Հայրենի երիտասարդ հայագէտ Մարօ Ղուկասեան ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժնին մէջ, այժմ գիտութիւններու թեկնածուի իր ուսումը կը ստանայ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկէն ներս: Կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մէջ որպէս աւագ մասնագէտ, մինչ այդ աշխատած է Հայաստանի Ազգային գրապալատը, ապա Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ: Իբրեւ թարգմանիչ-խմբագիր հայերէն Ուիքիփետիայի կամաւորներէն է:

Մարօ Ղուկասեան գեղարուեստական թարգմանութիւններ կը կատարէ ռուսերէնէ, անգլերէնէ հայերէն եւ հակառակը: Իր թարգմանութիւններէն հրատարակուած են միջազգային գրական ամսագիրներու մէջ. ինչպէս՝ Acumen, Adelaide Literary Magazine եւ այլն:

Վերջերս, Մարօ Ղուկասեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուեցաւ եւ ընթերցողին սեղանին դրուեցաւ արեւմտահայ մեծանուն գրող, երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կենսամատենագիտութիւնը: Ինչպէս տեղեկացանք, առաջին անգամն է, որ կը կազմուի Պարոնեանի կենսամատենագիտութիւնը, ուր կարելի եղած չափով ընդգրկուած են թէ՛ իր եւ թէ իր մասին գրուած յօդուածներուն, գիրքերուն, ուսումնասիրութիւններուն ցանկը:

«Յակոբ Պարոնեան. Կենսամատենագիտութիւն» գրքոյկին լոյս ընծայման առթիւ զրոյց մը ունեցանք Մարօ Ղուկասեանին հետ, որ պատմեց նաեւ հայ գրականութեան նուիրուելու իր շարժառիթներուն մասին:

-Ինչո՞ւ որոշեցիք անդրադառնալ Պարոնեանին:

-Գիտութիւններու թեկնածուի իմ հետազօտական նիւթս Պարոնեանի մասին է՝ «Յակոբ Պարոնեանի նորայայտ երկերը» խորագրով: Այս նիւթը ինծի վստահեցաւ իմ գիտական ղեկավարս՝ հայագէտ, փրոֆ. Ալպերթ Մակարեան, որուն համար երախտապարտ եմ իրեն:

Առհասարակ, որեւէ հեղինակի ստեղծագործութիւն ուսումնասիրելէ առաջ տեղին է ծանօթանալ անոր կենսամատենագիտութեան, քանզի այնտեղ կը ներկայացուին տուեալ հեղինակին, անոր մասին գրուած գիրքերուն, յօդուածներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, որոնցմով առաջնորդուիլն ու հետազօտութեան ընթացք տալը աւելի արդիւնաւէտ է:

Մինչ հետազօտական աշխատանքիս անցնիլը, այցելած եմ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մատենագիտութեան բաժին, որպէսզի ընթերցեմ Յակոբ Պարոնեանի կենսամատենագիտութիւնը եւ անոր միջոցով ծանօթանամ Պարոնեանին մասին առկայ գրականութեան: Ի զարմանս ինձ, ի յայտ եկաւ, որ մինչ օրս երգիծաբանին կենսամատենագիտութիւնը չէ կազմուած: Այդ օրն իսկ խոստացայ Պարոնեանին, ինծի եւ գրադարանի աշխատակիցներուն, որ ես պիտի կազմեմ հանճարեղ երգիծաբանին կենսամատենագիտութիւնը։

Այս մէկը անշուշտ երգիծաբանին ամբողջական կենսամատենագիտութիւնը չէ, քանի որ անիկա կազմելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլար քանի մը մատենագէտներու ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ հրատարակչական ծախսերու պետական հոգածութիւնը: Սակայն, նկատի առնելով Պարոնեանի ստեղծագործութեան հանդէպ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան ցուցաբերած վերաբերմունքը (անոնց յայտարարած մրցոյթին տակաւին տարեսկիզբը, գիտական ղեկավարիս հետ, դիմում ներկայացուցած էինք՝ նորայայտ երկերու հրատարակման համար, սակայն, առանց որեւէ հիմնաւորման մերժուեցանք), որոշեցի իմ միջոցներովս, իմ հնարաւորութիւններուս համեմատ կազմել եւ հրատարակել այս ուղեցոյց-գրքոյկը: Ըսեմ, որ գրքոյկին վերջին հատուածին մէջ ներկայացուցած եմ նաեւ Պարոնեանի խիստ արդիական եւ խրատական ասոյթներէն փունջ մը:

-Կենսամատենագիտութիւնը կազմելու միջոցին ի՞նչ աղբիւրներ գործածած էք:

-Կենսամատենագիտութեան կազմումի հիմնական աշխատանքը, որքան ալ զարմանալի ըլլայ, կատարած եմ քորոնաժահրի համաճարակի առաջին բռնկումի շրջանին, երբ գրադարանները չէին գործեր։ Հակառակ այդ հանգամանքին՝ պատրաստած որոշակի նիւթեր ունէի, օգտուելով նաեւ գրադարաններու առցանց շտեմարաններէն, յաջողեցայ ամբողջացնել գրքոյկը։ Օգտուած եմ հիմնականօրէն Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն, ինչպէս նաեւ՝ համացանցին վրայ հասանելի այլ շտեմարաններէ:

-Ի՞նչ արժէք ունի Պարոնեանի կենսամատենագիութիւնը. ի՞նչ արժէքաւոր փաստեր յայտնաբերած էք:

-Ասիկա Յակոբ Պարոնեանի կենսամատենագիտութիւնը կազմելու առաջին փորձն է։ Կը պարունակէ երգիծաբանին կեանքի եւ ստեղծագործութեան մասին մեզի հասանելի գրականութիւնը։ Կենսամատենագիտութեան մէջ ներկայացուած են մատենագիտական գրառումներ երգիծաբանին զանազան տարիներու ժողովածուներով եւ անջատ գիրքերով (հայերէն եւ այլալեզու) հրատարակուած ստեղծագործութիւններուն, անոր մասին լոյս տեսած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ գրողին մասին պաշտպանուած ատենախօսութիւններուն, պարբերական մամուլի էջերուն եւ ժողովածուներուն մէջ տպագրուած յօդուածներուն մասին։

Կենսամատենագիտութիւնը աւելի կիրարկելի եւ օգտակար կ՚ըլլայ ապագայ պարոնեանագէտներուն համար, քանի որ ստոյգ ուղեցոյցի դեր կը կատարէ: Յոյսով եմ, որ մօտ ապագային կ՚ունենանք պարոնեանագիտական հզօր դպրոց մը եւ միջազգային գրականագիտական դաշտին մէջ լաւագոյն կերպով կը ներկայացնենք բացառիկ երգիծաբանը: Ասիկա աշխարհին բան մը ապացուցելու ցանկութենէն ծնած փոքր ազգի մը ներկայացուցիչին խօսքը չէ, այլ գիտակցումն է, որ համաշխարհային երգիծաբանութիւնը Պարոնեանէն շատ բան ունի առնելու եւ սորվելու:

Աշխատանքիս ընթացքին ինծի համար հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ, գիրքեր բացայայտած եմ (անշուշտ, հայագիտութեան համար անոնք նորութիւն չեն): Օրինակ՝ մինչ այդ չէի գիտեր նշանաւոր հայագէտ, պատմաբան, գրականագէտ Գէորգ Պարտաքճեանի՝ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս պաշտպանած խիստ կարեւոր տոքթորական հետազօտութեան մասին, որ կը քննէ Պարոնեանի քաղաքական եւ ընկերային երգիծաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիի՝ Պարոնեանի եւ Օտեանի մասին «Բազմավէպ»ին մէջ տպուած հետազօտութիւններուն վերաբերեալ:

-Ձեր կարծիքով, Պարոնեանին գործը պատշաճ կերպով ուսումնասիրուա՞ծ է. ո՞ր պարոնեանագէտները կը նշէք, որոնց գործը մնայուն արժէք կը ներկայացնէ:

-Պարոնեանական աշխարհը անսահման է, անոր երկերը ուսումնասիրութեան անսպառ աղբիւր են:

Պարոնեանի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութեան մէջ իրենց մնայուն դերը ունին նուիրեալ գրականագէտներ. ինչպէս՝ Գառնիկ Ստեփանեանը, որ կը տիրապետէր թրքերէնին եւ Պարոնեանի՝ հայատառ թրքերէնով գրուած շատ գործեր թարգմանած է արեւմտահայերէնի, ինչպէս օրինակ, «Լեռը մարգարէին քով չերթայ նէ՝ մարգարէն լեռան քով կ՚երթայ» երկը: Պարոյանագիտութեան մէջ մեծ ներդրում ունի Ալպերթ Մակարեան, որուն ամէն մէկ յօդուածը նոր յայտնագործութիւն մըն է երգիծաբանին մասին: Նոյնինքն՝ Ալպերթ Մակարեանի հետազօտական լուրջ աշխատանքներուն հետեւանքով ապացուցուեցաւ, որ «Մեղու» եւ «Թատրոն» երգիծաթերթերուն մէջ դերանուն-ծածկանուններով հրատարակուած երկերը Պարոնեանի գրիչին կը պատկանին: Մինչ այդ գրականագէտներուն մեծ մասը, այդ կարգին՝ Գառնիկ Ստեփանեանը, այդ գործերը վերագրած են թերթին այլ աշխատակիցի մը: Ի դէպ, 2018 թուականին լոյս տեսած է Ալպերթ Մակարեանի շատ արժէքաւոր մենագրութիւնը՝ «Կրկին Պարոնեանին հետ» խորագրով: Յոյժ կարեւոր են հայագիտութեան երախտաւոր, փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի ուսումնասիրութիւնները Պարոնեանի մասին: Անոր շնորհիւ Պարոնեանը ներկայացուցեաւ միջազգային գրականագիտական հանրութեան:

-Տեղեկացանք, որ յառաջիկայ ամիսներուն, կրկին ձեր ջանքերով, լոյս կը տեսնեն նաեւ «Մեղու» եւ «Թատրոն» երգիծաթերթերուն մէջ Յակոբ Պարոնեանի դերանուն-ծածկանուններով հրապարակուած երկերը: Ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս երկերը եւ ի՞նչ աշխատանք նախորդած է անոր:

-Այո, հաւանաբար քանի մը ամիսէն լոյս կը տեսնեն Յակոբ Պարոնեանի՝ դերանուն-ծածկանուններով հրապարակուած նորայայտ երկերը, որոնք երբեւէ չեն ընդգրկուած անոր որեւէ հատորին մէջ: Աշխատանքը պատասխանատու է, հետազօտական լուրջ դժուարութիւններ կան, քանի որ նախ նշուած թերթերէն կը կատարեմ այն նիւթին համակարգչային շարուածքը, որուն վերաբերեալ պիտի ըլլայ հետազօտութիւնս: Այս նորայայտ երկերը կը պարունակեն հայատառ թրքերէնի զգալի հատուածներ, ինչ որ յաւելեալ դժուարութիւն կը ստեղծէ: Ատկէ զատ, շարուածքին մէկ մասին՝ մասնաւորապէս «Թատրոն» երգիծաթերթի 1874 թուականի թիւերուն շարուածքը, կը կատարեմ ոչ թէ բուն թերթէն, այլ՝ թերթին էջերուն նկարներէն, որոնք ժամանակին իմ գիտական ղեկավարիս խնդրանքով նկարած եւ ղրկած են Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանէն: Պէտք է նշեմ սակայն, որ այդ նկարները այդքան ալ յստակ չեն եւ շատ ճշգրտումներ կատարելու կարիք կայ, մանաւանդ հայատառ թրքերէնին յառաջացուցած դժուարութիւններուն պարագային: «Թատրոն» երգիծաթերթի 1874 թուականի թիւերը չկան Հայաստանի մէջ, անոնք կան միայն Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանը: Հետազօտութիւնս լիարժէք չեմ կրնար իրականացնել առանց «Թատրոն» երգիծաթերթի 1874-1877 տարիներու թիւերու առկայութեան: Անգամ մը դիմած եմ «Նուպարեան» մատենադարանի տնօրէն Մկրտիչ Պասմաճեանին, խնդրելով թուայնացնել եւ ղրկել «Թատրոն»ի նշուած տարիներուն թիւերը: Դժբախտաբար, պարոն Պասմաճան ըսած է, որ որակեալ թուայնացման պայմաններ եւ հնարաւորութիւններ չունին: Այս տարի դիմած եմ նաեւ մեր Մատենադարանի տնօրէնին եւ առաջարկած Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանին հետ կապ հաստատել, եւ հնարաւորութեան պարագային, Մատենադարան փոխադրել Պոլսոյ «Թատրոն» երգիծաթերթի 1874-1877 տարիներու լրակազմը: Կը խորհիմ, որ լաւ հնարաւորութիւն եւ առիթ է Մայր գրապահոցի մամուլին հաւաքածոն հերթական կարեւոր ձեռքբերմամբ հարստացնելու եւ այդպիսով հետազօտողները ուրախացնելու համար: Յուսանք՝ կը յաջողինք թերթին անհրաժեշտ թիւերը Հայաստանի մէջ ունենալ:

Ի դէպ, գիրքը հրատարակելէ առաջ կը նախատեսուի նաեւ մանրազննին աշխատանք թրքագէտներու հետ:

Նորայայտ երկերը կարեւոր են այնքանով, որ կը ներկայացնեն Պարոնեանի գրեթէ այս չուսումնասիրուած ժառանգութիւնը: Ընդհանուր առմամբ այս գործերուն մէջ առաւելապէս ներկայ է հրապարակախօս Պարոնեանը, այսինքն՝ բազմաթիւ գործերու մէջ գեղարուեստականութիւնը կը զիջի, որ (որոշ գործերու պարագային) թերեւս պայմանաւորուած է նաեւ հայատառ թրքերէնին յառաջացուցած դժուարութիւններով: Տպագրուելիք գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ «Հին աշխարհին Խաչիկը, նոր աշխարհին Գաբիկը» նորայայտ երգիծավէպը:

-Կ՚ըսեն, թէ Պարոնեանը միշտ արդիական է: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեծ երգիծաբանին բոլոր ժամանակներու արդիականութիւնը:

-Պարոնեանը, այո, արդիական է, եւ 177 տարի ետք ալ մենք տակաւին կը կարդանք, կը մէջբերենք անոր խօսքերը եւ կ՚ընդունինք, թէ որքա՛ն տեղին են անոնք. կը գիտակցինք նաեւ, որ անոր ծիծաղին ետին որքա՛ն վիշտ կայ, որ ծնունդ առած է իր ազգին հանդէպ գրողին ունեցած սրտացաւութենէն: Պարոնեանի փափաքն էր տեսնել հայը՝ աւելի լաւ դարձած, աւելի վեհ, արդար եւ ազնիւ: Սակայն կայ բան մը, որ թերեւս շատեր տակաւին չեն գիտակցիր կամ չեն ուզեր գիտակցիլ. անոր խօսքերը, անոր գործերը ինքնանպատակ չեն եղած, չեն գրուած սոսկ խնդալու, ժպտալու եւ «հանճարեղ էր» ըսուելու համար: Երգիծաբանը անոնցմով փորձած է բուժել մեր բազմաթիւ ազգային (եւ ոչ միայն) «հիւանդութիւններ»ը եւ մեր բազմաթիւ «հիւանդներ»ը: Դժբախտաբար, այդպէս ալ դասեր չքաղեցինք ու այսօր տակաւին մեր կողքին կ՚ապրին ազգային ջոջեր, մեծապատիւ մուրացկաններ, աբիսողոմ աղաներ, կիպարներ:

Լաւատես եմ, որ օր մը այդ ուղիղ եւ ճշմարիտ ճանապարհը կը գտնենք. վերջապէս դասեր կը քաղենք Պարոնեանի խրատներէն:

-Պարոնեանէն զատ, ուրիշ ի՞նչ գրական ուսումնասիրութիւններով կը զբաղիք:

-Այս պահուն բոլոր ուժերս կեդրոնացուցած եմ Պարոնեանի մասին հետազօտական աշխատանքիս վրայ, սակայն մինչ այդ գրած եւ հրապարակած եմ Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանական արուեստին մասին յօդուածներ: Մագիստրոսական թէզիս նիւթը եղած է «Թումանեանը թարգմանիչ եւ թարգմանութեան տեսաբան»: Թերեւս յառաջիկային աւելի խորքային հետազօտութիւններ կատարելէ եւ նիւթը աւելի հասունացնելէ ետք այդ ուսումնասիրութիւնս ալ հրատարակեմ:

Գեղարուեստական թարգմանութիւններ ալ կը կատարեմ. թարգմանած եմ Օշոյի «Զգացմունքներ. ազատագրում զայրոյթէ, նախանձէ եւ վախէ» գիրքը, որուն հրատարակումը քանի ամիսէ ի վեր կը ձգձըգ-ւի՝ պայմանաւորուած որոշակի խնդիրներով: Ասիկա հինտու հոգեւոր առաջնորդ Օշոյին հայերէն առաջին թարգմանութիւնն է:

Յուսանք՝ յարատեւ խաղաղութիւն կ՚ըլլայ եւ կը յաջողիմ մտայղացումներս կեանքի կոչել: Շնորհակալ եմ հայ զինուորին, որուն շնորհիւ տակաւին կարող եմ զբաղիլ սիրած մասնագիտութեամբս:

ՊԱՐՈՆԵԱՆԱԿԱՆ ԽԱՅԹՈՑՆԵՐ

Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:

Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ՚ելլեն:

Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ՚ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՚առնուիր:

Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:

Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կր կռուէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ… Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս… անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր…

Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ՚ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:

Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ-որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:

Գիտուն ըլլալուն ամենէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:

Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրուին շատ անգամ:

Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:

Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. Հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:

Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:

Ո՜վ շողոքորթութիւն… ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:

Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնուին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնուիր:

Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ:

Եթէ այն ատեն դրամ եղած ըլլար, Ադամ եւ Եւան դրախտէն դուրս չէին ելներ. դրախտին դուռն կայնող պահապանին քանի մը դահեկան կու տային եւ մինչեւ այսօր դրախտին մէջ կը մնային։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

http://www.jamanak.com