«Ազգակիցներին սպանելուց բացի, ուրիշ ոչինչ չեն կարող անել դաշնակցականները՝ աշխարհում իրենց ներկա կացության պայմաններում, եւ ես չեմ կարծում, թե  մենք կամ թուրքերը պետք է մտահոգվենք նրանցով».  Մեծ Բրիտանիայի արտաքին գործերի գրասենյակ

F.O. 371/208604 / E 7557
Դեկտեմբերի 28, 1937

 

“There is nothing except killing their own compatriots that the dasnaks can do today in the present world order; however I think that neither we, nor the Turks should be worried about them.”

Foreign Office of Great Britain
F.O. 371/208604/ E 755, December 28,1937

Մեծ Բրիտանիայի արտգործնախարարության արխիվից պեղել ու հրապարակել է սփյուռքահայ պատմաբան, մտավորական ու Բեյրութի Armenian Evangelical College-ի երկարամյա տնօրեն Զավեն Մըսըրլեանը։

(Նյութը՝  Բժիշկ Պետրոս Քէշիշօղլեանի)

 

* * *

Նորէն Օգոստոս 26 է: Տարի մըն ալ անցաւ:

Նորէն սպասեցինք, որ Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներուն նահատակները կ’արժանանան դոյզն ներողութեան մը: Սակայն այդ հաւանաբար բնաւ չիրականանայ, քանի որ գործ ունինք նենգ վախկոտներու հետ, որոնք միայն մութին մէջ գործելու «քաջութիւն»ն ունին: Անոնք իրենք զիրենք պիտակաւորած են «հայ յեղափոխական», Յեղափոխական ազգը ճզմելու բայց թուրքին հետ գործակցելով, վարպետացած են մութի մէջ իրենց եղբայրներուն նկատմամբ սեւ գործեր կատարելու մէջ: Ըսէ՛ք, թուրքէն ինչո՞վ կը տարբերէիք, երբ դուք ալ ձեռք բարձրացուցիք ութ ամսական հայ յղի կնոջ վրայ.

Ովքե՞ր են իսկական հայրենասէրները. անո՞նք, որ Թուրքիոյ մէջ մարզուեցան՝ իրենց հայ եղբայրները սպանելու, կամ Հայաստանի մէջ պայթեցումներ կատարելու համար, թէ՞ այն միամիտ նահատակները, որոնք սպաննուեցան հայրենասէր ըլլալնուն համար, երազ մը եւ կորսուած հայրենիքի մը կարօտն ունենալնուն իրենց սրտին մէջ:

1958-ին Պէյրութի եւ Պուրճ Համմուտի հայկական թաղերուն մէջ ՀԱՅեր կը հալածէիք զանոնք սպանելու համար: Այսօր քաջութիւնն ունի՞ք ԹՈՒՐՔեր հալածելու թաղէ թաղ… երբ անոնք եկած ու նստած են նոյն այդ թաղերուն մէջ: Անշուշտ՝ ՈՉ:

Աշխարհը ծանր օրեր կ’ապրի, իսկ դուք անկարող էք օգնելու հային, ուրիշներու օգնութիւնները ձեզի կը վերագրէք, իսկ եթէ օգնելու ցանկութիւն ունենաք յանկարծ, չէք մոռնար հարցնելու «մեզմէ՞ է»: Սփիւռքի «մայրաքաղաք»ին նաւը կ’ընկղմի, իսկ դուք, անբաններդ, կեցած կը դիտէք: Ձեր «պայքար»ին նպատակը միշտ եղած է ձեր գրպանները լեցնելը…

Այսօր մութին մէջ սողալով, կը շարունակէք կատարել ձեր օտար տէրերուն հրամանները: Եթէ կը կարծէք, թէ արդէն 62 տարի անցած է եւ անցեալը մոռցուած է, չարաչար կը սխալիք: Ձեր եղբայրասպան փամփուշտներուն զոհ այդ նահատակներուն արիւնը բնաւ գետինը պիտի չմնայ այնքան ժամանակ, որ դուք ժառանգած եւ ձեր երիտասարդ սերունդներուն նոյնութեամբ ժառանգ ձգած էք ամօթի այս խարանը: Ան դաջուած պիտի մնայ ձեր ճակատին մինչեւ այն պահը, երբ քաջութիւնը կ’ունենաք այդ նահատակներու ծնողներէն, այրիներէն, եղբայրներէն, քոյրերէն, զաւակներէն եւ թոռներէն ներողութիւն խնդրելու, զղջալու եւ ապաշխարելու ձեր գործած ծանրագոյն մեղքերուն համար:

* * *

Բաբգէն Պօյաճեան

Պատմութեան համար.

Պէյրութի նաւահանգիստին հետ հայութեան առնչութեան առումով կ’արժէ յիշել Բաբգէն Պօյաճեանը: Ան 1950-ականներուն եղած է այդ նաւահանգիստի մաքսատան առաջին հայ պաշտօնեան: Ան օգնած է բազմաթիւ հայ ճամբորդներու եւ արտագաղթողներու, որոնք երկրէն մեկնած են օգտուելով Պէյրութի նաւահանգիստէն․

Լիբանանի 1958-ի տագնապալի օրերուն, Բաբգէն Պօյաճեան օգնած է Պուրճ Համմուտի հայ երիտասարդներուն անխտիր՝ զանոնք աշխատանքի տեղաւորելով նաւահանգիստին մէջ, որպէսզի յաղթահարեն այդ օրերու տնտեսական ծանր տագնապը: Ան այս բարի գործը շարունակած է մինչեւ իր սպանութիւնը 26 Օգոստոս 1958-ին, ձեռքով այն մարդակերպ ստոր արարածներուն, որոնց համար մտահոգութիւն էր Բաբգէնին կատարած բարի գործը, քանի որ անոնք կը տառապէին ու շարունակեն վարակուած մնալ «Ով որ մեզմէ չէ՝ հայ չէ» մենատիրական հիւանդութեամբ.․․

Papken Boyadjian ՖԲ-յան էջից


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert