Քաղաքակրթության մասին գոյություն ունի տարբեր կարծիքներ.

Որ քաղաքակրթությունը բաղկացած է հոգևոր եւ նյութական անբաժանելի մասերից: Այն կառուցված է մարդկության տքնաջան աշխատանքի նյութական եւ հոգևոր հիմքի վրա՝ ամբողջ պատմության ընթացքում…:

Քաղաքակրթության ոգին մշակույթն է, առանց որի չէր լինի ոչ մի գլուխգործոց, վեր չէին խոյանա Եգիպտական բուրգերը, չէին կառուցվի չինական մեծ պատը, Հայոց Զուարթնոցն ու աշխարհի հին ու «նոր» հրաշալիքները …:

Ցավոք, ժողովրդի կողմից ստեղծված իսկական պատմությունն ու նրա կողմից կառուցված քաղաքակրությունը վերագրվում է թագավորնրին, իշխաններին, մանր ու խոշոր տիրակալներին, բայց ոչ դրա իսկական կերտողին՝ ժողովրդին:

Ինչքա՜ն ճիշտ է գրել հարգելի Պրոֆ. Խաչատուր Ի. Փիլիկեանը.- «պատմական ճշմարտութիւն մըն է որ ժողովուրդն է մշակոյթի ամենամեծ ստեղծագործողը: Իսկ ժողովուրդի արդար ու ազատ կեանքի վառ ապագայ ստեղծելու հազարամեայ պայքարի արգասիքն է նաեւ այն, որ ազատագրող ուսուցիչն է քաղաքակրթութիւն ստեղծողը:»

(Նոր խոսք)

 

Հայոց Մշակոյթի Ամիս`Հոկտեմբեր

ԽՈՐՀՈՒՐԴ  ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ – Մտորումներ

Գրեց` Պրոֆ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ  Ի. ՓԻԼԻԿԵԱՆ

 

ՍԷՐԸ, ՍԵՌԱՅԻՆԸ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ըսած են, կ`ըսեն ու կը կրկնեն. __ քաղաքականութիւնը բարոյականութիւն չի ճանչնար; Ան`ճշմարտութիևններու քողարկումն է, խաբեբայութիւն է, խոստմնադրուժ գործունէութիւն մըն է,  անպարկեշտութիւն է, ա’յս է ա’յն է  եւ նոյնիսկ ամենաշռնդալիցը` քաղաքականութիւնը պոռնկութիւն է…:

Բայց նաեւ, կ`ըսեն ու կը կրկնեն որ ան` յոյժ բաղձալի է, նոյնիսկ հիանալի է  ու նախանձելի, այնչափ մը որ ափսոսանք կը զգան թէ հայերը ինչո|ւ նմանօրինակ քաղաքականութիւն չեն գիտցած ու չեն գիտեր գործադրել, եւ մանաւանդ նմանակ քաղաքագէտներ ալ չունին, ինչպէս օրինակ` Թուրքերը, Հրեաները, Անգլիացիները եւ մասամբ նորին:

Եւ այս ըսող ու կրկնողները ոչ միայն ‘‘չէզոք’’ մարդիկ են, այլեւ  կուսակցականներ, նոյնիսկ կուսակցական ղեկավարներ ու հաւաքականութեան գլխին թառած պատասխանատու անձնաւորութիւններ. եւ մինչեւ իսկ անյանձնառու բայց ‘‘ձեռնլուացող’’ արուեստագէտներ ու մշակոյթի գործիչներ:

Դեռ եւս հասկնալի է եւ սպասելի ’’չէզոքներու’’ եւ անյանձնառու ‘‘երեւելիներու’’ ապաքաղաքականացման յորդորանքները եւ ուրեմն իրենց հակաքաղաքականութիւնը: Ամենազարմանալին եւ անհաւատալին այն է սակայն, որ քաղաքականութեան մասին նմանօրինակ անուանակոչումներէ ետք վերոյիշեալ կուսակցական քարոզիչները ամենայն լրջութեամբ կը սպասեն որ հայ նոր սերունդը լսէ իրենց ու համոզուի այդպիսի քաղաքականութեամբ զբաղուելու:

Բայց, պարոնայք ու տիկնայք նմանօրինակ քաղաքականութեանց նմանակ քարոզիչներ, սթափեցէք` ի սէր հայութեան ներկային ու ապագային, ու մի յուսաք որ ձեր «գործած», «գործելիք» եւ նոյնիսկ «չգործելիք մեղքերուն» համար ձեր գովերգած ինքնախարազանումով հմայուի ու նոյն մոլեգնութեամբ բռնկուի  նաեւ հայ մատղաշ սերունդը: Բարեբախտաբար, ի հեճուկս ձեզ, հայ ժողովուրդին չէ պակսած ու չի պակսիր գաղափարի մարտնչողներ ու յանձնառու կուսակցականներ, նաեւ ոչ կուսակցականներ եւ նոյնիսկ «չէզոքներ», ըլլան անոնք պատանի, երիտասարդ, հասուն  կամ ալեհեր «անձինք նուիրեալք»: Թէ ինչո|ւ եւ ինչպէ|ս: Պարտաւոր ենք ուշադրութեամբ մտածել այս մասին:

Քաղաքականութիւնը անհատի մը եւ մարդկային ընկերութեան հասարակարգի միւս անհատներու հետ  փոխյարաբերութիւններու ընդհանրութիւնն է եւ նոյնը` հասարակարգերու, ժողովուրդներու ու պետութիւններու միջեւ, որոնց համագումարը ինքը պատմութիւնն է:

Ճիշդ է Անգլիացի պատմաքաղաքագէտ Ճան Սիլին երբ կը գրէ թէ «Պատմութիւնը անցեալի քաղաքականութիւնն է, իսկ քաղաքականութիւնը` ներկայի պատմութիւնը» (Բրիտանական Քաղաքականութեան Աճը– John Seeley, The Growth of British Policy 1895):

Քաղաքականութիւնը ուրեմն լոկ ընդհանրութիւն մը չէ, այլ փոխյարաբերութիւններու ստեղծարար ուժ մըն է: Միայն սեռային յարաբերութիւնն է իր բնութեամբ աւելի ուժգինը եւ ամենաանմիջականը որովհետեւ կենդանական է եւ ուրեմն կեանքի ստեղծիչ ուժն է: Քաղաքականութիւնը սակայն, մարդկայնօրէն ամենաուժգին փոխյարաբերութիւնն է որովհետեւ ընկերային է` հասարակական: Պատահական չէր որ Արիստոտէլ սահմանեց մարդը իբրեւ ընկերային կենդանի, աւելի ճիշդ` իբրեւ քաղաքական կենդանի (Anthropos Fisel Politicon Zoon. POLITIKI ) որովհետեւ քաղաքականութիւնը ընդունուած էր իբրեւ քաղաք-պետութեան (Polis)  եւ հասարակութեան ընկերային փոխյարաբերութիւններու արուեստ-գիտութիւնը:

Առողջարար է միշտ ի մտի ունենալ որ բնութեան մէջ որեւէ յարաբերութիւն ֆիզիքական փոխյարաբերութիւն  մըն է ինքնին, ֆիզիք-բնութիւն իմաստէն իսկ ելնելով: Սեռայինը` ֆիզիքական յարաբերութեան լոկ տեսակ մըն է, թեկուզ առաջնային եւ կենսական, սակայն սահմանուած եւ մարմնական: Սէրը` կուտակուած անսահմանութեան հայեցողական զգացում մըն է,  հոգեկանօրէն էական: Սիրոյ անսահմանութեան մէջ է կուտակուած` սիրող զոյգի, ծնողական, զաւակի, եղբօր-քրոջ, ընկերական, ընկերային հասարակարգի, հայրենիքի, ժողովուրդի, բնութեան, աշխատանքի, արուեստի ու ճանաչողութեան եւ դեռ բազում սահմանուած հոգեմարմնային զգացողութիւնները, որոնց կարգին նաեւ բացառապէս մարմնական սեռայինը: Սահմանուածն է` անսահմանի մասնիկը, եւ մասնիկը` անսահմանութեան բջիջը:

Ընկերային կենդանի կը նշանակէ ուրեմն ոչ միայն քաղաքական կենդանի այլեւ քաղաքական սեռային էակ: Սեռայինի եւ քաղաքականի զուգահեռը լաւագոյնս կը բացայայտէ արմատական ճշմարտութիւն մը, որ էական է հասկնալու քաղաքականութեան բնոյթը; Սեռային յարաբերութիւնը սռկայ է ե’ւ սիրոյ ստեղծարար զուգորդութեան մէջ, ե’ւ պոռնկութեան: Ուրիշ խօսքով`ամէն սեռային յարաբերութիւն չի նշանակեր պոռնկութիւն: Քաղաքական սեռային էակ մարդն ու կինը սիրոյ այդ կուտակուած անսահմանութեան զգացումը կը զուգորդեն սեռային բերկրանքին, անհատական աւելի երջանիկ նոր կեանք մը կամ ընկերային նոր բջիջ` ընտանիք մը ստեղծելու տարերքով հարբեցած:

Հակաընկերային, մարդկային հասարակարգը ժխտող եւ անառողջ բարոյատնտեսական փոխյարաբերութիւններու բնոյթն է պարտադրած մարդուն եւ կնոջ, որ սեռայինը ‘‘շուկայ’’  հանեն վաճառքի: Հակառակ սեռային վաճառքին, այսինքն` պոռնկութեան հազարամեայ գոյութեան եւ «զարգացման» իբրեւ «ազատ շուկայի սպառողական առուտուր», սիրոյ զուգորդութեան սեռային յարաբերութիւնը պահած է իր առողջ կուտակուած հմայքն ու ստեղծարար գեզեցկութիւնը, իբրեւ լինելութեան կտակ` նոր սերունդներուն: Պայքարը ճակատագրական է այլեւս, մարդկային առողջ հասարակարգի գոյատեւմնան համար;

Ահա այդ պայքարին է շաղկապուած հասարակարգի ընկերային ամենաուժգին փոխյարաբերութիւնը` քաղաքականութիւնը: Սեռայինին զուգահեռ ուրեմն,

քաղաքականութիւնն ալ կրնայ ըլլալ կամ «պոռնկութիւն», կամ ալ անձի մը ստեղծարար փոխյարաբերութիւնը մարդկային հասարակութեան հետ, վերջինիս աւելի ազատ, արդար ու երջանիկ կեանքի փոխակերպման տեսլականով տոգորուած:

Ժամանակի հրամայականն է` թօթափել մեր մատղաշ սերունդի գլխէն «գայլերու աւետարան» ի քարոզիչներու «անբարոյ», «պոռնիկ» եւ մասամբ նորին անուանակոչումները քաղաքականութեան մասին: Ի փոխարէն, մեր նոր սերունդը դաստիարակել համայնքի, ժողովուրդի, հայրենիքի եւ մարդկային հասարակութեան հետ իբրեւ ստեղծարար փոխյարաբերութիւններ մշակող քաղաքական «անձինք նուիրեալք»:

Հապա «չէզո|ք»ը —  պիտի հարց տար մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Այո, արժէ խօսիլ այդ մասին եւս:

Ինչպէս վերեւի յիշուած փոխյարաբերութիւններու զուգահեռները, «չէզոք» ն ալ կրնայ ըլլալ ժխտական եւ կամ դրական: Թարմ է դեռ մեր յիշողութեան մէջ լիբանանեան քաղաքացիական պատրերազմի վաղորդայնին հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ ընդունուած դրական չէզոքութեան քաղաքական դիրքորոշումը, որը ցարդ ամենաառողջը ու ամենաողջմիտը եղաւ ու մնաց: Լիբանանեան հայրենիքի ու ժողովուրդի հանդէպ ստեղծարար փոխյարաբերութիւններու պահպանման ու յարատեւման ոգով թելադրուած էր ա՛յդ, ու ոչ թէ պատեհապաշտութեամբ կամ «քաղաքական պոռնկամտութեամբ», ինչպէս ոմանք ուզեցին բացատրել…

Ժխտական չէզոքը ուրեմն, եսակեդրոն, շահամոլ բայց եւ մանաւանդ անտարբեր անձն է, Տեմօքրաթիա ստեղծած Ռամկապետական Յունաստանի քաղաքակրթութեան որակումով`իտիօթէս ն է, ոչ-ընկերայինը, այն անձը որ Փոլիթիք ով` քաղաքականութեամբ հետաքրքրուած չէ եւ  իր «ընկերային կենդանի» ըլլալը կը ժխտէ,  այսինքն` «ոչ-անձ» է, «չէզոք»միջանկեալ սաստկացուցիչով`չէզոք: Յունարէնի իտիօս-իտիօթէս ը վերածուելով Լատիներէնի իտիօթա, անցնելով Ֆրանսերէնին ու հասնելով Անգլերէնին կը մնայ նոյնը իտիըթ` ապուշ իմաստով; Բայց հայերս կարծես աւելի բարեացակամ եւ հաւանաբար ալ աւելի իմաստուն գտնուած ենք չէզոք ի նկատմամբ: Եւ շատ ճիշդ է այդ կը կարծեմ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի առնուազն 95 տոկոսը` չէզոքը, պէտք էր այլապէս ոչ-ուշիմ կամ ապուշ կոչուէր եւ միայն մնացորդաց նուազագոյն տոկոս կուսակցականները` ուշիմ: Դժբախտաբար դեռ եւս կան այսպէս մտածողներ որոնց համար քաղաքականութիւնը կուսակցականներու մենաշնորհեալ գործունէութիւնն է: Արդեօք մեր փոլիթիքոսներէն որոնք եւ որքանն են «ուշիմ» , այդ արդէն մեր ժողովուրդի, հողի ու հայրենիքի, անցեալի ու ներկայի պատմութեան վիճակէն պէտք է դատենք:

Քաղաքագիտութեան հիմնադիր-փիլիսափաներէն` Արիստոտէլի խորաթափանց եւս բնութագրմամբ մը, ընկերային կենդանի` մարդու «հանճարը բնորոշող յատկութիւնը յարաբերակցութիւններու արագ ընկալումն է» (POETIKA): Եւ ճիշդ այդ ընկալումն է , ըստ իս, որ կը զգենու հեռատեսութիւն: Ազատագրական պայքարի մեր հանճարեղ մարտիկ Անդրանիկ ն է յորդորողը թէ «ժողովուրդի ճակատագրին հետ խաղացող որեւէ անհատ կամ կազմակերպութիւն անպայման պէտք է ունենայ հեռատեսութիւն եւ իմաստութիւն»:

Ահա թէ ինչու  անիմաստ, անհեռատես կուսակցամոլութիւնը նոյնպէս մահացու վտանգ մը եղած է եւ է Հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս որ եսակեդրոն ու անտարբեր չէզոքը:

 

ՄՇԱԿՈՅԹՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Բազմիցս արտայայտուած եմ որ Մշակոյթը մարդու ազատութեան տենչի արտայայտութիւնն է ու յաւիտեան գոյութիւն պիտի ունենայ որքան որ մարդը գոյ է: Քաղաքակրթութիւնը այդ ազատութեան տենչը ուռճացնող եւ ազատութիւնը իրականացնող ուժն է:

Ձայնային մշակոյթի արգասիքն է Գիրի մշակոյթը: Գիր մշակոյթն էր ծնած Տիր աստուածը`դիւցազն Հայկի որդին, Արամազդի գրագիրն ու սուրհանդակը, արուեստներու եւ գիտութեան աստուածը, պատգամաբերն ու լրագրողը, այլ խօսքով` դիցաբանութեան մշակոյթի գործիչը, խորհուրդ-միտք ձեւակերպողն ու ազատ-ա-գրողը:

Այո, մենք ունէինք գրոց մշակոյթ որուն ծնունդն էր դիցաբանական Տիրը` ստեղծագործ այրը: Եւ մենք ունեցանք Հայ Գիրի Տիրայրը`Մեսրոպ Մաշտոցը, որը եղաւ մեր առաջին Անյաղթը—ազատագրող ուսուցիչը Հայոց բազմադարեան Գրոց մշակոյթին:

Եւ իմանալով «զբանս հանճարոյ» խրատեցինք մակագրել խաղաղութեան պատգամաբեր Սուրբ Փրկիչի մօր հայանունը, եւ Աստուածածին ը անուանեցինք նաեւ Տիրամայր, այսինքն եւ բազմիմաստնօրէն Գրոց/Գիրերու Աստծոյ մայր:

Հայոց Այբուբենը հայոց միտք-ձայնի գեղեցկագոյն միասնութեան ազատագրուած ձեւն է, Ազատն Ձեւը հայ հանճարի պատկերքին: Եւ արդէն հայ ժողովուրդի իմաստութիւնն  է անուանած «Սուրբ» իր Ազատն Ձեւի  գիւտարար` Մեսրոպ Մաշտոցը:

Պատմական ճշմարտութիւն մըն է որ ժողովուրդն է մշակոյթի ամենամեծ ստեղծագործողը: Իսկ ժողովուրդի արդար ու ազատ կեանքի վառ ապագայ ստեղծելու հազարամեայ պայքարի արգասիքն է նաեւ այն, որ ազատագրող ուսուցիչն է քաղաքակրթութիւն ստեղծողը:

Եւ հայն ունեցաւ Տիրայր Մաշտոցի ուսանող-մեկնիչներ`ստեղծագործ մեկնաբանները համաշխարհային մշակոյթի գանձերուն: ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ն էր այդ` Հայ Գիրի Քաղաքակրթութեան իր առաջին ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ ով:

Ճիշտ է ընկալած եւ գիտակցած հայը, որ մեր հայ-լեզուի հին ու նոր մշակները` վարդապետն ու փիլիսոփան, գիտնականն ու բանաստեղծը, արհեստաւորն ու արուեստագէտը, ծնողն ու զաւակը եղած են ու պիտի ըլլան Հայոց  Խորհուրդի Թարգմանիչները յանձինս Հայ Ազատն Ձեւին` Այբուբենին:

Հայ ժողովուրդի մշակոյթին հետ շաղախուած մեր Եռամեծար Վարդապետն ալ, ունենալով ու լաւագոյնս գործադրելով մեր ‘‘իբրեւ արծիւ սաւառնող’’ ազատութեան հերոս Անդրանիկի յորդորած հեռատեսութիւնն ու իմաստութիւնը, ազատագրող ղօղանջներ սերմանեց Հայ երաժշտութեանը: Մենք Հայերս ձայնային մշակոյթ ունէինք: Կոմիտասով`Հայ Երգի Մեսրոպ Մաշտոցով ունեցանք եւ ունինք ձայնային քաղաքակրթութիւն:

Եւ հայն ունի երիցս ծաղկեցուած` ազատագրող դարաւոր քաղաքակրթութիւն:

Այդ քաղաքակրթութեան կաթնաղբիւրով սերմնացած, դիւցազուն Վարդանանց ալ գերազանցելով, Սարդարապատի «լինել թէ չլինել» ու  ճակատամարտին ԼԻՆԵԼ որոշեցինք ու վերապրեցանք:

Մեր ծաղկեցուած քաղաքակրթութեամբ ազատագրեցինք նաեւ Արարատեան Դաշտի «Նշխարհը» որպէս Երիցս վերածնած Հայոց Տուն—Տիրամայր Հանրապետութիւն: Այդ Նշխարհով հաղորդուելով, լիցքաւորուեցանք խորին խորհուրդի ուժականութեամբ, ազատագրելով նաեւ Հայոց Արցախեան Դաշտի «Նշխարհ» ն ալ:  Անքաղաքակիրթ`մշակոյթի թշնամի ձեռքեր, չար աշխարհի մեղսակցութեամբ խլած են մեր ձեռքերէն մեր  Տիրաշխարհը` Հայ ժողովուրդի  հազարամեայ բնօրրանը: Իսկ Արարատեան ու Արցախեան Դաշտերու Հայոց Տուները  կը մնան, այլեւ պէտք է մնան  Հայոց զարթնած, ազատագրող քաղաքակրթութեան Մասեացավեհ զոյգ գագաթները: Հեռու այդ  Հայոց Տուներէն ու Տիրաշխարհի Արարատափայլ յուշէն հայը կրնայ ունենալ եւ ունի բազմերանգ հայ մշակոյթ, բայց երբեք հայ քաղաքակրթութիւն:

Լիցքաւորուինք Հայոց Մասեացավեհ Տիրամօր ազատագրող ուժականութեամբ, մեր հազարամեայ Տիրաշխարհը ազատագրելու մեր արդար պայքարին հաղորդուելով: Եւ մինչ Տիրաշխարհի ազատագրումը, երնէկ երբեք չի դադրինք  գեղգեղելու  Հայուն խաղաղութեան երգ երգոցը`

Երկներ Երկին երկներ երկիր Հայաստանի

Թող ընդմիշտ փափախի խորոված սիրտը մեր Տիրաշխարհի:

Դէ ելէք Հայկազունք սիրտ սիրտի տուէք

Մենք որ ջանք անենք,  իրար քոմակ անենք, շէնացնենք

Թէ ծովն էլ տեղիցը վեր կենայ, մեզ տակովը չի անիլ:

———————————————————————————–

Պրոֆ. Խաչատուր Ի.Փիլիկեան, 6 Հոկտեմբեր 2011

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert