երեւանի ոստիկանութեան պահակային զօրամասին վրայ, վստահաբար մեր ժողովուրդի ուշադրութենէն դուրս մղուած պիտի ըլլար Ապրիլեան ողբերգութիւնը։

Փաստօրէն իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն «նախանձախնդիր» կ՚երեւին, որպէսզի պետական դիրքերէ կատարուած չարաշահումները, յատկապէս հայոց բանակի եւ հայ զինուորի հաշւոյն գործուած շահատակութիւնները քննելի եւ պատժելի ըլլան միայն «վերեւներ»ու իրաւասութեանց ծիրին մէջ։

Մէկ խօսքով՝ համակարգի խայտառակութիւնները հասարակ ժողովուրդի բերնի ծամօն չդառնան…
Այդ առումով է, որ 25ամեայ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը Յուլիս 2016ին ապրեցաւ իր պատմութեան ծանրագոյն փորձութեան պահը։
Ոչ միայն ներքին՝ եղբայրասպան արիւնահեղութեան սպառնալիքին մատնուելու առումով։

Այլեւ ու մանաւանդ այն իմաստով, որ քաղաքական կառավարման իշխող համակարգը ոչ մէկ սրբութեան կը խնայէ, ընդհակառակն՝ պատրաստ է ամէն արժէք ոտնակոխելու, սեփական շահատակութեանց յագուդ տալու սիրոյն։
Տարին, որ ահա կ՚անցնի-կ՚երթայ, փաստօրէն իր հետ կը տանի հայուն վերջին պատրանքն ալ՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ հայոց բանակը իբրեւ սրբութիւն սրբոց պահպանելու եւ ամէն բանէ վեր դաւանելու ուխտը պղծողները անպատիժ թողելով։

Սրբապղծութիւնը մերկապարանոց վարքագծի վերածուած է այն աստիճան, որ պետական ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքերէն պատերազմող ժողովուրդի ու հայրենիքի հաշւոյն յղփացողները դեռ հաշուետուութեան չկանչած՝ հանրապետութեան նախագահով, վարչապետով եւ Ազգային Ժողովի գրեթէ միաձայնութեամբ՝ մեր ժողովուրդէն որոշած ենք ամսական հազար դրամի ազգային տուրք գանձել յանուն հայկական բանակի ուժեղացման…
Ի՞նչ. չհասկցա՜նք. իր արիւնը անսակարկ նուիրաբերելէ չվախցող ժողովուրդի՞ն կը վախցնեն ամսական հազար դրամ տուրք գանձելով յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։
Ո՛չ, նման վարքագիծը կը վկայէ պարզապէս այս համակարգի ամբողջական սնանկացման ու ձախողութեան մասին։

Հեռացող տարին պատրանքի իրաւունք այլեւս չի տար հայուն։
Վտանգուած է մեր երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը։
Վտանգուած է՝ ձեռամբ իշխանութեան անյագ ծարաւին անձնատուր քաղաքական այրերուն, որոնք 25 տարիէ ի վեր իբր թէ յանուն հայրենքի պաշտպանութեան՝ իրողապէս իրենց բարեկեցութիւնը կարգաւորելու վարքագիծին կը ծառայեն։
Բայց ցաւօք տակաւին կան միամիտներ, որոնք 2016ի աւարտին եւ Ապրիլեան հարուածէն ու Յուլիսեան ցնցումէն ետք ալ կը հաւատան, թէ քանի մը ամիսէն ետք, խորհրդարանական ընտրութիւններով, ազգովին հրաժեշտ պիտի տանք այս սնանկացած համակարգին, վերջ պիտի տանք նախագահական իշխանութեան չարիքին եւ պիտի դիմաւորենք… «պայծառ գալիքի արեւածագը»։
Ո՜ւր ես Չարենց։

Թերեւս դժուար չէ միամիտները հասկնալ, բայց ինչպէ՞ս կարելի է 2016ի ծանրագոյն փորձութիւններէն ետք ալ հասկնալ մտայնութիւնը այն դիւրահաւատ մարդոց, որոնք համակարգի բուն տիրոջ՝ հանրապետութեան նախագահին պատասխանատուութեան բաժինը մոռցած, անոր նշանակած նոր վարչապետին տուած բարեկարգման խոտումներով կ՚օրօրուին։
Ազգին ու հայրենիքին հետ գործարարի մտայնութեամբ եւ «հանրախանութ» ղեկավարողի հոգեբանութեամբ վարուող իշխանութենէ մը ի՜նչ բարեկարգում կարելի է յուսալ։
Չե՞նք հաւատար մեր աչքերով տեսածին ու ականջով լսածին։

Նորանշանակ վարչապետը իր շռայլած նորարարական խոստումներուն մէջ բան չգտաւ խոստանալու հասարակութեան ընկերային առումով ամէնէն անպաշտպան խաւին։
Իսկ պետական այրերու ապօրինի հարստացումը օրէնքով պատժելու կառավարական նախաձեռնութեան առիթով կարելի է, մեղմ ըսած, միայն ժպտիլ… դառնութեամբ, որովհետեւ դեռ քանի՜ անգամ կարելի է միեւնոյն յանկերգը հնչեցնել՝ պարզապէս նուագարանին լարը փոխելով։

Ի դէպ, պաշտպանութեան նախարարը վերջերս Աթէնքի մէջ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն կը փորձէր համոզել, թէ ի՜նչ վատ բան կայ, եթէ պետական պաշտօնեան իր գործը լաւ կը կատարէ եւ, միաժամանակ, գործարարական շնորհք ունի եւ օրինական ճանապարհով կրնայ նաեւ հարստանալ։
Հասկցա՞ք։
Հասկցա՛նք։
Եթէ Ապրիլեան հարուածն ու Յուլիսեան ցնցումը ապրած չըլլայինք, թերեւս շատերս ուզէինք՝ յանուն ազգային միասնութեան եւ հասարակական համերաշխութեան, առիթ տալ մեր քաղաքական ու պետական այրերուն, որպէսզի շարունակեն անփոփոխ մնալ կառավարման համակարգի ղեկին՝ ի հարկին իրենց ուզած ուղղութեամբ… բարեկարգումներ իրականացնելով։
Այսինքն՝ 2016էն առաջ թերեւս համակերպէինք, որ նախագահական պաշտօնավարութեան սահմանադրական երկու շրջանը սպառելէ ետք, քաղաքական միեւնոյն գործիչը իբրեւ վարչապետ շարունակէր իր ձեռքը պահել Հայաստանի պետական ղեկը։

Նոյնպէս թերեւս ներողամտութեամբ նայէինք այն փաստերուն, որ պաշտպանութեան նախարար մը Երեւանի մէջ ի վիճակի ըլլար սեփական ապարանք կառուցելու կամ հայոց բանակի բարձրաստիճան սպաներ արտասահմանի մէջ գործարարական եւ բնակարանային շռայլութեանց մէջ լողալու։ Չէ՞ որ իրենց կեանքի գնով նուիրուած էին հայոց բանակի հզօրացման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ամրապնդումին։
Բայց հեռացող տարին ծանր ու դաժան վերջակէտ դրաւ նման պատրանքներու։

Պետութեան եւ հասարակութեան հաշւոյն յղփացող ցեցերը ոչ մէկ սրբութիւն կը ճանչնան։
Ընդհակառակն՝ ի վիճակի են ոտնակոխելու սրբութիւնը նոյնիսկ հայոց բանակին, որուն ծառայելու իրենց վարքին համար արժանացած են իշխանութեան սանդուխէն բարձրանալու համաժողովրդային վստահութեան։
Հարցը այն է, որ իբրեւ հասարակութիւն մենք արժանաւորապէս տէր կը կանգնի՞նք մեր շնորհած վստահութեան քուէին։

Ցեցեր միշտ եղած են եւ իրենց աւերը գործած։
Ցեցերէ ձերբազատուելու համար ցեցեր վատնող քաղաքական կամք եւ կազմակերպ ուժ հարկաւոր են։

Նազարէթ Պէրպէրեան

———————————————————

Նյութըը քաղված է՝  Hayastan Weekly

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert