Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 13 Փետրուար 2016

Ամերիկայի այս տարուայ (Նոյեմբեր 2016) նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներէն Պըրնի Սանտըրզը (Bernie Sanders), որ ամենէն տարեցն է բայց ոչ՝   ծերը (aged but not old) Դեմոկրատ թէ Հանրապետական թեկնածուներուն մէջ, կ’արձանագրէ աննախատեսիլի յաջողութիւն Ամերիկայի երիտասարդ սերունդի եւ միջին դասակարգի շրջանակներուն մօտ:

Անոր զայրոյթ կոչը` “enough is enough” (ալ կը բաւէ՛) ուղղուած ընդդէմ անիրաւ տնտեսական իրավիճակի մը, որ ափ մը դրամատէրերու (Wall Street) կամ հարուստ ընկերութիւններու եւ անձերու (0.2% of 1%, կամ՝   մէկը յիսուն հազարի վրայ) ձեռքին մէջ կը դնէ Ամերիկայի ազգային հարստութեան կէսէն աւելին, կը խօսի սրտին շատերու, որոնք Ամերիկայի պէս հարուստ երկրի մը մէջ կ’ապրին ու կը տառապին ծանր պարտքերէ եւ ինկած են անգործութեան գրկին մէջ եւ ճիշդ չեն գտներ ահաւոր հարստութիւնը ոմանց:

Սանտըրզ` սոցիալ դեմոկրատը, կամ թող ինծի ներեն հայ ընթերցողները զինք կոչելու ամերիկացի «Հնչակեան»-ը, յաճախ կը խօսի քաղաքական յեղափոխութեան (political revolution) մը մասին, որ ժողովրդավարութիւնը (democracy) վերէն վար պարտադրողներու ձեռքէն խլելով զայն կ’ուզէ վերադարձնել երբեմնի «ամերիկեան երազ»-ին (American Dream) տէրը հանդիսացող միջին դասակարգին, որպէսզի ան ունենայ Եւրոպայի եւ Գանատայի նման պետականօրէն ֆինանսաւորուած բժշկական եւ ուսումնական հոգատարութիւն, ունենայ ազգային հարստութեան արդար բաժանում: Անոր անիրաւութեան դէմ մղած պայքարը եւ իր բոլորին կողմէ ընդունուած պատուարժան (honourable) նկարագիրն ու քաղաքական անցեալի ճիշդ եւ արդար դիրքորոշումները կը հրապուրեն Ամերիկայի ազատամիտ երիտասարդութիւնը, որ որեւէ ժամանակէ աւելի գործի անցած է, գործով եւ համեստ նուիրատուութիւններով (միջին հաշուով 27 տոլար), մասնակից դառնալու Սանտըրզի կողմէ առաջադրուող քաղաքական յեղափոխութեան:

Երբ Սանտըրզի կը հարցնեն թէ իր կարծիքով ի՞նչ կը նշանակէ ժողովրդային ընկերվարութիւնը (Democratic Socialism), ան կը պատասխանէ ըսելով. «Ես չեմ հաւատար որ պետութիւնը պէտք է իրը դարձնէ ճամբու եզրին գտնուող խանութը կամ տէրը դառնայ արտադրութեան միջոցներուն, սակայն կը հաւատամ որ միջին դասակարգը եւ բանուոր դասակարգի ընտանիքները, որոնք կ’արտադրեն հարըստութիւնը Ամերիկայի, արժանի են վայելուչ կեանքի մակարդակի մը, որոնց եկամուտները պէտք է բարձրանան եւ ոչ թէ նուազին: Ես կը հաւատամ առեւտրական ընկերութիւններու, որոնք կը բարգաւաճին ու կը զարգանան Ամերիկայի մէջ.  ընկերութիւններ, որոնք գործ կը ստեղծեն հոս` Ամերիկայի մէջ, փոխանակ ընկերութիւններու, որոնք իրենց դռները այստեղ կը փակեն աւելցնելով իրենց շահերը` արտերկրային աժան աշխատավարձը շահագործելով»:

“Enough is enough” կամ  «ալ կը բաւէ՛» ըսած էր ծերակուտական Պըրնի Սանտըրզը ասկից առաջ ալ, երբ Դեկտեմբեր 2010-ին ամերիկեան Ծերակոյտին առջեւ իր խօսած ութուկէս (8,5) ժամ տեւած ճառով հակառակ կ’արտայայտուէր Tax Relief …. Act of 2010-ի օրէնք դառնալուն, որ առաջարկուած էր երկարաձգելու Ճորճ Պուշ Ճիւնիըրի իշխանութեան շրջանին գործադրուած տուրքերու սակագինը (tax rates), որ կը ծառայէր հարուստ դասակարգին: Այն ատեն ըսած էր. «Քանի՞ տուն է պէտք մարդուն»: Եւ այսպէս, շա՜տ անգամ Սանտըրզ կանգնած է կողքին ճշմարտութեան, երբ չէ խաբուած Իրաքի դէմ պատերազմ հռչակողներու Պուշատիպ սուտերէն եւ դէմ կանգնած անոնց Միջին Արեւելքի մէջ աւեր ու մահ սերմանող ծրագիրներուն. կանգնած է կողքին արդարութեան, երբ դէմ խօսած է Իսրայէլը զինող միլիառաւոր տոլարներու յատկացումին եւ պահանջած որ անոնք յատկացուին պաղեստինցիներու թշուառ կենսամակարդակը բարելաւելու գործին:

Նոյեմբեր 2015-ին Պըրնի Սանտըրզը հռչակուեցաւ Ամերիկայի ամենէն ժողովրդական ծերակուտ ականը (popular senator)` զինք ընտրողներու 83%-ին հաւանումի աստիճանով: Եւ թէեւ ճիշդ է ու տարակոյս չկայ թէ ընդունելի  չէ ընկերվարական նախագահի մը ընտրութիւնը Ամերիկայի պէս դրամատիրութեան օրրան երկրի մը մէջ, սակայն շատ բանի մէջ յաճախ առաջատար Ամերիկան, իր մարդկութեան տուած առաջին յեղափոխութեամբ (1776) եւ կէս դար առաջ սեւամորթ նախագահ ընտրելու անընդունելի իրականութիւնը շրջելով զայն ընդունելի դարձուցած այս հսկան, կրնայ անընդունելին ընդունելի դարձնել եւս այս անգամ, զարմանք պատճառելով Դեմոկրատ թէ Հանրապետական հարուստին ծառայող կուսակցական շրջանակներուն, եւ ի զարմանս ապշահար մարդկութեան:

http://www.keghart.com

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert