Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 26 Փետրուար 2021

Երկու օր առաջ ուշադրութեանս յանձնուեցաւ «Սփիւռքի ձայն» (Voice of Diaspora) կոչուած «պլոկըր»ի (blogger) առասպելական ցաբռտուքները՝ ոչ աւելի ոչ պակաս այս անգամ յառաջադէմ, քաջարի մտաւորական եւ Թուրքիայի մէջ իր հակա-էրտողանեան առնական կեցուածքով ժողովրդավար երեսփոխան, մեր հայրենակից Կարօ Փայլանին դէմ: Վերջինս քաջութիւնը ունեցեր էր որպէս փորձուած քաղաքական գործիչ իր խօսքը ըսել մեր քաղաքամայրին մէջ վերջին 24 ժամերուն տեղի ունեցած դէպքերու եւ շիկացումներու մասին: Ան պարզապէս ըսած էր. «Կը դատապարտեմ Հայաստանի մէջ կատարուած յեղաշրջման փորձը: Կոչ կ’ուղղեմ Հայաստանի ժողովուրդին՝ տէր կանգնելու ժողովրդավարութեան»:

Հայրենասէր եւ հակաֆաշիստ մարդը այսպէ՛ս կը մտածէ: Ես ալ այդպէս կը մտածեմ: Եւ ահա արշաւ մը ծաւալուած է Թուրքիայի մէջ այնքան հալածուած եւ իշխանութիւններու աչքի փուշը եղող Կարօ Փայլանին դէմ՝ այս անգամ մեր հայրենակիցներուն կողմէ, շատ հաւանաբար նաեւ հայկական անուններով հանդէս եկող թուրքազերի «պլոկըրներու» կամ կեղծ (fake) «ֆէյքպուքիստ»ներու կողմէ:

Նշուած կայքէջէն անմիջապէս եկաւ յայտնի կուսակցութեան մը հոտը: Ուստի եւ չզարմացայ: Բայց վրդովեցայ, երբ այս պարկեշտ ու քաջասիրտ մարդուն մասին թուրքական «գորշ գայլ»երէն աւելի կատաղի ու թունաւոր արտայայտութիւններ կարդացի մեկնաբանութիւններուն մէջ:

Մէկը գրեր է. «Աղբարիկդ՝ Հրանդ Տինքը ողջ ըլլար, երեսիդ կը թքէր…»: Ո՛չ: Այս անյարգելի հայրենակիցին ըսեմ որ ընդհակառակը, թուրքի անարգ գնդակէն զգետնուած Հրանդ եթէ ողջ ըլլար, Կարոյին ՃԱԿԱՏԷՆ ԿԸ ՀԱմԲՈՒՐԷՐ, ապա քու եւ քու նմաններուդ բուռն պատասխան մը կու տար ըսելով. «Աղբարիկնե՛ր, չէ՞ք մի ամչնար ատանկ բաներ կ’ըսէք իմ պզտիկ աղբարիկիս հասցէին…»:

Մէկը գրեր է թէ Էրտողանի ստրուկն է ան եւ նման բաներ: Ի՞նչ է, կը սպասէք որ մեր այս լաւ հա՞յն ալ խորհրդաւոր կերպով զգետնուի թշնամիին գնդակէն, որպէսզի հերոսացնէք զինք: Մեր հայրենակիցներէն շատեր գլուխնին կորսնցուցեր են պարզապէս: Նկատելի է արդէն որ կուսակցամոլութիւնը եւ փետրուարեան արկածախնդրութիւններու եւ «մաուզերիստներու» կանչը նորէ՛ն գլուխ բարձրացուցած է մեզմէ ոմանց մէջ: Կ’ուզեմ հաւատալ թէ մեր քաղաքական կազմակերպութիւններու մէջ կան հարիւրներով պարկեշտ, նուիրեալ ու իրաւ համակիրներ ու կուսակցականներ, որոնք դէմ ըլլալով հանդերձ Նիկոլ Փաշինեանին ու իր նմաններուն, համաձայն չեն այն թունալից արտայայտութիւններուն, որով հանդէս կու գան 17+ չեմ գիտեր ինչերը: Վստահ եմ որ կայ առողջ խաւ մը, որ պիտի վրդովուի հայու այս մեծ զաւկին դէմ եղած անարգական խօսքերէն:

Աշխարհէն լուր չունեցող մէկը կը հարցնէր թէ Կարօ Փայլանը կեանքին մէջ Հայաստան եղե՞ր է որ կը համարձակի նման բաներ գրել… Կարօ Փայլանը 2017-ին Երեւան եկած էր մասնակցելու Սփիւռք-Հայաստան համաժողովին: Ես ալ հոն էի նոյն հանգամանքով: Ան ափ ի բերան թողուց ներկաները իր ելոյթին մէջ արտայայտած հասուն քաղաքագէտի վերլուծումներով: Եւ հիմա քանի մը տականքներ, անիրազեկներ, թունաւորուածներ, ծախուած գրչակներ ու «ֆէյսպուքիստ»ներ այլանդակ բաներ կը գրեն այս հայու տիպարին մասին: Խաչատուր Աբովեան եթէ ողջ ըլլար պիտի գրէր. «Էդ ո՞ւմ վրայ էք ձեռք բարձրացնում, Հայոց մեծ Փայլանին չէ՞ք ճանաչում»:

Դժբախտաբար մեր հայրենիքի եւ սփիւռքի կարգ մը շրջանակներու մէջ մեր հայրենակիցներէն զգալի թուով հաւաքականութիւն մը կորսնցուցեր է սառը դատողութեան յատկանիշը: Անոնք մոռցեր են քոչարեանա-սերժիկական քսան տարիներու կեղեքումները, թալանը, երկրի ընդերքի կողոպուտը, ռազմական սպառազինութիւններու իւրացումները, գաղտնի ազատագրուած հողեր ծախելը թուրքազերիներուն՝ ռուսական կնքահայրութեամբ: Հիմա ելեր են այս անճարակ վարչապետին վրա՞յ կը նետեն ամէն ինչ, վարչապետ մը, որ սկիզբները փորձեց ու ճգնեցաւ թալանողները դատարան կանչել, բայց հանդիպաեցաւ ԱՄԲՈՂՋ համակարգի մը կատաղի ընդդիմութեան, մինչեւ որ իրականացաւ 44-օրեայ ծրագրուած դարուս առաջին ողբերգութիւնը հայ ժողովուրդի գլխուն եւ այս աւազակներուն թուեցաւ թէ կանգ առին հետապնդումները եւ իրենք պրծա՜ն կրկին…

Կարօ Փայլանին յիշեցումը պատահական չէր, այլ կ’առնչուէր ՀՀ Զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետի Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնէն հեռացման հետ: Անկէ անմիջապէս ետք յաջորդած էր զինուած ուժերու շուտիկ յայտարարութիւնը, ուր կ’ըսուէր. «ՀՀ զինուած ուժերը պահանջում են ՀՀ վարչապետի  եւ կառավարութեան հրաժարականը»: Ըստ մեկնաբաններու, եթէ այդ յայտարարութիւնը անմիջական  եւ շտապ կոչ մը չէր պետական հարուածի, ապա նուազագոյնը երկիրը այդ ուղղութեամբ պատրաստելու անխոհեմ մտադրութիւն մըն էր:

Ինչո՞ւ հեռացուեցաւ Օ. Գասպարեան. որեւէ մէկը հարցում ըրա՞ւ այս մասին: Որեւէ մէկը մտածե՞ց թէ վարչապետը երբոր հասկցուց թէ «Իսքենտեր»ի հարցով թղթածրար մը պատրաստուած է, մեր հրամանատարներէն ոմանք գոյներնին նետեցին: Ինչո՞ւ «չէին աշխատած» այդ գերարդիական ռուսական սարքերը: Ամէն տեղ աշխատեցան անոնք, բայց կարգը երբ հասաւ Հայաստանին՝ անոնք խեղճացա՞ն: Ո՞վ կամ ովքե՞ր խեղճացուցին, ի՞նչ խաղեր եւ ձեռնածութիւններ կատարուեցան արդեօք…Տեսակէտներ կը հնչեն նաեւ թէ Փութին կեցած է այս նոր խայտառակութեան եւ Ն. Փաշինեանի հրաժարեցման գծով տարուած «խաղերուն» ետին: Ամէն բան սպասելի է. չէ՞ որ աթոմական ժամացոյցի ճշգրտութեամբ իրագործուեցաւ Կովկասեան բեմադրութիւնը՝ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան:

Հետեւաբար՝ Կարօ Փայլանի ակնարկութիւնը պետական փորձի մասին պէտք է ընդունիլ այս ծիրին մէջ: Այսինքն, Գասպարեաններ, Տոնոյեաններ եւ նմաններ ու իրենց թիկունքին կեցած Քոչարեաններ ու Սարգսեաններ ինչէ՞ն վախցան որ ուզեցին Փաշինեանը եւ իր վարչակարգը վար առնելու վախով զսպել վարչապետին ինքնապաշտպանութեան փորձերը: Վախցան բացայայտուելէ՞ թէ Ռուսաստանի ռազմարդիւնաւէտութեան կրելիք վնասներէն…

Շատ, շատ բան փտած է մեր երկրին մէջ1990-ականներէն ասդին, մանաւանդ Ազգային Ժողովի յայտնի սպանդէն ետք: Կարօ Փայլանի եւ մեր մտավախութիւնը այն է, որ մեր ժողովուրդին մէջ օր ըստ օրէ բռնկուող պայթիւնալից մթնոլորտը կրկնութիւնը կրնայ ըլլալ 1921 թուականին Փետրուարէն Մայիս երկարող արիւնալի դէպքերուն, դէպքեր, որոնք պատճառ դարձան հողային նոր կորուստներու:

Վե՛րջ տուէք Կարօ Փայլաններու վրայ կատարուած թրքաբարոյ յարձակումներուն: Տէր կեցէք ու թիկունք կանգնեցէք Փայլաններու պէս անսակարկ հայրենասէրներու: Գուրգուրացէք Փայլաններու եւ նմաններու վրայ:

Ուրախ եմ, որ Հայաստանում եմ. Կարո Փայլանը մասնակցում է Հայաստան-Սփյուռք համաժողովին

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert