Պոլսահայ համայնքի երկու անդամ առցանց զրոյց մը կ՚իրականացնեն։ Նիւթը անշուշտ հայկական հիմնարկներու ընտրութիւններու մասին է եւ անշո՛ւշտ նիւթը կ՚երթայ, կու գայ, կը հասնի պոլսահայ վարժարաններուն։

Ընդհանրապէս մարդիկ երբ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն որոշ նիւթերու մասին, զուսպ կը մօտենան խնդիրներուն եւ համեստօրէն կ՚ըսեն «այս նիւթը թող քննարկեն ընկերաբանները, պատմաբանները» եւ այլն։ Գիտէ՞ք մեր համայնքին հարցը ի՛նչ է։ Կրթութեան մասին ԱՄԷՆ մարդ գաղափար ունի։ Բոլորը գիտեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ուսուցիչ ըլլալ, ինչպէ՞ս պէտք է դաստիարակել, հակառակ որ այս «ամէնինչագէտ»ներու զաւակները կամ թոռնիկները չեն յաճախեր հայկական վարժարան։ Այս երկու զրուցակիցն ալ, ինչպէս ուրիշներ, անշուշտ զանազան յորդորներ տուին թէ՛ վարժարաններու խնամակալութիւններուն, թէ՛ ուսուցիչներուն եւ բոլոր խնդիրները լուծեցին։

Այսօր, մեր վարժարանները այդքան մտահոգ են իրենց նիւթական խնդիրներով, որ «կրթական» կամ «դաստիարակչական» մօտեցում գրեթէ չկայ եւ բոլոր բեռը անշուշտ նա՛խ տնօրէնին, ապա ուսուցիչներու ուսերուն վրայ կը բեռցուին։

Եկեղեցւոյ վարչաձեւին եւ քաղաքականութեան մասին կրնա՞նք բոլորս մեկնաբանութիւններ ընել։ Ո՛չ։ Պատմութեան մասին կրնա՞նք մե՛ծ ուսումնասիրութիւններ իրականացնել։ Ո՛չ։ Կրթութիւն եւ մասնագիտութիւն կոչուած եզրեր կան։ Իսկ ինչո՞ւ ամէն մարդ ազատօրէն կը խօսի կրթութեան մասին, երբ իրենց մասնագիտութիւնը չէ։ Ինչո՞ւ ամէն մարդ կը յանդգնի մեր վարժարաններուն մասին խօսելու, զանոնք վարկաբեկելու, գաղափարներ յայտնելու եւ նաեւ նոր ծրագիրներ մշակելու։

Զրուցակիցներէն մէկը կ՚ըսէ. «Ես նոր ծրագիր մը մշակած եմ, կիրակնօրեայ վարժարան մը պիտի բանամ, որպէսզի թրքական վարժարան յաճախող հայ աշակերտներ շաբաթավերջին թող երթան ու հոն հայերէն սորվին»։

Չէ պարո՛ն, կը սխալիք։ Դուք կիրակնօրեայ վարժարան մը պիտի բանաք, որպէսզի հետզհետէ շնչասպառ ընէք մեր ամէնօրեայ վարժարանները եւ պիտի հանգստացնէք ձեր եւ ձեր նմաններուն խիղճերը։ Մեծմայրս այս առիթով ուրիշ խօսք մըն ալ կ՚ըսէ. «այրած սրտի … մխիթարանք»։

Կրնաք խօսիլ վարժարաններու նիւթական դժուարութիւններուն մասին, տնտեսական նոր ծրագիրներու կամ մօտեցումներու մասին եւ այլն, բայց ո՛չ պարոններ, ո՛չ տիկիններ, չէք կրնար կրթութեան եւ դաստիարակութեան մասին անհիմն եւ անհեթեթ գաղափարներ յղանալ։ Մասնագէտներ գոյութիւն ունին, որոնք պէտք է պաշտօն ստանձնեն մեր հարցերը լուծելու համար։ Սակայն դժբախտաբար այդ պաշտօնները «ամէնինչագէտ»ներու կողմէ գրաւուած են։

Յ.Գ.՝ Անշուշտ զրոյցը թրքերէն էր։

Սարին Ագպաշ

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert