Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի «միասնական» ոգեկոչումներէն նուազ քան տարի մը ետք,2016-ի Փետրուարին կը լրանայ 60 տարին այն չարայուշ արիւնալի դէպքերուն,երբ 1956-ի Փետրուարին,Լիբանանի Անթիլիասի շրջանին մէջ գտնուող Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը զինուորական միջամտութեամբ գրաւուեցաւ ՀՅԴ-ի զինեալնէրուն կողմէ’ աջակցությամբ Լիբանանի այդ ժամանակուան հանրապետութեան նախագահ Քամիլ Շամունի բանակներուն, Սբ. էջմիածնի հովանին վայելող Մեծի Տանն կաթողիկոսութիւնը վերածելով հակահայաստանեան, հակաէջմիածնական, մէկ խօսքով’ հակախորհրդային եւ Խորհրդային Հայաստանին հակադրուող դաշնակցական մարտկոցի,եկեղեցական քօղի տակ,վտարելով կամ ծեծի ենթտրկելով էջմիածնական հոգեւորականները: Երկու տարի ետք,Շամունի պաշտօնավարութեան աւարտին’ 1958-ին ծագեցան եղբայրասպան կռիւները Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ,երբ նոյն Շամունի շնագայլերուն նեցուկը վայելող ՀՅԴ-ի զինեալները իրենց կուսակցութեան տեսակէտը չբաժնող եւ նոյնիսկ անկուսակցական բազմաթիւ անմեղ հայերու դէմ ձեռնարկեցին սպանութեանց արշաւի,հայը հայուն դէմ հանելով,կրկնելով իրենց անցեալի արիւնաթաթախ պատմութիւնը,որ դար մը առաջ սկսած էր Արփիար Արփիարեանի եւ Ղեւոնդ Դուրեան (Զըմպայեան) սրբազանի ահաբեկումներով,առաջինը 1908-ի Փետրուարին,Եգիպտոս,երկրորդը՝ 1933-ի Դեկտեմբերին, Նիւ Եորք, այսպէս շարունակուելով «Հայ Բանաստեղծութեան Ւշխան» վահան Թէքէեանի դէմ 1916-ի Սեպտեմբերին կատարուած ոճրային արարքով (խլելով անոր մէկ աչքին լոյսը) եւ այլ մտաւորական ու երեւելի անձնաւորութիւններու դէմ ալ անարգ յտրձակումներով…

1956-էն ետք Անթիլիասի գրաւեալ կաթողիկոսութեան յաջորդական գահակալները՝  Զարեհ Ա. Փայասլեան,Խորէն Ա. Բարոյեան,Գարեգին Բ. Սարգիսեան ու վերջապէս Արամ Ա. Քէշիշեան (բուն անունով Պետրոս Քըսքըսեան,փոխելով Քէշիշեանի,ծնեալ 1947-ին) առաջնորդուեցան ՀՅԴ-ի թելադրութիւններով, անոր քաղաքական ուղեգիծով, իբր թէ «միասնականութեան» լոզունգներով յետագային իրենց երդիքին տակ հաւաքել ջանալով միւս հայ կուսակցութիւններուն անդամաշարքերը,որոնք Խորհրդային Հայաստան-Հայրենիքի անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը ամբողջ եօթանասուն տարի գերիվեր դասելով օրուան վարչակարգի կարգախօսերէն՝ նեցուկ կանգնեցան Հայրենիքին պաշապանութեան եւ հայրենի խաղաղատէնչ ժողովուրդին, այն Հայրենիքին, որուն բարիքները, արձանագրած գիտական ու գրական, արուեստի հսկայ նուաճումները այսօր կը վայլէ Հայասաանի հայութիւնը, այսինքն այն հայութիւնը, որ այսօր հայաթափուող անկախութեան հպարտութիւնը կրելով,կը փնտռէ ու կ’երազէ խորհրդային տարիներու հանգստութիւնը,հողային ապահովութիւնը,մարդկային որակն ու քանակն ալ միաժամանակ: 1991-ի Սեպտեմբերին Հայաստան վերջապէս առաջին անգամ ըլլալով անկախութեան տիրանալէ եւ Սփիւռքի կուսակցութիւններն ալ իրենց գործունէութիւններով հոն վերադառնալէ ետք,շատերուն մօտ ստեղծուեցաւ այն թիւր կարծիքը,թէ 35 տարուան այլկոծ կեանք ապրած եկեղեցական տագնապը ալ պիտի ունենար լուծում երջանկայիշատակ վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսի միջեւ 80-ական թուականներէն սկսուած «ջերմ յարաբերութիւննեբու» փուլերէն ետք:

Եւ ահա,1995-ին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն  (Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս’ 1995­1999) ետք Արամ Ա. ընտրուելով Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոս, Սփիւռքի տարածքին էջմիածնական թեմսրու վրայ ոտնձգութիւններն ու էջմիածնական թեմեր գրաւելու Անթիլիասի յարատեւ ճիգերն ու փորձերը յատկապէս Գարեգին Բ. Ներսիսեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին (1999-ի Հոկտսմբերէն ետք) ակներեւ ու յաճախակի դարձան,հակասելով նոյնինքն Արամ Ա.ի «մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի, մէկ մշակոյթ» գրեթէ ամէնօրեայ սնամէջ քարոզներուն…: Եթէ Արամ Ա. կը շարունակէ կարծել թէ Հոլիվուտի մէջ վայել իր բեմադրական խաղերով,կոկորդը պատռտելու աստիճան «Քաջ Նազար»ի նման պոռչտուքներով իրեն ուշադրութեան հրաւիրող ու կուտ կորկոտ չունեցող սնամէջ ճառերով յանուն Հա〜յ Եկեղեցիին ու Հա~յ Ազգին միասնականութեան առաքելութիւն մը ունի կամ ունեցած է, ատիկա իր եւ իր կուսակցութեան գիտնալիքն է,բայց մեր Եկեղեցին’ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միշտ ունեցած է եւ ունի Մէկ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ կԱԹՈՂՒկՈՍ:

Անսրբապղծելի իրողութիւն մը,զոր Արամ Ա. կ,անգիտանայ Թեհրանի,Պէյրութի եւ Սփիւռքի տարածքին ՀՅԴ֊ի մականին տակ գտնուող եկեղեցիներու մէջ արտասանուած աղօթքներուն ընթացքին,որ միայն հոգեկան մե՝ծ հաճոյք առնելով՝ լսելով իր մասին «ամենայն հայոց կաթողիկոս» վերագրուած ներբողականները,այլեւ չսրբագրելով իսկ այդ «եկեղեցականներուն» բերնէն հնչած լրբութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հասցէին···

Հիմա,Հրաչ Միրզախանսանի ներկայ յօդուածին (զոր կու տանք նոյնութեամբ,առանց յապաւումի) ընդմէջէն բարձրացուած ցաւն ու մտահոգութիւնները՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ու անսասանութեան եւ եկեղեցական տագնապի լուծման, տեղին հարցադրումներ են՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու մատը չսպիացող վէրքին դնող: Ալ աւելին,ընդվզումի կոչեր են՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն դէմ,որպէսզի հայ քրիստոնեան մեր դարաւոր Եկեղեցւոյ արմատներուն կապուի, որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի,եւ կարեւորագոյնը՝ Եկեղեցին մաքրագործուի խտրականութեան որջ դարձած կուսակցականութեան թանձրաթանձր կեղտէն:

Այս պատմական ցաւալի ու անմոռանալի դէպքերը անշուշտ պիտի չքրքրուէին,պիտի չգրուէին ու պիտի չներկայացուէին ալ այս առիթով խմբագրութեանս կողմէ,եթէ դար մը ետք ալ,այսօր, Հայաստանի  անկախութեան տարինսրուն, չշարունակուէին վերոյիշեալ հայ քաղաքական կազմակերպութեան շէֆերուն կողմէ «ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն» գրաւելու բացայայտ ու շարունակական վարմունքը, գրգռութիւնները, դեռ առանց գրելու այսպէս կոչուած՝ Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածներուն «վերատիրանալու» երազով Արամ Ա.ի…բանալիք դատին մասին… Այս հարցով դեռ չենք գիտեր թէ ո՞վ որո՞ւ ապրանքը, եկեղեցապատկան կալուածը կամ ինչքը վերադարձնելու եւ որո՞ւն յանձնելու համար դա~տ պիտի բանայ Թուրքիոյ դէմ եւ այդ կալուածը ո՞ր Աթոռին պիտի վերադարձնէ եւ ի՞նչ տիպի մկաններով… Դէռ չգտնուեցան (թերեւս չհամարձակեցան արտայայտուելու՝ խելքերնին պատին չզառնելու համար) բանիմաց հայ պատմաբան մը կամ պատմաբաններ, միջազգային օրէնսգէտ մը կամ օրէնսգէտներ,որ մամուլով մեզի պարզաբանումներ ընեն,համայն հայութեան լուսաբանութիւններ տան,Հայաստանի բեմէն վերջերս Արամ Ա.ի այս հարցով օդ արձակած  «քաջագործութիւններուն» մասին, ալ մէկդի շպրտելով հայութիւնը խաբող, կուսակցամոլական-ֆետայական թմբիրի մէջ իրենց շարքայինները տասնամեակներ պատանքող,զգացական եւ անիրական բոլոր վարդագոյն երազներով ներկուած լոզունգները…:

Եւ գերագոյն կարեւորագոյնը այս բոլորէն՝ ապրինք որ տեսնենք:

«Նոր Աշխարհ»  ԼԹ Տարի, թիւ 20-22(2169-71),Երկուշաբթի 1 Յունիս, 2015 (Խմժ. 3379)420 Ετος,αρ.φυλλου 20-22(2169-71),Αευτέρα 1 Ιουνίου, 2015

——————————————————————————-

Հրաչ Միրզախանյանի հոդվածը տես ՝

Մեկ ազգ , մեկ եկեղեցի երկո՞ւ ամենայն հայոց կաթողիկոս …

 


 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert