Աթենքի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ հայկական եկեղեցին

ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Աթէնք, 21 Մայիս 2015

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ եկեղեցւոյ միասնութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերակայութեան սկզբունքով  առաջնորդուող Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը` սոյն թուականի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն հետեւելով վերջին շրջանի համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ յատկապէս անհանգստութեան, ընդհուպ մինչ լարուածութիւն առաջացնող մի շարք երեւոյթներու, ի գիտութիւն համայնքիս անդամներուն եւ համայն հայութեան կը յայտարարէ իր խիստ մտահոգութիւնը:

Ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ բազմաբնուոյթ հարցերու նկատմամբ, տասնամեակներէ ի վեր միասնականութեան եւ հանդուրժողականութեան ոգիով ու սկզբունքներով առաջնորդուող, Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը անընդունելի կը համարէ, սոյն թուականի Յունիսի 7-ին, ՙՅունահայոց Թեմական Խորհուրդ՚-ի ընտրութիւններ կայացնելու անուան ներքոյ կատարուած հրաւէրը, առաւել եւս` անընդունելի կը համարէ, միեւնոյն շրջանակի կողմէ ՙՅունահայութեան՚ անուամբ հանդէս գալը եւ կոչեր ու յայտարարութիւններ հրապարակելը:

Մեզի, առաւել կը մտահոգէ յիշեալ շրջանակին կողմէ այն կոպիտ եւ աննախընթաց ոտնձգութիւնը, զոր կը կատարէ հայ ժողովուրդի միասնութեան դէմ եւ յոյն հասարակութեան եւ պետական կառոյցներու մօտ կը ներկայանայ, ՙՅունահայոց Թեմական Խորհուրդ՚ տիտղոսով` ինքզինք Յունահայոց Թեմական Խորհուրդի եւ եկեղեցական համակարգի միանձնեայ ներկայացուցիչ ներկայացնելով:

Նման գործելաոճը, մտքերու մէջ կրկին կը թարմացնէ նախորդ դարու յիսունական թուականներէն ծայր առած Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերակայութիւնը առ ոչինչ համարած եւ եկեղեցական միասնութեան դէմ ուղղուած գործունէութիւնը, որու հետեւանքով ստեղծուած վէրքերը ցայսօր զգալի են համայնքի կեանքին մէջ:

Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը զգաստութեան եւ սթափութեան կոչ ուղղելով այս գործունէութեան հեղինակներուն եւ մեր համայնքի բոլոր անդամներուն կը հաղորդէ, որ սոյն թուականի Յունիսի 7-ին ՙՅունահայոց Թեմական Խորհուրդ՚-ի ընտրութիւններ կազմակերպելու կոչը եւ քուէարկութիւնը ընդամէնը ցուցադրական քայլ մըն է, որմէ կը բացակային համայնքիս տասնեակ հազարի հասնող հայ քաղաքացիները, ինքնաբերաբար զայն դարձնելով անօրէն, ուստի` անվաւեր:

Ցաւալի է, որ նման քանդիչ գործունէութիւնը անգամ մը եւս ծայր կ’առնէ, եւ այս անգամ ճիշդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, երբ հայութիւնը աւելի քան երբեւէ միասնականութեան եւ համախմբուածութեան կարիքն ունի:

Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը համոզուած է, որ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեւոր ոյժն ու կորովը անոր հաւաքական ոյժին մէջ է, ուստի եւ շարունակելու է հաւատարիմ մնալ` ՙՄէկ հայրենիք, մէկ ազգ եւ մէկ եկեղեցի՚ սրբազան սկզբունքին:

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert