*ՀՈՒՐԻ ԱԹԹԱՐԵԱՆ*
Երիտասարդական հանգրուանը ունի իր յատուկ բնորոշումը հասարակական կեանքի հոլովոյթին մէջ: Այդ հանգրուանին մէջ է, որ մարդ կ’ունենայ վերահաս ձգտումներ, իտեալապաշտական մղումներ եւ ինքնակատարելագործման բարձր ունակութիւն: Միտք զբաղեցնող հարցը եւ ընկերաբանները հետաքրքրող հետազօտութիւնները մղիչ կը դառնան հետեւեալ հարցումին պատասխան տալու, թէ ո՞վ է ժամանակակից երիտասարդը եւ ի՞նչ են ընկերային կեանքի ժամանակակից մարտահրաւէրները, որոնց առաջ այսօրուան երիտասարդը կ’ունենայ որոշակի մտածողութիւն՝ հասնելու համար իր երազանքի ձեւակերպած ձգտումին:
Առ հասարակ երիտասարդը այս բարդ օրերուն մէջ պատրաստուած ըլլալու է բազմապիսի առաւելութիւններով, որոնցմէ յիշենք նախապատուելով թէքնոլոճի-ն (արհեստագիտութիւնը), որուն նկատմամբ պէտք է զարգացնել արհեստավարժական պատրաստութիւն: Այս պահելով մեր միտքին մէջ պէտք է յիշել նաեւ, որ իւրաքանչիւր անհատ ե՛ւ ծնունդով ե՛ւ ընկերութենէն շահուած նկարագրային բաղձալի ու անբաղձալի գիծեր եւ կենցաղներ կը ժառանգէ, որոնք արդիւնք են վատառողջ չափանիշերով գնահատուած ընկերութեան:
Մարտահրաւէրը այն է, որ ի՞նչ նոր բնաւորութեան գիծեր շահելու է այօրուան երիտասարդը, որ կարենայ յաղթահարել շահուած կամ ի ծնէ գոյացած վատառողջ նկարագրային գիծեր ու բնաւորութեան խառնուածքներ: Հետեւաբար այս մտածողութիւնը դիտել կու տայ մեզի, թէ հարկաւոր է գտնել այլ տարբերակներ, որպէսզի աւելի հասկնանք եւ միանգամայն օգնենք այս օրերու երիտասարդին՝ քան քննադատութեամբ եւ դժգոհանքով լեցուինք անոր նկատմամբ։ Հետեւաբար կ’առաջարկեմ հետեւեալները իբրեւ մտածողութիւն.
Ա.- Ըլլալ տեսլականի տէր մարդ կեանքի ամբողջականութեան մէջ:
Երբ երիտասարդը ունենայ կեանքը դիտելու առողջ հայեցակէտ եւ կորով՝ դիմագրաւելու ամէն խոչընդոտ, ինչպէս նաեւ ունենայ հեռանկար՝ տեսնելու ապագան իր լայն ու խոր պատկերին մէջ, սոյն տեսլականը պիտի օգնէ, որ երիտասարդը իր մէջ կարենայ զարգացնել դրական մտածողութիւն որուն իբրեւ արդիւնք ան իր մէջ աւելցնէ ուժականութիւն, նոր բնաւորութիւն, նոր վարքագիծ եւ նոր մտածողութիւն: Այսպէս ընելով ան պիտի կարենայ կուրծք պարզել կեանքի մշտանորոգ տուեալներուն դիմաց:
Բ.-Ունենայ կամք եւ կորով վիճակները բարեփոխելու եւ շօշափելի ներդրում յառաջացնելու իր ու զինք շրջապատող ընկերութեան մէջ:
Երբ երիտասարդը ունենայ այդ քաջութիւնն ու զօրութիւնը իր անձը վերանորոգելու, կացութիւններ բարեփոխելու, գիտակից մնալով իր մէջ ձեւակերպուած կարողականութիւններուն, զինք շրջապատող ընկերութեան մէջ առիթներ կը ստեղծէ՝ որպէսզի կարենայ աջակցիլ ըկերութեան մէջ ձեւ առած յառաջխաղացքին: Արդիւնքը այն կրնայ ըլլալ, որ երիտասարդը կը դադրի ուրիշները կրկնօրինակելէ եւ կը դառնայ հեղինակային իր կարծիքներուն, իր տրամադրութիւներուն, իր որոշումներուն եւ իր կերտելիք ճամբուն մէջ: Շարունակաբար կը վաստակէ ընկերութեան յարգանքն ու պատիւը:
Գ.- Ունենալու է բարձր դրականութիւն տեսնելու լոյսը, երբ դատապարտուած է մթութեան, ու ներշնչելու հրապոյրը՝ երբ մատնուած է գարշելիութեան:
Երբ երիտասարդը ունենայ յոյս եւ լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ, այն ատեն կ’արտացոլէ իր ներսիդին պահուած ճրագը եւ կը բաշխէ իր շուրջիններուն ստանալով որոշակի համակրանք: Այստեղ մտածելու տուն տուող պատճառը այն է, թէ ինչ բան է, զոր այսօրուան երիտասարդին կեանքի ընթացքին պէտք է ընկերակցի, որպէսզի ան նոր բանաձեւի մէջ կեանքը ապրելու յարմարութիւնը ունենայ: Հետեւաբար ան պիտի ունենայ մշակուած հաւատք՝ կեանքի արհաւիրքներուն մէջ պայքարելու, կեանքի մէջ իր կատարած ընտրութիւններուն մէջ ըլլալով ինքնորոշ եւ անոնք ըլլան կեանքը հարստացնող տուեալներ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է զարգացնել դրական մտածողութիւն՝ երբ դատապարտուած ըլլանք անխնամ վարմունքներու եւ սովորութիւններու առաջ: Ահա թէ ինչո՞ւ այսօրուան երիտասարդին վիճակուած է ուսումնասիրել, գնահատել եւ վիճակներ սրբագրել, մանաւանդ երբ անոր ուսերուն վրա դրուած են գալիք օրերու առաջնորդութիւնն ու ղեկավարութիւնը՝ դառնալով արդի զարգացումներու երաշխիքը:
Եւ եթէ այս է այն երիտասադը, որուն վստահուած է կեանքի ճգնաժամի դիմաց ձեւակերպելիք դիմադրականութիւնը, ուրեմն անիկա արժանի է յարգանքի, խնամքի, սիրոյ եւ հոգածութեան:
Եթէ կը միտինք կերտել աւելի փայլուն ու առողջ ընկերութիւն, պէտք է հասկնալ ու շահարկել ժամանակակից երիտասարդը իր բազմապիսի կարողութիւններով, փայփայելով անոր իրատես մարտահրաւէրները:
Նկարը՝ www.facebook.com էջի