garoarmenianԿարօ Արմենեան կը գրէ.

Ժամանակն է, որ մենք ճշգրիտ ձեւակերպում տանք օրինական պահանջներու մեր ազգային թղթածրարին: Այս առումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած դատական գործը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին առջեւ՝ կարեւոր փորձագետին մը կը հանդիսանայ այս մարզէն ներս տարուող Հայ Դատի աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ կը յարուցէ շարք մը հարցականներ, որոնք այժմէն իսկ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովէն անցանկալի նախադէպեր կանխելու խոհեմ նախանձախնդրութեամբ:

Ըստ վերջին հրապարակումներուն՝ դատական գործին պահանջագիրը «գին» կը դնէ (թրքական եւ ամերիկեան դրամանիշերով ճշդուած) Սսոյ Սուրբ Աթոռի նստավայրը հանդիսացող հոգեւոր համալիրին վրայ՝ միաժամանակ իրաւունք տալով թուրք իշխանութիւններուն ֆինանսական հատուցման միջոցով վերջ տալու վերոյիշեալ դատին եւ դառնալու անվիճելի սեփականատէրը Սսոյ կաթողիկոսարանին: Եթէ հրապարակումները հարազատօրէն չեն ներկայացներ պահանջագիրին բովանդակութիւնը, կաթողիկոսութեան լրատուական ծառայութիւնը պէտք է անյապաղ յստակացնէ այս պարագան:

Մինչ այդ կարեւոր է, որ մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը ձեւաւորուի յստակ եւ անառարկելի չափանիշներով: Թրքական գրաւման տակ գտնուող հայոց հազարաւոր սրբավայրերը մեր հոգեւոր ժառանգութիւնն են: Անոնք ունին ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ կարգավիճակ (patrimoine) ազգային անձեռնմխելի հարստութեան գերաստիճան հանգամանքով, որ ստիպողաբար կը խտացնէ հայ ազգի անցեալ, ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն անօտարելի իրաւունքները: Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ծնող հատուցման սկզբունքը չի կրնար բաւարարել հայրենազրկումի պարագան: Հայրենական ժառանգութիւնը հիմնովին կը տարբերի անհատին եւ իրաւաբանական անձնաւորութիւններուն յատուկ եղող սեփականութեան պարագաներէն: Այս վերջինները կրնան ենթակայ ըլլալ սակարկութեան, բանակցութեան կամ փոխանակութեան՝ ըստ կողմերու տրամադրութեան եւ կամքին: Հայրենական ժառանգութիւնը սակարկելի չէ: Ան գին չունի: Թիւերու լեզուն տեղ չունի հոգեւոր արժէքներու աշխարհին մէջ: Հոգեւոր ժառանգութեան մարզին մէջ, հաստատութիւնները (կառավարութիւն, կաթողիկոսութիւն, եւն.) հասարակ սեփականատէրեր չեն: Անոնք աւանդապահներ (custodian) են: Անոնց գործն է յանուն ազգին տէր կանգնիլ մեր յամառ պայքարի դարերէն աւանդուած հոգեւոր ժառանգութեան եւ զայն պահպանել խորին ակնածանքով եւ բծախնդրութեամբ:

Մենք դեռ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք համայն ազգութեամբ: Մեր մեծ գործը մեր առջեւն է դեռ: Մենք պարտաւոր ենք հասկնալու էութիւնը մեր պահանջատիրութեան: Պարտաւոր ենք զայն հասկնալու գիտութեամբ եւ մանրամասնութեամբ: Պարտաւոր ենք ճիշդ կողմնորոշուելու որոգայթներով լեցուն այս դաշտին մէջ: Պարտաւոր ենք գործելու գերազանցօրէն յստակ մտատեսիլով:

www.yerakouyn.com

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert