7-02-15_AlfredՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Յուդայադաւան հակասիոնական եւ ամերիկացի պատմաբան Ալֆրետ Մ. Լիլիենթալ վկայուած է Քոլումպիա իրաւագիտութեան դպրոցէն, պաշտօնավարած է ամերիկեան բանակին` Միջին Արեւելքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, եւ վարած է խորհրդականի բարձր պաշտօնը ՄԱԿ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովի Ամերիկեան պատուիրակութեան: Անոր հակասիոնական առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է «Ռիտըրզ Տայճէսթ»-ի մէջ, 1948-ին, «Israel’s Flag is not mine» խորագրով, եւ նոյն կեցուածքը շարունակած է` «What price Israel?», «There goes the strategic Middle East» եւ «The Other side of the coin» հատորներուն մէջ, այս վերջինը 1965-ին` յիսուն տարիներ առաջ:

Կէս դար առաջ անոր լոյս ընծայած «Դրամին միւս երեսը» հատորին մասին Առնոլտ Թոյնպի հետեւեալը գրած է հեղինակին.

«Ես մեծագոյն հետաքրքրութեամբ կարդացի «Դրամին միւս երեսը» հատորիդ վերջին գլուխը, եւ ամբողջովին համաձայն եմ քու պաշտպանած գիծիդ:

«Արեւմտեան երկիրները մեծ պատասխանատուութիւն ունին հանդէպ հրեայ փախստականներուն Գերմանիայէն, նացիական հալածանքներու սկիզբէն ի վեր: Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք: Այդ երկիրները հիմա դուռը լայն պէտք է բանան եւրոպական ծագումով այն իսրայէլացիներուն առջեւ, որոնք կը ցանկան արտագաղթել Իսրայէլէն:

«Ես կը հաւատամ, որ յուդայադաւանութեան ապագան կը գտնուի Արեւմուտքի մէջ, ամէնէն աւելի` Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ ոչ Իսրայէլի… Կը հաւատամ նաեւ, որ յուդայադաւանութիւնը ապագայ ունի որպէս կրօն, եւ ոչ թէ` որպէս կէս-քաղաքական ու ցեղային համայնք:

«Դուն գլխաւոր կարեւորութեամբ կէտ մը բարձրացուցած ես` թելադրելով, որ արեւելեան եբրայեցիները կրնան խաղաղութիւն իրականացնել արաբներուն հետ»:

420 էջերէ բաղկացած այս հատորը ունի 14 գլուխներ, որոնց վերջին` 14-րդ գլուխին մէջ հեղինակը կ՛առաջարկէ լուծում մը արաբ-իսրայէլեան բախումնային հակամարտութեան` սիոնազերծելով Պաղեստինը եւ զայն դարձնելով միացեալ ժողովրդավարական, աշխարհիկ պետութիւն, որուն մէջ կրնան խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ արեւելեան եբրայեցիներն ու իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբները: Հեղինակը հրեայ կը համարէ արեւմտեան` եւրոպական ծագումով յուդայադաւանները, եւ եբրայեցի կը համարէ ծագումով պաղեստինցի եւ արեւելեան յուդայադաւանները: Եւ այս վերջին խումբի յուդայադաւանները, կ՛ըսէ, կրնան խաղաղօրէն գոյակցիլ արաբ պաղեստինցիներուն հետ:

Գիրքին յառաջաբանին մէջ հեղինակը նախ մէջբերում մը կ՛ընէ Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքէն.

«Ես հոս եկայ` ըլլալու համար բոլորին հետ եւ բոլորին համար, եւ այն, ինչ որ ես կ՛ըսեմ արձանագրութեանս մէջ, վաղը պիտի արձագանգուի բազմութեան կողմէ:

«Ինչ որ հիմա ես կ՛ըսեմ մէկ սրտով, վաղը պիտի ըսուի հազարաւոր սրտերու կողմէ»:

Ապա կը մէջբերէ Ալպերթ Այնշթայնի մէկ յայտարարութիւնը` պաղեստինեան «Ֆալասթին» թերթին (28 յունուար, 1930).

«Ինծի նման մէկը, որ երկար տարիներ յայտարարած է, թէ ապագայի մարդկութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ ազգերու սերտ համայնքայնութեան վրայ, եւ թէ` բռնատիրական ազգայնամոլութիւնը պէտք է յաղթահարուի, կրնայ Պաղեստինի ապագան տեսնել միայն այն հիմքին վրայ, երբ երկու ժողովուրդները խաղաղ համագործակցութեամբ ապրին իրենց հասարակաց երկրին մէջ, ուր պարտին միաւորուիլ հակառակ ամէն բանի…»:

Եւ կը շարունակէ իր յառաջաբանը` հետեւեալ խօսքերով. «Այս գիրքիս պատմութիւնը սկսաւ տասնվեց տարիներ առաջ եւ, ուրեմն, րոպէական պոռթկում մը չէ: Շատ աւելի առաջ վեց գլխանի կապոյտ աստղով պարզուեցաւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին գտնուող կայմի մը վրայ… 1948-ին, ես մեծ վտանգ մը զգացի մեր հաւատքին ու երկրին` Ամերիկայի համար: Ես վախը ունեցայ, որ յուդայադաւանութիւնը, որուն մէջ ես հասակ առեր էի, սկսած էր պարպուիլ իր հոգեւորութենէն, որ տիեզերական է, եւ մեր հաւատամքը ապականիլ սկսած էր ազգայնական շովինիզմով: Արաբական աշխարհի սիրտին վրայ սիոնական պետութեան մը ստեղծումը կրնար ժխտականօրէն ազդել Միացեալ Նահանգներու եւ ազատ աշխարհի դիրքը` ռազմավարականօրէն Միջին Արեւելքի մէջ:

«Այս զգացումիս պատճառով ես յօդուած մը գրեցի «Ռիտըրզ Տայճեսթ»-ի համար` «Իսրայէլի դրօշը իմ դրօշս չէ»: Երկու մեծ հատորներ եւ ուսումնասիրութիւն մը… «Իսրայէլը` ի՞նչ գնով», «Ահա թէ ո՛ւր կ՛ընթանայ Միջին Արեւելքը» եւ «Դրամին միւս երեսը», որուն էջ ես թելադրեցի ամերիկեան հեռանկար մը` արաբ-իսրայէլեան տագնապին համար»:

Անմիջապէս հարկ է ամփոփել Լիլիենթաելի թելադրած լուծումը հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.

1.- Իսրայէլի պետութեան սիոնազերծումը թիւ մէկ նպատակն է, որ մեզ կրնայ առաջնորդել տարածաշրջանի խաղաղութեան` երկու անմիջական քայլերով.

ա) Իսրայէլէն արտագաղթ Եւրոպայէն եկած մինչեւ 850.000 հրեաներու` դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա:

բ) Անոնց փոխարէն` 850.000 պաղեստինցի գաղթականներու ներգաղթը: Եւ այս երկու ուղղութեամբ փոխանակումները կատարել աստիճանաբար, տասնամեակի մը մէջ:

2.- Պալֆուրի յայտարարութիւն-խոստումէն առաջ Պաղեստինի մէջ գտնուող արեւելեան եբրայեցիները, նաեւ ներգաղթելիք արեւելեան իսլամներն ու միւս քրիստոնեայ պաղեստինցիներուն հետ միասին կրնան գտնել համաձայնութեան եզրեր ու համակեցութեան եղանակներ սեմական համադաշնակցութեան մը ընդհանուր շրջագիծին մէջ` կազմելով աշխարհիկ, ոչ հատուածական ժողովրդավարական պետութիւն մը Պաղեստինին մէջ, ուր կրօնը անջատուած է պետութենէն, եւ որ հաւասար իրաւունքներ կը ճանչնայ յուդայադաւան, իսլամադաւան քրիստոնէադաւան բոլոր քաղաքացիներուն, երկիրը պահպանելով բնօրրանի սեմական շրջապատին մէջ, որ տարբեր է ամերիկեան, եւրոպական կամ ընդհանրապէս արեւմտեան շրջապատէն:

3.- Երուսաղէմը, որպէս Սուրբ Քաղաք, հռչակել միջազգային քաղաք` ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ, որուն կառավարող վարչական մարմինը կը կոչուի Պաղեստինի համար Միացեալ ազգերու կոմիսարիատ: ՄԱԿ-ի այս կոմիսարիատը կը կազմուի ՄԱԿ-ի հինգ անդամ պետութիւններէ, որոնց երեքը կը ներկայացնեն ափրօ-ասիական պետութիւնները, իսկ երկուքը` Միջին Արեւելքի պետութիւններ, այս կազմէն միշտ դուրս ձգելով մեծ տէրութիւններն ու Թուրքիան…

4.- Յուդայական կրօնը երբ ամբողջովին ազատագրուի սիոնիզմի քաղաքական-պետական բովանդակութենէն, կրնայ ամբողջովին նուիրուիլ իր հոգեւոր առաքելութեան ու տիեզերական կոչումին, եւ յուդայադաւան հաւատացեալը կ՛ըլլայ ճշմարիտ յուդայադաւան մը: Ճշմարիտ եբրայեցի մը, եւ կը դադրի շփոթուելէ կէս-կրօնական եւ կէս-քաղաքական հրեայի կերպարին հետ: Այսպիսով միայն կրնայ արմատախիլ դառնալ սիոնականութիւնը` զրկուած ըլլալով յուդայադաւանութիւնը չարաշահելու հնարաւորութենէն, եւ Միջին Արեւելքը կը խաղաղի, որովհետեւ սիոնիզմն է ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող Միջին Արեւելքի տագնապին արմատը…

Այլ խօսքով, սիոնիզմն է, որ Իսրայէլը կը վերածէ Միջին Արեւելքի մէջ, արաբ աշխարհի սրտին մէջ, ամերիկեան կայսերապաշտութեան յառաջապահ մարտկոցին` ընդդէմ արաբ աշխարհին ու արաբականութեան, եւ Ալֆրետ Մ. Լիլիենթալ, իր ա՛յս դրոյթով, կ՛երկրորդէ Ֆրետրոֆ Նանսենի դրոյթը Հայկական հարցին կապակցութեամբ, երբ Նանսեն կը պնդէ, որ հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ,  եթէ Հայկական հարցը հեռու մնացած ըլլայ, Արեւմուտքի դիւանագիտութեան միջամտութենէն, որ չէր ծառայեր հայ ժողովուրդի շահերուն, այլ կը հետապնդէր Արեւմուտքի ծաւալապաշտ ծրագիրներն ու շահերը:

Լիլիենթալ երկրորդելով` կը մէջբերէ Ուիլիըմ Զուքերմանի հետեւեալ խօսքերը «Ճըուիշ Նիւուզլեթըր»-ի 28 նոյեմբեր 1960 թուակիր համարէն. «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ոչ մէկ յառաջընթաց կրնայ արձանագրուիլ, մինչեւ այն ատեն որ իսրայէլապաշտներն ու սիոնապաշտները անդրադառնան եւ ընդունին, թէ իրենք մեծ սխալ մը գործած եղան մէկ միլիոն ժողովուրդ սեփականազրկելով իրենց հայրենի տուներէն», եւ կ՛աւելցնէ. «Իսրայէլի կառավարութեան ուրացումը եւ անոր զօրակցող ամերիկացիները, որոնք կը մերժեն նոյնիսկ մասնակի կերպով ընդունիլ իրենց յանցանքը այս ողբերգութեան մէջ, յօդս կը ցնդեցնէ խաղաղութեան ամէն յոյսի նշոյլ, երբ անոնք անդադար կը մերժեն իրենց պատասխանատուութիւնը պաղեստինցի գաղթականութեան աղէտին մէջ»:

Լիլիենթալ երկրորդելով կը մէջբերէ նաեւ «Տը Կարտիըն»-ի (7 յունուար 1964) հետեւեալ դիտարկումը. «Աքսորի մէջ գտնուող շատ մը հրեաներու վերադարձի մասին խօսքը պատկերաւոր անճիշդ պնդում մըն է, քանի որ անոնք իրականութեան մէջ բնաւ բնակած չեն նախապէս Պաղեստինի մէջ: Բայց  քանի մը հարիւր հազար արաբ գաղթականները ծնած եւ մեծցած են Պաղեստինի մէջ: Իսրայէլի պետութիւնը ասոնց արտաքսման հաշուոյն ստեղծուեցաւ…»:

Լիլիենթալ բուռն կերպով կը դատապարտէ տխրահռչակ Պալֆուրի խոստումը սիոնականներուն, եւ երկրորդելով` կը մէջբերէ նաեւ Արթիւր Քէօսթլերի հետեւեալ խօսքերը. «Պալֆուրի յայտարարութեան մէջ, ազգ մը պաշտօնապէս խոստացաւ երկրորդ կողմի մը` ուրիշ երրորդ ազգի մը հայրենիքը: Արաբները այդ երկրին մէջ կ՛ապրէին դարերու ընթացքին, եւ այդ երկիրը անկասկած որ անոնց կը պատկանէր` բառին ընդհանրապէս հասկցուած իմաստով: Բոլորովին անիմաստ բան է ըսել, թէ արաբները իրենց տրամադրութեան տակ ունէին բնակեցուած ուրիշ հողամասեր, իսկ հրեաները ոչ մէկ հողամաս ունէին… թէ` արաբները յետամնաց էին, իսկ հրեաները յառաջդիմած… եւ այս վերջինները երեք հազար տարի առաջ եւ այդ երկիրը ստացեր էին Աստուծմէ, որ միայն ժամանակաւորապէս` երեք հազար տարուան համար… յետս կոչած էր այդ երկրի հրեաներէն…»: (Տես` Arthur Koestler, Promise and Fulfillment, 1949, New York, Macmillan, էջ 4):

Ալֆրետ Մ. Լիլիենթալ երկարօրէն կը ծանրանայ ամերիկացի հրեաներու երկքաղաքացիութեան անյարմարութեան եւ երկակ հաւատարմութեան մեծ սուտին վրայ, քանի որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շահերը նոյնը չեն կրնար ըլլալ եւ քանի որ իսրայէլապաշտ ամերիկացի հրեան կ՛ըսէ, թէ նախ հրեայ է եւ ապա միայն` ամերիկացի, որովհետեւ սիոնապաշտ հրեաները կ՛ըսեն նաեւ, թէ իրենք նախ հպատակ են Աստուծոյ եւ ապա միայն` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան: Հետեւաբար երկքաղաքացիութեան ենթադրած երկակ հաւատարմութիւնը անկարելի բան մըն է, եւ եթէ սիոնապաշտ հրեաները չըսեն, թէ նախ ամերիկացի են ազգութեամբ եւ միայն յետոյ` հրեայ կրօնով, ապա ուրեմն պէտք է որ Միացեալ Նահանգներէն արտագաղթեն դէպի Իսրայէլ: Որովհետեւ Ամերիկա մնացող այս սիոնապաշտ հրեաները, իրենց առաջնային պատկանելիութիւնը սիոնիզմը համարելով, արգելք կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը մշակող մարմիններուն, որպէսզի մշակեն այնպիսի քաղաքական ուղեգիծ մը, որ կը նպաստէ բարեկամներ շահելու Միացեալ Նահանգներուն:

Լիլիենթալ բուռն ընդվզում կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան «Իսրայէլ` ամէն բանէ առաջ» նշանաբանին համար, որուն պատճառով Միացեալ Նահանգներ կը կորսնցնեն բազմաթիւ բարեկամ պետութիւններ, ատելութեան կ՛արժանանան բազմաթիւ ժողովուրդներու կողմէ:

Լիլիենթալ փաստագրական բազմաթիւ հատորներով կը հաստատէ սիոնիզմի համագործակցութիւնը նացիականութեան հետ` հրեաներու Ողջակիզման ոճիրին մէջ: Ան մասնաւոր շեշտով կը յիշատակէ Պեն Հեքթի (Ben Hecht) «Perfidy» հատորը, որուն մասին կը գրէ.  «Պեն Հեքթի փաստագրական այս գիրքը, ուր նկարագրուած է Մարքիել Կռինվալտի կողմէ (Markiel Greenwald) Ռուտոլֆ Քասթնըրի (Rudolf Kastner) դէմ բացուած քրէական դատին մանրամասնութիւնները: Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ռուտոլֆ Քասթնըր ամբաստանուած է նացի կուսակցութեան պատասխանատուներէն Այխմանի հետ գործակցած ըլլալու մեղքով, 1944 թուին Հունգարիոյ մէկ միլիոն հրեաներու ջարդին մէջ: Հակառակ այն իրականութեան, որ այս հեղինակը (Պեն Հեքթ) հանրածանօթ կողմնակիցներէն էր հրէական պետութեան` Պաղեստինի մէջ, եւ պաշտպաններէն` սիոնական ահաբեկչական խմբակներու` Իրկունի (Irgun) եւ Շթեռնի վոհմակին (Stern Gang): Այս հեղինակը պնդեց եւ փաստեր հայթայթեց, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլի ղեկավարները օժանդակած էին նացիական ջարդերուն» (Տես` Alfred M7 Liliemthal, The other side of the coin, էջ 17):

Լիլիենթալ Պեն Հեքթի գիրքէն մէջբերած է հետեւեալ տողերը. «Սիոնի, Լոնտոնի եւ Ամերիկայի Թիմոր հրէական օթեակի անդամները, սիոնական ղեկավարները, թոյլ տուին իրենց վեց միլիոն արիւնակիցներուն հրկիզումը, ածխացումը եւ կախաղան հանուիլը` առանց բողոքելու, անտարբերութեամբ: Այս սիոնական ղեկավարները նախապէս տեղեակ էին ոճիրներու թայմինկէն, մեթոտէն եւ բնաջնջումի վայրէն, եւ մերժեցին զգուշացնել զոհերը, եւ հունգարական զոհերէն շատեր միայն երեք մղոն անդին կը գտնուէին Ռումանիոյ սահմանագիծէն եւ կը հսկուէին նացի փոքրաթիւ զինուորներու կողմէ… եւ հրեայ զոհերը կռահած չէին վերահաս նախճիրը, քանի որ հաւատացած էին սիոնական պատասխանատու Քասթների առատ հաւաստիացումներուն` մինչեւ վերջին րոպէն, երբ անոնք նաւերով փոխադրուեցան հրկիզումի վայրը»:

Աւելի՛ն. Լիլիենթալ կը յիշէ նաեւ սիոնիզմի ղեկավարութեան ուղղակի միջամտութիւնները` խափանելու համար Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Քանատայի պատասխանատուներուն մշակած շտապօգնութեան շարք մը ծրագիրները, որոնց շնորհիւ քանի մը միլիոն վտանգուած հրեաներ գրաւեալ Եւրոպայէն կրնային փրկուիլ` փոխադրուելով Ալասքա, Քանատա եւ Արեւմտեան Աւստրալիա:

Եւ Լիլիենթալ կ՛եզրակացնէ (էջ 22). «Հիթլեր` նացի բռնատէրը, յաջողած էր զինուորագրել աւելի մեծ թիւով սիոնականներ, քան սիոնական կազմակերպութիւն մը երբեւէ կրցած էր զինուորագրել: Առանց նացիական վարչակարգի ոճիրներուն եւ վայրագութիւններուն` սիոնիզմը պիտի չկարողանար յաջողիլ եւ իրականացնել իր վախճանական նպատակը` Իսրայէլի ստեղծումը: Հոն, ուր սիոնիզմը ձախողեցաւ Պաղեստինի կապակցութեամբ իրենց գաղափարախօսութեան համար արթնցնել խանդավառութիւն, Կէօրինկ, Կէօպելս եւ Հիթլեր յաջողեցան…»:

Իր այս գիրքին մէջ Լիլիենթալ կը զարգացնէ այն միտքը, թէ սիոնիզմը հականիշն է յուդայադաւանութեան եւ օտար է եբրայեցիներուն, եւ սակայն սիոնիզմի արձանագրած յաջողութիւններուն գաղտնիքը կը գտնուի երեք փաստերու մէջ. 1) Կուռ կազմակերպութիւն, 2) նիւթական վիթխարի միջոցներ եւ 3) օտար ուժերու շահակեցութիւն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ կան հակասիոնական միայն երկու կազմակերպութիւններ` 1) American Council for judaism, 2) The Neture, Karta sect եւ 3) Reform judaism:

Մինչդեռ հոն կը գործեն շուրջ 15 սիոնական ենթակազմակերպութիւններ` 1) American jewish league for Israel, 2) Benai zion, 3) Hadassah (մեծագոյնը), 4) Women՛s zionist օrganization of America, 5) Religious zionists of America, 6) Hapoel Hamizrachi Women, 7) Mizrachi Women, 8) Labor zionist movement, 9) Farband, 10) Pioneer Women, 11) Progressive zionist league, 12) Hashomer Hatzair, 13) United Labor zionist party, 14) United zionist Revisonists of America եւ 15) Zionist organization of America.

Միջազգային ֆինանսական սակաւապետութիւնը (օլիկարխիա) սիոնիզմի ձեռքին կը գտնուի, եւ ան բնաւ չի հանդիպիր տագնապալի ժամանակներու:

Սիոնիզմի առաքելութիւնը արեւմտեան կայսերապաշտութեան ծառայելն է, հետեւաբար անհաշուելի նիւթական, քաղաքական, դիւանագիտական ու բարոյական նեցուկ կը վայելէ Արեւմուտքի մեծ տէրութիւններուն կողմէ:

Լիլիենթալ կը պնդէ, որ յուդայադաւանութիւնը իր ծնունդով տիեզերական է, համամարդկայնական եւ միաստուածեան: Յուդայադաւանութիւնը մարդկութեան հնագոյն միաստուածեան կրօնն է: Սակայն  սիոնիզմը այն նենգափոխեց ու վերածեց ընտրեալ ժողովուրդի մը յատուկ աստուծոյ` նենգափոխելով միաստուածութեան վսեմ իտէալը, քաջալերելով բազմաստուածութիւնը` հրեաներուն վերապահելով յատուկ աստուած մը` Եհովան, որուն ընտրեալ ժողովուրդն է հրեայ ժողովուրդը, նուիրագործելու համար հրէութեան բացառիկութիւնը, գերադասութիւնը եւ ընտրանիութիւնը, ճիշդ նման` նացիական ընտրեալ ցեղի առասպելին:

19-րդ դարու Բ. կէսին համաշխարհային դրամատիրութիւնը կը թեւակոխէր իր կայսերապաշտական նոր հանգրուանը, քանի որ գաղութատիրական հանգրուանը սպառած էր գաղութացման բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կայսերական Գերմանիա նորայայտ մրցակիցը կը դառնար գաղութարար տէրութիւններուն, եւ հին գաղութներու վերաբաժանումին պայքարը կը սրէր` տակաւ քաջալերելով միջ-կայսերապաշտական մրցակցութիւնը, որ ի վերջոյ պիտի յանգէր Համաշխարհային Ա. կայսերապաշտական պատերազմին` հին գաղութարար եռեակին (Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսիա) դէմ հանելով բարձրացող նոր ուժերը` Գերմանիան եւ Ճափոնը:

Դէպի Արեւելք տարածուելու եւ օսմանեան հիւանդ կայսրութիւնը լափելու եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ տարածքները գրաւելու համար Ռուսական կայսրութենէն, Արեւմուտքի բրիտանացի եւ ֆրանսացի կայսերապաշտները կարիքը ունէին ծաւալապաշտ վարդապետութեան մը:

Մովսէս Հեսս (Moses Hess) իր «Հռոմ եւ Երուսաղէմ» վերնագիրով հատորով 1862 թուին հրապարակ նետեց սիոնիզմի վարդապետութիւնը` Հռոմի փոխարէն Երուսաղէմը դարձնելու համար նոր աշխարհակալութեան մայրաքաղաքը… Հեսսի սիոնական համախոհ պատմաբաններն ալ 1873-էն սկսեալ մշակեցին փանթուրանականութեան վարդապետութիւնը` Արմինիուս Վամպերք, Քոնսթանթի Պռոժեցիք, Լէոն Քահէոն, Ֆրանց Ֆոն Վեռներ եւ Ալպերթ Քոհէն…

Եւ ահա ստեղծուեցան դէպի Արեւելք տարածումի երկու վարդապետութիւններ: Հեսսէն 35 տարիներ վերջ` 1897-ին, Հերցել Պազելի մէջ հրաւիրեց Սիոնական Ա. համագումարը, որ որդեգրեց սիոնիզմի ծրագրին կատարելագործուած տարբերակը, որուն վախճանական նպատակն էր արաբ աշխարհին սիրտին վրայ տնկել «Eretz Israel»-ը` Պաղեստինի մէջ, եւ որ կը հովանաւորէր բրիտանական կայսերապաշտութիւնը, որովհետեւ սիոնականացած Պաղեստինը` տարատնկեալ (transplanted) Իսրայէլը տարածաշրջանին մէջ պիտի ծառայէր կայսերապաշտական Արեւմուտքի ծրագիրներուն ու շահերուն: Սիոնական Ա. այս համագումարը հրապարակեց կոչ մը` «Հրեայ ժողովուրդ»-ին անունով, յուդայադաւանութիւնը վերածելով «ժողովուրդ»-ի, հրեայ ժողովուրդի, jewish people, իսկ ասոր յաջորդող Պալֆուրի յայտարարութիւնն ալ հրեայ ազգին խոստացաւ «ազգային օճախ» մը, national home, իբրեւ առաջին քայլ, որուն յաջորդող քայլը` Պաղեստինը բաժանող ՄԱԿ-ի որոշումը (14 մայիս 1948), զայն կոչեց «Իսրայէլի պետութիւն», զոր ներկայիս Նեթանիահու եւ ընկերք կ՛ուզեն անուանել «Հրէական պետութիւն», Jewish state, յայտնօրէն այս պետութենէն արտաքսելու համար մնացեալ բնիկ պաղեստինցիներն ալ, 1948-էն ի վեր…: Այս յաջորդական զեղծումները սիոնիզմը յաջողեցաւ կատարել միայն ու միայն Արեւմուտքի կայսերապաշտ տէրութիւններու մեղսակցութեամբ:

Մինչդեռ Թել Աւիւի համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօս յուդայադաւան դոկտ. Շլոմօ Սանտ 2008-ին Փարիզի Ֆայարտ հրատարակչատունէն լոյսին ընծայեց իր ակադեմական ու փաստագրական ծաւալուն աշխատասիրութիւնը (650 էջերէ բաղկացած) «Comment fut invente le peuple juif?» վերնագիրով (ի՞նչպէս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը)` վերահաստատելով Ալֆրետ Մ. Լիլիեթալի տեսակէտը` «Հրեայ ժողովուրդ»-ի չգոյութեան մասին, այլ միայն` յուդայադաւանութեան մը (Judaism) գոյութեան մասին, որ ազգային չէ բնաւ, այլ` տիեզերական ու միաստուածեան, որ բաց է տարբեր ժողովուրդներու առջեւ, եւ մարդկութեան հնագոյն միաստուածեան կրօնն է:

Չմոռնանք, որ Լիլիեթալի հակասիոնականութիւնը, իր համոզումով, կը մեկնի հաւատամքի անաղարտ պահպանման նախանձախնդրութենէն եւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն, ամերիկեան հակախորհրդային դիրքերէն եւ ազատ աշխարհի պահպանման մտահոգութենէն եւ,  հետեւաբար, սիոնիզմը վնասակար կը գտնէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն… անգիտանալով ամերիկեան կայսերապաշտութեան ռազմագիտական եւ` Միացեալ Նահանգներու կայսերապաշտական էութիւնը: Ան չի գիտակցիր սիոնիզմի ապազգային էութեան եւ կը նկատէ ազգայնականութիւն: Ան չի գիտակցիր, որ յուդայադաւանութիւնը պարպելով իր հոգեւորականութենէն` սիոնիզմը ոչ թէ յուդայադաւան եբրայեցւոց «ազգային» դաւանանք կը պարտադրէ, այլ այդ սիոնական, ազգային բովանդակութենէ զուրկ պետութիւնը  ի սպաս կը դնէ ամերիկեան եւ ընդհանրապէս արեւմտեան կայսերապաշտութեան ծաւալողական նկրտումներուն: Սիոնականութիւնը ո՛չ միայն ազգայնականութիւն չէ, այլեւ բռնատիրական ազգայնամոլութիւն է, շովինիզմ, օտար կայսերապաշտներու շահերուն ծառայող վարդապետութիւն, ինչպիսին է փանթուրանական վարդապետութիւնը, որ կապ չունի թուրք ազգայնականութեան հետ, այլ իր ծնունդէն ի վեր ծառայած է օտար կայսերապաշտներու շահերուն:

Այլ խօսքով, ամէն յուդայադաւան եբրայեցի սիոնական չէ, եւ ամէն թուրք փանթուրանական չէ… Նմանապէս` ամէն սիոնական եբրայեցի չէ, կան օտարազգի սիոնականներ, եւ ամէն փանթուրանական թուրք չէ, կան օտարազգի փանթուրանական: Եւ բոլոր օտարազգի սիոնականներն ու փանթուրանականները անվիճելիօրէն կայսերապաշտներ են… Այս երկու վարդապետութիւնները բացարձակապէս կապ չունին ազատագրական ազգայնականութեան հետ, բայց կրնան ներկայացնել բռնատիրական ազգայնամոլութիւնը, շովինիզմը եւ ֆաշիզմը:

Կը դժուարանանք ըմբռնելու Լիլիենթալի վերլուծողական մեթոտը, երբ մէկ կողմէ կը քննադատէ ամերիկացի պետական մարդոց նշանաբանը` «Իսրայէլ` ամէն բանէ առաջ» եւ, միւս կողմէ, կը գրէ. «Ներկայի իրավիճակին վերջ մը չկայ, երբ Իսրայէլ զինեալ կեթթօ մըն է, որ կ՛ապաւինի Միացեալ Նահանգներու օգնութեան` ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա կը նշանակէ արեւմտեան կայսերապաշտ նեցուկը Իսրայէլին` իր սեփական հիմնական անվտանգութեան համար»: Այս իրավիճակին միակ ճշմարիտ բնութագրումն է իր մատնանշածը եւ ոչ թէ` սխալ տպաւորութիւն… Ուրիշ կերպ կրնա՞յ բացատրուիլ (Իսրայէլ` ամէն բանէ առաջ) նշանաբանը, որ շատ նման է նացիական «Գերմանիա` բոլորէն վեր»-ին եւ բնաւ արտայայտութիւնը չէ ամերիկեան կայսերապաշտութեան «մարդասիրութեան»… որուն չենք հանդիպիր ուրիշ ժողովուրդներու պարագային, ինչպէս` հայ ժողովուրդին, երբ Միացեալ Նահանգներ մերժեցին ընդունիլ իր իսկ նախագահին սահմանագծած Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ հոգատարութիւնը` մանտաթը…

Պէյրութ
31 մայիս 2015

www.aztagdaily.com

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert