Հայ ժողովուրդին համար մայիսը խորհրդանշական է: Մաքառումի, պայքարի եւ փառաշուք յաղթանակներու ամիս: Աւարայր, Սարդարապատ, Հայրենական պատերազմ, Շուշիի ազատագրութիւն՝ չորս գոյամարտեր, որոնք վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան մեր ժողովուրդին նորագոյն պատմութեան վրայ:

Աւելի քան հարիւր տարի առաջ Արարատեան դաշտի սրտին մէջ, մեր ժողովուրդի՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած բեկորները կենաց- մահու ճակատամարտ մղեցին արիւնարբու թշնամիին դէմ՝ յանուն հայրենիքի վերջին ափ մը հողի պաշտպանութեան:

Սարդարապարտի հերոսամարտը մեր ժողովուրդի անպարտելի ոգիին, անկոտրում կամքին եւ անսպառ զօրութեան յաղթանակն էր: Կարեվեր, գրեթէ հոգեվարք ապրող ժողովուրդը օրհասական պահուն յաջողեցաւ համախմբել իր վերջին ուժերը եւ մէկ բռունցքի վերածուած՝ կասեցուց թրքական բանակին յառաջխաղացը:

Սարդարապատի հերոսամարտը մեր ժողովուրդի միաբանութեան յաղթանակն էր, բանակին հասարակութեան բոլոր խաւերու՝ կամաւոր, աշխատաւոր, գիւղացի, մտաւորական եւ հոգեւորական՝ ազգային համերաշխութեան յաղթանակը: Հերոսամարտի ամբողջ տեւողութեան մեր ժողովուրդը, ճակատի վրայ եւ թիկունքին՝ միաձոյլ ամբողջութիւն դարձած, հայրենիքը փրկեց բնաջնջումէն:
Հայ ժողովուրդը Սարդարապատի փառահեղ յաղթանակը տարաւ՝ հայ բազուկի եւ ոգիի զօրութեամբ: Հայկական բանակը՝ զօրագունդերը, իրենց յաղթանակով ամրագրեցին ազատ ապրելու, անկախ պետութիւն ունենալու մեր ժողովուրդին իրաւունքը:

Սարդարապատը մեր ժողովուրդի համար համազգային յաղթանակի խորհրդանիշ է, ազատութեան խորհրդանիշ: Այդ մարտադաշտին մէջ հնչած խրոխտ մարտակոչի արձագանգն էր, որ, հատելով ժամանակի անջրպետը, 1988-ին թեւածեց Արցախի լեռներուն վրայ՝ նոր ազատամարտերու ոտքի հանելով համայն հայ ժողովուրդը:

Սարդարապատի հերոսամարտը մեր ապագայ յաղթանակներու, մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ յարատեւութեան գրաւականն է: Այդ օրհասական պահուն թրքական բանակը, խախտելով Երզնկայի զինադադարի համաձայնագիրը, արագօրէն հասաւ Անդրկովկասի սահմանները: Հայ ժողովուրդին գլխուն կախուեցաւ լիակատար բնաջնջման սպառնալիք: Քանի մը ժամերու ընթացքին ինկաւ Ալեքսանտրապոլը: Բացուեցաւ Արեւելահայաստանի սիրտը՝ Արարատեան դաշտավայր տանող ճանապարհը: Նահանջի տեղ չկար այլեւս: Մնացած էր հայոց սրբավայր Էջմիածինը, ապա՝ Երեւանը:

Արարատեան դաշտին մէջ արդէն զգալի էր ժանտ հրէշի մահաբեր շունչը: Երեւանի մէջ համատարած յուսալքութիւն կը տիրէր: Բարեբախտաբար, ոչ բոլորը համակուած էին այդպիսի պարտուողական տրամադրութիւններով:

Շարունակական նահանջի ախտին դէմ առաջին վճռական ընդվզումը եկաւ Գէորգ Ե. կաթողիկոսէն: Ան մերժեց Էջմիածինէն Սեւան հեռանալու, այնտեղ ապաստանելու առաջարկը. « Ըսէք հայ բանակին, ես տեղէս չեմ շարժիր: Ես չեմ լքեր Էծմիածինը: Եթէ մեր զինուորները չեն կրնար պաշտպանել Էջմիածինը, եւ թուրքերը պիտի խուժեն Էջմիածին, իմ դիակը պիտի գտնեն Սուրբ Իջման սրբավայրին մէջ…»: Այո, այդ օրհասական պահուն միայն հրաշքի համազօր քայլ անհրաժեշտ էր: Եւ այդ հրաշքը կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ: Վերստին զարթնեցաւ Հայկեան ազատատենչ ոգին: Մահ կամ ազատութիւն: Երէկի յուսալքուած ու ջլատուած մեր ժողովուրդը, յուսավառած ու կորովի, պայքարի ելաւ այն գիտակցութեամբ, որ այս մէկը արդէն հայ ժողովուրդին վերջին եւ վճռորոշ կռիւն էր…:Մայր տաճառի զանգերը այդ օրերէն անընդմէջ կը ղօղանջէին, եւ այդ ղօղանջը իբրեւ մարտակոչ, կը տարածուէր Արարատեան դաշտավայրի բոլոր անկիւնները: Հայ հասարակութեան բոլոր գործուն ուժերը, կուսակցութիւնները, մտաւորականութիւնը, հոգեւորականութիւնը մասնակից դարձած են համազգային պայքարին: Ճակատամարտի նախօրէին անճանաչելի դարձած հայ զինուորը այլեւս չէր յիշեցներ նախկին յուսաբեկ, պարտութեան համակերպած, նահանջող զինուորը: Հայկական զօրագունդերը Սարդարապատ հասան թշնամին ջլատելու եւ վերջնական յաղթանակ տանելու վճռականութեամբ: «Երբ չի մնում ելք ու ճար…. խենթերն են գտնում հնարք»: Այո, խենթերը կեանքի գնով գտան այդ հնարքը…:

Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ ժողովուրդները արեամբ ձեռք կը բերեն ապրելու իրաւունքը: Սարդարապատը բախտորոշ գոյամարտ էր…: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ անհրաժեշտ է գնահատել Սարդարապատի հերոսամարտէն երեք տարի առաջ Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որ երաշխաւորեց մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար հայերու փրկութիւնը եւ դարձաւ Հայաստանի բնակչութեան հիմնաքարը, այն Հայաստանի, որուն մինչեւ 1923 թուականը Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը տակաւին չէր կոչեր Հայաստան, այլ՝ Արարատեան հանրապետութիւն:

Դժբախտաբար, Սարդարապատի հերոսամարտէն հարիւր եւ երկու տարիներ ետք տարբեր եւ յաճախ հակասական տեսակէտներ կը դրսեւորուին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մասին: Համազգային այս յաղթանակը սեւ եւ սպիտակ ոսպնեակի տակ կը դիտենք շատ յաճախ:

Այո, մենք շատ յաճախ կը շեշտենք պատմութեան «ծածկուած» էջերը վերանայելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդունինք, որ Սարդարապատի հերոսամարտին եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանի էջերը կը կարօտին անաչառ պատմաբանին խղճամիտ եւ առարկայական գնահատականին: Սարդարապատի յաղթանակը մեր ժողովուրդին լինելութեան գոյամարտն էր, Առաջին հանրապետութիւնը՝ վեցհարիւրամեայ գերութենէն ազատագրութեան խորհրդանիշը: Պահ մը մենք մեզի հարց տանք. արժանին հատուցա՞ծ ենք արդեօք Սարդարապատի յաղթանակը կերտող, պատմութեան փակ էջերուն մէջ փոշիացած հայկական զօրագունդերու, կամաւորական խումբերու առիւծածին հերոսներուն, անձինք՝ որոնք մեր իրականութեան մէջ յայտնուեցան ճիշդ ժամանակին, որոնց զոհողութեան ոգիով կերտուեցաւ այսօրուան անկախ պետականութիւնը: Անձինք, որոնք հիմնովին մերժեցին ազգային միասնականութիւնը հիւծող ներքին թշնամանքը, անհանդուրժողութիւնը, քէնի, ոխակալութեան եւ անհամերաշխութեան սերմերը: Անձինք, որոնք իրենց կեանքի օրինակով մեզի սորվեցուցին կառչիլ հայատրոփ ափ մը հայրենիքին, անոր հողին…:

Դժբախտաբար պիտի ընդունինք, որ լաւ չենք իւրացուցած Սարդարապատի հերոսամարտին պատգամը, մինչդեռ լուրջ դասեր ունինք քաղելիք, դասեր, որոնք վճռորոշ կրնան դառնալ մեր նորանկախ պետականութեան, Լեռնային Ղարաբաղին, մեր հայրենիքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ապագային:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ– ՊԱՅՔԱՐ-177

 

 

 

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert