Լուսարձակի տակ | «keghart.org»

Լիբանանի թրքական գաղութը

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 19 Յունիս 2020

10 յունիս 2020-ի երեկոյեան լիբանանահայ յայտնի հեռուստալրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի նկատմամբ թրքական սադրանքն ու անոր հետեւած զարգացումները երեւան հանեցին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ տարած խլրդային աշխատանքներուն տարողութիւնը: Արդարեւ, այսպէս կոչուած «Լիբանանի Արաբական Մերտիլլիական Միութեան» քանի մը հարիւր կողմնակիցներ, Թուրքիոյ դրօշներով, իջան փողոցները, հայհոյելով հայոց ու սպառնալով զանոնք դուրս նետել Լիբանանէն: Այս միութեան նախագահ, երգիչ Մունիր Հասանը ընկերային ցանցերու միջոցով սփռած իր առաջին ելոյթին մէջ (11 յունիս) նոյնիսկ հայհոյեց Լիբանանին՝ ինքզինք օսմանցիներու թոռ, Թուրքիան ալ իր հայրենիքը յայտարարելով, աւելցնելով թէ թուրքեր շատ քիչ ըրած են հայերը ցեղասպանելով եւ թէ ինք հպարտ է իր պապերուն իրագործած այդ ցեղասպանութեան համար …

Հայկական միջավայրին մէջ շատ քիչեր գիտեն, թէ այսօր Լիբանանի մէջ կայ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ թրքական գաղութ մը՝ բաղկացած սուննի համայնքին պատկանող ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ եւ ՍՈՒՐԻԱՑԻ քաղաքացիներէ: Այդ գաղութն ստեղծելու համար, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպաններն ու գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹ-ի գործակալները, յատկապէս այս տասնամեակի կէսին հինգ տարի գործած դեսպան Սիւլեյման Ինան Էօզեըլտըզը, գրեթէ ամէն օր չափչփեցին Լիբանանի հիւսիսէն հարաւը, արեւմուտքէն արեւելքը, եւ տարբեր խայծեր գործի դնելով՝ կամաց-կամաց ու անշշուկ կազմաւորեցին այդ գաղութը: Ան կը բաղկանայ հետեւեալ գլխաւոր շերտերէն.

  1. Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք Լիբանան մնացած ու գրեթէ արաբացածներ, որոնց սերունդներուն մէջ բորբոքեցին թրքական ծիները: Ասոնց նախնիները հիմնականին մէջ օսմանցի պետական ծառայողներ էին: Այս շերտին մէջ կ’առանձնանան ծագումով կրետէցի թուրքերը: 1897-ին երբ կղզին դուրս եկաւ օսմանեան գերիշխանութենէն՝ այդ յունական կղզիի թուրքերուն մեծագոյն մասը լքեց զայն: Մաս մը հաստատուեցաւ Թրիփոլիի մէջ: Անոնց սերունդները այսօր շուրջ 10 հազար հոգի կը հաշուեն:
  2. Տնտեսական պատճառներով Հայկական Միջագետքի Մերտինի շրջանէն 1950-ականներուն Լիբանան գաղթածներ ու անոնց սերունդներ: Ասոնք հիմնականին մէջ հաստատուած են արեւմտեան Պէյրութի սուննիական թաղամասերուն մէջ (Թարիք Ժտիտէ, Պասթա, Պաշուրա, Մուսայթպէ): Ասոնց սերունդներէն կազմուած է վերոնշեալ մարտիլլիական միութիւնը:
  3. Թուրք եւ լիբանանցի սուննի արաբ խառն ամուսնութիւններով կազմաւորուած ընտանիքներ ու անոնց սերունդներ: Ասոնք կան գրեթէ բոլոր սուննիական բնակավայրերուն մէջ:
  4. Լիբանանի հիւսիսը, մասնաւորապէս Աքքարի շրջանին մէջ թիւրքմէնական ծագումով գիւղացիներ (Սուրիոյ սահմանակից ալ-Քուաշրա, Այտամուն եւ այլ գիւղեր): 2011-ին Լիբանան իր այցի ընթացքին Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ Ռեճէփ Թայյիփ Էրտողան այցելեց այդ գիւղերը՝ մեծ զարկ տալով անոնց բնակիչներուն թիւրքմէնական ինքնութիւնը զուտ թրքականի փոխելու հոլովոյթին: Փոքրաթիւ թիւրքմէններ կ’ապրին Պաալպէք քաղաքին ու շրջակայ գիւղերուն մէջ:
  5. Աշխատելու համար 1990-ականներէն, եւ յատկապէս՝ 2011-ին սկսած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Լիբանան գաղթած սուրիահպատակ թուրքեր եւ թիւրքմէններ: Ասոնց քանակը կը գնահատուի 120-էն 150 հազարի միջեւ: Ասոնք հաստատուած են Լիբանանի հիւսիսային ու արեւելեան սուննիաբնակ շրջաններու եւ Պէյրութի արեւմտեան հատուածին, քանի մը հազար հոգի՝ նոյնիսկ Պէյրութի երբեմնի հայահոծ Պուրճ Համմուտ հիւսիսային արուարձանին կից Նապաա թաղամասին մէջ: Ասոնք, միացած վերի չորս շերտերու՝ 80 հազար գնահատուողներուն հետ՝ կը կազմեն առնուազն 200 հազարնոց պատկառելի թիւ մը՝ գրեթէ 2,5 անգամը լիբանանահայ գաղութին (հաշուած նաեւ սուրիահայ գաղթականները):

Բացի ասոնցմէ, Լիբանանի թրքական գաղութը վերջերս համալրուած է Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացած ու թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու միջոցով Լիբանան մտցուած շուրջ 5000 սուրիացի սուննի ծայրայեղականներով, որոնց զգալի մասը տեղակայուած է Լիբանանի արեւելքի Պեքաայի դաշտի հայաբնակ Այնճար գիւղի հանդիպակաց Մաժտալ Այնճար գիւղին մէջ: Վերջինիս թունդ ծայրայեղական իսլամ բնակիչները տասնամեակներէ ի վեր չեն թաքցներ հայկական գիւղը սրբելով վերացնելու իրենց երազանքը:

Թրքական ուժեղ ազդեցութեան տակ կը գտնուին Լիբանանի հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլին ու անոր սուննիաբնակ մերձակայքի բնակավայրերը: Այս շրջանին մէջ կը գործէ Թուրքիոյ հովանին վայելող «Հուրրաս ալ-Մատինա» («Քաղաքի Պահակներ») կազմակերպութիւնը: Անոր տասնեակներով անդամներ օսմանեան շրջանի տարազներով եւ Թուրքիոյ դրօշներով բողոքի ցոյց կազմակերպեցին երբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունը, Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի ձեռնարկներու սկիզբն ազդարարող իր ելոյթին մէջ (7 Սեպտեմբեր 2019) մեղադրեց Օսմանեան Պետութիւնը՝ դարերու ընթացքին, մասնաւորապէս առաջին աշխարհամարտին կազմակերպած սովամահութեամբ լիբանանցիներու նկատմամբ ահաբեկչութիւն կիրառելու համար: Քաղաքին մէջ երկու օր ետք կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ հարցուածներուն մէջ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ը աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, քան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը… Ապու Մուհամմատ Չոքի գլխաւորած այս կազմակերպութիւնը էական դերակատարութիւն ունի Լիբանանի մէջ 17 Հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ու առ այսօր շարունակուող հակապետական ապստամբութեան հրահրման մէջ, յատկապէս Թրիփոլի քաղաքին մէջ:

Թրիփոլիի տարբեր թաղամասերու մէջ տուներու պատշգամներէն վերջին տարիներուն մշտապէս կախուած են Թուրքիոյ հազարաւոր դրօշակներ. կարելի է ըսել՝ քաղաքը ողողուած է աստղ-մահիկով կարմիր դրօշակներով: Գլխաւոր՝ ալ-Թալլ հրապարակի ժամացոյցի աշտարակը, կառուցուած Կարմիր սուլթանի գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ (1906), 2006-ին վերանորոգուեցաւ հնութիւններու վերականգնման թրքական պետական կառոյցին գումարներով, աշտարակին վրայ վերայայտնուեցան Օսմանեան Պետութեան զինանշանը, սուլթանին կնիքը (թուղրա) եւ օսմանեան ուրիշ խորհրդանիշներ: Քաղաքապետարանին որոշումով, նորոգումէն ետք աշտարակը կոչուեցաւ «Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի աշտարակ»: Յատկանշական է, որ անուանակոչութեան առթիւ ելոյթներ ունեցաւ յատուկ այս արարողութեան համար Կազիանթէպէն (հայկական Այնթապը) ժամանած ազգագրական երգի-պարի խումբ մը, որ իր ելոյթներն աւարտեց ենիչերիներու տարազով տողանցքով՝ տխրահռչակ եաթաղանները ի ձեռին…

Թրքական պետութիւնը յատուկ գուրգուրանք կը տածէ Լիբանանի իր նորածին մանուկին նկատմամբ: Թուրք նորադարձներու բնակավայրերուն մէջ կը բացուին արթէզեան ջրհորներ, դարմանատուներ, դպրոցներ (ուր կը դասաւանդուի նաեւ թրքերէնը՝ Թուրքիայէն եկած ուսուցիչներու միջոցով, որոնց մէջ, վստահաբար, կան գաղտնի գործակալներ), նուէր կը տրուին շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ, երիտասարդները Թուրքիոյ համալսարաններու մէջ ուսանելու կրթաթոշակ կը ստանան, կը նորոգուին օսմանեան շրջանի յուշարձաններ եւ այլն:

Լիբանանի մէջ թրքական անմիջական ներկայութիւն է Հարաւային Լիբանանի մէջ՝ Իսրայէլի հետ սահմանը վերահսկող ՄԱԿ-ի զօրքերու կազմին մէջ գործող՝ այսօր 170 հոգի հաշուող թրքական զօրամիաւորումը (այսօր, թուրք զինուժը, օրինականօրէն կամ ապօրինաբար, ներկայ է արաբական եօթը երկիրներու մէջ՝ Քաթար, Սոմալի, Սուտան, Լիպիա, Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան)…

Լիբանանի մէջ թրքական ազդեցութեան հզօր գործիք է երկրի սուննի համայնքը, որու հակաիրանական զգացմունքները անոր անդամները կը մղեն փարելու սէուտցիներուն կամ թուրքերուն: Վերջին տասնամեակներուն նկատելի է սուննիներու զգալի զանգուածի մը թեքումը սէուտականէն դէպի թրքական հովանաւորութիւն: Լիբանանի՝ շուրջ մէկ միլիոն հաշուող սիւննի զանգուածին մէջ (Սուրիայէն գաղթականներն ալ եթէ հաշուենք՝ նուազագոյնը երկու միլիոն) յատկապէս պէտք է նշենք Թրիփոլիի մէջ՝ Լիբանանի ներքին գործոց նախկին նախարար զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Պէյրութի ու Սայտայի մէջ՝ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետեւորդները: Լիբանանի թրքազգիները վերջին տարիներուն իրենց քուէները յիշեալ երկու անձերու գլխաւորած քաղաքական հոսանքներուն ի նպաստ կու տան՝ ոչ առանց թրքական պետական մարմիններու խորհուրդին: Աւելի կրօնամոլ հատուածը կը զօրակցի «ալ-Ժամաա ալ-Իսլամիա» («Իսլամական Համախմբում») կրօնամոլ կազմակերպութեան, որ, փաստօրէն, սուննիական աշխարհի «Իխուան Մուսլիմուն» («Իսլամ Եղբայրներ») ցանցի լիբանանեան կառոյցն է, իսկ ծանօթ է, որ այդ ցանցի «պապա»ն Էրտողանն է՝ Ալճերիայէն ու Թունուզէն մինչեւ Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան եւ Արաբական Ծոցի երկիրներ:

Այս իրականութիւններու լոյսին տակ, ամբողջովին հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ սադրիչ երգիչ Մունիր Հասանը 13 յունիսին սփռուած իր երկրորդ ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց սուննի համայնքին՝ կենսագործունէութեան ԲՈԼՈՐ մարզերուն մէջ պոյքոթել ընդհանրապէս հայութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը՝ փորձելով թուրք-հայկական ազգային բնոյթ ունեցող հակամարտութեան հաղորդել կրօնական բնոյթ, ինչպէս որ ատրպէյճանցիք կը կատարեն տասնամեակներէ ի վեր՝ իսլամական աշխարհին մէջ: Իսկ Լիբանանի մէջ շատ դիւրին է կրօնական ու դաւանանքային տարբերութիւններու հիմքով միջհամայնքային կոտորածներ հրահրելը…

Այսօր լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ երեք ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ մարտահրաւէր՝ միաժամանակ. առաջինը պսակաձեւ ժահրի համաշխարհային աղէտն է, երկրորդը՝ Լիբանանի՝ աղէտի տարողութիւն ստացած ֆինանսա-տնտեսական ահաւոր ճգնաժամը, որու ուղեկիցն է արդէն ութ ամիսէ ի վեր շարունակուող հակակառավարական ժողովրդային ապստամբութիւնը: Ահա՛ ասոնց կու գայ աւելնալու երկրին մէջ հակահայկական բորբոքած կիրքերով թունաւորուած, եռապատիկ գերակշռող թրքական գաղութ մը, որ իր ետին ունի Թուրքիոյ ծաւալապաշտական պետութիւնը՝ տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական, զինուորական, լրտեսական եւ այլ հսկայական կարողութիւններով, մինչդեռ լիբանանահայ գաղութը նոյնիսկ ձեւականօրէն չ’արժանանար Հայաստանի Հանրապետութեան եկող-գացող իշխանութիւններու պատշաճ ուշադրութեան…

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert