Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 9 Յունուար 2016

Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք, գաղութարար Ֆրանսան Լիբանանի վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելով ստանձնեց ձեւաւորումը քրիստոնեայ Լիբանանի (1920), իսկ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք ալ գաղութարար Անգլիան, իր Պալֆուրեան խոստումը կատարելով, ստանձնեց ձեւաւորումը հրեայ Պաղեստինի (1948):

Եւ այդպէս ալ, Միջին Արեւելքի մնացեալ շրջաններուն մէջ գաղութատիրութիւնը իր վարձկաններն ու գործակիցները վարձատրեց` անոնց տալով իշխանութիւն երկիրներու վրայ, որոնք երբեք չդարձան հայրենիքներ այդ երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Արդարեւ, շարունակ միջամուխ ըլլալու պատրաստ գաղութարար Արեւմուտքը իր ձեւաւորած Միջին Արեւելքի երկիրներու սահմաններուն մէջ զետեղեց զիրար մերժող եւ չընդունող ժողովրդային խմբակցութիւններ, որպէսզի ազգային մէկ յայտարարի տակ անոնք չկարենային միանալ ու միատարր դառնալ: «Բաժնէ՛ որ տիրես»-ին տեղ  «խառնէ՛ որ շինես»-ը դարձաւ հնարքը գաղութատիրութեան, որ իր հին ու նոր դերակատարներով խառնէ` շինելու պատրուակով…:

 

Քրիստոնեայ Լիբանանն ու հրեայ Պաղեստինը իսլամական աշխարհի ովկիանոսին մէջ որպէս փոքրիկ կղզիներ հազարումէկ փոթորիկի ենթարկուեցան տարիներու ընթացքին: Առաջինը՝ քաղաքացիական պատերազմներու (1958 եւ 1975-1990) եւ անհաշտ կեանքի ցաւերով տառապեցաւ (եւ տակաւին կը տառապի), իսկ միւսը, անվտանգութեան ու ապահովութեան մտահոգութեամբ ինքզինք պատած, անվերջ պատերազմներ մղելով մեկուսացուեցաւ եւ բռնագրաւող ըլլալու ամօթով ճանչցուեցաւ: Լիբանան իր քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ի զուր ուզեց օրինակ ծառայեցնել` արաբ-հրեայ գոյակցութեան մը կարելիութիւնը քարոզելով աշխարհին, մինչ Իսրայէլ, հարուածներ տեղացնելով պաղեստինցիներու գլխուն, մերժեց ամէն տեսակի գոյակցութիւն արաբին հետ:

Լիբանան, հակառակ իր բարեացակամ քարոզչութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկուութեան պատճառաւ դարձաւ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքական ու զինուորական գործողութիւններու խաղավայրն ու զոհը, հակադարձօրէն (vice versa) մերթ դառնալով գրաւեալ մէկուն կողմէ եւ մերթ ալ հարուածեալ միւսին կողմէ: Արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահ ընտրող Լիբանանը դարձաւ խեղճ խամաճիկը իր դրացի երկիրներուն` Սուրիոյ եւ Իսրայէլի:

Անցեալ դարու քառասունական թուականներուն անկախութիւն ճանչցած Լիբանանը հազիւ պորտը կտրած էր Սուրիայէն, երբ յիսունական թուականներուն Արեւմուտքին ծառայող իր նախագահը զայն անջատել ու մեկուսացնել ուզեց արաբական աշխարհէն: Արաբական աշխարհի այն օրերու ազգայնական զօրաւոր հոսանքը, գլխաւորութեամբ Եգիպտոս-Սուրիա միացեալ հանրապետութեան նախագահ Կամալ Ապտըլ Նասըրի, Սուրիայէն հոսելով օգնութեան հասաւ Լիբանանի իսլամ եւ յառաջդիմական ուժերուն, պատճառ դառնալով որ ձեւով մը քրիստոնեաներու ծայրայեղ կողմին (Շամունական) բազուկը կտրուի եւ անոր չափաւոր կողմին (Շեհապական) իշխելու ընթացք տրուի: Եւ երբ վաթսունական թուականներուն Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զինեալ ներկայութիւնը զգալիօրէն զօրացաւ շնորհիւ Սուրիոյ օգնութեան, ծայրայեղ քրիստոնեայ Լիբանանի նախապէս կտրուած բազուկը իսրայէլեան վիրաբուժութեամբ վերստին գործի անցաւ եւ եօթանասունական թուականներու կիսուն քրիստոնեայ ծայրայեղ եւ ցեղապաշտ լիբանանցիները հայրենիք «փրկելու» սրբազան առաքելութեամբ (mission) պատերազմ հռչակեցին երկրի իսլամ ու յառաջդիմական ուժերուն դէմ, որոնք կը զինակցէին պաղեստինեան զինեալ ուժերուն հետ: Տասնըհինգ տարի տեւող (1975-1990) այդ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, Իսրայէլ Լիբանանի պարտադրեց իր ընտրած նախագահները (Պաշիր Ժըմայէլ եւ յետ անոր նահատակութեան իր եղբայրը` Ամին Ժըմայէլ) եւ Լիբանանի հետ դաշինք կնքելու անկարելիութեան առջեւ յուսահատ դառնալով` թողուց Լիբանանը Սուրիոյ, որուն բացարձակ տիրապետութեան տակ մնացող Լիբանանին պարտադրուեցան Սուրիոյ ենթակայ երկու նախագահներ՝ Էլիաս Հըրաուին (1989-1998) եւ Էմիլ Լահուտը (1998-2007):  2005 թուականի Ապրիլ ամսուն Սուրիան քաշուեցաւ Լիբանանէն ի հետեւանք ներքին ժողովրդային մեծ ցոյցերու եւ միջազգային ճնշումներու, որպէս արդիւնք սիւննի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկչութեան, որ կատարուեցաւ Փետրուար 14, 2005-ին:

Թէ ինչո՞ւ այսքա՜ն մանրամասնութեամբ պարզուեցաւ Լիբանանի ողբերգութիւնը իր դրացիներուն հետ. որովհետեւ արաբական աշխարհին ներկայ ողբերգութիւնը սկսած էր հոն` Լիբանանի մէջ, ուր կը մղուէին կռիւները ուրիշներուն: Բոլոր կրօնական բնոյթ կրող կամ ունեցող միջադէպերը, իսլամ-քրիստոնեայ եւ իսլամ-հրեայ կերպարներով եւ անոնց ետին կեցող ու կանգնող մեծ պետութիւններու բլանաւորուած միջամտութիւններով, կռուադաշտ դարձուցած էին Լիբանանը, ուր ծնաւ ահաբեկչութիւնը իր բոլոր երեսներով:

Եւ երբ արաբական աշխարհի սիւննի համայնքի ամենէն նշանաւոր դէմքերէն նկատուող եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Արեւմուտքի հետ եզակի կապեր ունեցող Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը շարունակուեցաւ Իրաքի սիւննի նախագահ եւ բռնատէր Սատտամ Հիւսէյնի կախաղան հանուելով (Դեկտ. 2006), որմէ ետք մէկը միւսին ետեւէն ինկան սիւննի բռնապետերը արաբական աշխարհի` Թունուզի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի, ՈՄԱՆՔ հեռուէն դիտելով անհանգստացան տեսնելով Իրան-Իրաք-Սուրիա-Լիբանան (Հըզպալլա) շիի համայնքային ուժեղ եւ յաջող զինակցութիւնը, ուստի Արեւմուտքի բարեկամ Արաբական Ծոցի շէյխերն ու էմիրները սիւննի Թուրքիոյ մօտ ուզեցին գտնել շիի ուժեղ այդ զինակցութեան դէմ կանգնող ուժը: Եւ ահաբեկչութիւնը փոխադրուեցաւ Սուրիա եւ Իրաք` էրտողանեան Թուրքիոյ սահմաններէն տկարացնելու համար Իրանի դաշնակից այդ երկու երկիրները: Սակայն Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ եւ թոյլտուութեամբ ծնած հրէշ «Տահէշ»-ը դարձաւ պատուհաս զինք ծնողներուն, որու պատճառաւ Իրանի դէմ պայքարը Թուրքիոյ տեղ վերջերս ստանձնեց Սէուտական Արաբիան:

Այժմ Իրան-Սէուտական Արաբիա սուր պայքարը կը թուի թէ պիտի ըլլայ 2016 թուականի մտահոգիչ հարցը, որ կրնայ կրակով կլանել արաբական ու իրանեան աշխարհի սիւննի եւ շիի բոլոր ուժերն ու անոնց ետին կանգնող մեծ պետութիւնները:

Նախկին գաղութարարներու «Սայքս-Փիքօ»-ական (Sykes-Picot) Միջին Արեւելքի ձեւաւորումը «»խառնէ՛ որ շինես»-ի տարազով, կարծէք դար մը ետք «բաժնէ՛ որ տիրես»-ի տարազ պիտի հագուի:

www.keghart.com

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert