ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆ ՄԵԶ…..

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 209

Նոյեմբերեան պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդը, հայ քաղաքական միտքը նոր մարտավարութեան եւ հրամայականներու հրատապութեան առջեւ կը գտնուին անկասկած: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել երազային պատրանքներով դէպի անդունդ գլորոող համազգային այս տեղատւութիւնը: Իրականութիւններ կան, որ պարտաւոր ենք ընդունելու բոլորս, ա՛նխտիր: Հայ քաղաքական միտքը դասեր չքաղեց 1912-1923 թուականներու մեր համազգային ձախողութիւններէն: Անոնց այսօրը դարձաւ երէկի սխալ ռազմավարութիւններուն շարունակութիւնը:

Հետեւանքը մեր առջեւն է: Պիտի ընդունինք՝ չկրցինք, թերեւս չուզեցինք նոր խօսք հաղորդել մատղաշ սերունդին: Վախցանք առնուազն մեր աթոռէն, պաշտօնէն… Հազարաւոր երիտասարդներ, շնորհալի երիտասարդներ եկան, տեսան եւ հեռացան: Անոնք լքած-հեռացած են քարացած ուղեղներով ղեկավարուող կուսակցութիւններէն: Ուստի թուլացան կազմակերպչական կառոյցները, մերկացան շարքերը…: Զիրար միացնող, ուժականութիւն դարձնող գործօններ փնտռելու, կամուրջները ամրապնդելու փոխարէն՝ տոնքիշոթեան յաղթանակներով գինովցան: Անհատի պաշտամունքի բաքոսներ դարձան ոմանք… Մինչեւ եր՞բ եւ ու՞ր պիտի ծածկուի այս ցաւալի իրականութիւնը…:

Ցաւով կը գրեմ այս տողերը, որովհետեւ կը հաւատամ, որ անոնք տակաւին մեծ առաքելութիւն ունին կատարելիք այսօր եւ վաղը, բայց ոչ՝ այս գործելաոճով: Ին՞չ կը թելադրէ մեզի օրըստօրէ հիւծող աւանդական սփիւռքը. հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, անոր դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար ծնած քաղաքական կուսակցութիւնները որքանո՞վ քայլ կը պահեն համաշխարհային քաղաքատնտեսական փոփոխութիւններուն, ազգային-հայրենական կեանքի պահանջներուն հետ: Նոյեմբերեան պատերազմէն ետք նոր խօսքի եւ գործելաոճի խիստ անհրաժեշտութիւնը ունի Սփիւռքը: Մեր ազգային կուսակցութիւնները պատրաս՞տ են այս մարտահրաւէրին….:

Համայն հայութիւնը խանդավառութեամբ ողջունեց Հայրենի պետականութեան վերածնունդը՝ Հայաստանի անկախութիւնը: Ինչպիսի՛ ոգեւորութեամբ, երազներով դիմաւորեցինք անկախութեան յայտարարութիւնը ….: Մեզի անկախութիւն եւ պետականութիւն շնորհուեցաւ, բայց չկրցինք կերտել պետութիւն: Փտածութեան եւ մենաշնորհեալներու աւազակապետութեան վերածեցինք ազատ, անկախ Հայաստանը: Անհատներու եւ հատուածներու առնէտավազքին ծաղրը դարձաւ պետական մտածողութիւնը: Ի՞նչ պետական մտածողութիւն, երբ բաժնետէրերու սակարանի վերածուեցաւ Հայրենիքը…: Հետեւա՞նքը՝ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենաճակատագրական ժամանակաշրջանին այսօրուան բեւեռացած իրականութիւնը:

Սփիւռքը, այնպէս ալ Հայաստանը կը գտնուին նոր խօսքի եւ գործելաոճի հրամայականին առջեւ: Թող ոչ ոք վիրաւորանք նկատէ այս խօսքերը: Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք իշխանութեան վերատիրանալու մէջ կը տեսնեն Հայրենիքի ճակատագիրը: Հաւաքական ուժ դառնալու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք՝ Սփիւռք եւ Հայրենիք: Ազգ մը կը ներկայանայ իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն, համազգային մտահոգութիւններու եւ տեսլականներու միատարր ամբողջութիւն: Ազգային միասնականութիւնը չի կրնար լոկ արտայայտութիւն ըլլալ, անիկա կոչուած է դառնալու մարտավարութիւն, գաղափարախօսութիւն: Սակայն գաղափարախօսութիւն եւ ուղղորդող յայտարար դառնալու համար՝ անհրաժեշտ է ունենալ ազգային միասնական հայեցակարգ:

Մեր ժողովուրդի գոյութիւնը պայմանաւորուած է ազգային հայեցակարգի միասնական անհրաժեշտութեամբ: Բոլորս կը խօսինք միասնականութեան, ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի, հզօր պետականութեան, հայրենաշինութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի հետապնդման, հայապահպանման եւ տակաւին զանազան մտահոգութիւններու շուրջ, դժբախտաբար կը խօսինք իբրեւ անջատ կազմակերպութիւններ, բայց ոչ իբրեւ հաւաքականութիւն: Միասնականութիւնը կեանքի ու իրականութեան անհրաժեշտ է վերածել: Ազգային միասնականութիւն երբեք չի նշանակեր դիմազուրկ դառնալ, սեփական համոզումներէ հրաժարիլ, ընդհակառակը՝ ազգային հայեցակարգի ներկայութիւնը ինքնաբերաբերաբար գոյատեւումի եւ պայքարի նոր ներուժ պիտի հաղորդէ բոլորին:

Մեր բանականութեան մէջ ներքուստ՝ բոլորս համոզուած ենք անոր օգտաշատ անհրաժեշտութեան, սակայն յանդգնութեան բացակայութիւնը կը տանջէ մեզ, կը խուսափինք ճշմարտութենէն, փոխարէնը կը բաւարարուինք լոկ մակերեսային, պահի թելադրութեան տակ արձակուող կոչերով: Բայց մինչեւ եր՞բ մնալ նախապաշարումներու զոհը ու գիտակցաբար անտեսենք Սփիւռքի մարտահրաւէրները: Տակաւին որքա՞ն կարելի է մնալ ժամանցուած եւ կաղապարուած հիմնաւորումներու գերին:

Որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի համոզուելու, թէ միասնականութեան լաստն է միակ փրկարարը: Այլապէս, ինքնանպատակ հաւաքականութիւններու պիտի վերածուինք բոլորս, ա՛նխտիր: Հետեւինք միջազգային ընկերային ու քաղաքական զարգացումներուն: Արմատական տեղաշարժեր տեղի կ’ունենան մեր շրջապատին մէջ: Մեր ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն անյարիր ու իրերամերժ ընկալումներ, վարդապետութիւններ նոր տեսք, տարազ ու ձեւաւորում ստացած կը փորձեն թափանցել մեր իրականութեան մէջ…:

21-րդ դարաշրջանին մէջ ապրող հայ երիտասարդը չի կրնար ժամանցուած դրոյթներով պայքարիլ գաղափարական, հասարակական նոր մարտահրաւէրներուն դէմ:Նոր խօսքի եւ գործելաոճի հրամայականին առջեւ կը գտնուին Սփիւռքը եւ Հայրենիքը: Պետութիւն կերտելու եւ յանձնառու հայ մնալու համար՝ նո՛ր գործելաոճ անհրաժեշտ է մեզի: Այդ գործելաոճը անպայման անցեալի սխալներէն դասեր քաղելով, ազգային գաղափարախօսութեան վրայ յենած միասնականութեան յայտարարն է:

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert