Երբ մարտերը սաստկացան՝ ԱՄՆ ձեռնպահ մնաց հայամէտ միջամտութիւններ կատարելէ եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելէ։

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ

Անցեալ Սեպտեմբեր 27-ին, երբ Ազրպէյճանի բանակը կը ներխուժէր Արցախ՝ անծանօթ ընկերութիւն մը կը յայտարարէր իր յաղթանակը… կարծես թէ չէր հետաքրքրեր թէ ինչ տեղի կ’ունենայ արցախեան ռազմաճակատին վրայ, այլ յաղթանակ կը համարէր այն, որ Հայաստանի կողմէ Զանկելանի յանձնումը Ազրպէյճանին, իրեն կը վերադարձնէր ոսկիի հանք մը, որ տիրացած էր նախապէս՝ Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ գործարքի կնքումով։

Այս լուրին փաստերը աւելի յստակ կը դառնան, երբ յայտնի կը դառնայ թէ այս ընկերութիւնը «Անկլօ-Ասիական Մայնինկ»ն է (Anglo-Asian Mining), որ ազերի կառավարութենէն ստացած է արտօնագիր՝ 1997 թ.ին, ոսկի արտահանելու սահմանային Զանկելանի Վեճնալի հանքավայրէն, որուն շահերը կը գերազանցեն 250 միլիոն տոլարը…։

Իրականութեան մէջ այս ընկերութիւնը գրանցուած է Բրիտանիոյ մէջ, սակայն կը պատկանի ամերիկացիներու։ Տէրերէն մէկը՝ Ճոն Հենրի Սունունուն է։ Ան քաղաքական գործիչ է եւ Հայր Ճորճ Պուշի գործերու կառավարիչ նախապէս։ Նաեւ Նիւ Հեմփշայրի նահանգապետ 1989-1999 թթ.ն։ Անունը Անկլօ-Ասիական ընկերութեան բաժնետոմսերուն 10 տոկոսին սեփականատէրն է։ Այսինքն՝ 20 միլիոն տոլարի կարողութեան…։ Մինչ Քրիսթոֆըր Սունունու, իր զաւակը՝ նահանգապետն է այսօր։ Իսկ երկրորդ որդին՝ Ծերակոյտի անդամ է։ Այսպիսով կրնանք պատկերացնել՝ ընտանիքին ձեռք ձգած պաշտօններուն առումով, այն ազդեցութիւնն ու կապերը զոր ունին ամերիկեան գործադիր բարձրագոյն շրջանակներուն մէջ։

Ճորճ Սունունուի վերադարձը՝ յափշտակելու Զանկելանի ոսկի հանքերը, ցոյց կու տայ այն գաղտնի դաւերը, որոնք կը գործադրուին «մութին մէջ»՝ հայկական Արցախի դէմ։ Այսինքն՝ իր ընկերութեան շահերը, պաշտպանուած ամերիկեան վարչակարգին եւ Ծերակոյտին կողմէ՝ շատ աւելի կարեւոր են իրեն համար, քան թէ կարիքի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն իրաւունքները։ Յամենայնդէպս, «Անկլօ-Ասիական Մայնինկ» ընկերութեան հաղորդագրութիւնը, արցախեան պատերազմի արեան բաղնիքին մէջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի կողմէ Զանկելանի շրջանի յանձնումը Ազրպէյճանին, ցոյց կու տայ Ուաշինկթընի վերաբերմունքը արցախեան ահաւոր անցուդարձերուն։

Վերջին պատերազմին սկսելէն առաջ, ամերիկեան քաղաքականութիւնը եւ քարոզչութիւնը անոր հետ, կը յայտնէր թէ Ուաշինկթըն նեցուկ կը կանգնի հայերու պաշտպանութեան գործընթացին։ Արցախի պատերազմի սկիզբը, ամերիկացիք քաջալերեցին Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի պատերազմի մէջ մտնելու որոշումը։ Սակայն երբ մարտերը սաստկացան՝ ԱՄՆ ձեռնպահ մնաց հայամէտ միջամտութիւններ կատարելէ եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելէ։

Այս պատճառով է որ Փաշինեան ձախողեցաւ եւ հայկական կողմը պարտուեցաւ ազերիներուն դէմ։ Փոխարէնը, Ուաշինկթընի խոստումը նեցուկ կանգնելու Փաշինեանին դրժելու համար, մարտերու ամէնէն թէժ օրերուն՝ երեւան եկաւ ամերիկեան շահերը արտայայտող տխրահռչակ յայտարարութիւնը «Անկլօ-Ասիական Մայնինկ» ընկերութեան լեզուով՝ որ կը «տօնէ» Զանկելանի «վերադարձը» Ազրպէյճանին։ Այսինքն՝ Ճոն Սունունուին «սեփականութիւն» դարձած գործարքին աշխատանքի անցնիլը։ Այսինքն՝ միլիոնաւոր տոլարներ արժող ոսկիի հանքին արտահանումը։

Նկատելի է սակայն այսօր, որ հակառակ «թունաւոր ռազմավարութեան» դառն փորձին, որ ուղղուեցաւ Փաշինեանի դէմ Ուաշինկթընիլ կողմէ՝ Արցախի մէջ, երբ յստակ դարձաւ ԱՄՆի նպատակը Արցախի մէջ, որուն նպատակը հայերը պաշտպանելը չէ, այլ իր ոսկի որոնող, շահագործող ընկերութիւններուն շահերը։ ԱՄՆ յառաջ կը տանի այսօր, իբր թէ մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրներ Հայաստանի մէջ, կրկնելով դարձեալ այն խոստումները, որ նեցուկ պիտի կանգնի հայերուն՝ եթէ անոնք պէտք ունենան…։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, «յուսատու փոթորիկներ» կը մոլեգնին Ճոն Սունունուի հարստութեան աղբիւրին շուրջ։ Այս քննադատութիւններն են որ մղեցին իր զաւկին՝ Քրիսին, որ կը պատրաստուի երկրորդ անգամ նահանգապետ դառնալու Նիւ Համփշայրի Instagram-ի վրայ արտայայտութեանց դադրեցման՝ քննադատութիւններու «ահագնացող» ալիքին պատճառով՝ իր հօր՝ կասկածելի հարստութեան դէմ։ Միաժամանակ՝ ԱՄՆի հայկական համայնքը, Պաքուի հետ տնտեսական խայտառակ գործարքներու մէջ մտած անձանց եւ ընկերութիւններու դէմ արշաւի սկսաւ, պահանջելով անոնց ագահ եւ լկտի յափշտակման քաղաքականութիւնը Կովկասի մէջ։ Մինչ Հայաստանէն ոչ մէկ բողոքի ձայն դուրս եկաւ վերոյիշեալ ահաւոր գործարքներուն դէմ, որոնց հեղինակները ամերիկացիներ էին՝ Սունունու շահամոլ ընտանիքին նման։

Միւս կողմէ, հայկական Սփիւռքի համայնքները սկսած են ճնշում բանեցնել եւ ստիպել արեւմտեան ընկերութիւնները՝ որ դադրեցնեն «Պայրաքտար» անօդաչու թրքական սաւառնակներուն բարդ գործիքներ վաճառելէ։ Մանաւանդ որ այս սաւառնակները իրենց վճռական դերը խաղցան արցախեան վերջին պատերազմին մէջ։

Արդարեւ, արցախեան պատերազմի արարները ցոյց տուին, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը Հայաստանի դէմ՝ իր տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներու «պայծառափայլ» դէմքերուն փնտռտուքն է ոսկիի, արեան ծովին մէջ հայերը խաբելու եւ խլելու ոսկի հանքերը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը։ Աւելին, օգտուելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած մթնոլորտէն, երբ Մոսկուա յաջողեցաւ զինադադար հաստատել Արցախի մէջ, կը փորձէ իրավիճակը բարդացնել՝ քարոզելով թէ պատրաստ էր օգնելու հայերուն, ազերիներուն դէմ։ Միաժամանակ՝ երկերեսանի քաղաքականութեամբ կ’օգտագործէ Արցախի պատերազմին հետեւանքները իր շահերուն համար։

https://www.norsevan.com/post/washington-tunavor-razmavarutyun-hayasdani-handep

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert