Սեդա ԳպրանյանՄելքոնյան

1988-ին, ընկերներս ու ես երանութեան մէջ էինք։ Հազիւ ցոյցերու լուրն առած Նայիրի հանրակացարանէն կը փութայինք օփերայի հրապարակ։ Հրաշալի զգացում էր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալը։ Պզտիկ տետրի մը մէջ կ՚արձանագրէի ի՛նչ կը կատարուէր։ Միայն մտերմուհիս՝ Հուրիկը գիտէր թէ ինչո՞ւ օրագրութեան նման ամէն բան կը գրէի։ Անիկա այն շատ քիչերէն էր, ովքեր գիտէին Մոնթէին հետ կապս։ Այդ օրերուն Մոնթէին անունը փսփսալն անգամ վտանգաւոր էր։ Եւ ո՛չ ՊԱԿ-ի պատճառով, այլ քինախնդիր մարդոց, ովքեր պատրաստ էին վնասել Մոնթէին հետ կապ ունեցող ոեւէ էակի, եթէ անգամ ճանճ ըլլար այն։ Գրառումներս անուղղակի ձեւերով Մոնթէին կը ղրկէի՝ բանտ։ Իսկ ան բանտի իր խուցէն կարելին կ՚ընէր հետեւելու իրադարձութեանց։ Ստորեւ՝ քանի մը մտորումներ այդ ժամանակահատուածէն։

7.10.88

«Այսօր, 9.9.88-ի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի որոշ խօսքերու ձայներիզը մտիկ ըրի։ Միայն պզտիկ մաս մըն էր, բայց շատ գէշ բաներ կային մէջը։ Կարծես թէ ժողովուրդը շատ շուարած է հիմա։ Իսկապէս տխուր բան է։ «Անկախութիւն» Ս. Հայաստանի համար ո՛չ թէ «ազգային ինքնորոշում» կը նշանակէ, այլ ազգային հաւաքական ինքնասպանութիւն։ Դժուար է հաւատալ որ հայ մարդիկ, այդ ալ մօտ 100.000-ով, կրնան այդպիսի բաներ պոռալ»։

9.10.88

Հիմա 2 օրէ ի վեր լուր չեմ լսած Արցախի եւ Ս. Հայաստանի մասին։ Անշուշտ շատ-շատ կը մտածեմ անոր մասին։ Միշտ դուն եւ մեր հայրենիքը (իր ամէն մասերով) մտածումներուս մեծ-մեծ մասը կը գրաւեն։ Երեւանի ցոյցերը չեմ տեսած, ուրեմն գրեթէ ստիպուած եմ փորձել կեանքիս փորձառութիւններէն բանի մը հետ բաղդատել։ Գիտեմ, որ 2 երեւոյթներ նուազագոյն նմանութիւններ ունին, բայց նորէն քանի որ Երեւանի մէջ չեմ եղած միտքս բնականօրէն Թեհրանի ցոյցերուն կ՚երթայ։ Հոն ալ ցոյցերը շա՜տ մեծ էին, ժողովուրդը խանդավառ եւ եղբայրական։ Մէկ բան գիտէին. պէտք էր թագաւորը երթար եւ նոր պետութիւն մը շինուէր։ Ասիկա շատ ճիշդ պահանջ մըն էր, բայց առանձին չէր բաւեր։ Վերջապէս թագաւորը գնաց, բայց քաղաքականապէս անպատրաստ եւ շուարած զանգուածային հոսանք մը կար, որ սկսաւ իսկական յեղափոխական ուժերուն ջարդել։ Եւ հիմա յստակ է որ ներկայ պետութիւնը Պարսկաստանի ժողովուրդներուն (ինչպէս նաեւ ուրիշ ժողովուրդներուն  Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ) շատ աւելի վնաս հասցուցած է քան թէ այդ ֆաշական թագաւորը։ Ինչո՞ւ ասոր մասին կը գրեմ։ Քանի որ մտահոգ եմ։ Մեր Ս. Հայաստանի եւ հոն տեղի ժողովուրդի համար մտահոգ եմ։ Գիտեմ, որ չի պիտի ձգեն որ Ս. Հայաստան «անկախ» ըլլայ (նոյնիսկ եթէ հայ ժողովուրդը իսկապէս պիտի ընդունէր այդպիսի հակա-հայկական քայլ մը) ատիկա շատ-շատ անիրապաշտ է, բայց արդէն հայտնի է, որ առաջուան յստակատեսութիւնը եւ լրջութիւնը սկսած է տեղ տալ շփոթին, շուարումի եւ քաղաքական անհասունութեան։ Մտահոգ եմ քանի որ փորձառութենէ սորված եմ, որ ամէն մէկ սխալի համար գին մը կայ վճարելիք, ամէն մէկ սխալը որոշ չափ վնաս կը բերէ։ Չեմ ուզեր որ մեր ժողովուրդը յետքայլ առնէ կամ ինքնիրեն վնաս բերէ։ Այնքան լաւ շարժում մը սկսած էին…ափսո՜ս եթէ հիմա այս շարժումը աւրուի։ Ո՛չ, ընդունելի չէ։ Արցախի ժողովուրդին համար (գոնէ) իրաւունք չունինք մեր լրջութիւնը կորսնցնելու։ Անկէ անդին ալ այս շարժումը, եթէ քաղաքական հասունութեամբ տարուի, պիտի ամբողջովին փոխէ մեր Ս. Հայաստանը։ Այս շարժումը դուռը բացած է իսկական յառաջդիմութեան։ Անկիւնադարձ է մեր ժողովուրդի պատմութեան համար»։

12.10.88

«Վերջերս Ս. Հայաստանէն շատ լուր չեմ լսած, բայց Էսթոնիայէն, Լաթվիայէն եւ Լիթուանիայէն բաւական հետաքրքրական լուրեր կային։ Ինչպէս Ս. Հայաստանի մէջ, այնպէս նաեւ այս Պալթիքական հանրապետութիւններուն մէջ կարծես բաւական շուարած մարդիկ կան բայց ընդհանուր հոսանքը յառաջդիմական ու առողջ կը մնայ։ Վերջին տարիներուն շատ մտածած եմ Լենինի, Շահումեանի (թէեւ տակաւին Շահումեանի բուն գրութիւնները այս նիւթի շուրջ չեմ կարդացած- անհամբեր կը սպասեմ այն հատորները) եւ ուրիշներու տեսակետները ազգային ինքնորոշման հարցի շուրջ։ Նաեւ շատ մտածած եմ թէ ինչպէ՞ս ներկայիս այն սկզբունքները կրնան աւելի լաւապէս թարգմանուիլ այսօրուան Ս. Միութեան մէջ։ Իմ կարծիքովս ինչ որ այսօր կը պատահի Պալթիքական հանրապետութիւններուն մէջ կրնայ զարգացնել Լենինեան սկզբունքները իրենց յարմարելով ներկայ իրականութեան։ Հակառակ որ տակաւին շատերը չեն փորձեր Լենինի (եւ ուրիշներու) գծած սկզբունքները իրենց խորքով հասկնալ եւ կը նախընտրեն «ազգային ինքնորոշում»-ի գաղափարին քառակուսի սահմանում մը տալ, իմ կարծիքովս բաւական յստակ է, որ ճկուն իմաստ ունի եւ միա՛յն ճկուն կրնայ ըլլալ։ Ոչ մէկ պատճառ կայ որ անպայման Ս.Միութեան մէջ գտնուող բոլոր հանրապետութիւնները ճիփ-ճիշդ նոյն հարաբերութիւնը ունենան կեդրոնին կամ նոյն մօտեցումը ունենան զանազան մարզերու մէջ, երբ ներքին հարցերու կը վերաբերի։ Հոս շատ բարդ եւ երկար բացատրութիւններ ունիմ ընելիք, ուրեմն կը ձգեմ մինչեւ այն օրը երբ իրար հետ ըլլանք։ Արդէն դուն պիտի կարենաս ինծի շատ օգնել այս հարցին վրայ- թէ՛ Ս.Հայաստանը շատ լաւ կը ճանչնաս թէ ալ զանազան ուրիշ հանրապետութիւններ այցելած ես։ Կարծեմ, այսինքն նոյնիսկ վստահ եմ, որ բոլոր հանրապետութիւններուն իսկական շահերը Ս. Միութեան մէջ մնալով կ՚իրականանան, բայց այս չի նշանակեր որ իրար նման կաղապարէն հանած քաղաքականութեան մը հետեւին։ Անշուշտ որոշ բնագաւառներու մէջ պէտք է միասնական ու միալարուած քաղաքականութիւն մը տանին, ուրիշ տեսակէտներով տեղ կայ ճկունութեան համար։ Ս.Հայաստանի վիճակը շատ-շատ-շատ տարբեր է Պալթիքական հանրապետութիւններու վիճակէն, բայց հոն տեղի զարգացումները եւ գործնական փորձառութիւնները ապագային կրնան հետաքրքրական ըլլալ ամէնուն համար»։

10.10.88

«…Այդ առաջին տարիներուն ընթացքին դուն նոյնիսկ լուր չունէիր թէ իսկապէս ի՞նչ կը զգայի քեզ համար, բայց այն տարիները արդէն կը ճանչնայի զգացումիս խորքը, կը զգայի անոր իսկական բնոյթը։ Ամէն օր քեզ կը յիշէի եւ կը տենչայի միայն անգամ մը եւս հետդ նստելու, խօսելու։ Եւ հաւատա՛ Սեդա, քեզ յիշելով է որ կարծեմ մի [քանի]անգամ մահէն փրկուեցայ։ Այո, այդպէս է։ Քեզ յիշելով ինծի կ՚ըսէի՝ «շատ ալ խենթ մի ըլլար։ Լուրջ մտածէ եւ ուշադրութիւն ըրէ, քանի որ Սեդան կայ եւ գոնէ անոր համար պէտք է կեանքդ լուրջի առնես։ Պէտք է բացատրես իրեն ինչ կը զգաս, պէտք է ան հասկնայ եւ դուն ալ պէտք է իրեն հասկնաս…»։ Երբ միասին ըլլանք պիտի այն ամէնադժուար ատենները բացատրեմ քեզ եւ պիտի տեսնես ինչպէս առանց գիտնալու ինծի շատ օգնեցիր։ Ամէնայն դէպս հիմա հոս եմ, ողջ եմ, եւ քեզ կը սպասեմ»։

Սպասումը շատ չտեւեց։ Այս նամակէն շուրջ երեք ամիս ետք վերջապէս միացանք։ Յաջորդող քանի մը տարիներուն աստիճանաբար Մոնթէն ու ես մոռցուեցանք նոյնիսկ մեր երբեմնի ընկերներուն կողմէ։ Կապ ունենալը թէ վտանգաւոր էր, թէ գրպանի վնաս՝ քանի որ երկուքս ալ չէինք կրնար հացի գումար վաստակիլ ընդյատակ ապրելով։ Ֆրանսայի ընկերները պարբերաբար գումար կը հայթայթէին, նաեւ ընտանիքին կողմէ ղրկուած։ 1990-ի ամառը Ֆրանսայէն՝ Մոնթէին համար օդանաւի տոմս գնելու վերջին նուիրատութիւն մը հասաւ։ Ընկերները ալ չէին կրնար շարունակել մեզ օգնել եւ այդ գումարը կարծես վիրջնագիր էր։ Ես, շոգեկարքին մէջ օրեր անցնելով ու իմ Երեւանի ընկերներուս օգնութեամբ հասայ «տուն՝» Նայիրի հանրակացարան։ Ի գին ամէն ինչի Մոնթէն պէտք էր հասնէր Հայաստան։ Հասաւ։ Ու մտածեց միջոցներու մասին, որ իր ամէնավստահելի  ընկերն ալ հետեւի իրեն։

«Ով որ այդ տղուն դպնա՛յ, մայրը կը թաղեմ: Ի՜սկապէս,» Մոնթէին ձայնը որոտաց երեկոյ մը մեր հանրակացարանի փոքրիկ սենեակէն ներս: Մոնթէին ճանչցողները, վստահ եմ, կը լսեն իր ձայնը հիմա իրենց ականջներուն մէջ: Ամուսնոյս աչքերը զայրոյթէն կը ճառագայթէին: Իսկ այս իրարանցումը այդ հաւատարիմ ու սրտակից ընկերոջ՝ Ալէք Ենիգոմշեանին համար էր: Մեր սենեակ այցելած էր լիբանանահայ անհատ մը, անցեալէն եկող ու ՀԱՀԳԲ-ի երկու կողմերն ալ ճանչցող: Այցելուն լսած էր, որ Լիբանանի մէջ Ալէքը ճնշման կ’ենթարկուէր յակոբեանական թափթփուքներու կողմէ: Լուրը Մոնթէին հունէն հանած էր: Ալէքին կողքին չկարենալ ըլլալու փաստը կարծես զինք աւելի կը զայրացնէր: Մոնթէն երեք հարցի նկատմամբ շատ զգայուն էր. Կառլէն Անանեանի ու Արամ Վարդանեանի յուշին, Ալէքին, եւ անարժանիս: Երբ «Իրականութիւն» գիրքին վրայ կ’աշխատէինք ըսաւ, որ գիրքը պիտի նուիրենք Կառլէնին ու Արամին յիշատակին: Յետոյ սկսաւ բանակցութեանց մէջ մտնել Հայաստան վերաթաղուելու Կառլէնին ցանկութիւնը իրականացնելու համար: Իր Հայաստան հասնելուն կէս տարի անգամ չէր եղած երբ Ալէքին՝ Հայաստան հաստատուելու առաջարկով իր նամակը ինքս տարի  հասցէատիրոջ՝ 1991 թուականի ապրիլին: Երբ մեր հարսանիքին ստացած դրամական նուէրներն ու իմ Միշիկանի համալսարանի աշխատավարձը իրար վրայ դնելով ու իր ծնողքին օգնութեամբ 15 հազար ԱՄՆ տոլարով տուն գնեցինք, ըսաւ՝ «սենեակ մը կը պատրաստենք Ալէքին համար, որ գայ մեր հետ ապրի»: Մեծ սիրով համաձայնեցայ: Ալէքը իմ սերունդի լիբանանահայ երիտասարդութեան ներշնչանքն ու հպարտութիւնն էր, եւ է:

Դժուար չէ կռահել Մոնթէն ի՞նչ պիտի ընէր ի տես անցեալ ամսուան Ալէքին  հետ կապուած միջադէպին։ Լկտիութեան սահմանը անցած դրածոներ ԱԶԳԱՅԻՆ անվտանգութեան կամ ազգային որեւէ կառոյցի մէջ ըլլալու իրաւունք չունի՛ն քանզի ակնյայտօրէն ազգային մարդու անվտանգութիւնը վտանգելով զբաղած են: Կրկնելով Մոնթէին խօսքերը՝  «Դժուար է հաւատալ որ հայ մարդիկ, կրնան այդպիսի բաներ ընել»։

hetq.am

լուսանկարը՝ hetq.am

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert