Սփիւրքի Հայ մամուլը կը մեկնաբանէ..

Նոր Յառաջ – ֆրանսա 28/05/2015

Persona non grata

Որո՞ւն հաշւոյն կու գայ ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ, Վերածնունդ շարժումի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավար՝ Շանթ Ոսկերիչեանին Հայաստան մուտքի արգիլումը։ Հաստատապէ՛ս, ո՛չ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն, այն պահուն երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռիկայի մէջ Եւրոպական Գործընկերութեան նոր պայմանագրի ստորագրութեան համաժողովին կը մասնակցի. մերժել Հայաստան մուտքը Եւրոպայէն քաղաքացիի մը՝ քաղաքական ընդդիմադիր հայեացքին պատճառով, ոչ մէկ ընդունելի կամ արդարանալի կողմ ունի։

Հակառակ է Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու ազատ շրջագայութեան սկզբունքին։

Գալով Հիմնադիր Խորհրդարանին, արգիլուած կազմակերպութիւն մը չէ։ Ապրիլ 24ի առթիւ, կարճատեւ բանտարկութենէ ետք, ազատ արձակուեցաւ անոր ղեկավար դասը։ Իսկ ՀԽ-ի քաղաքական պայքարին Շանթ Ոսկերիչեանի եւ Վերածնունդ շարժումի զօրակցութիւնն ալ բաւարար պատճառներ չեն սահմանին զինք persona non grata յայտարարելու։

Սահմանապահ իշխանութեան կողմէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան տրուած պատճառաբանութիւնը, իբր թէ Ոսկերիչեանի տասը տարուան կեցութեան արտօնագիրը չէ վերանորոգուած, ոեւէ մէկը չի համոզեր։ Որովհետեւ, ամէն պարագայի Եւրոպական անցագրով Հայաստան մուտքը ազատ է Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն, կարճատեւ կեցութեան համար։

Կը մնայ հարց տալ, թէ ի՞նչ է դերը եւ պատասխանատւութիւնը այս միջադէպին մէջ Հայաստանի սահմանները պահպանող ռուս հրամանատարութեան։ Առաջին անգամ չէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծը կը նեղացնէ ռուսական կողմը։ 2013ին, Գործընկերութեան առաջին փորձը արգիլուեցաւ Հայաստանին։ Նախագահ Սարգսեան, հակառակ երկամեայ ժրաջան պատրաստութեան, Մոսկուայէն յայտարարեց թէ կ՚ընդունէր Ռուսաստանի առաջարկած Եւրասիական տնտեսական դաշինքը, հրաժարելով Եւրոպականէն։

Եւ ահա այն պահուն երբ բանակցութիւններ կը տարուին նոր դաշինքի մը համար, կը պատահի միջադէպ մը, որ Հայաստանի կողմէ Եւրոպական ազատական արժէքներուն փարումը կասկածի տակ կը դնէ։ Եւրոպացիներուն կը յիշեցնէ ռուսական գերակայութիւնը Հայսատանի սահմաններէն ներս, հակառակ Արեւելեան գործընկերութեան նոր ջանքերուն։ Եւ ընդհանուր առմամբ, համայն Հայութեան կը յիշեցնէ Հայաստանի գերիշխանութեան նուաճումի անհրաժեշտութիւնը։ ■

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert