Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարութիւնը թշնամիներու ծառայութեան մէջ» գիրքը՝  աշխատասիրութեամբ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի:

Հրատարակութեան մէջ արաբերէնէ թարգմանաբար ներկայացուած է պետական մեղադրողի (զինուորական դատախազի) ամբաստանագիրը 1950-ական թուականներուն Սուրիոյ մէջ Հ. Յ. Դ.ի՝ յօգուտ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Ա.Մ. Ն.ի լրտեսական ու խափանարարական ցանցի գործունէութեան մասին: Ամբաստանագիրը հիմնուած է այս վնասակար ու վտանգաւոր գործունէութեան համար ձերբակալուած դաշնակցականներու խոստովանութիւններուն վրայ:

Ստորութիւնը հասած է հոն, որ ՀՅԴ-ի ղեկավարներ, ինչպէս Բիւրոյի անդամներ՝ «փառաբանուած զօրավար» Դրօ եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երկու նստաշրջաններու երեսփոխան Հրաչ Փափազեան, համաձայնած են գործակցիլ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ հետ՝ Սուրիոյ մէջ անկարգութիւններ ստեղծելու համար, այդ շարքին՝ հայ ձախակողմեաններ սպանել:

Յաւելեալ լուսաբանութեանց համար, գիրքի վերջաւորութեան բերուած են համապատասխան ծանօթագրութիւններ, նաեւ յիշատակուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը:

Նշուած դատապարտելի գործունէութիւնն ու անոր հիմքով կայացած դատավարութիւնը առաջին ծանր հարուածը հասցուցին սուրիահայ գաղութին:

Օտար դատախազի ամբաստանագիրը անհերքելիօրէն ցոյց կու տայ Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարութեան ծախու էութիւնը տասնամեակներէ ի վեր:

Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:

Գիրքը կարելի է գտնել Երեւանի գլխաւոր գրատուներուն մէջ:

Ահաւասիկ հատուած մը ամբաստանագիրէն. «Ի յայտ եկաւ, որ կուսակցութիւնը սերտ կապեր ունէր Թուրքիոյ հետ, սկիզբը Սուրիոյ կուսակցապետ, մահացած Հրաչ Փափազեանի միջոցաւ: Սակայն հետագային, կուսակցութիւնը թեքեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմը եւ անոր հետ կայացուց համաձայնութիւն մը, ըստ որուն՝ ամերիկեան կառավարութիւնը կուսակցութիւնը պիտի մատակարարէր դրամով, զէնքերով ու լրտեսական սարքերով: Ամերիկեան կառավարութիւնը խոստացաւ կուսակցութեան օգնել գալիք համաշխարհային պատերազմի մը ընթացքին Հայաստանը համայնավարներէն ազատագրելու համար: Ասոր փոխարէն, կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ պիտի ծառայէր ամերիկեան կառավարութեան՝ անոր [Սուրիոյ] զինուորական, քաղաքական ու տնտեսական դրութիւնը լրտեսելով: Այս նպատակով, 1953-ին, կուսակցութիւնը իր շարքայիններէն ոմանք Միացեալ Նահանգներ ղրկեց վարժուելու համար լրտեսական, հետախուզական, ռատիօ-հեռագրական սարքերու եւ գաղտնագրութեան ձեւերուն»:

Վկայ Եուսուֆ Պիթարի վկայութենէն՝ ըստ Տամասկոսի մէջ ՀՅԴ-ի «Հետախուզական Յանձնախումբ»ի պետ, ամբաստանեալ Սարգիս Պեքարեանի՝ Պիթարին պատմածներուն. «1952-ին Մկրտիչ Տամասկոս եկաւ ու Սարգիսին իմացուց, թէ իրենց դասընկեր Թոնի Մաթոսեանը Իսրայէլ գացած է: Ապա, դրամի դիմաց, համաձայնեցան Թոնիին հաղորդել իսրայէլական սպասարկութեան պահանջած տեղեկութիւնները: Պահանջուած տեղեկութիւնները կապ ունէին զինուորական կեդրոններու եւ անոնց սպաներու անուններուն հետ: Տեղեկութիւնները կը ղրկուէին Պէյրութ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանին, որ, իր կարգին, զանոնք կը ղրկէր Հայֆա՝ Ուաննէս Վարդանեանի միջոցով…:

Մկրտիչ անոր տեսանկարահանող սարք մը տուաւ զինուորական կեդրոնները նկարելու համար…: Սարգիս սկսաւ տեղեկութիւններ հաղորդել երկրագործութեան, քաղաքականութեան, պետութեան եւ բարձրաստիճան սպաներու, բանակի միաւորումներու շարժումներուն մասին… »:

Հալէպի մէջ ՀՅԴ-ի Սուրիոյ «Հետախուզական Յանձնախումբ»ի պետ, ամբաստանեալ Արթին Պազարպաշեանի խոստովանութիւններէն. Բիւրոյի անդամ Հրաչ Փափազեան «պատմած է այն համաձայնութեան մասին, որ ինք կայացուցած է Թուրքիոյ հետ՝ Թուրքիոյ մէջ, թուրք պատասխանատուներու հետ, ըստ որուն՝ կուսակցութիւնը եւ թրքական պետութիւնը պիտի գործակցէին համայնավարներուն դէմ, պայմանով, որ կուսակցութիւնը յօգուտ Թուրքիոյ տեղեկութիւններ հաւաքէ Սուրիոյ զինուորական, քաղաքական, գիւղատնտեսական կացութեան մասին՝ փոխան Թուրքիոյ օգնութեան, որպէսզի հայերը Սովետական Հայաստանը ազատագրեն համայնավարներէն՝ ընդհանուր պատերազմի մը ընթացքին»:

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert