ՆԱԽ ԸՆԴՎԶԻԼ

Գէորգ Աճեմեան

Հայ մարդը ներկայիս երկու անձ կը պտըտցնէ իր մէջ: Այն, որմով կը ներկայանայ օտարին, եւ այն, որ ծանօթ է մեզի: Մեր ճանչցածը անհանդուրժող է, կռուազան, քինախնդիր, այլամերժ ու հպարտ: Այս այն անձն է, զոր ինքն իրեն կը պարտադրէ Հայութեան: Միակ եւ իսկական հայը ինքն է – ո՛ր կուսակցութեան կամ հոսանքին ալ պատկանի – եւ անպայմանօրէն հայրենասէր է, այսինքն թրքատեաց, մոլեռանդ ազգայնական, Հայ Դատի եւ իրաւունքներու պաշտպան, թուրքին ոխերիմ թշնամի եւ աննկուն պայքարող: Ան չէ ներած թուրքին, ու ոչ միայն չէ ներած, այլ նաեւ ուխտած է վրէժ լուծել անկէ: Նոյնիսկ երբեմն կը մտածէ Հայրենիքը ազատագրելու մասին: Կը մտածէ միայն: Երբեմն: Երբ ազգային յօդուած կամ յուշ մը կը կարդայ, դասախօսութեան մը ներկայ կը գտնուի ու կը յիշէ, թէ թուրքերը ինչե՜ր ըրած են մեզի: Բայց ատկէ ետք կը մոռնայ ու կը տարուի իր առօրեայ կեանքով եւ մտահոգութիւններով: Որ բնական է: Մարդ է ի վերջոյ:
Բայց ինք չ’ընդունիր այս պարագան՝ այս իրականութիւնը: Մարդ է, այո՛, բայց չէ մոռցած, չի կրնար մոռնալ, եւ անպայմանօրէն պիտի հասնի օր մը իր նպատակին: Ինք հայ է: Ո՞վ կրնայ կասկածիլ այդ մասին: Փա՞ստ կ’ուզէք: Ամենէն աւելի ինք կրնայ պոռալ ձեզի, թէ հայ է ու հպարտ է իր հայութեամբ: Թէ հայը հարուստ մշակոյթ ունի, խելացի է, աշխատասէր, հանճարեղ, ու բոլոր երկիրներուն մէջ սիրուած ու գնահատուած քաղաքացի է: Ու եթէ չհաւատաք, կը դիմէ մարդ համոզելու Փանջունիի եղանակին: Ու կը կոտրէ ձեր գլուխը: Բայց միայն ձե՛ր գլուխը: Հայութեա՛ն: Որ նախընտրելի է, բնական է: Անտեղի կերպով օտարին գլուխը ջարդելէն աւելի լաւ է, կը խորհինք:
Դժբախտաբար սակայն, այս իր իսկական անձը չէ: Այս է՛ այն արուեստական անձը, զոր ինք ստեղծած է՝ հոգեբանօրէն ինքզինք արդարացնելու համար: Որովհետեւ իր իսկական անձը այն միւսն է, առաջինը, որու ակնարկեցինք վերը, եւ որ ծանօթ է օտարին. պարտուած հայը, լալկան հայը – անողնայար, նպաստընկալ, գութ եւ ճանաչում հայցող ողորմելին: Ճիշդ է, երբեմն կը համարձակի օտարին խօսիլ իր ցաւերուն մասին եւ ի պահանջել հարկին նոյնիսկ կը վիճի անոր հետ. բայց միայն աղերսելով եւ գութ շարժելու ճիգով մը: Ան քաջ է եւ անվեհեր, երբ ինքնիրեն կամ ձեզի հետ կը խօսի: Մինչ օտարին ներկայութեան՝ աղերսարկու է եւ վախկոտ: Կամ գէթ՝ քաջ չէ: Այս կրնաք բացատրել քաղաքավարութեամբ, լայնախոհութեամբ, ու նոյնիսկ՝ դիւանագիտութեամբ: Բայց նոյնն է: Օտարին առջեւ տկար, պարտուած մարդն է ան – այն մարդը, որ ճանչցուած է օտարէն որպէս խեղճ ու հնադարեան ժողովուրդի մը բեկորը, որ իր խղճալի գոյութիւնը տակաւին կը քաշքշէ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Եւ այս պատկերը, այս գաղափարը ի՛նք ստեղծած է օտարի միտքին մէջ: Որովհետեւ ինք ներկայացած է – ինքզինք ներկայացուցած – ա՛յս պատկերով:
Բայց այս մարդը, որ ներկայ ժամանակին մէջ կը ներկայացնէ հայուն իսկական անձը, տարբեր է անցեալի, անցեալ դարերու հպարտ եւ արժանապատուութեան տէր հայորդիէն, որ գիտցած է չափուիլ ու ճակատիլ պարսիկներու, հռովմայեցիներու եւ բիւզանդացիներու հետ: Քաջ, իսկապէս քաջ, ազնուական եւ ըմբոստ հայորդին, որ իր լեռներուն նման խրոխտ էր եւ աննուաճ: Ան դիմադրել գիտէր, կռուիլ, դիմանալ եւ պաշտպանել, հողէն եւ երկրէն աւելի, այդ հողին վրայ ապրելու եւ մնալու իրաւունքը: Եւ ամենէն կարեւորը՝ գիտէր ընդվզի՛լ: Ըմբոստանա՛լ:
Մինչդեռ մեռած է այդ յատկութիւնը իր մէջ այսօր, կորսնցուցած ըլլալով անոր գիտակցութիւնը՝ նախ եւ առաջ: Ընդվզելու, ըմբոստանալու բնազդը, որ հազարամեակներ շարունակ հայը պահած է հայ: Ռազմունակ, խիզախ, եւ իր պարզութեան եւ միամտութեան մէջ՝ հպարտ բայց խոնարհ:
Այդ հայն է որ կը փնտռուի այսօր:
Հայը, որ ընդվզիլ գիտէ ու կը մերժէ եւ կը հակադրուի բոլոր կատարուած իրողութիւններուն: Պարտադրուած լուծումներուն: Ան, որ չի կրնար հանդուրժել բռնութեան, անարդարութեան եւ անիրաւութեան: Ու կ’ընդվզի, կ’ըմբոստանայ ու դէմ կը դնէ, կը պայքարի, կը մերժէ պարտադրուած լուծումները, եւ կը դիմէ նոյն միջոցներուն՝ ոյժին եւ բռնութեան: Ա՛յս է ընդունուած, ճանչցուած լեզուն, զոր կը գործածեն բոլորը անխտիր: Եւ անոր գործածութեամբ միայն կրնայ ըլլալ միւսներուն հաւասար, եւ բնականաբար՝ արժանանալ անոնց յարգանքին եւ ճանաչումին: Այլապէս կ’անտեսեն զինք, կը խաբեն, կը ճզմեն ու կը կոխկռտեն:
Իսկ հայ մարդը ներկայիս մոռցած ըլլալ կը թուի այս պարզ իրականութիւնը, եւ դարձած է ենթարկուող, անվստահ եւ կամազուրկ արարած մը, որ կը յիշեցնէ անցեալ դարերու ստրուկը: Բայց անցեալին մէջ նոյնիսկ ստրուկները գիտէին ըմբոստանալ եւ իրենց վրայէն թօթափել գերութեան լուծն ու անոր ընկերացող անարգանքը: Ներկայի հայը չի գիտեր: Ան ընդունած է երկրորդ կարգի, երրորդ կարգի, ամենայետի՛ն քաղաքացին ըլլալու գոյավիճակը: Աւելի վատը՝ ան երկրորդ կարգի մարդ է, եւ ո՛չ միայն երկրորդ կարգի քաղաքացի: Ամէն մարդ՝ մարդ է, եւ անբռնաբարելի իրաւունքներ ունի: Հայը՝ տարբեր բան մըն է, տարբեր արարած մը, որ լռել սորված է, եւ ուրեմն՝ չի վայելեր նոյն իրաւունքները: Ստրուկը այսպէս եղած է բոլոր ժամանակներուն մէջ:
Եւ հայը, իր այսօրուան հոգեբանուբեամբ, ներկայ ժամանակի միակ ստրուկն է թերեւս: Արժանապատուութիւնը կորսնցուցած, վիզը ծուռ, ուրիշներուն անհաւասար, նոյնիսկ գութի անարժան մարդը: Մա՞րդը: Սակայն իսկական մարդը իր իսկութենէն չ’ամչնար: Միայն ստրուկն է որ կ’ամչնայ, որովհետեւ ինքզինք ստորադաս կը նկատէ: Հոգեբանական է:
Որ հայու պարագային եւս ճիշդ է այսօր: Ան ստրուկի հոգեբանուբեամբ հիւանդ է, վիրաւոր: Ստրկամիտ չէ – բարեբախտաբար չէ հասած այդ աստիճանին – բայց հոգեբանութիւնը ստրուկին յատուկ է: Պարզօրէն՝ կորսնցուցած է ընդվզելու գիտակցութիւնը: Իսկ միայն իրենք զիրենք ստորադաս նկատող մարդիկ՝ առանց անդրադարձի, անտարբերութեամբ կ’ընդունին այլ մարդոց կողմէ իրենց ուղղուած անարգանքը: Իրենց համար բնական է, ճիշդ, որովհետեւ ստորադաս են:
Պիտի կարենա՞նք ընդվզիլ երբեւիցէ:

 

Գէորգ Աճեմեան
«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, Պէյրութ,
ԺԷ. տարի, թիւ 11, 23 Մարտ 1975
«ՆՈՐ ՍՓԻՒՌՔ »
ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈԻԹԱՅԻՆ, ԳՐԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ
ԹԻՎ 7 – ԱՊՐԻԼ 2020
Հայկական Ժողովրդային Շարժումի
պաշտոնաթերթ – Հայաստան

 

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert