0513melkonian4ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

Անհաւատալի՝ բայց իրաւ…
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը կրնար (եւ տակաւին կրնայ) 21րդ դարու համահայկական ամենակարեւոր վարժարանին վերածուիլ։
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացումը, արեւմտահայերէնի գոյատեւման համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Զայն փակ պահելով պիտի նպաստենք արեւմտահայերէնի կորուստին։

Ծանօթ.
«Մելգոնեան կրթական հաստատութեան միջազգային սանուց եւ բարեկամներ» կազմակերպութիւնը (2005ին հիմնուած Զուիցերիոյ մէջ), անվերապահօրէն զօրավիգ կը կանգնի այս յօդուածին եւ կ՛որդեգրէ հոն արտայայտուած գաղափարները: Այբ կրթական հիմնադրամի հարցազրոյցի պատճէնը յօդուածագիրին տրամադրուած է մեր կողմէ: Կը յուսանք, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատկառելի կեդրոնական վարչութիւնը եւ անոր նախագահ Պերճ Սեդրակեան լրջօրէն նկատի կ՛ունենան հոն արտայայտուած գաղափարները եւ կը սկսին դրական քայլեր առնելու Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը վերաբանալու կամ անոր տնօրինութիւնը յանձնելու Այբ կրթական հիմնադրամին:

Զօհրապ Շամմասեան՝ ատենապետ

«ՄԿՀ Միջազգային Սանուց եւ
Բարեկամներ» Կազմակերպութեան

Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան հիմքին վրայ 21րդ դարու Համահայկական համաշխարհային բարձրագոյն մակարդակով դպրոց մը հիմնելու եւ Մելգոնեանի վերաբացումի հարցը լրջօրէն քննելու համար, Այբ Կրթական Հիմնադրամը, որ կը նպատակադրէ միջազգային կրթական բարձր մակարդակով հայկական դպրոցներ հիմնել, իր ժողովներուն մէջ լրջօրէն քննած է Մելգոնեանը նման դպրոցի մը վերածելու ծրագիրը: Այս խումբի անդամները մինչեւ անգամ այցելած են Մելգոնեան, դիմած են ՀԲԸ Միութեան եւ առաջարկած՝ որ իրենք ստանձնեն Մելգոնեանի վերաբացման եւ մատակարարման բոլոր ծախսերը:

Մարտ 19, 2010ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ շատ բարձր մակարդակի խորհրդաժողով. ասուլիս մը, որուն կը մասնակցէին Մեսրոպ քհնյ. Արամեան Այբ կրթական հիմնադրամի նախագահ, Հայաստանէն, Արտէն Շելեֆեան (գործարար, բարերար՝ Զուիցերիայէն), Կարապետ Տաքէսեան (Մկհի նախկին փոխ տնօրէն, Ֆրանսայէն), Աշոտ Ասլանեան եւ Մարտիրոս Մինասեան (Կիպրոսէն ):
Սփիւռքեան մեր պայմաններուն լաւ ծանօթ ազգայիններու համար շատ յստակ է, որ արեւմտահայերէնը հոգեվարքի մէջ է, եւ թէ որեւէ հայկական դպրոցի փակում աւելի եւս կը սրէ այս տագնապը:
0513melkonian3Չակերտներու մէջ առնուած միտքերը ասուլիսի անդամներու միտքերն են: Կարգ մը տեղեր ես փորձած եմ որոշ գաղափարներ զուգորդել Մելգոնեանի մեր կեանքին եւ ներկայ իրականութիւններուն հետ:

Այսպէս.
«Այսօր չկան արդի դարաշրջանի շնչին եւ զարգացումներին համապատասխան դպրոցական գործող համակարգեր Հայաստանում եւ Սփիւռքում… Լինելով աշխարհով մէկ սփռուած ժողովուրդ՝ հայ ժողովուրդը չունի միասնական պատկեր եւ գիտակցութիւն, թէ ինչպիսի կրթական համակարգ է ինքն ուզում ունենալ, որ մի կողմից համապատասխանի այսօրուայ համաշխարհային չափանիշներին եւ միւս կողմից էլ համապատաասխանի ազգ լինելու հանգամանքին։ Այս սերունդն ի՞նչ ունի փոխանցելու յաջորդ սերնդին, որովհետեւ եթէ մենք որեւէ բան չունենք փոխանցելու, յաջորդ սերունդը բարոյազրկւում է… այլ կերպ ասած՝ մեր ազգի գոյատեւման խնդիրը 21րդ դարի բուռն զարգացումների մէջ, կրթական զարգացումների մէջ համախմբուելն է կրթութեան առանցքի շուրջ: Այդ մտահոգութիւնից ծնունդ է առել Սփիւռքում միջազգային հայկական դպրոց ստեղծելու ծրագիրը: Բոլորիս համար ակնյայտ է, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնն իր բազմամեայ հարուստ աւանդով, իր շրջանաւարտների հսկայական փաղանգով, իր աշխարհագրական շատ բարենպաստ տեղակայութեամբ ունի լաւագոյն հիմքերը, հնարաւորութիւնները, որպէսզի այդ միջազգային հայկական դպրոցն իրագործուի այդ տարածքի, այդ հիմքի վրայ»։

Ահաւասիկ ոչ- Մելգոնեանցի պատասխանատու անձնաւորութիւններու կարծիքով, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ամենայարմար վայրն է, ուր կարելի է ստեղծել համահայկական կրթութեան կեդրոնը, միտքի կաճառը, լուսոյ տաճարը: Չմոռնանք, համահայկական բառը: Ո՛չ միայն Սփիւռքի, այլ ամբողջ հայութեան:
Բնականաբար Մելգոնեանը վերաբանալու համար հսկայական նիւթական ներդրումներու կարիքը կայ: Ուրկէ՞ պիտի գան այդ հսկայական գումարները:

«Նախաձեռնող խումբը միաւորում է զանազան գործարարների Կիպրոսից, Շուէյցարիայից, Ռուսաստանից եւ Հայաստանից, որոնք ունեն լրջագոյն տրամադրուածութիւն եւ որոշում, ներդրում կատարելու Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացման պարագայում:… ե՛ւ կան ներդրում անելու պատրաստակամութիւն ունեցող մարդիկ, ե՛ւ կան կրթութեան գիտակ կազմակերպութիւն, անհատներ, որոնք պատրաստ են այսօր նոր բովանդակութիւն մատակարարել դպրոցի վերաբացման պարագայում»։

«Բաւականին լուրջ դրամական հիմք այսօր վերաբացման համար ես կարծում եմ, որ ապահովուած է: Անմիջապէս, երբ մենք համաձայնութիւնը ստացանք, մենք պատրաստ ենք վերանորոգման աշխատանքներն այնտեղ սկսել։» կ՛ըսէ տէր Մեսրոպ։
«Մելգոնեանը յոյսի դուռ էր մեր երիտասարդների համար»։

Մելգոնեանը Սփիւռքի գաղութները եւ Հայրենիքը իրարու միացնող հաստատութիւնն էր: Հոն ուսանելու կու գային սփիւռքի զանազան գաղութներէն եւ Հայաստանէն հայ պատանիներ: Այնտեղ լիբանանահայը կը հանդիպէր յունահայուն, սուրիահայը՝ եգիպտահայուն, իրաքահայը՝ պարսկահայուն, քուէյթահայը՝ պուլկարահայուն, պոլսահայը՝ հայաստանցիին, երուսաղէմահայը՝ ֆրանսահայուն, եւայլն: Այսպէսով, նոյն յարկին տակ, Սփիւռքի զանազան գաղութներէն եւ Հայաստանէն ու Ղարաբաղէն եկող հայորդիները կ՛եղբայրանային, եւ Մելգոնեանի մաքուր շունչով վերամկրտուելով կը զինուէին հայութեամբ, ու վերադառնալով իրենց գաղութները, կը նուիրուէին հայակերտման սրբազան պայքարին:

0513melkonian5«Դա ՄԿՀ սփիւռքեան կեանքին մէջ ունի մեծ աւանդ, իբրեւ կրթութեան մակարդակ: Հիմա կան որոշ բաներ կեանքի մէջ, որ չեն կարող վաճառուել: Այսինքն՝ Ֆրանսան չի կրնար Սորբոնը վաճառել: Կան սրբութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուեն եւ պէտք է աւելի արդիական դառնան»։

«Մելգոնեանի տուած կրթութիւնն ունեցել է շատ բարձր մակարդակ, շրջանաւարտներն ընդունուել են Օքսֆորդ, Քեմբրիջ, Հարվըրդի համալսարան, աշխարհի լաւագոյն համալսարանները: Դա միջազգային չափանիշներով շատ բարձրորակ կրթական հաստատութիւն է եղել: Ինք եղել է մեր լաւագոյն կրթական հաստատութիւններից մէկը»։
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 1995-2004 կրթաշրջաններու հոգաբարձական կազմի ատենապետ Սարգիս Պուչաքճեանի հաստատութեան ամավերջի հանդէսին կարդացած տեղեկագիրէն կ՛արտատպենք հետեւեալ հաստատումները. «2003ին, հաստատութեան 27 շրջանաւարտներուն շուրջ 50 տոկոսը մասնակցած է University of Londonի «A Level»ի նուազագոյն երկու քննութիւններու եւ բոլորն ալ յաջողած են: Հինգ ուսանողներ մասնակցած են 5 «A Level»ի քննութիւններու եւ իրենց բարձր նիշերուն պատճառաւ իրաւունք ստացած են յաճախելու Անգլիոյ եւ Միացեալ նահանգներու լաւագոյն համալսարանները, ինչպիսին են Օքսֆորտը, Քէյմպրիճը, Հարվըրտը, Եէյլը, Սթենֆորտը, Էմ.Այ.Թին»… «A Level»ի քննութիւններուն իր ստացած բարձր նիշերուն պատճառաւ, Թամար Ճուրեան արժանացած է «Fulbright Scholarship»ին եւ «British Council Gold Medal»ին: Վրոյր Գաբրիէլեան Կիպրոսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահած է «Cambridge University highest achievement in IGC S E exams in Cyprus» պատիւը: 1995-2004 տարիներու շրջանաւարտներուն 90 տոկոսը յաճախած է ամերիկեան եւ եւրոպական բարձրագոյն համալսարանները։ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կրթական ծրագիրը համազօր է անգլիական եւ եւրոպական կրթական ծրագիրներուն: 2004ին ՄԿ Հաստատութեան աշակերտութեան թիւն էր 251»։

Ըստ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ատենի փոխնախագահ Հայկաշէն Ուզունեանի՝, հաստատութեան պիւտճէն հաւասարակշռուած էր (ա) Հաստատութեան հողին վրայ կառուցուած կալուածի եկամուտներով, (բ) Կիպրոսի կառավարութեան պետական օգնութեամբ, (գ) Կիպրոսի պետութեան կողմէ 50 կիպրացի աշակերտներու համար վճարած լման կրթաթոշակներով, (դ) Կիպրոսի պետութեան կողմէ վճարուող երեք ուսուցիչներու ամսականներով, (Ե) հաստատութեան մարզական դաշտերուն (ֆութպոլ, թենիս, պասքեթպոլ, վոլիպոլ) վարձքերէն եկած եկամուտներով, (զ) աշակերտներէն գանձուած կրթաթոշակներով, (է) բարերարներու կողմէ հաստատուած կրթաթոշակներէն, (ը) Մելգոնեան բարերար եղբայրներու հաստատած հիմնադրամի եկամուտներով: ՄԿ Հաստատութեան հոգաբարձական կազմի ատենապետ Սարգիս Պուչաքճեան նոյնպէս կը հաստատէ, որ հաստատութեան պիւտճէն հաւասարակշռուած էր: Տակաւին, կարելի է հաստատութեան հողատարածքին վրայ եկամտաբեր նոր շէնքեր կառուցել եւ աւելիով ապահովել հաստատութեան պիւտճէի հաւասարակշռումը:

0513melkonian2Ա. Շելեֆեանի միտքերէն (Զուիցերիահայ գործարար, բարերար)
«Ի՞նչ էր Բարեգործականի պատրուակը՝ աշակերտ չկայ, հայ ուսումը հոս տեղ չունի… եթէ դուք ուզում էք մի հաստատութիւն ուժեղացնել եւ դարձնել արդիական, դուք աշակերտ կը գտնէք, բայց եթէ դուք չէք էլ հետաքրքրուած դպրոց ղեկավարելով, ուրեմն՝ դուք ամէն միջոց կը ձեռնարկէք, որ այդտեղ նոր աշակերտ չգայ… այսօր իրենք ասում են՝ մենք հետաքրքրուած չենք ուսում տալու, այսինքն՝ Բարեգործականն ինքը չի ուզում այդ գործը: Մենք ասում ենք իբր հայ կազմակերպութիւն, որ մենք այդ նախաձեռնութիւնը կարող ենք ստեղծել, իրենց հետ պայմանագիրներ անելով՝ այդ ուսումը գետնի վրայ դնելու: Մենք պատրաստ ենք»։

Ուրեմն… մարդիկը պատրաստ են Մելգոնեանը վերանորոգելու, արդիականացնելու, միջազգային բարձր կրթական մակարդակով դպրոցի վերածելու, պիւտճէի բեռը իրենց վրայ առնելու, պայմանաւ, որ Բարեգործականը բարի ըլլայ Մելգոնեանը տրամադրելու այս մարդոց:
«Մենք բացարձակապէս հետաքրքրուած չենք, որ դա լինի մեր սեփականութիւնը, Բարեգործականը թող տնօրինման տայ այն մարդկանց, ովքեր հետաքրքրուած են կրթութեամբ, կարող են ներդնել, կարող են որակեալ բովանդակութեամբ մատուցել»։

Տէր Մեսրոպ՝ նախագահը Այբ կրթական հիմնադրամին կը վստահեցնէ որ «բաւականին լուրջ դրամական հիմք այսօր վերաբացման համար ես կարծում եմ, որ ապահովուած է:»
Բայց այս «Ապագայի Դպրոց»ը ի՞նչ նկարագիր պիտի ունենայ: Բացի շատ բարձրորակ ուսում ջամբելէն, ինչո՞վ պիտի տարբերի միւս հարիւրաւոր հայկական դպրոցներէն:
Կարդանք Մեսրոպ քահանայ Արամեանի ծրագիրը.
«Ապագայի դպրոց»ում երեխան լինելու է ոչ թէ գիտելիքների իւրացման կրաւորական (պասիւ) օբյէկտ, այլ մասնակից: Կեանքի պէտք է կոչուի նաեւ (պրոֆեսիոնալ) մասնագիտացած ուսուցիչի գաղափարը, այսինքն՝ ուսուցիչ, ով առաւօտուանից մինչ երեկոյ դպրոցում է, ով սովորեցնում ու սովորում է միաժամանակ»։

Մելգոնեանը ըլլալով գիշերօթիկ վարժարան, մեծ թիւով ուսուցիչներ կալուածին վրայ կ՛ապրին, ուսուցիչներու յատուկ բնակարաններու մէջ: Այս ուսուցիչներէն շատեր հերթապահութեան պաշտօններ ալ կը վերցնեն, եւ շատ կը շփուին աշակերտներու առօրեային հետ: Նուիրեալ ուսուցիչներու գուրգուրանքին տակ հասակ առնող պատանին շատ աւելի հասուն եւ պատրաստուած դուրս կու գայ հաստատութենէն, քան թէ՝ ոչ-գիշերօթիկ վարժարան յաճախող տղան:

«Դպրոցը պէտք է լինի հայ դպրութեան աւանդոյթների եւ արդի կրթական տեխնոլոգիաների համադրում: Այսինքն՝ երբ մէկը մտնում է դպրոց, սկսած ճարտարապետութիւնից, ամէն տեսակ սիմվոլիկ լուծումներից, որոնք արտայայտուած են այդ միջավայրում, պէտք է զգայ աւանդոյթի շունչը, պէտք է զգայ, որ ինքը ինչ որ մի բանի ժառանգորդն է»։

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջապատը իր «ճարտարապետական սիմվոլիկ լուծումներով» այդ «աւանդոյթի շունչը» կը փոխանցէ աշակերտին: Դպրոցին մուտքէն կը սկսի այդ խորհրդաւոր վեհութիւնը: Լիմասոլի մայր ճամբէն երբ կը մտնենք Մելգոնեան, բլուրին գագաթին կը հանդիպինք աղա Կարապետ եւ աղա Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներու դամբանին: Ճերմակ մարմարով, քանդակներով եւ ուժի ցուցադրիչ հիւսուածքներով բարձրացած, Մելգոնեան եղբայրներու կիսանդրիները խորհրդաւոր լրջութեամբ, բայց բարեացակամ ժպիտով կը դիմաւորեն եւ բարի գալուստ կը մաղթեն քեզի: Շէնքերու առջեւ բացուող պուրակները կարծես զիրենք ցանող որբերուն լեզուներով բարի գալուստ կը մաղթեն քեզի եւ կը յուշեն որ «ազգիդ վրէժը լուծելու չմոռնաս…». կան տակաւին հայ մտաւորականներու եւ հերոսներու քանդակներ, որոնք քեզ կը կապեն մեր պատմութեան միտքին եւ բազուկին: Իր դաշտերով, ծառուղիներով, գրադարանով, արուեստանոցներով եւ հանդիսասրահով ու այլ բազմապիսի առաւելութիւններով, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը է՛ եւ կը մնա՛յ մեր ազգին ապագայի լաւագոյն սերունդները պատրաստող տիպար հաստատութիւնը:

Սերունդէ սերունդ մեզի կը հասնէին պատմութիւնները Մելգոնեանցիներու անցեալի յաջողութիւններուն, տղոց հերոսութիւններուն, մարզական, կրթական, գեղարուեստական, երգչախումբի, պարախումբի եւ այլ բնագաւառներու յաղթանակներուն: Ոսկեշղթայ յուշերը անցեալի մշուշի մէջէն կու գային մեր հոգիները պարուրելու հայ տղոց երազներով: «Կիլիկիա» երգը կը յուզէր մեզ: Իրաքանչիւրս կ՛ուզէինք «Թորոս Լեւոն»ն ըլլալ եւ երթալ Կիլիկիան ազատագրելու: Հայերէնին թէ հայոց պատմութեան դասերուն ժամանակ, գրական գեղարուեստական հանդէսներու թէ հայրենիքէն ժամանած արուեստագէտներու ելոյթներուն, մեր մէջ կը բոցավառէին հայրենիքի կրակը, մեր նահատակներուն կանչն ու վրէժը, մեր հերոսներուն սխրագործութիւններն ու ազգային աւանդութիւններու համանուագը:

«Դպրոցում գործելու են ճոխ գրադարան… արուեստանոցներ եւ երաժշտական ստուդիաներ, սպորտային խմբեր, երգչախմբեր, ցուցասրահներ, կարիերայի եւ հոգեբանական պատրաստութեան կենտրոններ:… Զարգացնելու ենք մարդու գրելու եւ խօսելու ունակութիւնները… ուզում ենք հաւաքել համայնքաստեղծման կարեւորագոյն էլեմենտները եւ դպրոցը դնել որպէս համայնքի կենտրոն… համայնքը դպրոցում պէտք է ներկայ լինի դպրոցական ակումբների՝ գրական, մշակութային, սպորտային միջոցառումների…»։

«Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը իր գիշերօթիկի հանգամանքով, տասնամեակներ շարունակ պատրաստած է հայեցի արժէքներով օժտուած հպարտ սերունդներ: Գիշերօթիկի պայմաններուն մէջ սերունդներ շարունակ կազմաւորուած են որպէս լաւ հայերէն գիտցող տղաք: Մեծ է թիւը Մելգոնեանցի նուիրեալ ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, խմբագիրներուն, արուեստագէտներուն, նկարիչներուն, երաժշտագէտներուն, գրագէտներուն, ակադեմիկոսներուն, քաղաքական գործիչներուն … ՄԿՀի ճոխ գրադարանը… շաբաթական գրական գեղարուեստական հանդէսներով, արտասանական, երգ ու պարի մրցումներով, երգչախումբով, պարախումբով, թատերական ներկայացումներով, վիճաբանական ելոյթներով այս աշակերտները պիտի վարժուին նաեւ բեմի կեանքին… զանազան աշակերտական «խմբակ»ներու միջոցաւ (ՀԲԸ Միութեան աշակերտական մասնաճիւղ, աշակերտական խորհուրդ, գրական, պատմական, մարզական, թատերական, երգչախումբի եւ այլ յանձնախումբերով) Մելգոնեանցիները պիտի մարզուին նաեւ ժողովական կեանքին, կանոններուն եւ պիտի կարենան իրենց քաղաքներուն մէջ վերակազմակերպել գաղութային օղակները…»։ (Յօդուածը ամբողջութեամբ կարդալ www.melkonianforever.org կայքին վրայ)։

0513melkonian6Եւ գիտենք որ գաղութը միշտ ներկայ էր Մելգոնեանի գեղարուեստական թէ մարզական միջոցառումներուն, ինչպէս Մելգոնեանը ներկայ էր գաղութի կարեւոր ձեռնարկներուն:

Հայելի պատկերը՝ կատարեալ, երազային դպրոցին:

Գալով արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման՝ «արեւմատահայերէն լեզուն լիազօրուած է պահպանման եւրախորհրդով, Կիպրոսի մէջ: Այսօր օրէնքով Եւրոպառլամենտն ընդունել է, որ արեւմտահայերէն լեզուն պէտք է պահպանուի, եւ Կիպրոսը լիազօրուած Է, երաշխաւորուած է, որ այդ բանը պէտք է տեղի ունենայ…։ Ինչո՞ւ ենք փակում, ինչպէ՞ս կարելի է փակել այդ գանձը: Արեւմտահայերէն լեզուն պէտք է պահպանուի Սփիւռքում: Եւ դա ՄԿՀ եղել է համար մէկ ուսումնական հաստատութիւն… Մենք դարձել ենք միջազգային ժողովուրդ… մենք պէտք է պահպանենք սփիւռքեան իրականութիւնը՝ ուժեղացնելու համար հայրենիքը: Արեւմատահայերէն լեզուն եւ իր սպեցիֆիկը Հայաստանի մէջ կարող չէ լինելու, Հայաստանն ունի իր լեզուն…»։

«Քանի որ մեր ժողովրդի կարեւոր մէկ տոկոսը կ՛ապրի Սփիւռքի մէջ, մեր միակ երաշխիքը դպրոցն է: Մելքոնեանը պարզապէս գումարի կամ շէնքի եւայլնի հարց չէ, այլ մեր գոյութեան համար Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիր»։

«Մելքոնեանը մեր գոյութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիր է»:
Այս հաստատումը ահաւոր նշանակութիւն ունեցող եւ խիստ կարեւոր ճշմարտութիւն է: «Ազգապահպանում» բառը այնքան կրկնուած է, որ կարծէք պարպուած է իր իմաստէն: Հոս սակայն մեր «գոյութեան» հիմնահարցը դրուած է ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ ծանրութեամբ:

Այսօր «պատերազմական վիճակ» գոյութիւն ունի արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մարզին մէջ: Եթէ կը հաւատանք մեր ազգի գոյութեան, ուրեմն կը հաւատանք, ստիպուած ենք հաւատալու, որ արեւմտահայերը մէկ անբաժան մասն են հայ ազգին: Հետեւաբար ոեւէ բանիմաց հայ գիտէ որ լեզուն, արեւմտահայերէնը, հիմնական վահանն է, ամրոցն է արեւմտահայութեան: Արեւմտահայերը եւ արեւմտահայերէնը պահպանելու, պաշտպանելու համար հրամայական պահանջք է, որ ամբողջ ազգը ոտքի կանգնի եւ պաշտպանէ արեւմտահայութիւնը, հետեւաբար՝ արեւմտահայերէնը:
Կարելի՞ է երեւակայել Հայաստանը առանց Սփիւռքի: Եթէ Սփիւռքը մեռնի, Հայաստանի ապագան շատ կը տժգունի, շատ կը վտանգուի: Եթէ արեւմտահայերէնը մեռնի (ինչ որ հոգեվարքի մէջ է հիմա), շուտով պիտի մեռնի նաեւ արեւմտահայութիւնը:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ ղեկավարութեան առաջնահերթ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ փրկել արեւմտահայութիւնը փրկելով արեւմտահայերէնը: Ազգային ռազմավարութեան կեդրոնական խնդիրներէն մին պէտք է ըլլայ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը:

«Թուրքերը բացել են արտասահմանում 1000ից աւելի դպրոց, վերջին 20 տարուան ընթացքում: 1000 դպրոց՝ 110 երկրի մէջ եւ իրենց այդ դպրոցների ցանցի նիւթական հնարաւորութիւնները 25 միլիարդ դոլար են: Այսօր թուրքը Փարիզի սրտում կառուցում է դպրոց եւ ֆրանսացիներին բերում, սովորեցնում է թրքական մշակոյթ եւ թրքերէն լեզու։ Թուրքը արտասահմանում աւելի քան 1000 դպրոց ունի, 25 միլիարդ տոլար պիւտճէով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում տասնեակներով «Չարթըր» դպրոցներ ունի (12 դպրոց միայն Քալիֆորնիայում ), մեր, հարկատուների դոլարներով մատակարարուած… մե՞նք… մեր միակ գիշերօթիկ դպրոցը կը փակենք:

Տէր Մեսրոպ կ՛առաջարկէ. «Եկէք կրկին վերարթնացնենք մեր հայրերի ոգին, որպէսզի շարունակենք իսկապէս որպէս լիարժէք ժողովուրդ»։
Կ՛ուզենք յուսալ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատկառելի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ անոր նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանը վերատեսութեան կ՛ենթարկեն Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակուած պահելու իրենց որոշումը եւ կարելի փութով կը վերաբանան զայն:

http://asbarez.com/arm

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert