«Ուխտի Հարիւրամեակ, Յետոյ Ի՞նչ» Շարքէն

Կռո’ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ.
Կռո’ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:

(Կոմիտաս Վրդ.)

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 19 Յունիս 2015

Աշխարհը շարժման մէջ է եւ ժողովուրդներ դարերու ընթացքին միշտ ալ գաղթած են աւելի լաւ կենսական պայմաններ որոնելու համար: 2010 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, 214 միլիոն մարդ, այլ խօսքով 3 տոկոսը աշխարհի բնակչութեան, կ’ապրի իր երկրէն դուրս. երեւոյթ մը որ կը մտահոգէ թէ՛ զարգացած եւ թէ՛ զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրները:  Մտահոգութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ գաղթողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ կանայք են, որոնք սերունդ պիտի հասցնէին իրենց տուեալ երկիրներուն մէջ:

Գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը թողու իրենց երկիրը, փնտռելու համար տնտեսական եւ ընկերային աւելի լաւ պայմաններ: Տնտեսական պայմաններ փնտռող անձերը ամենաստուար խումբն են գաղթականներու: Համաշխարհայնացումը (globalization) պատճառ կը դառնայ որ աշխատող ոյժեր շարժման մէջ ըլլան, նոյն ատեն պատճառ ըլլալով աշխատող դասակարգի ծննդաբերութեան աճումի կանխարգիլումին, որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով:

Միջազգային Գաղթականական Կազմակերպութեան (International Organization for Migration) համաձայն, միլիոնաւոր մարդիկ կը գաղթեն այսօր առանց օրինական թուղթեր ունենալու: Նմանօրինակ գաղթականներ, շատ յաճախ կը ձեռնարկեն վտանգաւոր ճամբորդութեանց, ինչպէս է պարագան՝ այս օրերուն Ափրիկէէն Միջերկրական Ծովու վրայով դէպի Եւրոպա հասնիլ փափաքող անհամար գաղթականներուն, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան մաքսանենգներու, եւ պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու եւ ապրելու շատ վատ եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ:

Վերջին կէս դարուն, նկատելի դարձած է որ կանայք շատ աւելի կը գաղթեն քան թէ այր մարդիկ: Կանայք այսօր գաղթականներու 50 տոկոսը կը կազմեն ընդհանրապէս, սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ անոնց թիւը կը բարձրանայ 70 կամ 80 տոկոսի: Անոնք պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու շատ աւելի նուազ աշխատավարձք վճարող գործերու մէջ, ինչպիսին են տնային սպասաւորութիւնը, եւ հետեւաբար ենթակայ խոշտանգումներու, առեւանգումներու եւ բռնաբարութեանց: Կանայք մանաւանդ զոհ կը դառնան սեռային մարմնավաճառութեան, որ նկատուած է պիլիոններ արժող համաշխարհային գործառնութիւն մը: Դժբախտաբար մարմնավաճառ այս կանայք ենթակայ են սեռային խոշտանգումներու, բռնակալութեան, սեռային ախտերով վարակման եւ շատ յաճախ՝ միջոցն ալ չեն ունենար բժշկական խնամքի: Դժբախտաբար այս վիճակին մէջ են նաեւ հայ կանայք, որոնք կ’երթան Թուրքիա կամ Արաբական երկիրներ՝ «գործ փնտռելու» նպատակով…: Կարդացէ՛ք հայկական եւ թուրքական մամուլը, որոնք լայնօրէն կ’անդրադառնան տխուր այս իրողութեան: Ո՞վ է մեղաւոր…

Կայ նաեւ դրական երեսը գաղթականութեան: Գաղթականութիւնը շատ յաճախ ժամանակաւոր է, եւ բոլոր անոնք որոնք կ’արտագաղթեն՝ կը պահեն կապը իրենց հայրենիքին հետ: Մինչ գաղթականներ կարեւոր ներդրումներ կը կատարեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, նոյն ատեն սակայն անոնք նիւթական, ճարտարարուեստական եւ ընկերային ներդրումներ կ՛ունենան նաեւ իրենց հայրենիքէն ներս, նպաստելով հայրենիքի տնտեսական յառաջխաղացքին, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն այնտեղ տիրող  աղքատութիւնը:  Գաղթականներու ներդրումը մեծ դրամագլուխ է մանաւանդ նոր զարգացող երկիրներուն համար, նամանաւանդ նախկին Խորհրդային համայնավար հանրապետութիւններէն ներս: Որքանո՞վ կրնանք ըսել որ  նոյնն է պարագան Հայաստանի համար:

2013-ի միջազգային տուեալներու համաձայն, առաւել քան 500 պիլիոն տոլար փոխադրուած է դէպի նոր զարգացող երկիրները, եւ տնտեսագէտներու համաձայն՝ այդ գումարը կ’աճի տարուէ տարի: Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք: Այս թիւերը հայութեան համար ազգային աղէտ պէտք է նկատել:

Ահաւասիկ ուրիշ իրական տխուր արտագաղթի պատկեր մը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գաղթականական Գրասենեակի տուուեալներուն համաձայն, (Diversity Visa Program) ժողովրդային հասկացողութեամբ՝ Վիճակախաղի ծրագրով (Lottery Program) դիմող Հայաստանցիներուն թիւերը եղած են հետեւեալները.- 2007-ին, 33169 անձ, 2008-ին, 35935 անձ  , 2009-ին, 38714 անձ  ,  2010-ին, 34892 անձ  , 2011-ին, 41296  անձ , 2012-ին, 52434  անձ , 2013-ին, 55548  անձ: Շուտով լոյս կ’ընծայուին նաեւ վիճակախաղի ծրագրին 2014 թուականի արդիւնքները:

Հայաստանի իշխանութիւններուն տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին, ինչպէս նշած էինք մեր նախորդ յօդուածին  մէջ: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան:

Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն:

2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:

3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:

5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

Վերեւ յիշատակուած առաջարկները Հայրենի Պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով՝ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ, դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը:  Անոնց բարոյական պարտքն է, քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:

Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը:  Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»: Պիտի արթննա՞նք արդեօք մեր մահաքունէն:

*******

ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 2 Յունիս 2015

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջին վրայ զետեղուած լուրերէն կ’իմանանք թէ ՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանը ազատուելով Արթիկի Թեմի առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւնների բաժնի տնօրէնի պաշտօններից, նշանակուել է Մեծ Բրիտանիայի հայոց թեմի առաջնորդ»:

Համայնք մը, այս պարագային անգլիաբնակ մեր համայնքը, որ անբաժանելի մէկ մասնիկն է հայ ազգին, քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ արծարծելու, ազգային-հասարակական մտահոգութիւններէն մեկնելով, ընտրութիւն պահանջել առողջ ղեկավարութիւն մը յառաջ բերելու համար: Կրնա՞յ ըլլալ որ համատարած այս անտարբերութիւնը արդիւնքն է ա’յն իրողութեան որ ազգը դադրած է հաւատալէ Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային դերին:

Դժբախտաբար, մեր համայնքներուն մօտ դրսեւորուած ջոջական-ամիրայական-սակաւապետական կացութիւնները, այս կամ այն կերպով, ուղղակի կամ անուղղակի պատճառ դարձած են որ մեր ժողովուրդը անտարբերութեան դատապարտուի: Ստոյգ իրականութիւն է որ մեր համայնքներէն ներս անդամներու մեծամասնութիւնը չի հետաքրքրուիր իր Եկեղեցիով, իր դպրոցով, իր բարեսիրական հաստատութիւններով, որովհետեւ իրմով հետաքրքրուող չկայ: Մեծագոյն իրողութիւնը ա’յն է, որ մեր եկեղեցիներուն աթոռները մասամբ, եւ քիչ մըն ալ անոնց բակը լեցնող հաւատացեալներու խմբակները, ցուցական հանգամանքէ մը անդին չեն անցնիր: Հետեւաբար` ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ ժողովուրդը իր լիարժէք մասնակցութիւնը բերէ մեր համայնքային կեանքին մէջ:

Նկատի ունենալով մեր Եկեղեցւոյ  հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական դերը մեր դարաւոր պատմութեան մէջ,–որուն խոր գիտակցութիւնը ունի մեր ժողովուրդը,–ինչպէ՞ս թարգմանել կամ մեկնաբանել այս համատարած անտարբերութիւնը: Եկեղեցին պէտք չէ վերածուի ծիսակատարութեանց կեդրոններու ու մոմերու վաճառատուներու, այլ՝ կենդանի  ապրումներու եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւրի:

Եթէ ժողովրդավարութիւնն ու թափանցիկութիւնը բացակային մեր համայնքներէն ներս, այդ պարագային յառաջ կու գայ անտարբերութիւն եւ լճացում, որմէ միայն կրնան օգտուիլ իրենք զիրենք ազգին տէրերը համարող ջոջ ցեցերը:  Անհրաժեշտ է կրկնել եւ յստակացնել միանգամ ընդմիշտ, որ համայնքը հանդիսատես չէ, եւ իւրանքիւր անձ պարտաւոր է ըլլալ պատասխանատու եւ արդարօրէն պահանջէ իր մասնակցութեան իրաւունքը: Համայնքը իր ներկայացուցիչներու միջոցաւ պարտի՛ եւ պիտի՛ ընտրէ իր արժանաւոր հոգեւոր առաջնորդը, եւ կաթողիկոսը իրաւունք չունի, անտեսելով սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի բոլոր տրամադրութիւնները, առաջնորդ նշանակելու իր ուզած թեկնածուն, որպէսզի դրածոյ առաջնորդը «խոնարհաբար եւ ստրկաբար» ծառայէ անոր բոլոր թաքուն ծրագիրներուն:

Արդար պէտք է ըլլանք եւ երբեք պէտք չէ զլանանք մեր ժողովուրդին ընտրելու իրաւունքը, որովհետեւ նման գաղտնի եւ վերէն պարտադրուած, հրահանգուած, որոշուած եւ նշանակուած առաջնորդներ, ո’չ միայն առողջ դրական գործունէութիւն չեն կրնար ունենալ իրենց թեմէն ներս, այլեւ համայնքին մէջ կը ստեղծեն իրերամերժ եւ իրարու հակասող հոսանքներ, ուր կարելի պիտի չըլլայ տեսնել նախաձեռնութիւն, կամ բարեկարգում, ժողովուրդը առաջնորդելով ճահճացումի:

Անգլիահայ թեմական կեանքէն ներս ստեղծուած դժուարութիւններու մասին յաճախ կարդացինք մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ իմացանք մեր բարեկամներու կողմէ, եւ նոյնիսկ կարգ մը գործող եկեղեցականներու դժգոհանքի արտայայտութիւններէն իրազեկ դարձանք ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ոտնահարումի բոլոր փորձերուն՝ կատարուած Մայր Աթոռին կողմէ, ինչ որ հակառակ է մեր սահմանադրական կանոններուն: Ժողովուրդը անտեղեակ պահելու այս վերաբերմունքը, անկասկած, իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ գաղութի վերաշխուժացման աշխատանքին մէջ:

Անգլիոյ հայութեան նման գաղութ մը, որ չափահաս է, անպայման պէտք է արտայայտէ իր կամքը, որովհետեւ այդ կամքը՝ ժողովուրդի կամքն է: Զարմանալի է որ այսպիսի պարագաներուն կը խուսափինք ժողովրդային իրաւունքի պաշտպանութեան հաստատուն կեցուածք ցուցաբերելու, «գաղութին մէջ ցնցումներ չյառաջացնելու» անտեղի մտահոգութեամբ, եւ, փոխանակ հարցը ուղղակի ճակատէն հարուածելու եւ լուծելու, կը նետուինք անտարբերութեան եւ անհոգութեան ճիրաններուն մէջ:

Ժողովրդավարութիւնը իմաստ կ’ունենայ երբ համայնքը, որպէս ամբողջական միութիւն, որպէս լիարժէք ժողովուրդ եւ հաւաքականութիւն, կ’ընտրէ իր հոգեւոր առաջնորդը, ապա թէ ոչ՝ կը մնանք եւ կը դառնանք անողնայար, անսկզբունք հաւաքականութիւն մը, տարուբերուող ամէն տեսակի հովերէ եւ ալիքներէ: Հաւաքականութեան մը անտարբերութիւնը՝ յաւակնութիւն եւ իրաւունք կու տայ այն անձին որ ինքզինք ազգին տէրը կը կարծէ: Նման յաւակնութիւններ ի վերջոյ համայնքներէ ներս կը ստեղծեն խմբակներ, մասնատելով եւ ջլատելով գաղութին ոյժերը:

Ժամանակն է որ քայլ պահենք քաղաքակիրթ երկիրներու հետ եւ զարկ տանք ժողովրդավարական անխախտ սկզբունքներու, նամանաւանդ մեր համայնքային կեանքէն ներս: Փոխանակ կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած առաջնորդ մը ընդունելու, թելադրուած երեք թեկնածուներու անունները հարցականի եւ քննութեան տակ առնելէ ետք, կարելի էր թեկնածուներուն առիթ տալ որ հեռատեսիլի միջոցաւ վիճարկում ունենային եւ արտայայտէին իրենց մտահոգութիւնները եւ կատարէին առաջադրանքներ՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի ղեկավարէին իրենց յանձնուած Թեմը: Նոյն առիթով, տեղւոյն մամուլը կրնար հարցաքննութեան ենթարկել նաեւ թեկնածուներուն ներկան ու անցեալը, չափել անոնց ազգային եւ եկեղեցական հարցերու հմտութիւնը, որպէսզի թափանցիկութեան սկզբունքով ժողովուրդը ընտրէ իր նոր հոգեւոր առաջնորդը: Ժողովրդավարական սկզբունքներու հասցէին մեծ ապտակ մըն է «նշանակուած» ըլլալու հանքամանքը, որ միայն կը յիշեցնէ աւատապետութեան միջնադարեան տխուր շրջանը:

Բոլորիս ծանօթ է որ մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ Եկեղեցին ունեցած է եւ ունի համայնքին անդամները համախմբելու մեծ կարողութիւն, պայմանաւ որ այդ մեծ իրողութիւնը սեփականութիւնը չդառնայ անհատներու (ջոջերու) եւ կամ կուսակցութիւններու, իրենց օրակարգը յառաջ քշելու համար:  Եկեղեցին յաջողած պիտի ըլլար այսօր, եթէ կարենար իր շուրջ համախմբել ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը յօգուտ այդ համայնքի բարօրութեան: Համայնքի մը ոյժը իր իրաւունքներու գիտակցութեան եւ կենսագործման մէջ կը կայանայ, եւ այդ գիտակցութիւնն է որ պիտի դրսեւորուի առաջնորդի ընտրութեան ժամանակ:

Ասկէ առաջ արտայայտուած ենք այս մասին, սակայն անգամ մը եւս կ’արժէ կրկնել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութինը չէ, եւ հետեւաբար անոնք չեն կրնար իրենց կամքը պարտադրել գիտակից ժողովուրդին վրայ:  Եկեղեցին ժողովուրդն է ու կը պատկանի ժողովուրդին, եւ ամէն որոշում պէտք է առնուի նոյն ա’յդ ժողովուրդին գիտակցութեամբ եւ լիարժէք գործօն մասնակցութեամբ: Վերջ պէտք է տանք սանձարձակ կղերապետութեան եւ յարգենք սահմանադրական օրէնքի բոլոր տրամադրութիւնները:

Համայնքներու կենսունակութեան միակ ճամբան ժողովրդավարական սկզբունքներու վերահաստատումն է, ապա թէ ոչ՝ կարելի չէ ժողովուրդէն պահանջել որ յանձնառու ըլլայ գաղութային աշխատանքի եւ իր կառուցողական մասնակցութեամբ համայնքը վերաշխուժացնէ:

www.keghart.com/Mekhitarian-Emigration

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert