Շաբաթներ առաջ ու մինչեւ վերջերս Ալիեւ կը յայտարարէր, որ Արցախի վերջին պատերազմի գլխաւոր պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն է, որովհետեւ ծայրայեղ կեցուածք որդեգրելով՝ տապալեց Ադրբեջանի հետ Արցախի խնդրի լուծման բանակցութիւնները։

Ըստ Ալիեւի, նախկին նախագահներ Քոչարեանն ու Սարգսեանը իր հետ լաւ բանակցողներ էին, աւելի լաւ էին քան Փաշինեանը, քանի որ Արցախի խնդրի լուծման համար աւելի կառուցողական մօտեցում ունէին։ Ուրեմն՝ պատերազմին համար մեղաւոր է Նիկոլը։Իսկ երեկ Ալիեւ յայտարարեց, որ այս պատերազմին հայկական ջաջախուած բանակը Նիկոլին սարքած բանակը չէ, այլ՝ Սերժի ու Քոչարեանի կառուցած բանակն է, ուրեմն Նիկոլը պարտութեան համար մեղաւոր չէ, այլ՝ Սերժն ու Ռոբերտն են մեղաւոր։Իսկ ի՞նչ կը յայտարարեն մեր քաղաքական «խելացի» շրջանակները։ Ալիեւի վկայութիւնները կը գործածեն իրար դէմ։ Մէկ կողմը կ՚ըսէ՝ «տեսա՞ք, նոյնիսկ Ալիեւը ըսաւ, որ աւելի լաւ կապեր ունէր Սերժի եւ Ռոբերտի հետ, եւ պատերազմին պատասխանատուն Նիկոլն է»։ Իսկ միւս կողմը հիմա կ՚ըսէ՝ «տեսա՞ք, նոյնիսկ Ալիեւը յայտարարեց, թէ մեր բանակի վատ զինուածութեան եւ ջախջախման պատճառը Սերժն ու Ռոբերտն են»։Ու հայ մարդիկ Ալիեւի վկայութիւնները կը գործածեն զիրար մեղադրելու եւ ամբաստանելու համար։ Սա մեր «մտածող» վերնախաւին բանավէճի մակարդակն է։ Այս տեսակի վերլուծութիւնները մեր երկիրը ղեկավարող կամ ղեկավարել ուզող շրջանակներու քարոզչական «հնարքներն» են: Հիմա Ալիեւը դարձած է գլխաւոր վկայ, նոյնիսկ՝ ներշնչման աղբիւր…Փաստօրէն, ոչ թէ մեր երկրի սահմանները, այլ նոյնիսկ մեր ներքաղաքական բանավէճի թեմաները կը ճշդուին Ալիեւի կողմէ։ Եւ մեզի տարիներ շարունակ կը համոզէին, որ ազերիները ոչխար են։ Հիմա հայկական դիմատետր եթէ մտնեք, եւ եթէ հետեւիք հայկական քաղաքական բանավէճի մակարդակին, կը հասկնաք, թէ ո՞վ է ոչխար եւ ով՝ գայլ…

Raffi Doudaklian

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert