izabel dinkizianՇուէտի խորհրդարանի խօսնակի երրորդ տեղակալ Իզապել Տինկիզեանը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի թոռնուհի է. զինք անուանել են ի պատիւ իր տատիկին, որ 12 տարեկանին կորսնցուցած է ընտանիքի անդամները, փրկուած է անապատին մէջ եւ յայտնուած Պաղտատի որբանոցներէն մէկուն մէջ: «Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժովի ժամանակ Տինգիզեանը պատմած է, որ այս յիշողութիւնները երբեք չեն կրնար մեռնիլ, եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները իրաւունք չունին մոռնալու իրենց պատմութիւնը: Այդ պատմութիւնը չպէտք է մոռանայ նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհը:

«Իմ տատիկս հազարաւոր հայերէն մէկն է, որուն պարտադրած են տեղահան ըլլալ անմարդկային պայմաններու մէջ: Անապատին մէջ տառապանքը անտանելի էր: Ան կը պատմէր, որ իրեն ստիպած են հեռանալու սեփական մօրմէ: Գաղթի ճանապարհին ան կորսնցուցած է բոլորը: Կը պատկերացնէք` 12 տարեկանին ան կորսնցուցած է իր ընտանիքի անդամները: Ան հասած է Պաղտատ քաղաք եւ մտած է որբանոց: Յետոյ ան հանդիպած է իմ պապիկիս` Աբրահամին, որ նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած է: Իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անոնք չմոռցան իրենց պատմութիւնը: Իմ տատիկս մահացաւ 104 տարեկանին եւ մինչեւ վերջին շունչը ան չէր մոռնար գաղթի ճանապարհն ու այն ցաւը, որ այլեւս երբեք չէ տեսած իր հարազատները»,­- պատած է Իզապել Տինկիզեանը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը կարեւոր է ինքնավերլուծութեան համար, որպէսզի մարդկութիւնը դատապարտէ բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւնները:

«Մեր պատասխանատուութիւնն է` գործել այն վարչակարգերու դէմ, որոնք կ՛արդարացնեն քաղաքական սպանդը յանուն քաղաքական հաւատքի: Ի վերջոյ ինչ եղաւ 1939 թուականին. Հիթլերը կոչ կ՛ընէ իր զօրավարներուն կարկեցանք չցուցաբերել հրեաներու հանդէպ եւ կ՛աւելցնէր, որ ոչ ոք չի յիշեր հայերու ցեղասպանութիւնը: Մենք պէտք է պայքարինք այդ ժխտողականութեան դէմ»,- ըսած է ան:

http://www.yerakouyn.com/?p=79304

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert